Լրահոս

Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

rousdamianՀոկտեմբեր 23-ին, Երեւանի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց իր կուսակցութեան ապագայի գործունէութեան ուղենիշները ընդգրկող քաղաքական աշխատելաձեւն ու ընթացքը: Ան յայտնեց թէ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը պիտի ձգտի դառնալ իշխանութեան լիարժէք այլընտրանք:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կրնայ յանգեցնել իշխանափոխութեան, սակայն Հ.Յ.Դ.-ի համար այսօր թիւ մէկ խնդիրը արձանագրութիւններուն վաւերացումը խորհրդարանին մէջ կասեցնելն է:

Հայաստանի նախագահի հրաժարականը պահանջելուն մասին անդրադառնալով, Ռուստամեան անգամ մը եւս ներկայացուց Հ.Յ.Դ.-ի դիրքորոշումը՝ նշելով թէ իշխանափոխութիւնը շատ աւելի ազդեցիկ պահանջ է, քան միայն նախագահ Սարգսեանի հրաժարական պահանջելը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button