Յ. Պալեան
Փարիզ
«Հայրենիք» թերթը՝ 120 տարեկան:
Պատնէշի վրայ մնալու յանդգնութիւն մը, երբ հայերէն էջ մը կարդալ յիշատակներու հետ հաղորդուելու կը նմանի, այսինքն՝ ըլլալ ժամանակավրէպ:
Հետաքրքրական եւ այլապէս մեր իրականութիւնը լուսաբանող պիտի ըլլար յայտարարել տպաքանակը հայերէնով լոյս տեսնող թերթի մը, ան ըլլայ օրաթերթ, երկօրեայ, շաբաթաթերթ, թէ ամսաթերթ, հրատարակել վաճառուածներու թիւը, հետաքրքրուիլ ընթերցողներու թիւով, որ տարբեր է տպաքանակէն եւ վաճառուածէն: Խօսքը կը վերաբերի հայերէն թերթին, ոչ այլազան լեզուներով լոյս տեսնող հայկական հրատարակութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն:
Նկատի ունենալով ժամանակակից գիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները, պէտք է հետաքրքրուիլ հայերէն ելեկտրոնային անվճար թերթի ընթերցողներով, գիտնալ անոնց համրանքը եւ հետաքրքրութիւնները: Չսպառող թերթ, անվճար ելեկտրոնային թերթ: Եւրոպական ելեկտրոնային թերթերը վճարովի են:
Ինչպէ՞ս ունենալ անկախ եւ որակաւոր լրատուամիջոց առանց ընթերցողի գործնական նեցուկի: Այս հարցումը ինքնիրեն կ’ուղղէ՞ հայ մարդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Մենք ընդհանրապէս թշնամի ենք թիւերու լեզուին: Թերթ մը, եթէ հրատարակէ իր տպաքանակը, վճարուած օրինակներու թիւը, կը շահի՞, կը վնասէ՞: Այն ատեն հաւաքականութիւնը, որուն կ’ուղղուի թերթը, կը կանգնի իր պատասխանատուութեան առջեւ: Ակնկալութիւն կարելի է ունենալ թերթէն, երբ ան ինքնաբաւ է, անկախ է, երբ ինք իր միջոցներով ինքզինք կը բաւարարէ:
Ամէն անգամ որ հայերէն թերթի ներկային եւ ապագային մասին մտածելու եւ խօսելու առիթ կ’ըլլայ, կը յիշեմ այժմ դադրած «Յառաջ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ, Արփիկ Միսաքեանի հետ զրոյցս, որուն ընթացքին ան ֆրանսերէն գրուած նամակ մը տուաւ, որ կարդամ, որ կ’ըսէր, թէ հայրս մեռաւ, բայց «Յառաջ»-ը պիտի չդադրեցնեմ, այսինքն ինք հայերէն չէր կարդար, բայց թերթը պիտի ստանար հօր յիշատակը պահելու համար, ոչ տեղեկանալու եւ ոչ ալ հաղորդուելու համար: Տապանաքարի վրայի գրութիւն որպէս:
Ինչե՜ր կան այդ քանի մը բառերու ետին. սփիւռք(ներ)ի գործնապաշտական մաշումին եւ լքումին տխրութիւնը:
Նիւ Եորք գտնուած օրերուս, ամէն անգամ որ ոչ բոլորովին հին սերունդին պատկանող վաղեմի բարեկամիս կը հանդիպիմ, իր ստացած եւ չբացուած «Հայրենիք»- ները կու տայ, որպէսզի զբօսաշրջիկի անբանութեան ժամերուս ձանձրոյթը փարատեմ:
Ճառ կարելի է խօսիլ հայ մամուլի կարեւորութեան մասին, բայց այդ ճառը կը համոզէ նօսրացող շարքերով համոզուածները: Կրնանք մեր հպարտութիւնը շոյել, յիշեցնելով, որ հայ մամուլի արկածախնդրութիւնը սկսած էր մեր ժողովուրդի հին եւ նոր պատկերին պէս, հեռաւոր աշխարհի մը մէջ, Մատրաս, Հոկտեմբեր 14, 1794ին, արդէն երկու հարիւր քսանհինգ տարի առաջ: Ուսումնասիրողներ կ’ըսեն, թէ աւելի քան 4000 թերթեր լոյս տեսած են անկէ ի վեր (օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ, պարբերականններ): Այդ հրատարակութիւնները ունեցած են հայերը օղակող դեր:
Այսօր հայ թերթերը լոյս կը տեսնեն նոյն նպատակով, բայց օղակման դերը զանգուածային չէ, անոնք կը մնան հետզհետէ նօսրացող հաւատաւորներու շրջանակին մէջ: Կարծէք ժամանակը, կեանքի պայմանները, օտարումները, մեր գործնապաշտական ըմբռնումներու բացասական ազդեցութիւնը, կապարէ գլանի պէս կը ճնշեն, կը փոքրացնեն հայ մամուլը:
Անկախ մամուլի բովանդակութենէն, որուն մասին կրնանք թեր եւ դէմ կարծիքներ ունենալ, ըլլալ պահանջկոտ եւ բծախնդիր, կայ հիմնական խնդիր մը. ինչպէ՞ս հայ մամուլը դադրած է հայ մարդուն եւ հայ ընտանիքին անդամ ըլլալէ, ի՞նչ պէտք էր ընել եւ չեն ըրած, չենք ըներ, որ ան հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:
Տեղեակ ազգայինը եւ քաղաքացին դրական կերպով կը մասնակցին հաւաքականութեան կեանքին: Անտեղեակը բնական կերպով բացակայ կ’ըլլայ:
Առաւել եւս հայերէն թերթը, որ ազգային որակ կը բերէ, տարբեր ծագման մը եւ համայնքի մը պատկանելու յիշեցումէն. որակ՝ պատմութիւն, լեզու, մշակոյթ, քաղաքականութիւն:
Թերթի մը հրատարակութեան նախօրեակին, տեղի կ’ունենային կարծիքներու փոխանակութիւններ: Ներկայ մը ըսաւ, որ եթէ հայերէն բաժնին համար խմբագիր մը ըլլայ, օտարալեզու բաժինը խմբագրելու դժուարութիւն չ’ըլլար: Այն ատեն ըսի, որ հայերէն բաժինը գրողի եւ յօդուածի դժուարութիւն չ’ունենար, հայերէն գրողները, նոյնիսկ փոքրաթիւ, գիտնալով պատմութիւն եւ գրականութիւն, կրնան մատակարարել թերթի բովանդակութիւնը: Օտարալեզու էջերը լեցնել աւելի դժուար է, քանի որ այդ էջերու գրողները տեղական թերթի մէջ պիտի չգրեն, հայկական թերթի մէջ պիտի գրեն, հետեւաբար պէտք է գիտնան օգտուիլ հայերէն աղբիւրներէ, մանաւանդ որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ սփռուած հայկական համայնքները իրարու միացնող հասարակ յայտարար լեզուն է եւ դեռ կը մնայ հայերէնը, որ «մենքութեան» էական լծակն է: Այսպէս է կացութիւնը նաեւ հիմա:
Ներկայիս կացութիւնը աւելի բարդացած է համացանցի գործածութեան բերումով: Տեղական լեզուներով կը շրջին տեղեկութիւնները: Ոչ ոք կրնայ բծախնդրութիւն պահանջել համացանցով սփռուած խօսուած եւ գրուած հայերէնին համար: Դեռ գրաւոր մամուլի պարագային բծախնդրութիւն կարելի է կիրարկել, գէթ մասամբ, բայց հայերէնով համացանցային եւ լսատեսողական լրատուութեան պարագային ստեղծուած է արեւելեան պազարի լեզու, որ կրող չէ որակի: Ի հարկէ ազնիւ եւ ազնուական բացառութիւններ կան:
Այսօր հայկական մամուլը, մասնաւորաբար սփիւռք(ներ)ի, հակառակ անոր որ ան այլեւս անցեալի երկպառակութիւններու բեմը չէ, բայց ան անկախ մամուլ չէ: Աւելի պարզ. հայկական լրատուամիջոցները բազմակարծութեան եւ քննադատութեան բեմ չեն, թէեւ, վերջին տասնամեակներուն անոնք իրենց էջերը կը բանան բազմակարծութեան առջեւ, բայց հազուադէպօրէն՝ քննադատութեան եւ մանաւանդ՝ ինքնաքննադատութեան: Այսպէս, մեր լրատուամիջոցները գտնուելով այս կամ այն կազմակերպութեան հակակշռին տակ, անոնց անձնակազմը բաղկացած ըլլալով այդ կազմակերպութեան շուրջի անձերով, կրնան թերեւս քննադատել իրենցմէ դուրս եղողները, բայց երբեք սեփական կողմը, կարծէք սխալները եւ թերացումները կը վերաբերին ուրիշներու, բայց երբեք սեփական կողմին: Եւ մամուլը կը կորսնցնէ իր հիմնական առաքինութիւնը, virtus-ը:
«Հայրենիք»-ի, եւ ընդհանրապէս հայ թերթի լուսապսակը իր կեանքի երկար տարիներով պէտք չէ սահմանել, այլ իր ընթերցողներով, անոնց համրանքով:
Ընթերցողներու համրանքն է երաշխիքը ապագայի:
Եւ կը կանգնինք հիմնական հարցականին դիմաց. ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի հայերէն թերթը հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:
Դեռ քիչ թէ շատ հաւատաւոր մարդիկ կան, որոնք իրենց զաւակները կը ղրկեն հայկական վարժարան, կը ղրկեն միօրեայ դպրոց, որպէսզի տարրական հայերէն մը սորվին եւ կարդան: Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ այդ ճիգը, եթէ այդ զաւակները այսօր եւ վաղը, ամէն օր, իրենց տունը հասնող հայերէն գիրը, բառը, խօսքը, միտքը չտեսնեն: Տարրական մանկավարժական փորձը կ’ըսէ, որ մանուկը կը կապկէ ինչ որ կը տեսնէ: Եթէ ան իր հօր եւ մօր ձեռքին չտեսնէ հայերէն թերթը, պիտի անգիտանայ անոր գոյութիւնը, իր կենսափորձի եւ միտքի հորիզոնի վրայ տեղ պիտի չունենայ հայերէն գիրը, խօսքը եւ թերթը:
Հետեւաբար, ազգային հեռանկարային քաղաքականութիւն է, հայրենասիրութիւն, հայերէն թերթը դարձնել հայ ընտանիքի անդամ:
Ինչպէս կ’ըսուի, Ամերիկայի Արեւելեան Ափի աւելի քան հարիւր հազարով գնահատուող հայութեան չնչին տոկոսը, այս կամ հայերէն թերթը կը ստանայ, կրնանք գումարել նաեւ օտարալեզու հրատարակութիւնները, եթէ կ’ուզէք: Առանց հայկական տեղեկութեան, քաղաքական, մշակութային, արուեստի, դեռ ժամանակ մըն ալ կրնայ տեւել խոհանոցային եւ փիքնիքային շաբաթավերջի ծագումնային զուարճացնող հաւատարմութիւնը:
Ազգային վերականգնումի, տոկալու, տեւելու, ժառանգութեան տէր ըլլալու կամքի պատուանդան է հայ թերթը, հայերէն թերթը: Հանդիսութիւններու եւ տպաւորիչ ըլլալու կոչուած ժողովները օր մը օրակարգ պիտի դարձնե՞ն հայերէն թերթը հայ տան անդամ դարձնելու հիմնահարցը:
Հարկ է յայտարարել թիւերը թերթի, թերթերու տպաքանակի, վաճառուածի, ընթերցուածի: Եւ հաւաքաբար մտածել, նիւթական եւ մարդկային ներդրում ընել, որպէսզի հայ թերթը հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ: Այս մեր շատ սիրած եւ կրկնած հայապահպանում կարգախօսին անկիւնաքարը կ’ըլլայ:
«Հայրենիք»-ը, կամ ուրիշ հայկական թերթեր, տարի մը ետք, տասը տարի ետք, պիտի ըսե՞ն թէ իրենց տպաքանակը աճած է այսինչ տոկոսով, ընթերցողներու թիւը աճած է այսքան տոկոսով:
Որ իրենք գաճէ արձաններ չեն, ապրող հաւաքականութեան մը կեանքի արտայայտութիւն են:
Հայերէն թերթը հայ մարդուն եւ հայ տան ազգային հաւատարմութեան շնչառութիւնը պէտք է ըլլայ: Ան ո՞ր տոկոսին շնչառութիւնն է այսօր:
Յաճախ կը կրկնեմ մեծն Սոկրատի խօսքը, որ հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները:
Հարկ է գերանցել ամեակներու լոյսերը եւ բարձրախօսներու աղմուկը: Հարկ է խօսիլ հիմնականի մասին եւ գործել հիմնականի համար:
Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս, ո՞ր որակով հաւաքական գիտակցութիւն եւ կամք ստեղծենք, որպէսզի չըլլանք համայնք, այլ ըլլանք եւ մնանք ազգ:
Այս ընելու համար, կրկնենք, հարկ է հասնիլ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:
Եւ ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սէնթ’Էքզիւփերին, կանգնիլ եւ ընել առաջին քայլը, երկրորդ առաջին քայլը, եւ շարունակել…
Այսպէս է որ անկարելին կ’ըլլայ կարելի: