ՊՈԼԻՍ.- ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 14 Second

Անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջին, Պոլ­սոյ մէջ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րով նշուե­ցաւ, տեղ­ւոյն «Ակօս» թեր­թի խմբա­գիր Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան եր­րորդ տա­րե­լի­ցը:

Հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­ցան Հրանդ Տին­քի կո­ղա­կիցն ու զա­ւակ­նե­րը: Զա­նա­զան լե­զու­նե­րով պարզ­ուած վեր­տա­ռու­թիւն­նե­րուն վրայ կը կար­դաց­ուէ­ին նա­եւ «Բո­լորս Հրանդ ենք, բո­լորս հայ ենք», «Հրանդ այս հո­ղե­րուն տե­ղա­ցին ու տէրն է», «Ար­դա­րու­թեան հա­մար, Հրան­դի հա­մար» եւ այլ նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ:

Յետ­մի­ջօ­րէ­ին, կա­տար­ուե­ցաւ հա­ւաք «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան դի­մաց, ուր հա­զա­րա­ւոր ներ­կա­ներ, հա­կա­ռակ տե­ղա­տա­րափ անձ­րե­ւին, ժա­մա­նած էին եւ  ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ­ին Հրան­դին հա­մար:

«Այս ոճի­րը հան­րու­թեան ցաւ պի­տի պատ­ճա­ռէ, այն­քան ատեն, որ այս սպան­դին գաղտ­նի պահ­ուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի չհրա­պա­րակ­ուին, երե­ւան պի­տի չհան­ուին, թէ բուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ինչ­պի­սի՛ կա­պեր ու­նէ­ին պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հետ…»ըսաւ Հրան­դի զա­ւա­կը` Արաթ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles