ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀՐԷԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ՓԵՏՐՕ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 0 Second
Ձախէն աջ՝ Գլաուտիօ Մորկատօ, Արժանթինի Արդարութեան, Ապահովութեան եւ Մարդկային Իրաւանց նախարար՝ Խուլիօ Ալաք, Ալտօ Տոնզիս եւ Փետրօ Մուրատեան

Արժանթինի Արդարութեան եւ Ապահովութեան նախարար՝ Խուլիօ Ալաքի, Խտրականութեան, Օտա­րատեցութեան եւ Ցե­ղապաշ­տու­թեան դէմ Ազգային Հիմնարկի (INADI) նախագահ՝ Գլաուտիօ Մորկատոյի, հրէական կազմակերպութեանց համախմբումի ղեկավարութեան, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վլատիմիր Կարմիրշալեանի, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական, մշակութային, կղերական, դիւանագիտական, համայնքային, Մարդկային Իրաւանց կազմակերպութեանց, եւ խտրականութեան ընդդէմ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, Յուլիս 29-ին Խտրականութեան, Օտա­րատեցութեան եւ Ցե­ղապաշ­տու­թեան դէմ Ազգային Հիմնահտջ փոխ-նախագահ՝ Փետրօ Մուրատեանը, պարգեւատրուեցաւ հրէական կազմակերպութեանց համախմբումի նախագահ՝ Ալտօ Տօնզիսի ձեռամբ, խտրականութեան եւ հակասեմիտականութեան ընդդէմ իր յարատեւ պայքարի եւ յանձնառութեան համար:

Հետեւողական կարգով խօսք առին Ալտօ Տօնզիս,  Ապահովութեան նախարար՝ Խուլիօ Ալաք, Գլաուտիօ Մորկատօ, որոնք գնահատական արտայայտութիւններ յայտնեցին ընկ. Փետրօ Մուրատեանի մասին:

Իր կարգին, Փետրօ Մուրատեան յայտնեց իր գոհունակութիւնը հրէական կեդրոնատեղիի մէջ գտնուելուն, ուր ինքզինքը հարազատ կը զգայ որովհետեւ «միասնաբար ճանապարհ կտրած ենք Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման նկատմամբ, որոնց իմաստը մեզ առ աւելի կը հզօրացնեն եւ առիթ կու տան խտրականութեան եւ մարդկային իրաւանց հետ կապ ունեցող հարցերու նկատմամբ աշխատանք տանելու: Կþապրինք երկրի մը մէջ որ ներկայիս հիմնական քայլեր կու տայ արդարութեան, հաւասարութեան եւ բարելաւուած ընկերութեան մը ուղղութեամբ: Ու աշխատանքը ա°լ աւելի կը դիւրանայ երբ քաղաքական ընկերութիւնը եւ պետութիւնը միասնական նպատակ մը ունին՝ խտրականութեան, մարդկային իրաւանց եւ հակասեմիտականութեան նկատմամբ»:

Շնորհաւորական նամակներ ուղարկեցին Արժանթինի Սանթա Ֆէ նահանգի նահանգապետ՝ Հերմէս Պիննէր, Թիէռա տէլ Ֆուէկօ նահանգի նահանգապետ՝ Ֆապիանա Ռիոս, Մենտոսա նահանգի նահանգապետ՝ Սելսօ Խաքէ, Չաքօ նահանգի նահանգապետ՝ Խորխէ Գափիթանիչ, Էնթրէ Ռիոս նահանգի նահանգապետ՝ Սերխիօ Ուռիպառի եւ Սալթա նահանգի նահանգապետ՝ Խուան Մանուէլ Ութուպէյ, Արժանթինի Տնտեսութեան նախարար՝ Ամատօ Պուտու, Կրթութեան նախարար՝ Ալպերթօ Սիլէոնի, Մարդկային Իրաւանց քարտուղար՝ Էտուարտօ Լուիս Տուալտէ, Գաղթականութեան Ազգային Գրասենեակի տնօրէն՝ Մարթին Աուկուսթօ Արիաս Տուվալ, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Արժանթինեան Միասերական Համայնքը, Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութիւնը, Հ.Օ.Մ.ը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը:

Հարկ է նշել, թէ ընկ. Փետրօ Մուրատեան Ի.Ն.Ա.Տ.Ի.ի փոխ-նախագահ է 2006էն ի վեր, եւ անդամ է Մարդկային Իրաւանց Մշտական Ժողովի Ատենապետութեան Խորհուրդին: Անցեալին, ան եղած է Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի շրջանային տնօրէն (2002-2006) եւ Խտրականութեան ընդդէմ պայքարող Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու Ատեանի նախագահ (1998-2003):

Արժանթինի Արդարութեան Նախարարութեան ներկայացուցած է 2009 թուականին Ժընեւի մէջ գտնուող ՄԱԿի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Տուրպանի Վերատեսութեան Խորհրդաժողովին: Նոյնպէս, Արժանթինի պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմած է 2010 թուականին, ՄԱԿի Ցեղային Խտրականութեան Ամէն Ձեւերու Վերացման Վարչութեան 19րդ եւ 20րդ Պարբերական Տեղեկատուներու ներկայացման առիթով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles