ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ 13-ՐԴ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second

 

Լու­սան­կարն­եր՝ Պետ­րոս Տէր Պետ­րոս­եանի

Յուն­ուար ամս­ուան ըն­թաց­քին, Քա­րա­յիպ­եան­նե­րու շրջուն հայ գա­ղու­թը՝ Հայ­կա­կան Աւան­դա­կան 13-րդ նա­ւապ­տոյ­տը, այս տա­րի կը հաշ­ուէր հա­զար հա­րիւր բնա­կիչ:

Ար­դա­րեւ, Յուն­ուար 16-էն 23, 2010-ին, աշ­խար­հի հինգ ծա­գե­րէն՝ Ար­ժան­թի­նէն, Աւստ­րալ­իա­յէն, Իտալ­իա­յէն, Ֆրան­սա­յէն, Գեր­ման­իա­յէն, Մեծն Բրի­տան­իա­յէն, Լի­բա­նա­նէն, Եգիպ­տո­սէն եւ այլ եր­կիր­նե­րէ հա­յոր­դի­ներ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած էին «Քոս­թա Աթ­լան­թի­քա» նա­ւուն վրայ:

Բնա­կա­նա­բար երբ նա­ւուն բնակ­չու­թեան գրե­թէ յի­սուն առ հա­րիւ­րը հայ էր, նա­ւա­պետն (աջին) ալ որո­շած էր հա­յե­րէն խօ­սիլ եւ այս­պէս Նա­ւապ­տոյ­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, ըն­դա­ռա­չե­լով պա­տաս­խա­նա­տու Պետ­րոս Պան­տազ­եա­նի (աջին) մէկ առա­ջար­կին, յստակ ու հա­րա­զատ առո­գա­նու­թեամբ «Բա­րեւ, սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ» բա­ցա­կան­չեց, անակն­կա­լի մատ­նե­լով ներ­կա­նե­րը:

Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րով եւ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րե­րով լե­ցուն այս նա­ւապ­տոյ­տը, ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տակ­ներ ստեղ­ծեց:

Անց­եալ տար­ուայ հա­մե­մա­տած, այս «բնակ­չու­թիւնը» աւե­լի քան քսան առ հա­րիւր տո­կո­սով պակ­սած էր: Սպա­սե­լի էր, որ այս տար­ուայ Քա­րա­յիպ­եան­ներ այ­ցե­լող գա­ղու­թը պի­տի ըլ­լար սա­կա­ւաբ­նակ, նկա­տի ու­նե­նա­լով տի­րող տնտե­սա­կան  դժուար պայ­ման­նե­րը: Յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ՝ յա­ջոր­դիւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles