ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Ա.Մ.Ն. ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 22 Second

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ« թէ Չորեքշաբթի« Հոկտեմբեր 21ին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւ մը« ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտէզի եւ Ճան Էնսայնի կողմէ:

Բանաձեւը յար եւ նման է այս տարուան սկիզբը քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Ճորճ Ռատանովիչի« ինչպէս նաեւ Քոնկրէսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրէնք Փալոնի եւ Մարք Քըրքի կողմէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած 252 բանաձեւին« որ արդէն իսկ աւելի քան 130 հովանաւորներ ունի:

Բանաձեւը ներկայացնելու ընթացքին« ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէս յայտնեց« թէ միայն պատմութեան մութ էջերը ընդունելով եւ հասկնալով կարելի պիտի ըլլայ անցեալէն սորվիլ եւ խաղաղ ապագայ մը կերտել: «Մէկ ու կէս միլիոն հայեր երկրի վրայ դժոխք ապրեցան« եւ անոնց այս ահաւոր փորձառութիւնը գորգի տակ պահելու փորձը անարգանք մըն է զոհերու յիշատակին եւ անոնց ժառանգորդներուն: Արդէն շատոնց ժամանակը անցած է մեր պետութեան կողմէ պատմութեան այս էջին ճշմարտութեան հաստատումին« որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել ապագայ բռնարարքներուն»:ըսաւ ան: Մենենտէս« նախապէս քննադատելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած պատմական հարցերու յանձնաժողով մը ստեղծելու կէտը« յայտարարած էր նաեւ« թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած էր Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին:

Իր կարգին« ծերակուտական Էնսայն «անհաւատալի» որակեց այն իրողութիւնը« որ այսքան տարի ետք միջազգային համայնքը տակաւին չէ հաստատած այն իրողութիւնը« որ հայերուն տարագրութիւնն ու սպանդը ցեղասպանութիւն է:

«Մեր ոյժերը միացնելով« եւ հաստատելով թէ տեղի ունեցածը հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն մըն էր« զօրաւոր պատգամ մը յղած պիտի ըլլանք միջազգային համայնքին« թէ պէտք չէ աչք գոցել անցեալի ոճիրներուն վրայ« պարզապէս որովհետեւ անոնք անցեալին տեղի ունեցած են»« եզրակացուց Էնսայն:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ամերիկահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականներուն« որոնք այս քայլին կը դիմեն հակառակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ շարունակուող ուրացման պայքարին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles