Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
Արձակուրդի ամիսն է Օգոստոսը…երկրագունդի հիւսիսային «շերտ»էն ներս: Միայն Փարիզը չէ որ կը պարպուի իր բնակիչներէն:
Գրեթէ, բոլոր քաղաքներու բնակչութիւնը քանի մը շաբթուան համար կը գաղթէ մօտակայ գիւղը…կամ եթէ տնտեսական պայմանները կը ներեն, հեռաւոր այլ երկիր:
Հայաստանի մէջ արձակուրդը բաւական սուղ է: Հետեւաբար այլ հեռաւոր երկիրներ մեկնողներու թիւը կը կազմէ փոքր ընտրանի մը: Փոխարէն, աւելի բարձր է թիւը, մօտակայ Վրաստանի ծովափները մեկնողներուն:
Իսկ Սեւանայ լիճի շրջան ժամանողներու թիւը շատ աւելի բարձր է: Հոն կարելի է լողալ, նաւարկել եւ «կիզուիլ» արեգակնային ճառագայթներէն: