«Հայրենիք»-ը Յամառօրէն Կը Դիմադրէ Մեր Նորօրեայ Պայքարի Խրամատներէն

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second


ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
11 Նոյեմբեր 2019

1899-ին Նիւ Եորքի մէջ այս թերթը հիմնողները գիտէի՞ն արդեօք, որ «Հայրենիք» 12 տասնամեակ պիտի գոյատեւէ. ես պատասխան չունիմ։ Հռետորական է հարցադրումը. բայց եւ այնպէս՝ բարացուցական։
Այդ խումբ մը մտաւորականները մէկ բան սակայն հաստատ գիտէին. որ նոր կազմաւորուող ամերիկահայ համայնքը հացի ու ջուրի չափ ալ Միտքի, Խօսքի եւ Գաղափարի կարիքը ունի գոյատեւելու, կազմակերպուելու եւ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունենալու համար։
Հոն, ուր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ներկայութիւն եղած է, հոն ունեցած է մամուլ։ Ամերիկայի մէջ «Հայրենիք»-ը ոչ միայն Դաշնակցութեան տեսակէտներն ու գաղափարները տարածողը եղած է, այլեւս հանդիսացած է… դպրոց. հայերէն լեզուի՛ դպրոց։ Տասնամեակներով, ամերիկահայ առնուազն երկու սերունդ հայերէնը սորված ու զարգացուցած է շնորհիւ «Հայրենիք»-ին։ Այդ հաստատութենէն ներս իմ աշխատանքի 5 տարիներու ընթացքին, երբ կ՛այցելէի զանազան համայնքներ՝ Շիքակօ, Տիթրոյթ, Նիւ Եորք, Լօուըլ եւայլն, կամ մինչեւ իսկ Ուոթըրթաունի մեր խմբագրատունէն ներս, առիթը ունցած եմ հանդիպելու-զրուցելու երէց սերունդին պատկանող ամերիկահայերու հետ, որոնց մտերմութիւնը «Հայրենիք»-ին հետ տասնամեակներու վրայ երկարած է։ Անոնց վկայութիւնն է, ընկ. Սիրական Պենկոյեանին կամ ընկ. Մուկուչին, կամ մինչեւ իսկ շատ աւելի ուշ սերունդէն Մարգարին նմաններունը. անոնք կը հաստատէին՝ «Մենք հայերէնը սորված ենք «Հայրենիք»-ը կարդալով»։
Բայց «Հայրենիք»-ին գործը միայն լեզու սորվեցնելը չեղաւ բնականաբար։ Անիկա եղաւ ազգային ու գաղափարական դաստիարակութիւն տուող, ուղղութիւն տուող, կեցուածք փոխանցող հաստատութիւն մը, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին ու անկէ ալ անդին։
«Հայրենիք»-ին շնորհիւ սերունդներ ամբողջ սորվեցան տիրութիւն ընել Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշները հանդիսացող զինանշանին, դրօշին, օրհներգին։ Բայց եւ մանաւանդ՝ հայուն պետականութեան ու անկախութեան. ու մանաւանդ այն տասնամեակներուն, երբ մեր հայրենիքը զրկուած էր անկախութենէն՝ խորհրդային ամբողջատիրութեան լուծին տակ։
«Հայրենիք»-ը դարձաւ հայութեան իրաւունքներու պահանջին հարթակը, դարձաւ երիտասարդութեան յեղափոխականացման ջատագովը, դարձաւ Հայ դատի ուժական պայքարի դրօշակիրներէն մէկը։
Միաժամանակ, ան այս ոգիով դաստիարակեց ամերիկահայութեան մէկ մեծ տոկոսը, որոնց թոռները կամ զաւակները այսօր կը գտնուին պատնէշի վրայ։
Երբ սկսաւ Արցախեան շարժումը, «Հայրենիք»-ը հետեւորդ չեղաւ, այլ՝ առաջնորդ։ Ան, գաղափարակից թերթերուն հետ միասին, ամերիկահայ հանրային կարծիքը կռեց ու կոփեց հայութեան արդար պահանջին գաղափարականով։ Այդ տարիներուն, «Հայրենիք»-ը իր ամէնօրեայ լուրերով, խմբագրականներով ու առաջնորդող յօդուածներով շարունակ ընդգծեց Արցախի մասին հայութեան պահանջներուն արդարացի բնոյթը, ազատագրական պայքարի ճշմարտացիութիւնը՝ զայն դիտարկելով Միացեալ Հայաստան ստեղծելու ռազմավարական նպատակի պարունակին մէջ։
Մէկ խօսքով, «Հայրենիք»-ը արթնութեան ամէնօրեայ կոչեր ուղղեց ամերիկահայութեան, իր հրատարակութեան իւրաքանչիւր օրը, թէ՛ այն օրերուն երբ օրաթերթ էր, եւ թէ՛ անկէ վերջ, երբ պայմաններու բերումով դարձաւ շաբաթաթերթ։
«Հայրենիք»-ի առաքելութիւնը նոյնն է այսօր եւս.- Արթնութեան հրաւիրել հանրութիւնը, բարձրացնել անոր մէջ հայութեան քաղաքական շահերու գիտակցութեան մակարդակը։ Այս գիտակցութեան կարեւորը աւելիով կ՛ընդգծուի այսօր, որովհետեւ համաշխարհային քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական խմորումներէն նոր հովեր կը փչեն, որոնք նոր վտանգներ ստեղծած են հայութեան ու Հայաստանի համար։
Այդ վտանգին էութիւնը նոր-ազատականութիւնն է, դրամատիրական կարգերու գաղափարախօսական նոր մեկնաբանութիւն-պատումը, որ ամէն ինչ կը չափէ միայն ու միայն նիւթական չափորոշիչներով, դրամագլուխով, սպառումով, Շուկայով (գլխագիր Շ)։ Գաղափարախօսութիւն մը, որուն համար մերժելի են բոլոր տեսակի ազգային-մշակութային առանձնայատկութիւնները, նոյնիսկ ազգ-պետութիւնը։
Այս գաղափարական-քաղաական հոսանքը իր տիրապետութիւնը հաստատած է գլխաւորաբար Արեւմուտքի մէջ, հակակշռի տակ առնելով համաշխարհային ուժի կեդրոնները՝ Ուաշինկթըն, Լոնտոն, Պրիւքսէլ (Եւրոմիութիւն)։ Այս հակակշիռը կը փորձուի տարածել թէ՛ ելեւմտական-տնտեսական լծակներով (Համաշխարհային դրամատուն, Միջազգային դրամական հիմնարկութիւն եւայլն), թէ՛ զինուորական ու բռնի ուժի կիրարկումով (Լիպիա, Իրաք, Սուրիա եւայլն), թէ՛ քարոզչական հսկայական մեքենայով՝ Ատլանտեանէն Եւրոպա եւ այլ ցամաքամասեր՝ դրամագլուխի ուժով տիրապետած ըլլալով քարոզչական միջոցներու։
Նոր-ազատականութիւնը նաեւ դրամագլուխի ուժով սողոսկած է նաեւ փոքր երկիրներէ ներս, հոն ստեղծելով իրեն համար յենարան-կռուաններ, որոնց պարտականութիւնն է այդ երկիրներէն ներս նպաստաւոր հող ստեղծել իրենց համար։ Այս գաղափարախօսական վարքագիծին համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունին ազգային-պետական սահմանները։ Ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն ազգային-մշակութային, լեզուական կամ պատմական առանձնայատկութիւնները։ Անիկա աշխարհը կը համարէ մեծ «շուկայ» մը, ուր կարելի ամէն ինչ վաճառել՝ կողոպտելով փոքր կամ խոցելի երկիրներու բնական հարստութիւնները (եթէ խոցելի չեն՝ զանոնք ներքնապէս տկարացնելով ու խոցելի դարձնելով)։Մէկ խօսքով, նոր,ազատականութիւնը մեզի կը ներկայանայ իբրեւ դրամատիրական պոլշեւիզմի մէկ դրսեւորումը, ուր Ճորճ Սորոսի հիմնադրամը եւ ծախսած միլիառները այս սառցալերան միայն երեւցած մասն են. չկասկածի՛ք։
Նոր-ազատականութեան շօշափուկները այսօր ամէն ձեւով պայքար կը մղեն Հայաստանի մէջ բոլոր այն հաստատութիւններուն դէմ, որոնք գլխագիր Ազգին ողնասիւնը կը կազմեն (բանակ, եկեղեցի, պետական կառոյցներ, օրինական համակարգ, դատարաններ, մինչեւ իսկ Սահմանադրական դատարան)։ Անոնք պայքար կը մղեն ազգ-բանակ հայեցակարգին դէմ, բոլոր այն սովորոյթներուն, տօներուն եւ ժողովուրդի մը ազգային նկարագիրը յատկանշող երեւոյթներուն դէմ՝ երբեմն Վարդավառի օրը «խալի լուալու» արարողութեամբ փոխարինելու ճիգով (հոգ չէ թէ մանկունակ), ուրիշ օր մը Հ.Հ. սահմանադրութեան էապէս հակադրուող միջազգային համաձայնագիր մը վաւերացնել փորձելով, ազատագրական պայքարին մէջ իրենք զիրենք դրսեւորած, հողի ազատագրումի պայքարին մէջ հռչակ հանած իսկական հերոս զինուորականներու դէմ նուաստացուցիչ պայքար շղթայազերծելով եւայլն. ու այս մէկը՝ յանուն կեղծ խաղաղապաշտութեան։
Մտածողութեան առումով, վարչախումբին կողմէ ամէն քայլափոխի բացայայտ ճիգ կը թափուի ազգայինը հակադրելու համամարդկայինին. «ազգային»-ը վատ է, «համամարդկային»-ը լաւ քարոզչական շահարկումը ամէն քայլափոի ստացած է թութակային կրկնողութեան բնոյթ, առանց թափանցելու հարցերուն խորքը։ Փոխանակ համարկուած տեսնելու թէ՛ հայ ժողովուրդի եւ թէ՛ այլոց ստեղծած քաղաքակրթական արժէքները, ինչպէ՞ս կարելի է իրարու հակադրել զանոնք՝ «նուաստ», «յետամնաց» ու երբեմն ալ «քարանձաւային» որակելով ազգային արժէքները։
Յայտարարելով որ «մենք ոչ մէկ իզմ-ի կը հետեւինք», Հ.Հ.-ի մէջ իշխանութեան հասած վարչախումբը պարզապէս կը ստէ, որովհետեւ ինք հաւատարիմ ու հարազատ հետեւորդն է այս նոր-ազատականութեան։
Կարճ՝ «Հայրենիք»-ը այս ապազգայնացնող գաղափարական-քաղաքական արշաւանքին դէմ պիտի՛ ունենայ իր ըսելիքը եւ ընելիքը։ Այդ կը թելադրէ ոչ միայն իր պատուաբեր անցեալը, այլ նոյնինքն Հայաստանի ու հայութեան ազգային շահերուն նուիրուած ծառան ըլլալու իր հանգամանքը։
Այս ակնկալութեամբ կը դիմաւորենք «Հայրենիք»-ի 120ամեակը, միաժամանակ մեր զօրակցութիւնը խոստանալով անոր։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles