«Հայրենիք»-ը Եւ Մեր Մարտահրաւէրները

0 0
Read Time:7 Minute, 41 Second

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Մոնրէալ
Նոյեմբեր 2019

«Հայրենիք»-ին հետ
Սրտանց եւ անխառն հպարտութեամբ կ՚ողջունեմ 120-ամեակը «Հայրենիք»-ին եւ նոյն առթիւ՝ 85-ամեակը Armenian Weekly.ին։
Խոստովանիմ, որ «Հայրենիք»-ին հետ առնչութիւնս կը սկսի 1922-ին, այսինքն՝ ծնունդէս 18 տարի առաջ…։ Այդ այն տարին էր, երբ լոյս աշխարհ կու գար «Հայրենիք ամսագիր»-ը, որուն առաջին թիւէն բաժանորդագրուեր էր մօրենական Մեսրոպ մեծ հայրս։
Երբ հայերէն տառերը սկսայ ճանչնալ, նկատեցի, որ ննջարանիս մէջ զետեղուած ապակէ դռներով պահարանին վերի 3-4 դարակները ծանրաբեռնուած էին «Հայրենիք ամսագիր»-ի հաստափոր հատորներով, ամեն մէկուն վրայ թուական մը եւ տարեթիւ մը՝ Ա. տարի (1-4), Գ. Տարի (9-12) եւ այլն։ Վարի յարկերն ալ ուրիշ թերթեր էին, կազմուած կամ չկազմուած՝ «Ակօս», «Մասիս», «Անահիտ» եւ այլն – Տես «″Հայրենիք″-ի հետ», Հորիզոն շաբաթաթերթ, 1989 հոկտեմբեր 30։
Յետոյ, ուշ պատանեկութեանս տարիներուն էր, որ ակնածանքով այդ գրադարանէն հետզհետէ դուրս բերի այդ հատորները եւ աշխարհնե՜ր բացուեցան իմ առջեւ։ Ըսեմ, որ ամսական դրութեամբ, իսկ վերջին տարիներուն՝ եռամսեայ՝ «Հայրենիք»-ը շարունակեց թակել մեր դուռը, մեծ հօրմէս ետք՝ ծնողքիս, հուսկ՝ Նազիկին եւ իմ, մինչեւ որ օր մը ա՛լ չեկաւ։ Դադրեցաւ հրատարակուելէ։ Ափսո՜ս, հազար ափսո՜ս։
Եթէ չհաշուեմ դպրոցական «Հունձք» պարբերաթերթը, «Յուսաբեր»-ն էր, որ հայ մամուլի էջերը բացաւ 14-15 տարեկան այս պատանիին առջեւ։ Յետոյ, Գանատա գաղթելուս նախօրեակին արդէն կապ էի հաստատեր «Հայրենիք»-ին հետ, եւ 1966-էն 1979, մինչեւ «Հորիզոն»-ի կողմէ ներգրաւումս, «Հայրենիք»-ն էր, որ բեմս հանդիսացաւ, հարազա՛տ բեմս ու տեղ տուաւ թղթակցութիւններուս, յօդուածներուս, հարցազրոյցներուս ու մանաւանդ «Ոստայն»-ներու շարքի առաջին փորձերուս։
Ուրեմն, վառե՛նք 120 մոմերդ, սիրելի թերթս…
… եւ հարց տանք մենք մեզի
Վառե՛նք, ու մտածենք ինչպէ՛ս ընել, որ չմարին անոնք երբեք, այլ դառնան 140, 160, 200…։ Այո՛, ինչպէ՞ս ապահովենք «Հայրենիք»-ի թէ հայ մամուլի գոյութիւնը Սփիւռքի մէջ գալիք տարիներուն, տասնամեակներուն եւ անկէ անդին։ Լուրջ ինքնաքննութեան կը կարօտի այս։
Արդարեւ բազում են մեր մամուլին ու մե՛ր իսկ գոյութեան սպառնացող վտանգները։ Այդ վտանգները արտաքին՝ առարկայական պատճառներէ աւելի կը բխին ներքին՝ ենթակայական պատճառներէ։ Հաւանաբար բոլորս կը գիտակցինք ասոր, բայց կը մերժենք ընդունիլ, եւ կը ձեւացնենք, թէ վտանգները մեզմէ դուրս են եւ ո՛չ մեր մէջ իսկ։
Այդ ինքնաքննութեան փորձը, սակայն, եկէք ընենք ոչ թէ զոհի հոգեբանութեամբ՝ ինքնապաշտպանուելու համար, այլ տիրո՛ջ բարեփոխութեան, զարգացման եւ յառաջ երթալու տրամադրութեամբ։ Եթէ այսօր տկարութիւններ ցոյց կու տանք, մտքէ չհանենք մեր նուաճումները եւ ջանանք զանոնք բազմապատկելու վճռակամութեամբ նայիլ մենք մեզի։
Յիշենք հետեւեալը.
Առաջին՝ այս տարին կը զուգադիպի նաեւ հայ մամուլի գոյառման 225-ամեակին։ Մատրասի մէջ էր, որ 1794-ին լոյս կը տեսնէր՝ լուսապսակ Յարութիւն ք. Շմաւոնեանի խմբագրութեամբ, առաջին հայ թերթը՝ «Ազդարար»-ը, ճամբայ բանալով ոչ միայն հայ մամուլի զարգացման, այլ մեր ազգային զարթօնքի՛ն իսկ։ Փնտռեցէք, նայեցէք աշխարհի վրայ քանի՞ թերթ կը հրատարակուէր այդ թուականին։
Երկրորդ՝ ըլլա՛յ «Ազդարար»-ը, ըլլա՛յ հայ մամուլի միւս ռահվիրաները կը սկսէին հրատարակուիլ արտերկրի՛ մէջ՝ բռնագրաւուած ու հարստահարուած հայրենի հողէն հեռո՜ւ, երբեմն շա՜տ հեռու, բայց եւ այնպէս իրե՛նք կը հանդիսանային հայոց անկախ պետականութեան վերահաստատման գաղափարը սնուցողները՝ մինչեւ այդ երազին իրականացումը 1918-ին՝ Հայկական բարձրաւանդակին վրայ անոր կորուստէն տասը դար եւ Կիլիկիոյ մէջ՝ 6 դար ետք։ «Հայրենիք»-ն ալ, եւ ո՛չ միայն «Հայրենիք»-ը, փոքր դեր չխաղացին Մեծ եղեռնէն առաջ արդէն իսկ տարագիր դարձող հայութեան մէջ վառ պահելու համար հայրենիքի գաղափարը, դիմադրելու համար ձուլման ու անէացման սպառնալիքներուն։
Երրորդ՝ ամբողջ 70 տարի, 1921-էն 1991, «Հայրենիք»-ը, իր գաղափարակից մամուլի միւս անդամներուն հետ, յաջողեցաւ Եռագոյնին, ՀՀ օրհներգին ու զինանշանին խորհուրդը՝ Ազատ-անկախ-միացեալ-ի տեսլականը վառ պահել ոչ միայն սփիւռքահայութեան, այլ փաստօրէն հայրենահայութեա՛ն ալ մէջ՝ իր ձայնին արձագանգումով եւ իր լոյսին ճառագայթումով թէկուզ երկաթէ կարծուած վարագոյրէն ալ անդին։
Եւ չորրորդ՝ հայ մամուլի ճամբով էր, անկախ պետականութեան բացակայութեան, որ մեր զոյգ լեզուաճիւղերը զարգացան եւ աշխարհաբարը ռամկերէնէն վերածուեցաւ գրական լեզուի, մեր գրականութիւնն ալ մեծ ոստումով մը յապաղած Միջնադարէն հասաւ նոր ժամանակներուն։ «Հայրենիք ամսագիր»-ը ինքն ալ իր կարեւոր դերը ունեցաւ այս մարզին մէջ ալ։
Փոքր նուաճումներ չեն ասոնք, եւ անոնց առթած հպարտութիւնը կը պարտադրէ մեզի, որ համեստօրէն, առանց սնապարծութեան, պատրաստ ըլլանք վերաքննելու մենք մեզ, քննարկելու մեր ներկայ թերիներն ու թերացումները, բացթողումներն ու տկարութիւնները, ճշտորոշելու մեր դժուարութիւնները եւ որոնելու լուծումներ՝ որպէսզի արժանի ըլլանք պահել-պահպանելու մեր մամուլի պանծալի աւանդութիւնները մեր այսօրուան իրականութեան մէջ։
Այստեղ կ՚ուզեմ փակագիծ մը բանալ ու աւելցնել, թէ ակնկալուեցաւ հայ մամուլէն, որ իր առաքելութենէն շատ աւելիին պատասխանատւութիւնը ստանձնէ Հիւսիսային Ամերիկայի ու Եւրոպայի մէջ, ուր տարագրութեան առաջին երկա՜ր տասնամեակներուն մենք թերացանք բանալու ամենօրեայ վարժարաններ, սպասելով որ թե՛րթը, հայ թերթը ըլլայ միաժամանակ նաեւ դպրոց, ինչու ոչ՝ նաեւ ակո՛ւմբ, եկեղեցի՛ մեր ցիրուցան դարձող զանգուածներուն համար, երբ նաեւ չկրցանք զանոնք համոզել որ ապրին համախումբ, հայ կեանքի՛ն առնչուած։ Փակեմ փակագիծը այստեղ, քանի որ առանձին քննուելիք ու վերլուծուելիք հարց է այս մէկը արդէն։
Որո՞նք են հայ մամուլի առջեւ ծառացող դժուարութիւնները
Թուենք նախ քանի մը «առարկայական» կամ «արտաքին» դժուարութիւնները՝ որպէս օրինակ պարզապէս։ Այդ բառերը կը չակերտեմ, որովհետեւ թերահաւատութեամբ կը մօտենամ անոնց՝ որպէս իսկական դժուարութիւններու։
Առկայութիւնը ընկերային հարթակներու, որոնք կը կարծուի, թէ կը մրցին մամուլին հետ ու տպագիրը կամ նոյնիսկ լսատեսողական՝ բանաւոր մամուլը կը փոխարինեն՝ իրենց անմիջական հասանելիութեամբ՝ մեր պարագային ըլլայ, թէ ընդհանրապէս։
Թուղթի, տպագրութեան եւ առաքման ծախսերու յարատեւ աճը՝ տպագիր մամուլի պարագային, այլ արհեստագիտական դժուարութիւններ՝ բանաւոր մամուլի պարագային։
Եւ մասամբ նորին։
Սակայն, համոզուած եմ, որ այդ դժուարութիւնները աւելի դիւրաւ կը հարթուին քան մեր ենթակայական, իմա՝ ներքին դժուարութիւնները, որոնք կը բխին ամբողջովին մեզմէ։ Արտաքին դժուարութիւնները միայն մեզի չեն վերաբերիր, անոնց վերացումը մեզմէ կախում չունի, եւ ինչպէս ուրիշներ, մենք ալ «եոլա երթալու» միջոցներ կրնանք գտնել։ Մենք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ենք մեր իրավիճակին վրայ, ուր կրնանք հետեւեալ դժուարութիւնները մատնանշել։
Չենք ստեղծած նիւթական մնայուն կռուաններ՝ մեր մամուլին ամուր նեցուկ ապահովելու համար։
Չենք յաջողած հետեւիլ մեր ժողովուրդի, մեր ընթերցողները հանդիսանալիք զանգուածներու կեանքի պայմաններուն, ճանչնալ անոնց ապրած դժուարութիւնները, հասնիլ տեղեկատուական կարիքներուն, թարգմանը ըլլալ անոնց ցանկութիւններուն։
Կտրուած ենք եղած այն անմիջական միջավայրերէն, ուր կ՚ապրին մեր համայնքները, չենք արձագանգած այն հարցերուն, որոնք առկայ են այդ միջավայրերուն մէջ, չենք առաջնորդած մեր հայրենակիցները, որպէսզի աւելի լաւ կարենան շրջանցել խոչընդոտները։
Այստեղ ալ կրկնենք՝ եւ մասա՛մբ նորին։
Չեմ ուզեր երկարել այս դժուարութիւններու շարանը, քանի որ մեր նպատակը «խաղող ուտել» պիտի ըլլայ, եւ ոչ թէ ուտել չկարենալուն համար «այգեպանը ծեծել»։
Իսկ ի՞նչ են մեր թերիները։ Մատնանշեմ մի քանին։
Առաջինը՝ հայերէն լեզուի աղաւաղումը, թուլութիւնը, հետզհետէ աւելի անմխիթար դարձող վիճակը։
Երկրորդ՝ արդի լրագրութեան հասկացողութեան բացակայութիւնը, թերթի մը բովանդակութիւնը մտածուած ձեւով հետաքրքրական դարձնելու անկարողութիւնը, էջ լեցնող բայց չկարդացուող երկար թղթակցութիւններու, ճառերու եւ յօդուածներու հրատարակութիւնը, այլ հետաքրքրաշարժ նիւթերու, մանաւանդ երիտասարդութիւնը ներգրաւող գրութիւններու բացակայութիւնը։
Երրորդ՝ տեղեկատւութեան կազմակերպուածութեան պակասը։
Ընթերցողը կ՚անդրադառնայ, թէ ընդհանրացումներ է, որ կ՚ընեմ, եւ այս կամ այն թերթի իրավիճակին չէ, որ կ՚անդրադառնամ։ Անշուշտ իւրաքանչիւր խմբագիր, իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ կը ջանայ դիմակայել այս դժուարութիւնները, սակայն լուծումները յաճախ կը պահանջեն հաւաքական ճիգեր, որոնք կախում չունին միայն մէկ թերթէ, մէկ մարմինէ կամ մէկ շրջանէ։
Իսկ լուծման ճանապարհներ կա՞ն մեր առջեւ
Փորձենք տեսնել այդպիսի ճանապարհներ։
Առաջին հերթին ու առաջնահերթութեան կարգով կարեւորագոյնը՝ ստեղծել մնայուն նիւթական կռուաններ շրջանային, համասփիւռքեան կամ համահայկական առումով՝ մի անգամ ընդմիշտ վերջ տալու համար տնտեսական տեւական այն տագնապներուն, որոնք դամոկլեան սուրի նման կը կախուին մեր մամուլի գլխուն վերեւ։
Հայ մամուլին ծառայելը գրաւիչ դարձնել հայ երիտասարդին համար, որպէսզի, զինուած ոլորտին մասնագիտական ուսումով ու տիրապետելով հայերէնի ու նուազագոյնը մէկ այլ լեզուի՝ ան ուզէ գալ ու մաս կազմել մեր մամուլի ընտանիքին, արժանավայել կերպով վարձատրուելով։ Այդ պատրաստութեան մասնակի՛ց եղած ըլլալ, ուսումնառութեան նպաստա՛ծ ըլլալ։ Նոյն մօտեցումով, լուծել աշխատակիցները վարձատրելու հարցը։
Յարգել լրագրութեան բարոյագիտութիւնը (ethics), նշել արտատպումներու աղբիւրները, լուսանկարներու հեղինակները, ի հարկին վարձատրել ալ զանոնք, սորվիլ ի՛նչ կարելի՛ է ընել եւ ինչ կարելի չէ՛ ընել՝ երբ թերթ կը հրատարակես կամ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի յայտագիր կը վարես։
Կազմակերպել լրատւութիւնը կեդրոնական ու շրջանային ճիգերով, հայթայթել լուրերու տարբերակներ՝ ամփոփ ու մանրամասնեալ, որոնք կրնան տարբեր ձեւերով օգտագործուիլ տպագիր թէ առցանց մամուլին ինչպէս նաեւ բանաւոր մամուլին կողմէ։ Այս բոլորը առնչել իրարու, այնպէս, որ մէկէն միւսը յղումներ ըլլան, ընթերցողները կարենան իրենց հետաքրքրութիւններուն չափով հետեւիլ անոնց։
Նոյնը՝ յօդուածներու պարագային, որոնք կրնան ունենալ ամփոփ ու տարածուն տարբերակներ, կրնան ըլլալ նաեւ ունկնդրելի եւ այլն։
Չմոռնալ տեղական եւ համաշխարհային հարցերու արծարծումը, հարցեր, որոնց ազդեցութիւններէն չենք կրնար խուսափիլ անհատապէս թէ ազգովին, եւ որոնց ճիշտ ընկալման համար եւս մեր մամուլը մեզ լուսաբանելու եւ ուղղորդելու պարտականութիւնը ունի, պէ՛տք է ունենայ։ Օրինակի համար՝ Միջին Արեւելքէն հասնող մեր նորագաղթ ազգակիցներուն ծանօթացնել իրենց նոր միջավայրին բարքերը, օրէնքները, պայմանները եւ այլն։
Աւելի կարեւորութիւն ընծայել բանաւոր մամուլին՝ ձայնասփիւռին ու պատկերասփիւռին, որոնք աւելի դիւրութեամբ կրնան զանգուածներ առգրաւել։ Չմոռնանք, թատրոնը հանդիսացած է մեր լեզուի ու մեր բարքերու զարգացման ամենէն ազդու միջոցներէն մէկը, եւ լսատեսողական արդի միջոցները նոյնը կրնան ընել այսօր։
Այս բոլորին լեզուական մակարդակը պահելն ալ կարեւոր մարտահրաւէր մըն է, ի հարկէ, եւ նոյնպէս կը կարօտի համադրուած ճիգերու։
Մեծ է մամուլի դաստիարակչական դերը, որ պէտք չէ ստորագնահատել։ Ա՛ն է որ պիտի հետապնդէ ճիշտ իրազեկումը մեր հասարակութեան, պիտի կատարէ գաղափարական առաջնորդութիւնը, պիտի սիրցնէ ու ճանչցնէ մեր մշակոյթն ու մեր լեզուն եւ մանաւանդ պիտի մշակէ հայ ըլլալու հպարտութիւնը նոր սերունդին մէջ, հպարտութիւն ոչ միայն անցեալի մեր յաղթանակներով, այլ ներկայի ամեն մէկ յաջողութեամբ, այդ ըլլայ համերգասրահի մը մէջ, մարզադաշտին վրայ, թէ գիտական աշխատանոցի մը սեղաններուն առջեւ։
Չտարածուինք աւելի։ Այս գրութիւնը համարել ընդանուր ներկայացում մը, որ կրնայ ծառայել այս հարցերը աւելի հանգամանօրէն արծարծելու եւ քննարկելու աշխատանքին։
Կ՚ուզեմ փակել մէկ միտք եւս յայտնելով։ Նիկոլ Աղբալեան տեղ մը դիտել կու տայ, թէ հոն ուր դրամ կայ, չի նշանակեր, որ Դաշնակցութիւն կայ, բայց հոն ուր Դաշնակցութիւն կայ՝ դրամը կրնայ ստեղծուիլ։ Փոխարինենք Դաշնակցութիւնը «կամք» բառով, եւ կը հասկանանք թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր այս տարի արդէն իր հարիւրամեակը տօնող Երեւանի համալսարանի է՜ր երբեմնի հիմնադիր եւ «Համազգային»-ի ալ հիմնադիրներէն անզուգական մտաւորական մեր ընկերը։
Եթէ ունինք կամքը Մեծ երազը վառ պահելու՝ ամե՛ն բան կրնայ կարելի ըլլալ…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles