ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ՍԵՒՐԻ ՄԷՋ…ՕԳՈՍՏՈՍ 10, 1920ԻՆ

0 0
Read Time:16 Minute, 0 Second

»Ստալին մեր հայրն է«…Մեզմէ շատեր պիտի յիշեն այս երգը: Մասնաւորաբար պիտի յիշեն թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ մանուկներ վարժեցնելու համար Ստալինի հայրութեան, կը կազմակերպէին հանդէսներ, ուր ամէն անգամ անոնց կը թելադրէին աղօթել եւ Աստուծմէ խնդրել շաքարեղէն, բայց կը մնային անպատասխան, իսկ եթէ յանկարծ անոնք բարձրաձայն խնդրէին Ստալին Պապէն, յանկարծ շաքարի լաւագոյն տեսակները կը տեղային անոնց վրայ:

Այս առասպելական մանկավարժութենէն, եկէք երթանք պատմութեան:

Մեծ հայր Ստալին, քանի անգամ իր թշնամութիւնը արտայայտած է հայութեան դէմ: Այսպէս, Նախիջեւանի դաշնագրին մէջ 1921ին աճապարանօք բուժարանէն եկած է Թիֆլիս փոխելու ստորագրելիք դաշնագիրը, անպայման մտցնելու այնտեղ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին յանձնելու առաջարկը:

Նաեւ ամենայն համարձակութեամբ ազերի եւ թուրք պատգամաւորներուն յայտնած է իր ատելութիւնը հայութեան նկատմամբ, այն իմաստով, որ »մի վախնաք հայերէն, դուք գիտցաք զանոնք մաքրելու ձեւը, եթէ պակաս բան մը կայ այդ կÿամբողջացնէք«:

Իսկ այդ նոյն օրերուն լսելով որ Չիչերին Թուրքիոյ թելադրած է Մուշը, Վանը եւ Պիթլիսը Հայերուն տալ, զայրոյթով նամակ կը գրէ Լենինին, այս մասին բողոքելու, թէ ինչպէս հնարաւոր է հայկական »իմբէրիալիզմ«էն խաբուիլ եւ Թուրքիան վիրաւորել, ուստի անմիջապէս փոխել տուած է հրամանը:

Այս բոլորը յիշեցինք ըսելով, որ նոյն Ստալինը տեղեակ ըլլալով Սեւրի Դաշնագրի պայմաններուն, այդ առիթէն օգտուած է Թուրքիայէն հայկական հողերը պահանջելով:

Առաջին անգամ Կարս Արտահանի առնչութեամբ 28.000 քլմ. տարածութեամբ տարածքի պահանջ Թուրքիայէն: Երկրորդ՝ 1945 Յուլիս 7ին Փոցտամի եւ Օգոստոս 2ի Եալթայի մէջ Ստալինի պահանջները կը մերժուին: Չըրչիլ եւ Թրումըն իմանալով, որ Հայաստանէն աւելի Ստալին Խորհրդային Միութեան հողային հարց է որ կÿարծարծէր, Չըրչիլ եւ Թրումըն մերժումի առաջարկ ներկայացնեն: Անկէ ետք երկու անգամ փորձեր կը կատարուին, 1947ին, նոյն այս առաջարկները այս անգամ Վրաստանի անունով Նիւ Եորքի մէջ հայկական համագումարին, կրկին մերժում: Վերջին փորձը 1949 Էջմիածնոյ Ժողովին, ոչ մէկ արդիւնք: Ստորեւ տեսնել մանրամասնութիւնները.

Դաշնագիրի անգլերէն վաւերացուած օրինակը ունինք մեր տրամադրութեան տակ, որ կը բաղկանայ հարիւր մեծադիր էջերէ եւ ունի 433 յօդուածներ: Խորհրդաժողովին մասնակցած են Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Ճափոն իբրեւ մեծ պետութիւններ: Եւ դաշնակիցներու համախոհ հետեւեալ երկիրները՝ Հայաստան, Պելճիքա, Յունաստան, Հինազ, Փորթուկալ, Ռումանիա, Սերպիա եւ Չեխոսլովաքիա: Այս բոլորը մէկ կողմէն՝ Թուրքիան իբրեւ պարտուած երկիրը միւս կողմէն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէր պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան եւ Արեւմտեան հայութեան պատուիրակութիւնը՝ նախագահ՝ Պօղոս Նուպար Փաշա: Թուրք ներկայացուցիչները կը կանչուին՝ լիազօրուած իրենց պետութենէն յայտարարելու որ ԱՅՍ ԴԱՇՆԱԳՐՈՎ ՎԵՐՋ ԿԸ ԳՏՆԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ: Բնագրի վերջաւորութեան կը յայտարարուի, որ դաշնագիրը թէեւ երեք լեզուներով կը ներկայացուի՝ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն, բայց տարբերութեան գոյութեան պարագային ի զօրու է ֆրանսերէն բնագիրը: Դաշնագրի Ա. մասը կը ներկայացնէ՝ Ազգերու Դաշնակցութեան Ուխտը, Բ. մասով կը նշուին անդամահատուած Թուրքիոյ նոր սահմանները,Գ. Քաղաքական յօդուածներ, որոնք կը բնորոշեն առանձին ազգութեանց բնական սահմանները Թուրքիոյ հետ: Այս բաժնին առաջին հատուածը կը սահմանէ Կ. Պոլսոյ նկարագիրը: Դ. Գլուխը կը ներկայացնէ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցը, Ե. կը սահմանէ Թուրքիոյ մէջ այնուհետեւ գոյութեան իրաւունք ունեցող զինուորական ոյժի կրճատումը: Միջազգային այլ հարցերու յատկացուած են մինչեւ ԺԳ Գլուխ: Մեզ անմիջականօրէն հետաքրքրող բաժինն է Յօդուած 89ը, որ կÿըսէ Թուրքիան եւ Հայաստանը ինչպէս եւ միւս բարձր պայմանադիր պետութիւնները կÿընդունին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին յանձնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ նշուելիք սահմաններուն իրաւարարութիւնը, ինչպէս եւ Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմաններուն որոշման հարցը: Կÿընդունուի նաեւ Հայաստանին ծովային անցք մը տալու իրաւունքը եւ Հայաստանը եզերող թրքական սահմանակից հողերուն վրայ պարտադիր եւ ամբողջական ապազինման որոշումները:

***

Այստեղ հարկ կը տեսնենք մէկ տարի ետ երթալ եւ Սեւրի Դաշնագրի նախօրեակին Վերսայլի մէջ տեղի ունեցած Փետրուար 12, 1919ին մեծ ու պատմական նշանակութիւն ունեցող ժողովի որոշումները ներկայացնել:

Այս համաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արեւմտեան Հայութեան պատուիրակութեան նախագահները ինչպէս նաեւ Ամերիկայի հովանաւորութեամբ Սեւրին մասնակցութեան իրաւունք ունեցող երկիրներու ներկայացուցիչները միասնաբար կÿորոշուի հաշտութեան համաժողովին ներկայացնել հետեւեալ պահանջները.

1.Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի ճանաչում հետեւեալ շրջաններով՝ Վան, Պիթլիս, Տիարպէքիր, Խարբերդ, Սեբաստիա, Կարին եւ Տրապիզոն:

2.Կիլիկիայէն Մարաշ, Սիս, Ճէպէլ Պէրէքէթ, Ատանայի շրջակայքը եւ Ալեքսանտրէթ:

3.Երեւանի նահանգը, Թիֆլիսի հարաւը, Ալեքսանդրապոլի հարաւը եւ Արեւմտեան մասը, Կարսը ամբողջութեամբ:

4.Մ. Նահանգները եւ Ազգերու Դաշնակցութիւնը յանձն կÿառնեն երաշխաւորել եւ հետապնդել այս որոշումներու իրականացումները:

5.Հոգատար երկիր մը այս պարագային Ամերիկայի Մ. Նահանգները պիտի հովանաւորեն 20 տարի շարունակ եւ Հայաստանին բերեն իրենց օժանդակութիւնը:

6 Հատուցում պիտի տրուի հայութեան մարդկային եւ ինչքերու կորստեան համար:

7 Պիտի պաշտպանուին բոլոր շրջաններու հայերը, զինաթափ պիտի ըլլան եւ հայկական հողերէն հեռացուին թուրքերը:

Այսպէս, միջազգայնացած էր Հայ Դատը: Ուիլսըն ընդունած էր բոլոր ներկայացուած պայմանները: Ան վստահ բարեմտութեամբ կÿակնկալէր, որ այդ բոլորը նոյնութեամբ վաւերացուէին Սեւրի Ժողովին: Այդ հաւատքով ալ իր 26 պատուիրակները Հերպըրթ Հասկելի նախագահութեամբ կու գան Հայաստան իրենց քննութիւնները կատարելու եւ արդիւնքը զեկուցելու Ուտրօ Ուիլսընին: Բայց մեծ եւ աղիտաբեր սխալը կÿըլլայ այն որ տեղւոյն վրայ գոնէ նախնական վաւերացում չի կատարուիր, բան մը որ անպայմանօրէն պիտի նպաստէր Սեւրի մէջ ստեղծուելիք տրամադրութեան: Նախագահ Ուիլսըն, վստահ որ յետաձգումը չի խանգարեր ստորագրուելիք Սեւրի Դաշնագիրը, տեղւոյն վրայ իր վաւերացումը կամ միւս ազգերու գրաւոր հաւանութիւնը չէր առներ եւ վստահաբար թուրքերը պիտի ընդունէին, որովհետեւ այդ թուականին կը գտնուէին պարտուած վիճակի մէջ եւ Ամերիկային առաջարկը իրենց համար անվիճելիօրէն ընդունելի էր եւ տակաւին Ամերիկեան Ծերակոյտը Հայաստանի նկատմամբ իր աննպաստ որոշումը չէր առած: Այս ժողովին բոլոր տրուած որոշումներուն համակերպած էր Թուրքիան եւ մէկ ստորագրութիւն պիտի օգնէր Սեւրի Համաժողովին ստեղծելու հոգեբանական եւ ազդեցութեան իրավիճակ մը: Զայն զօրացնելու, որպէսզի ան մնար անփոփոխ եւ տեղի չտար Լօզանի աղէտին: Մնացեալը ծանօթ է: Այստեղ կու տանք այն պատկերը, որուն ծանօթ էին Հայաստանի տարածքներով հետաքրքրուող կողմերը: Անշուշտ այս ծանօթութիւնները պատմական կարեւոր տեղեկութիւններ ըլլալով հանդերձ, քաղաքական իմաստով Սեւրի Դաշնագրի պահանջին ամբողջութեամբ օգտակար չեղաւ, որովհետեւ դաշնագիրը արձանագրեց թէ Թուրքիան կը ճանչնար Հայաստանը իբրեւ անկախ պետութիւն, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի հայկական սահմաններով:

***

Համաժողովը կը սկսի Նոյեմբեր 1922ին Լօզանի մէջ, իսկ Դաշնագիրը կը ստորագրուի Յուլիս 24, 1923ին: Այս տեւողութեամբ եղած բանակցութիւններուն մէջ տիրապետողը կÿըլլայ Թուրքիան, իսկ մասնակցող միջազգային մեծ տէրութիւնները մրցումի ելած էին, առաւելագոյն քաղաքական շահերը ապահովելու Թուրքիայէն եւ ամէն գնով, այդ շահերուն համար անոր ցանկութիւնները գոհացնելու: Եւ ատոր զոհ պիտի երթային հայութեան շահերը: Թուրքիա այժմ արդէն պարտուողական կացութեան մէջ չէր: Ժողովներ կը գումարուէին, բանակցութիւններ տեղի կÿունենային ամէն մասնակցող մեծ պետութիւն ճիգ կը թափէր առանձինն համաձայնական դաշնագիրներ ստորագրելու Քեմալական Թուրքիոյ հետ, որ արդէն զօրացած էր եւ որ պայքար կը դնէր, որ հայկական երկու պատուիրակութիւնները իրաւունք չունենային մասնակցելու եւ մեծ տէրութիւնները հաւաքաձայն կը գտնուէին չվշտացնելու համար Թուրքիոյ հանրապետութեան նոր ղեկավարութիւնը: Բանակցութիւնները սկսած էին արդէն ամիսներ առաջ: Ամերիկան Օգոստոս 6, 1923ին առանձին դաշնագիր պիտի ստորագրէր Թուրքիոյ հետ, որուն նաեւ կը մասնակցէր Խորհրդային Միութիւնը: Հայկական Պատուիրակութիւնը, ինչպէս ըսինք իրաւունք չունէր ժողովին մասնակցելու: Աւետիս Ահարոնեան եւ Գաբրիէլ Նորատունկեան (Փոխարինած Պօղոս Նուպար Փաշան) արահետներու մէջ կը դեգերէին յոյսի նշոյլներ իրենց արտերուն մէջ: Կը յիշատակուին նոր, բոլորովին նոր պայմաններ, կը յիշատակուին փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, որոնց մէջ չկան հայերուն անունը: Լօզանի Դաշնագրէն ետք հայկական պահանջները. Հայաստանի Հանրապետութիւն 45.000, Խորհրդային շրջանէն Ատրպէյճանին կցուած 4.153, Նախիջեւան 5.988, տակաւին 1921ին թուրքռուսական դաշնագրով Հայաստանէն առնուած եւ Թուրքիոյ տրուած 20.000 քառակուսի քիլոմեթր Կարսէն, Կաղզուանէն, Արտահանէն. Օլթի Սուրմալու, ԱխալքալաքՋաւախք մօտ 23.000 քառակուսի քիլոմեթր:

Դաշնագիրը ստորագրող  մեծ տէրութիւնները պիտի մոռնային Սեւրն ու հայութիւնը: Անոնց մէջ էր նաեւ Խորհրդային Միութիւնը: Սակայն հետեւինք այն խաղերուն, զորս իբրեւ թէ հայասիրաբար նոյն Խորհրդային Միութիւնը, նախաձեռնող եղաւ: Այսպէս՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին Խորհրդային Միութիւնը առիթէն օգտուելով կարգ մը նախաձեռնութիւններու լծուեցաւ, արդէն սկսած էր պաղ պատերազմը:

***

Խորհրդային Միութիւնը տարածուելու մարմաջով կը ջանար կարգ մը հողային պահանջներ հետապնդել: Կարսն ու Արտահանը մի քանի անգամ Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած էր կռուախնձոր իր 28.000 քմ. տարածութեամբ: Ուստի պատերազմի աւարտին այդ հայկական երբեմնի մեծ տարածքները՝ Կարսն ու Արտահանը գտնուելով թրքական տիրապետութեան տակ պէտք էր ամէն գնով Հայաստանի անունով՝ Խորհրդային Միութեան կցել Հայաստանի պատկանելութեան իրաւունքով: Փոցտամի եւ Եալթայի ժողովներուն, որոնք տեղի ունեցան 1945 թուականին Յուլիս 17էն մինչեւ Օգոստոս 2, Հայաստանի անունով եւ բնական է Խորհրդային Միութեան նախաձեռնութեամբ Մոլոթով պաշտօնապէս դիմում կը ներկայացնէր Կարսն ու Արտահամը անպայման կցելու Խորհրդային Միութեան: Այս պահանջը կը ներկայացուէր Սեւրի Դաշնագրի իրաւունքով: Յիշենք անգամ մը եւս որ երբեմնի դաշնակիցները տարիներու ընթացքին պաղ պատերազմի բերումով եղած էին թշնամիներ, ուստի Չըրչիլ վատութեամբ կը դիմադրէր առարկելով որ խորհրդաժողովը իրաւունք չունի Կովկասեան տարածքներուն վրայ սահմանային փոփոխութիւն կատարելու: Իսկ Ամերիկայի նախագահ՝ Թրումըն աւելի դիւանագիտական մօտեցում ունենալով կը յայտնէր որ ներկայացուածը տեղական կարգադրութիւնը ըլլալով, Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ լուծուելիք  հարց մըն է, ուստի պահանջը կը մերժուէր մնալով անլուծելի: Այսուամենայնիւ՝ այս հարցը աննախընթաց խանդավառութիւն կը ստեղծէր ամէնուրէք, նոյնիսկ Սփիւռքի մէջ գտնուող հակահամայնավարները կը վարակուին այս յոյսի ալիքներէն: Երկրորդ փորձը կը կատարուէր նոյն տարին, այսինքն 1945ին, երբ ամրան տեղի կÿունենայ Էջմիածնոյ կաթողիկոսութեան մէջ պատգամաւորական ժողով: Բոլոր կողմերէն նոր կաթողիկոսի ընտրութեան առիթով հաւաքուած պատգամաւորները, եկած էին 1938ին խեղդամահ եղած կաթողիկոսին տեղ նորը ընտրելու, թեկնածուն էր Գէորգ Զ.ը: Առիթը շատ յարմար էր եւ լուռ համաձայնութեամբ հայ պատգամաւորները, Սեւրի Դաշնագրի պայմաններէն մեկնելով եղած այս առաջարկը, իբրեւ թէ Ստալինէն կը խնդրէին որ զբաղի հայկական հարցով: Այս առիթով պատմաբանները կը սկսին մօտէն քննել հայկական պահանջները եւ յատկապէս անգամ մը եւս քննութեան տակ կÿառնեն Սեւրի Դաշնագիրն ու կը կեդրոնանան անոր պահանջատիրական եւ համաշխարհային ճանաչումի արժանի հայկական իրաւունքներուն վրայ: Ուստի հազիւ կաթողիկոս ընտրուած, հայրապետն ու պատգամաւորական ժողովը Նոյեմբեր 27, 1945ին, առաջին դիմումէն մօտ վեց ամիս ետք Անգլիոյ, Ամերիկայի եւ Խորհրդային Միութեան առաջարկներ կը ներկայացնեն իրենց խոստացած միջազգային իրաւունքը պահանջելու: Ամերիկա եւ Անգլիա անպատասխան կը թողուն, միայն Խորհրդային Միութիւնը »Փրաւտա« թերթով զօրավիգ կը կանգնի: Նոյնիսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կայացած Ազգերու Լիկան այս ուղղութեամբ քայլ չի կրնար առնել: Իսկ Թուրքիան քաջալերուած իր նոր դաշնակիցներու կեցուածքէն, կը յայտարարէ որ պահանջուած հողերուն վրայ ոչ մէկ հայ գոյութիւն ունի: Գ. Փորձ Ստեղծուած խանդավառութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1947, երբ այս անգամ Նիւ Եորքի մէջ տեղի կÿունենայ իր տեսակին մէջ աննախընթաց ազգային հաւաք հայկական համագումար, մասնակցութեամբ 715 ներկայացուցիչներու, որոնք եկած էին 22 արեւմտեան երկիրներէ: Արդէն նոյն տարին կը յայտարարուի Թրումընի վարդապետութիւնը, որ Յունաստանին եւ Թուրքիոյ ամբողջական հողային տարածքները կÿերաշխաւորէր: Իսկ ամերիկահայ պատգամաւորները մօտենալով ժամանակի ամերիկեան հռչակաւոր արտաքին գործոց քարտուղար Տին Աչիսընին, Հայ Դատին մէջ ի նպաստ հայերուն միջամտելու, անկէ կը ստանան պատասխան մը թէ Կարսն ու Արտահանը Թուրքիայէն առնելով Խորհրդային Միութեան տալը դէմ էր Ամերիկայի շահերուն: Դ. Փորձ Այս անգամ Ստալին թաքթիքը կը փոխէ: Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կազմուած Մ.Ա.Կ.էն կը պահանջէ Կարսի եւ Արտահանի նահանգները 1947 Հոկ. 24ին, այս անգամ Վրաստանի անունով եւ անոր հետ՝ Անին, իբրեւ այս վերջինը եղած ըլլար նախկին վրացական հողատարածքը: Այս պահանջները կը ներկայացուին Վիշինքսիին կողմէ: Այս փորձը եւս ձախողութեան կը դատապարտուի եւ մի քանի տարի յետոյ այսինքն 1949ին, ոչ միայն հողային պահանջներու հարցը կը փակուի, այլ սիրալիր յարաբերութիւն մը կը հաստատուի Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ, այն աստիճան, որ ամէն դիւանագիտական յարաբերութեան նախընթացին, Խորհրդային Միութիւնը հանելի թուելու համար Անգարային կը յայտարարէր, թէ Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի: Այժմ տանք ծանօթութիւններ այն քաղաքներուն մասին, որոնք վերը յիշուեցան եւ որոնք մաս պիտի կազմէին ամբողջական Հայաստանին: Տուած ենք մեր պատմութեան համար նաեւ այն հայկական քաղաքները, որոնք դժբախտաբար մաս չկազմեցին Սեւրի Դաշնագրին: ԷրզրումԿարին կը գտնուի Արեւմտահայաստանի կեդրոնը: Շրջանի մեծագոյն քաղաքն է, որ եղած է օրրանը հայ ազատագրական շարժումներուն: Ծանօթ է բոլորիս »Ձայն մը հնչեց Էրզրումի Հայոց Լեռներէն, Թունդթունդ ելան հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն«: Նշանաւոր եղած է Սանասարեան վարժարանով, որուն եւ միւս դպրոցներու ուսանողները դաստիարակուած էին յեղափոխական եւ ազգայինհայրենասիրական զգացումներով եւ որոնցմէ յառաջ եկան գործիչներ, ֆետայիներ, մտաւորականներ: Բնակչութիւնը եղած է խառն: Յիշեցինք արդէն որ ունեցած է ըստ 1912ի տուեալներուն 630.000 բնակչութիւն: Խիստ խճողուած եղած են հայաշատ թաղամասերը: Առանձնաբար յիշելով հայկական բնակչութիւնը, կը տրուի 215.000 հայերու թիւ եւ մօտ 70.000 այլ քրիստոնեաներ, իսկ թուրքերու թիւը եղած է իրենց շրջապատի թաղերով միասին 240.000 եւ 105.000 իսլամներ: Վանայ Լիճի արեւելքը, Հայաստանի հնագոյն պատմական քաղաքներէն մէկը: Քաղաք եւ Այգեստան բաժանումներով եւ ՎասպուրականՎան բացատրութեամբ: Բազմաթիւ յիշատակումներ կան թէ Օսմանեան եւ թէ Հայկական պատմութեան մէջ իբրեւ վիլայէթսանճաք: Թուրքերու թիւը այնքան մեծ չէ եղած, միայն 47.000, իսկ այլազան իսլամական ցեղերու միասնաբար ներկայացուցած են 75.000: Վան, Վասպուրականի պատմութիւնը դարաւոր հայ իրականութեան մէջ յիշատակուած ամենէն ուշագրաւ, գործունեայ եւ նշանաւոր քաղաքներէն մէկը եղած է: Հայութեան թիւը հասած է 185.000ի: Անոր պատմութեան մէջ կը յիշատակուի Ասորեստանի Շամիրամ թագուհին, կամ Ուրարտական Սարդուր թագաւոր, իբրեւ քաղաքի հիմնադիր՝ դարեր առաջ: Խորենացին ներկայացուցած է զայն իբրեւ Երուանդեան տոհմի մայրաքաղաք: Ապա Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Արծրունեաց, Ռշտունեաց ոստան: Գրաւուած կամ յարձակումի ենթարկուած է բազմաթիւ բարբարոսներու կողմէ: Հակառակ այս բոլորին ունեցած է բոլոր տեսակի արհեստներու մասնագիտութիւն եւ արտածումներու շուկայ: Իր ժամանակին բացառիկ իրադարձութիւններ եղած են Վանի արհեստանոցները եւ մեքենաշինական գործարանները: Այնտեղ հրատարակուած է »Արծուի Վասպուրականը«, եղած է հայրենասիրական, մշակութային, կրթական եւ քաղաքաազատագրական շարժումներու եւ կազմակերպութիւններու օճախ:

189596ի կոտորածներուն կազմակերպուած հերոսամարտային ընդդիմութիւն ցոյց տուած է: 1915 Մեծ Եղեռնին ունեցած է պանծալի հերոսամարտ, հայ կամաւորական խումբերու եւ Ռուս բանակներու օժանդակութեամբ եւ հռչակած է մեր նորագոյն պատմութեան առաջին պետութիւնը ՎանիՎասպուրականի անկախութեամբ: Շատ հարուստ եղած է մշակութային, կրթական, կազմակերպչական, կուսակցական գործունէութեամբ: Բայց ռուսական բանակներու նահանջով ժողովուրդը ստիպուած եղած է արտագաղթել մեծ մասով Երեւան կամ այլազան երկիրներ եւ քաղաքներ: ՎանՎասպուրականի պատմութեան կապուած է Արմենական շարժումները, ուսուցչանոցը, մեծ թիւով դպրոցներ, եկեղեցիներու ցանցը, յեղափոխականներու պատրաստութիւնն ու կրակի մկրտութիւնները:

***

Պիթլիսի Վանայ ծովու հարաւ արեւմուտքը, Դատ Վանի հարաւը, Մուշի եւ շրջապատի կառավարական կեդրոնը, ՏարօնՏուրուբերանի ընդարձակ լեռնաշխարհի կեդրոնը: Ունեցած է բազմաթիւ գիւղեր, բայց միշտ գերակշիռ է եղած հայութեան թիւը, 450.000 ընդհանուր բնակիչի վրայ 168.000ը հայեր եղած են, մնացեալները եղած են քիւրտ եւ այլազան կրօններու պատկանող ցեղախումբեր: Սեւրի Դաշնագրով պաշտօնապէս մաս պիտի կազմէր Հայաստանին: »Պիթլիսէն մինչեւ Մուշ եւ հիւսիս Երզնկայի մօտերը, այսինքն մինչեւ Կարինի նահանգը«  ինկող հողամասը կը տրուի հայերուն: Այս անունը նաեւ յիշուած է իբրեւ Բաղէշի վիլայէթ: Մասնաւոր կարգադրութեամբ Օսմանեան պետութիւնը Պարսկաստանէն բերած է մեծ թիւով քիւրտեր, որոնք բնակեցուած են Մոկս, Վասպուրական եւ Աղձնիք: Այս շրջանի տիրապետութեան ընթացքին զօրացած են քրտական իշխանութիւնները, տիրապետելով Սասունին, Մուշն, Խիզանին, Ինուսին, Իյլաթին եւ Արնիշի շրջաններուն: Հասկնալի է որ այս բոլոր յիշատակուած վայրերը դարերով եղած են հայաբնակ: Բայց չարամիտ Սուլթան Համիտի կարգադրութեամբ քիւրտերու մեծ թիւով կուտակումներով պիտի դառնային օսմանեան պետութեան կողմէ քաջալերուած սպառնալիքներ հայկական իրականութեան եւ պատճառ հայ խաղաղասէր հայութեան բողոքներուն, ըմբոստութեան եւ յետագային Ցեղասպանութեան: Հակառակ այդ իրականութեան, շրջան մը Սասունին կը տրուի կիսանկախ իրավիճակ մինչեւ, որ Սուլթան Համիտ կը զօրացնէ քիւրտերը եւ զանոնք կը մղէ այս կիսանկախ կացութիւնը վտանգելու: Ընդհանուր կարծիքի կազմութեան համար, Սուլթան Համիտ տեղափոխական կարգադրութիւններով կը ջանար հայութեան թիւը փոքրացնել, բայց Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքը 1878ին մասնաւոր հայահամարով կը յաջողի հայութեան թիւին գերազանցութիւնը ցոյց տալ: Պիթլիսի մէջ մնայուն կերպով քրտական աշիրաթներու աճը կը շարունակուի մինչեւ 1915: (Մաս չէր կազմեր Սեւրի Դաշնագրին):

Հայկական պահանջատիրութեան մէջ յիշուած է Խարբերդը, որ հայկական իր անցեալով, դպրոցներով, աշխոյժ մշակութային կեանքով, շրջապատուած հայկական գիւղերով մեծ է եղած: Ունեցած է ստուար հայ ազգաբնակչութիւն, բայց զարմանալիօրէն մաս չէ կազմած Սեւրի Դաշնագրին իբրեւ հայապատկան տարածք: »Անխուսափելի հետեւանք է Սեւրի Դաշնագրի 27րդ յօդուածին, 2րդ մասը, 4րդ հատուածով եւ 89րդ յօդուածով, Խարբերդ քաղաքն ու շրջանը Թուրքիոյ թողուի«: Արածանիի ձախ ափին եւ մեծ ճանապարհներու միացման կեդրոնը եղած Խարբերդ ունեցած է 168.000 հայեր, 102.000 թուրք եւ այլազգիներ, իսկ այլ կրօնքի պատկանողներուն թիւը եղած է 80.000: Խարբերդ, Քարբերդ, թրքերէնով Իւարպութ, մաս կազմած է Արեւմտեան Հայաստանին: Պատմական վկայութեամբ հիմնուած է Ուրարտացիներու կողմէ: Իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով յաճախ եղած է այլազան ցեղերու յարձակումի կամ գրաւման թիրախ: 1515ին ենթարկուած է Օսմանեան տիրապետութեան: 1617ին հիմնայատակ կործանուած է: Վերաշինուած՝ կը մտնէ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ, ապա մաս կը կազմէ Տիարպէքիրի վիլայէթին: Իր նշանաւոր գիւղերը եղած են Հիւսէյնիկ եւ Մեզիրէ: Թուրք բարբարոսները կը քանդեն անոր դարերու անցեալ ունեցող հրաշալի բերդը, անոր քարերը օգտագործելու համար: Հակառակ այդ վայրագ պայմաններուն, հայերը մնացած են եւ քաղաքը մեծցնելով, զարգացնելով դարձուած են առեւտրական կամ առհասարակ համագործակցութեան կապը Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներուն եւ Կ. Պոլսոյ հայերուն հետ: Խարբերդցի հայ վաճառականները յարաբերութեան մէջ եղած են մինչեւ Ամերիկա, իրենց արտադրութիւնները հասած են համաշխարհային շուկաներուն: Արեւմտեան իրականութեան մէջ առաջին անգամ Խարբերդը ունեցած է մեքենայական թեքնոլոճի: Ան նաեւ եղած է հայ մշակոյթի կեդրոն, մեծապէս զարգացած, այն աստիճան, որ կոչուած է »Գաւառի Աթէնքը« կամ աստուածաբանական ճեմարան: Նշանաւոր է Եփրատ Գոլէճը հիմնուած 1887ին, մեծ թիւով վարժարաններ եւ այդ մթնոլորտին մէջ հասցուցած են հայ գրողները հրատարակուած է Եփրատ թերթը, ունեցած է թատերախումբեր: Մեծ Եղեռնէն առաջ խարբերդցիները գաղթած են Գանատա եւ Ամերիկա, իսկ Մեծ Եղեռնին մեծ կորուստներ տուած են եւ մեծ խումբերով բռնագաղթած են Տէր Զօր: Տրապիզոնէն ունենալու համար ծովային ելք մը, դաշնագիրը շնորհ պիտի ընէր նաեւ անկէ ունենալու բացուածք մը, որուն ծաւալն ու դիրքը եւս մաս պիտի կազմէր Թուրք Հայկական բանակցութեան, Ամեիկայի նախագահութեան նշանակած մասնագէտներու կարգադրութեամբ:

***

Սեբաստիա կամ Սուազ Խարբերդի նման Սեւրի Դաշնագրէն դուրս մնացած են Տիարպէքիր, Սեբաստիա կամ Սվազ: Բայց մենք կը ներկայացնենք պատմութեան համար Սեբաստիան մեծ նահանգ մը եղած է Տրապիզոնի սահմանակից: Նահանգի արեւելքէն կը հոսին երկու գետեր՝ Հալիս (Քրզսլ րըմաք) եւ Երիս (Եէշիլ Ըրմաք): Բաժնուած է եօթը գաւառներու: Շրջան մը անոր միացած է Շապին Գարահիսարը: Սուլթանական քաղաքականութիւնը

ղած է միւս հայկական շրջաններու նման այստեղ եւ հայութեան թիւը հակակշռել միացուած է թրքական կամ քրտական գիւղերը, Սեբաստիոյ մէջ ներառեալ նահանգի իսլամական դիմագիծը զօրացնելու: 20րդ դարու սկիզբը այս անգամ հինգ գաւառներու վերածուած է Շապին Գարահիսար, Համիտիէ, Կոլոնիա (Կոյուլ Հիսար), Նիկոպոլիս եւ Ալաջրա: Նահանգապետ վալին կը նստէր Սեբաստիա քաղաք, իսկ գաւառները եւ ենթաշրջանները կը կառավարուէին մութասարըֆ, Քայմաքամ կամ միւտրըներով: Հինէն ի վեր եղած է հայաբնակ, հարուստ եկեղեցիներով, հակառակ աննկարագրելի խժդոյժ պայմաններուն, որոնց ենթարկուած է: Այդ պայմանները մղած են հայութիւնը մնայուն արտագաղթի, բայց մնացած հայերը ունեցած են թատրոն, միութիւններ, մեծ թիւով վարժարաններ: Համիտեան կոտորածներուն զոհ գացած են մեծ թիւով հայեր, իսկ 1915ին մեծ մասը ջարդուած է եւ մնացեալները բռնագաղթով տարուած են Տէր Զօր, բայց շատ քիչ թիւով վերապրողները ներգաղթած են Հայաստան եւ Երեւանի մէջ հաստատած են իրենց աւանը՝ Նոր Սեբաստիա:

Տիարպէքիր Վիլայէթը երկար ատեն պարսիկներու տիրապետութեան տակ գտնուած է 1514ին գրաւուած է Օսմանեան պետութեան կողմէ: Մինչեւ այս գրաւումը անոր բնակիչները եղած են հայեր եւ ասորիները: Հայերուն թիւը եղած է 105.000, թուրքերը հազիւ 45.000: Պատմականօրէն խօսելով ան մաս կազմած է Աղձնիք նահանգին, նաեւ երբեմն այդ դասաւորումով միացած է շրջան մը Խարբերդ նահանգին: Սուլթան Սելիմ նոյն հակահայ քաղաքականութիւնը մշակած է այստեղ: Օգտուելով քիւրտ աշիրաթներէն, անոնց օգնութեամբ կը գրաւէ քաղաքը եւ անոնց իրաւունք կու տայ մեծաթիւ աշիրաթներով բնակութիւն հաստատելու այնտեղ: Այս գրաւումով անոնք ունեցած են բացառիկ իրաւունքներ, գրեթէ տիրած են քաղաքին: Այսպէս շարունակուած է որոշ ժամանակ: 1868ին Տիարպէքիրին մաս կազմած է նաեւ Մուշ, Վան Հեքիար, Ճէզիրէ եւ Պիթլիսի սանճաքները: Նոյնիսկ շրջան մը վերածուած է քրտական անկախ պետութեան մը: Հայերու բողոքներուն վրայ, Կ. Պոլիսը, Վանը եւ Մուշը կÿանջատէ եւ կը միացնէ Էրզրումին: Այն ատեն Էրզրումը մինչեւ իսկ Էրմէնիստան կը կոչուէր: Պերլինի Վեհաժողովին ան կÿենթարկուի մասնակի փոփոխութեան: 1915ին ամբողջ վիլայէթը ունեցած է 37.000քք. տարածութիւն 296.000 բնակչութեամբ: Ունեցած է զարգացած ճարտարարուեստ, գործարաններ, Բրուտագործարաններ եւ նշանաւոր եղած են Տիարպէքիրի գորգերը:

1915ի Մեծ Եղեռնէն ետք մնացած են միայն 4.000 եւ մեծ թիւով որբեր:

***

19231924 թուականներուն հայութիւնը կը գտնուէր անբացատրելիօրէն անհայրենիք կացութեան մը մէջ: Ցրուած աշխարհի անծանօթ վայրերը, կը սպասէր որ Լօզանի Դաշնագիրը ստորագրող պետութիւններ եւ հայասէր կազմակերպութիւններ կտոր մը հող գտնէին պատսպարելու համար իրենց դարաւոր հայրենիքէն աքսորուած եւ ջղակոտոր հայութիւնը: Չէր տեսնուած պատմութեան մէջ որ պատերազմի կողմերէն պարտուած երկիր մը կրնայ տակաւին իր նոր բնութափոխութեամբ իր կամքը պարտադրել քրիստոնեայ եւ հայութեան դաշնակից պետութիւններուն: Առաւել, անհրաժեշտ է զայրոյթով թէ զարմանքով շեշտել այն կէտը: »Ժողովուրդի մը արիւնը ընդդէմ Քարիւղի հանքերուն« թէ ինչպէս տեսնել թրքական Միլլի կառավարութեան դիրքը բացարձակապէս կÿարգիլէ որեւէ հայու մուտքը Թուրքիա, փոխարէնը թուրք կառավարութիւնը »մեծ բարեսրտութեամբ« կը նպաստէ այն հայերուն, որոնք կը փորձէին հեռանալ թրքական հողերէն: Թուրքիոյ ներքնամասերուն մէջ հատ եւ կենտ հայեր, մեծ ու փոքր բռնի իսլամացած էին: Այնտեղ կային դեռեւս 28.000 հայեր… Մեծագոյն գաղթականութիւնը կը կատարուի դէպի Հալէպ եւ երբեմն Պոլիս: Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր սահմաններէն դուրս եւ այն երկիրներու մէջ, ուր ազդեցութիւն ունեցած է, ինչպէս Յունաստան եւ Պուլկարիա կը միջամտէ որ անոնք չընդունին հայեր:  Այս տխուր բաժինը կը վերջացնենք յիշելով որբերու կացութիւնը: Զանազան երկիրներու եւ որբանոցային, տնային, ցերեկային եւ ճաշարաններէն օգտուելու դրութիւններ ունեցած են: Այդ դժբախտութեան մէջ, Հայաստանէն դուրս գտնուող գիտակից որբերուն մեծագոյն փափաքն էր հաստատուիլ Հայաստան: Եւ գտնուած են մանուկներ կամ պատանիպարմանուհիներ, որոնք նոյնիսկ շրջակայ թուրք գիւղերուն մէջ պարտաւորուած թրքացած, Եհետիտոտն, փախուստ տուած իրենց թուրք կամ քիւրտ տէրերէն եւ սահման անցնելով, գաղտնի եկած եւ հասած են Ալեքսանտրապոլ: Գաղտնի քանի որ Հայաստան արդէն Խորհրդային Միութիւն դարձած, չէր կրնար հակաթուրք արարք գործել, երբ դաշնագրով Միլլի կառավարութեան բոլոր պայմանները ընդունած էր: Զանց կÿառնենք այլ շրջաններու որբանոցներուն թուարկումը, բայց այս տողերով կÿարձանագրենք անգամ մը եւս, որ Թուրքիան տակաւին բաւարարուած չէր իր եղեռնագործութեամբ, հայութիւնը մաքրելու ճիգին լծուած էր աւելի ամրապնդուած Եւրոպայի իր դաշնակիցներով, կը ջանար թրքացնել կամ հեռացնել հայու բեկորները, որքան կարելի է շատ հեռուն, իրենց ծննդավայրէն: Զարմանալի չէ, երբ յատուկ աշխատանքով մեծ թիւով հայեր վերստին Ուրֆա ընդունուած իրենց արհեստներու կամ մասնագիտութեան բերումով նաեւ ուրիշներ Հալէպ հաստատուած, Թուրքիան լուռ ու մունջ կը ջանայ զանոնք որքան հնարաւոր է իր սահմաններէն հեռու պահել:

Արմէն Տօնոյեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles