Գրական ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ.- ՊԱՐՈՆ ՊԵՏՐՈՍԸ…

0 0
Read Time:10 Minute, 15 Second

 

Կարելի չէ էջեր մրոտելով նկարագրել Պարոն Պետրոսը, Պետըրը…կամ ինչպէս ինք պիտի շարունակէր… աւազանի անունով՝ Պետիկ Հէրկելեանը: Եթէ, իր ապրած ժամանակաշրջանին »you tube« կոչեցեալ հնարքը գոյութիւն ունենար, իր գրած գրքոյկին նման՝ Եուհո¯ւ…ան որքա¯ն ժողովրդականութիւն պիտի վայելէր:

»Յիսուսէն ի՞նչ պակաս ունիմ… որոշած եմ հետը մրցիլ եւ իրեն նման 33 տարեկանիս մահանալ«: Հեգնանքով կ’ըսէր Պետիկ Հերկելեան, որ դժբախտաբար յաջողեցաւ իր նպատակին հասնիլ, մրցելով Յիսուսին հետ եւ 34 տարիքը չբոլորած կնքեց իր մահկանացուն:

Հետաքրքրականն ու զարմանալին այն է թէ Հերկելեանին գրիչը ունեցած է բոլորովին տարբեր գրական դպրոցի պատկանող յատկանիշներ: Կարելի՞ էր միեւնոյն ժամանակ Պետրոս Դուրեանի մէկ տրտմագին թաքուն ապրումները ներկայացնել… առանց մոռնալու Յակոբ Պարոնեանի սրամիտ եւ քննադատ գրիչը: Արդարեւ, Պարոն Պետրոս կամ պարզապէս Պետըր (վերապահուած միայն իր գիւղի մտերմիկ  շրջանակին) կրցած էր միեւնոյն ժամանակ իր խոր ապրումները թուղթին յանձնել զանազան բանաստեղծութիւններով՝ »Անփութութիւն«, »Գրոհ«, »Բանին Յուռութքով«…. իր մեծ հմտութեամբ կրցած էր կարդացող խոժոր դէմքը ժպտացնելու, իր սրամտութիւն բուրող վիպակ՝ »Եուհու«ով (բացականչութիւն մը որ իր կեանքին մէջ ալ բազմիցս կը գործածէր):

Այսպէս, իր գործերն ու գրած ոճը կարելի է բաղդատել անոր ապրած կեանքին: Պարոն Պետրոս ունէր իր օրէնքը որ »օրէնք« բացատրութիւնէն ու իմաստէն անկախ ամէն այլ ապօրինի իմաստով կարելի էր հասկնալ:

Մայրամուտն էր առաւօտը, իսկ արեւածագն ալ երեկոն: Աւելի մանրամասնենք… Պետիկին համար օրը չէր սկսեր առտուն, ապա կէսօրն ու վերջապէս գիշերը: Անոր համար այս վերջինով կը սկսէր իր օրը, ապա կէսօր եւ վերջը առաւօտ եւ մերթ ընդ մերթ տարբեր կագափոխումով: Սակայն միշտ ալ իր օրուան ազդանշանը, այսինքն առտուն՝ գիշերն էր, երբեմն խաւար մութ գիշեր: Ան անիշխանական կամ »ավանկարտիսթ« այս կեցուածքը շարունակեց նոյնիսկ սովորական առօրեային մէջ: Պետիկ նոյնիսկ քմծիծաղով եւ հեգնանքով կը մօտենար իր իսկ սնունդին հետ: Մէկ կողմ դրած ճաշ, նախաճաշ եւ ընթրիք գոյութիւն ունեցող երեւոյթին անտեսումը, ան իր ճաշը (կէսօրէ ետք կամ երեկոյեան) կը սկսէր ծխախոտով, ապա անուշեղէն եւ ետքը պատառ մը օրուան ապուրը: Սեղանին վրայ ալ անիշխանական ոճով, ան հպարտ էր եւ կը պաշտպանէր իր որդեգրած իւրայատուկ կեանքին ստեղծած սովորութիւնները:

Այս անիշխանութիւնը այնքան մը մուտք գործած էր իր մարմինէն ներս, որ նոյնիսկ վերջին օրերուն երբ շաբաթներ շարունակ անկողինի կը ծառայէր, ան պատասխանատու բժիշկին հետ անգամ կը վիճաբանէր, բացատրելով թէ սնունդի մարզէն ներս ալ պէտք է ըլլալ յեղափոխական…

Ան իր ապրած կեանքն ալ ան նոյն ձեւով պարտադրած էր գրիչին, գործերուն եւ ոճին վրայ: Վանկերն ու համահաւասար նախադասութիւններր բացակայ էին անոր մօտ. աւելի ճիշտը գոյութիւն ալ չունէին: Արդի գրականութեան հլու կամակատար եւ ծայրայեղ անիշխանական, անոր բանաստեղծական գործերուն մէջ կարճ տողի մը կը յաջորդէ երկար նախադասութիւն մը եւ այս բոլորը համեմուած բութերով, գծիկներով եւ կախման կէտերով: Իր անիշխանական արդի գրականութեամբ, Հերեան կը բերէ ինքնաբուխ անկեղծութիւն, զօրութիւն, ցասում, թարմութիւն եւ ընդվզում: Ապրումներ որոնք այլ բանաստեղծներ ալ կ’արտայայտեն, սակայն բոլորովին տարբեր եւ համեմատաբար աւելի դասական ոճով:

Երգիծական իր գործերը բաւական խորունկ են: Յորդ ու բնածին սրամտութեամբ, ան կը ստեղծէ ծիծաղաշարժ վայրկեաններ ու պահեր: Իր գործերուն մէջի տիպարները ստեղծուած եւ շինծու չեն, այլ ընկերային շրջանակին մէջ գոյութիւն ունին: Պետիկի գործերուն մէջ շարունակ կարելի է հանդիպիլ քաղաքական անցուդարձերու:

Մասամբ մը տարիներ շարունակ կիրարկած գործն ալ պատճառ հանդիսացած էր եւ օժանդակած որ ան դիւրութեամբ ապրի իր անիշխանական կեանքը: Երեկոները »Ազդակ« օրաթերթին հետ աշխատակցելով, գիշերներ կը լուսցնէր: Սակայն այնքան մը հաճելի էր անոր ներկայութեամբ աշխատիլ, որ ժամը կը վերածուէր վայրկեանի, ապա ակնթարթի… եւ արդէն իսկ վաղը այսօր եղած էր: Այս պատճառով ալ ժամանակի կամ ժամացոյցի գաղափարն ու գոյութիւնը երբեք կարեւորութիւն չունէր պարոն Պետրոսին համար: Ան հեգնանքով մը, ժամացոյցէն աւելի…անոր հնամաշ հոմանիշին՝ աքլորի մասին կը խօսէր:

Վերջին շաբաթներուն, բոլորին կիզակէտն է Պարոն Պետրոսը: Մուսա Լերան 95ամեակի եւ իր ծննդավայր Այնճառի 70ամեակին առթիւ, ի յիշատակ Պետիկ Հերկելեանին ձեռնարկներ կազմակերպուած են:  Յուշեր, յիշատակներ, դրուագներր, սրամտութիւններ կը գրուին իր մասին: Լաւագոյն ձեւն է, իր բառերը մէջբերելով, շուտ շատ շիտակ ոճով՝ նմանօրինակ պատմուածքներով նկարագրել Պարոն Պետրոսն ու իր սխրագործութիւններու շարքը:

                                                                                                                          ***

»Ես եզակի դոկտորականի տիրացած եմ: Այո’, հայերէն լեզուի սրբագրութեան մասնագէտ եմ: Իմ աւարտաճառս ալ եղած է սրբագրութիւն«, կը յայտնէր Պետիկ որուն համար սխալ մը (գէթ ամէնափոքրը) նոյնքան գոհունակութիւն կը ձգէր, որքան ձկնորսի ուրկանը՝ լեցուն վխտացող ձուկերով:

Իր աշխատած »Ազդակ« օրաթերթի գործակիցներն ալ գիտնալով հանդերձ այս մէկը կը փորձէին »սրբագրապետը« ծուղակի ձգել: Անգերազանցելի սրբագրիչ մըն էր ան եւ մեծ գոհունակութեամբ կը հաստատէր թէ երբ ինք մէկ առ մէկ կ’անցնէր էջերուն վրայէն, ոչ մէկ սխալ ու բիծ մը կարելի էր գտնել: Կարմիր գրիչը ձեռքը բռնած, միւս ձեռքով ալ ծխախոտը, ան միեւնոյն ժամանակ կը խօսէր, կը ծխէր եւ կը սրբագրէր: Հոս այլ յիշատակելի »ծխական« փակագիծ մըն ալ տեղին է նշել: ի¯նչ գոլորշի, եուհո¯ւ…Ծուխը Պարոն Պետրոսին բոլոր գլուխը կը պատէր եւ ապա շտապօրէն կ°անյայտանար: Այսպէս, սրբագրութեան էջն ու շրջապատը ծխախոտի թանձր ծուխով պատուած… հակառակ այս մշուշին, ան կրնար շարունակել հետապնդել ու որսալ սխալները:

Տարին անգամ մը ժամանող Ապրիլ 1ին չէր սպասէր ան, որ կատակներ կատարէր իր աշխատակիցներուն հետ: Երբ ժամանակն ու առիթը կը ներէին, ան միշտ ալ միջոց մը կը գտնար դիտմամբ սխալ սրբագրութիւն մը կատարելու: Նշենք հազարաւորներէն մէկը. »Հիւսէյն թագաւորի հրաւէրով Ամման ժամանեց Արաֆաթ« նախադասութեան մէջ, ան հմտօրէն »հրաւէր«ը փոխած էր կարճ ու կտրուկ »հաւ«ի …. եւ երեւակայեցէք այդ պատկերը երբ երկու քաղաքական ղեկավարներ շրջապատուած ըլլան խառնիճաղանչ ստեղծած հաւերու եւ ճուտիկներու հսկայ երամակով մը:

                                                                                                                           ***

Օր մըն ալ Պետըր որոշած էր իւրայատուկ մրցանիշ մը հաստատել… Ան մտադրած էր 24 ժամ շարունակ խօսիլ: Թէ այդ մրցանիշը »Կինէս«ի գիրքին մուտք պիտի գործեր կամ ոչ իրեն համար  բնաւորութեան արդիւնք  գոյութիւն չունէր, այդպիսի հետաքրքրութիւն կամ մարմաջ: Ան սկսած էր խօսիլ երեկոյեան եւ յաջորդ օրը, կէսօրուան մօտ, երբ մօտիկ բարեկամներով կ’ուղղուէր Պէյրութէն իր շատ սիրելի Այնճարը, դեռ լեզուն կը մնար շարժուն: Ան ոչ միայն կը խօսէր սար ու ձորէն նիւթերու մասին, այլ նաեւ կ’երգէր… նոյնիսկ արեւմտեան արդի երաժշտութիւն: Շըրլի Պէսին եւ Ռոպերթա Ֆլաքը իր նախընտրած երգչուհիներն էին եւ ապրումով մը կը մրթմրթար անոնց ծանօթ սիրելի երգերը…

Ի¯նչ զուգադիպութիւն եւ Հետաքրքրական սենարիօ…Եթէ ամերիկացի բեմադրիչ Ճիմ Ճարմըշ ծանօթացած ըլլար Պարոն Պետրոսին, առանց երկմտանքի եւ տատամսումի, զինք եւ իր սրամտութիւնները  օգտագործած պիտի ըլլար, իր գլուխ գործոց ժապաւէնին՝ »Night on Earth«ին մէջ, որ կը ներկայացնէ տարօրինակ զրոյցներ »թաքսի«ներու մէջ, կէս գիշերին կամ վաղ առաւօտեան:

…Հասած էին Այնճար եւ շարժավարը սարսափած չէր հաւատար թէ ինչպէս կրցած էր ձերբազատիլ այդ »ձայնասփիւռի կայան«էն, որ արդէն մուտք գործած էր իր երդիքէն ներս եւ տանջանքը, վտանգն ու չարչարանքը իր հետ բերած էր, այս անգամ խուլցնելով իր ընտանեկան պարագաները:

                                                                                                                                ***

Լիբանանի պատերազմի օրերուն, անձարգելի մը մուտքին քանի մը բարեկամներու հետ, զինեալներու կողմէ հարցուփորձի ենթարկուելէ ետք, իւրայատուկ սրամտութեամբ մը Պարոն Պետրոս կը զուարճացնէ անոնց եւ ապա իր ընկերներուն հետ ճամբան շարունակելու ժամանակ կը յայտնէ. »Տեսա՞ք, Փապլօ Ներուտայի (չիլիցի աշխարհահռչակ եւ ընդդիմադիր բանաստեղծ) նման խիզախ  կեցուածք  որդեգրեց Պարոն Փետրօ Լ’ Արմէնօն»:…Երբեմն ալ ինքզինք այդպէս կը կոչէր, Մոլիէռի եւ Սերվանթէսի լեզուն իրարու խառնելով:

                                                                                                                                ***

»Ահաւասիկ կէսօրէ ետք ժամը 4.00ի ցուցադրութեան համար երկու տոմսակ… եթէ կարելի է, տեղ տուէք«, կ’ըսէ ան շարժապատկեր ցուցադրող մէկ սրահի պաշտօնեային, Կիրակի օր, դուրս գալով Համրայի (ուր կը գտնուէին շարժապատկերի սրահներուն մեծամասնութիւնը) իր բնակավայրէն:

»Ներողամիտ կ’ըլլաք պարոն, բայց այս տոմսակները կը պատկանին տարբեր սրահի …«, կ’ակնարկէ զարմացած պաշտօնեան:

Սակայն պարոն Պետրոս գիտնալով հանդերձ թէ սխալած էր, ամենայն պաղարիւնութեամբ կը պնդէ. »Կարեւորը ժամը 4.00ի ցուցադրութեան համար տոմսակ ունիմ … հետեւաբար թոյլ տուէք որ մուտք գործեմ, որ մէկ սրահն ըլլալը կարեւորութիւն չունի ինծի համար…Կարեւորը Պարոն Պետրոսը ժապաւէն պիտի ըմբոշխնէ« կը յայտնէ ան: …Եւ երեւակայել Պետիկին այս զրոյցը իր իւրայատուկ արաբերէն առոգանութեամբ:

                                                                                                                            ***

Տարիներ թաւալած են Պետիկ Հերկելեանի մահէն եւ ցարդ զինք ճանչցողը մօտէն թէ հեռուէն, անկասկած կը ստիպուի դէմքին նաշխուած ժպիտով մը յիշել անոր հետ ապրած դրուագները: Պետիկին »աքիլլէսի կրունկ«ը ծայր աստիճան պարզամիտ ըլլալն էր: Այդ իսկ պատճառով, այսօր իր առ յաւէտ հրաժեշտէն ետքն է որ, կը զգանք թէ մեր կողքին ունէինք իւրայատուկ գրիչի տէր էակ մը, հայոց գրականութեան մէջ յիշատակելի տիպար մը:

»Հայրենիք«

Ստորեւ, մաս մը Պետիկ Հերկելեանի »Եուհու«էն.

 Ա. ԾՆՆԴՈՑ

 Հինաւուրց զրոյց մը կայ, որուն համաձայն՝ հինհին դարերուն, երբ տակաւին կենդանութիւն գոյութիւն չունէր աշխարհի վրայ՝ բամբասանքը որբ ու անտէր կը թափառէր տիեզերքի ոլորտներուն մէջ, փնտռելու հանգրուան մը, ուր կարենալ իջեւանել եւ տաքուկ բոյն մը, ուր կարելի ըլլար աճիլ եւ բազմանալ:

Բամբասանքը նախ դիմեց հրեշտակներուն, որոնք չկարենալով գնահատել անոր իսկական արժէքը՝ մերժեցին զինք կտրականապէս:

Այնուհետեւ, անիկա սպասեց համբերատարութեամբ, սպասեց երկար, եւ երբ աշխարհը հիմնուեցաւ՝ աղբիւրները գլգլացին, ծաղիկները ժպտեցան, թռչունները գեղգեղեցին, գազանները ոռնացին եւ մարդիկ բառբարեցան, վերջ տալով իր թափառական կեանքին: Բամբասանքը երկիր իջաւ եւ մերժուելէ ետք աղբիւրներէն, ծաղիկներէն, թռչուններէն եւ գազաններէն (որոնք սիրով կ’ընդունէին զինք, բայց դժբախտաբար խօսիլ չէին գիտեր)՝ բամբասանքը դիմեց մարդուն եւ մարդը, մարդկային իր համակ գուրգուրանքը ի գործ դնելով՝ թեւատարած ընդունեց զինք իր գրկին մէջ, եւ եղաւ սէր ու միութիւն մարդուն ու … բամբասանքին միջեւ:

Եւ մարդը, սնելով բամբասանքի անսպառ ակէն, իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն՝ անոր տրամադրութեան տակ դրաւ իր առանձգական լեզուն, որ ժամանակի ընթացքին գործեց հոգեկան եւ ֆիզիքական այնպիսի աւերներ, որոնց ի տես՝ նախանձը շարժեցաւ հերոսակային արշաւախումբերուն:

Տեսնելով այս հրաշքը՝ մարդը կրկնապատկեց իր հոգածութիւնը բամբասանքին հանդէպ եւ լայն բացաւ իր հոգիին թաքնաթաքուն ծալքերը անոր առջեւ: Բամբասանքը իր առաջին բոյնը կազմեց մարդուն հոգիին մէջ եւ, ինչպէս որ »դրամը դրամ կը բերէ« կ’ըսեն եւ … թերութիւնը՝ թերութիւն, այդպէս ալ բամբասանքը բերաւ բամբասանք, որ բազմացաւ եւ աճեցաւ ամէնուրէք, ուր մարդ արարածը գոյութիւն ունէր: Եւ ի վերջոյ հասնելով մեր օրերուն՝ մեծ իրարանցում եւ աշխոյժութիւն բերաւ մեր կեանքին:

Այնուամենայնիւ, անյայտ  կը մնայ այն իրողութիւնը, թէ ո°վ առաջին անգամ փոխանակ անձնապէս ճիշտ բան մը ընելու մասին մտածելու (եսասիրաբար), ուրիշին սխալը փնտռելու անանձնակեդրոն մոլուցքէն տարուած է: Ո°վ է այն երախտարժան էակը, որ դարձաւ առաջին հեղինակը բամբասանքի այս եզակի վարդապետութեան՝ անյայտ կը մնայ:

Դժբախտաբար, հին ժամանակներէն մնացած ոչ մէկ սեպագիր արձանագրութիւն կամ մագաղաթ կրնայ յստակ գաղափար մը տալ մեզի, այս մասին: Բայց, եթէ հաւատանք ժողովրդային լեգենդին (legend)՝ անիկա ի յայտ եկած է մարդու ծագումին հետն իսկ եւ արեան ընդմէջէն՝ սերունդէ սերունդ անցնելով հասած է մեզի, դառնալով մէկ անբաժանելի մասնիկը մեր մարդկային էութեան:

Ամէն…

 Բ. Ի՞ՆՉ Է ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԸ

Առանց յաւակնութիւն ունենալու, որ կրնանք սպառիչ պատասխան մը տալ վերի հարցումին, եւ նկատի ունենալով  տարբեր հանգրուաններու , պայմաններու, միջավայրերու եւ ժողովուրդներու մօտ վայելած անոր յարափոփոխ հանգամանքը, ընդհանուր գիծերու  մէջ կրնանք եզրակացնել, որ բամբասանքը ժողովրդային բանահիւսութեան այն ճիւղն է, որ թատրոնին նման, տարբեր եւ բազմաթիւ արուեստներ կը խտացնէ իր մէջ, ինչպէս՝ դերասանութիւն կամ կապկում, ասմունք կամ բացականչութիւն, լոյսի կամ … աչքերու խաղ, մաքիաժ (maquillage, այսինքն make up) կամ այլանդակութիւն, պար կամ ցատկոտուք, ստեղծագործական երեւակայութիւն կամ ցնորք:

Սերտ կերպով առնչուելով հանդերձ ժամանակային արուեստին հետ՝ բամբասանքը կարելի է կոչել նաեւ գիտութիւն, տրուած ըլլալով, որ այս մարզին մէջ լուրջ արդիւնքի մը կարենալ հասնելու համար՝ հարկաւոր է սորվիլ բազմաթիւ առածներ, առակներ, ժխտական ածականներ, անէծքներ, հայհոյանքներ, բացականչութիւններ, դիմախաղեր, հառաչանքի … շնորհալի ձեւեր եւայլն…:

Բամբասանքը մեր փոթորկոտ հոգիներուն խաղաղութիւն պարգեւող այն բալասանն է, որուն դժոխային գործիքը կը կոչուի լեզու, առանց որուն չկայ բամբասանք եւ առանց բամբասանքի չկայ հանրային կեանք: Եթէ բամբասանքի ճամբուն վրայ պէտք եղածին չափ չարչարուած ու մարզուած է այս գործիքը, ապա անոր միջոցով բամբասանքը կրնայ վերածուիլ արարողութեան եւ իսկապէս կը բարձրանայ արուեստի ջինջ կատարին:

Ամփոփելով՝ կրնանք ըսել, որ բամբասանքը արուեստի ճիւղ մըն է, գիտութեան երակ մը, արարողութեան գիծ մը եւ հոգեկան… բիծ մը:

Բամբասանքը իբրեւ անարատ սերունդ կը սերի նախանձէն, ոխէն, ատելութենէն, ստորակայութեան բարդոյթէն, … թաղումներէն, հարսանիքներէն, ժողովներէն, եւայլն եւ բամբասող ենթակային վրայ անոր ազդեցութիւնը կ’ըլլայ երանական, ինչպէս ծխախոտը՝ ծխամոլին, ալքոլը՝ ալքոլիքին եւ սեռային (ապօրինի) յարաբերութիւնը՝ կնամոլին…:

Հոս զանց կ’առնենք Ստ. Մալխասեանցի »Հայերէն Բացատրական Բառարան«ի տուած մեկնաբանութիւնը բամբասանքի մասին, տրուած ըլլալով, որ անիկա բաւական վար կը մնայ, սեփական փորձառութեան վրայ հիմնուած մեր տեսակէտէն: Անմիջապէս յայտնենք, սակայն, մեր դիտողութիւնը՝ »Բառարան«ի հեղինակին, որ կ’ըսէ, թէ »Բամբասանքը պարապ մարդկանց  բանն ու փէշակն է«: Եթէ Փաւստոս Բիւզանդ ողջ ըլլար՝ պիտի  նկատէր անշուշտ որ Ստ. Մալխասեանց կրնար լուրջ բառարանագէտ մը ըլլալ, սակայն երբեք՝ լուրջ բամբասագէտ մը:

Գ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՄԲԱՍԵԼ

Ձեր բարձր անձնաւորութեան գեղադիտական նշանակութեան եւ երբեմն ալ … ճանկռտելու տխուր գործին ծառայելու կոչուած ձեր սուրսուր եղունգները, առաջին հերթին պէտք է գործ դնէք ձեր չարչարուած, այլ անհուն գորովի կարօտ լեզուն յեսանելու համար, նախքան աշխատանքի սկսիլը. այսպէս ուղիղ դիրքի վրայ պէտք է  կենաք հայելիին դիմաց, դուրս հանէք ձեր խայթող լեզուն, զայն երկարէք, կլորցնէք եւ պրկէք, տալով անոր սրածայր ածելիի շեղբի ձեւ, ապա պէտք է յղկէք եւ յեսանէք զայն ձեր եղունգներով, եւ ամենայն խնամքով…:

Ամէն առաւօտ կանուխ, նախքան ձեր առաքելութեան լծուիլը, երբ ձեր տան ամենէն պիտանի »կահկարասիներէն« մէկը՝ այսինքն ձեր ամուսինը վերջապէս տունէն դուրս գայ գործի երթալու համար, դուք իբրեւ հանապազորդ սնունդը ձեր արհեստին՝ պէտք է կատարէք այս ու նման արարողութիւններ…:

Տակաւին, իր ազնիւ առաքինութեան գիտակից ոեւէ լուրջ բամբասող, որեւէ ատեն, որեւէ տեղ կը նետէ բամբասանքի կենսատու սերմը, այն հաստատ համոզումով, որ օր մը անպայման պիտի ծլի անիկա եւ արդիւնքը պիտի ըլլայ մեծ, այսինքն՝ »հասկ« մը չարախօսութեանց, իսկ չծլելու պարագային՝ վնասը ոչինչ է… պարզապէս բառ մը, կամ շատշատ՝ նախադասութիւն մը…:

Եւ, վերջապէս, իսկական բամբասողը այն անմարմին  էակն է, որ նիւթական ոչ մէկ շահ կ’ակնկալէ իր տարած աշխատանքներուն համար, եւ կը գոհանայ՝ ուրիշներու վարկաբեկման եւ կործանման առթած հոգեկան անհուն բաւականութեամբ…

Ով չ’ուզեր ըլլալ տիպար բամբասող…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles