ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ԱԼ ԿԱՆԳՆԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Պաքու այցելութեան ընթացքին, յայտնեց թէ իր երկիրտ միշտ ալ կանգնած է Ատրպէյճանի կողքին եւ երբեք տարբերութիւն գոյութիւն չունի ազերի եւ թրքական տարածքներու եւ դրօշներու միջեւ:
«Այսօրուընէ սկսեալ, Թուրքիան՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ հայ-ազերի տագնապին հարցը պիտի բարձրացնէ իւրաքանչիւր ստեղծուած առիթի»: աւելցուց Տաւութօղլու:
Դիւանագիտական աղբիւրները կը յայտնեն թէ որ Տաւութօղլուի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հանդիպումը ընթացած է եղբայրական մթնոլորտի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Թուրքիան միշտ ալ կանգնած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի, անոր հողային ամբողջականութեան եւ գրաւեալ հողերուն պաշտպանութեան կողքին: