Լուսանկարներ՝ ՊԵՏՕ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ-ի
Հոկտեմբեր 3, 2009-ին, Նիւ Եորքի »Էսփաս« համալիրի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Ներկաներ համախմբուած էին այս ձեռնարկին, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցաւ հայասէր ծերակուտական եւ տարիներ շարունակ Հայ Դատին ի նպաստ պայքար մղած Ռապըրթ Մենենտէս (Նիւ Ճըրզի, Դեմոկրատական): Հոծ բազմութիւնը ընդառաջելով Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրին, եկած էր իր նիւթական աջակցութիւնը արտայայտելու Հայ Դատի հետապնդման գծով տարուած աշխատանքներուն, նաեւ »Ազատութեան Շքանշան«ով պատուելու, Հայոց Եղեռնի հարցը արծարծած եւ պաշտպանած՝ ծերակուտական Մենենտէսը:
Ներկայ էր նաեւ ՀՀ մօտ նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, որ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին կողմէ պաշտօնազուրկ եղած էր: Արդարեւ Էվընզ, յայտարարութեան մը ընթացքին, հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Մեծ Եղեռնը որակած էր Ցեղասպանութիւն:
Ձեռնարկի ընթացքին, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կþամփոփէր Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի միամեայ աշխատանքը: Յայտագրէն առաջ, կատարուած աճուրդի արդիւնք, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Այս գծով, պաշտօնի լծուած յատուկ յանձնախումբ մը գլխաւորութեամբ Նայիրի Յակոբեանի, գործի լծուած էր, կազմակերպելու համար այս ձեռնարկը: Յակոբեան խօսք առնելով ըսաւ.- »Այս մեծարանքի հանդիսութիւնը Հայ Դատի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի կատարած աշխատանքին պտուղն է: Աշխատանք մը, որ կը ներկայացնէ մեր գաղութին իսկական ուժն ու կարողութիւնը«:
Յաջորդաբար ծանօթ փաստաբան Մարք Կիրակոս, Օհայոյի ներկայացուցչական տան թեկնածու Տէյվիտ Գրիգորեան, Սթիւ Մեսրոպեան (Հայ Դատի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի ներկայացուցիչ) եւ Ճորճ Աղճայեան (Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի ներկայացուցիչ) խօսք առին, այս յիշատակելի օրուան առթիւ:
Կիրակոս նշեց թէ Հայ Դատը ժամանակի հետ խաղալու ճամբով պատասխանատուութիւններէ խուսափելու վիճակի մէջ չէ, ան փորագրուած, արձանագրուած, փաստագրուած է եւ կը սպասէ միջազգային լայնածիր ճանաչումի: »Պէտք է մեր հաւաքական խիղճերը մաքրենք նման ոճրային ու հրէշային արարքներ դատապարտելու մէջ դանդաղելու կամ թերանալու մեղքէն«, շեշտեց ան: Ան աւելցուց թէ մարդկութեան խիղճը, պէտք է բարձրանայ տեղի ունեցած դէպքին մակարդակին եւ ամբողջական ու յստակ կերպով ճանչնայ մարդկային սպանդը: Ան եզրակացուց իր խօսքը յայտնելով թէ.- »..Կը մնայ շարունակել պայքարը, որպէսզի ոչ միայն Մ© Նահանգները իրե°նք իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնան Մեծ եղեռնը, այլեւ մղեն իրենց դաշնակից թրքական իշխանութիւնները, որ ի վերջոյ հաշուի նստին եւ հաշտուին իրենց սեփական պատմութեան հետ՝ իրենց ժառանգած դառն ու դաժան պատասխանատուութեան տէր կանգնելով«:
Տէյվիտ Գրիգորեան իր կարգին հետաքրքրական դրուակով մը, տեղեկացուց Օհայոյի մէջ ցայսօր ապրող հայութեան մասին: Ան յայտնեց թէ Հայկական գաղութները կը փորձեն իրենց դատին կարելի եղածին չափ շատ ճանաչում ապահովել արեւմտեան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի արեւմտեան հանրային կարծիքը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ՝ ճանչնալու հայկական պատմական ցեղասպանութիւնը, որ կը նկատուի քսաներորդ դարուն մարդկութեան դէմ գործուած առաջին սպանդը:
Սթիւ Մեսրոպեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Հոկտեմբեր 2007ին 22 թեր եւ 21 դէմ քուէներով վաւերացուց օրէնքի նախագիծ մը, որ 1915 թուականին օսմանցի թուրքերուն կողմէ հայութեան ենթարկուածը կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութիւն: Այս որոշումը կը հովանաւորեն ամերիկեան խորհրդարանի 435 անդամներէն 226ը: Որոշումը աւելի խորհրդանշական զօրութիւն ունի եւ օրէնքի ուժ չունի տակաւին, այլ պատմական ահաւոր ողբերգութեան մը նկատմամբ արձանագրուած զօրակցութիւն է: »Այս մէկը ո°չ առաջին որոշումն էր, ոչ ալ՝ առաջին փորձը. արդարեւ, Սեպտեմբեր 1984ին Քոնկրէսը իր խորհրդարանով համաձայն գտնուեցաւ Ապրիլ 24, 1985ը ազգային յիշատակի օր նկատելու՝ օսմանցի թուրքերուն կողմէ 1915 թուականին մարդու կողմէ մարդկայնութեան դէմ գործադրուած հայկական արմատներ ունեցող 1.5 միլիոն հայերու սպանդին առիթով«, աւելցուց ան, եզրափակելով թէ, այս գծով աշխատանքը երկար է, յատկապէս ներկայ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու սեմին:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը միակը չէ Արեւմուտքի մէջ. արեւմտեան աւելի քան 25 պետութիւններու խորհրդարաններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ 28 Մայիս 1915ին հրապարակուած դաշնակիցներու հաղորդագրութենէն եւ Մ.Ա.Կ.-ի պատերազմի ոճիրներու յանձնախումբին կողմէ Մայիս 28, 1948ին որդեգրուած տեղեկագիրէն ի վեր: Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանը՝ 29 Ապրիլ 1982, Արժանթինի Ազգային Ժողովը՝ 19 Յունիս 1985ին, ՄԱԿի յանձնախումբը՝ փոքրամասնութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքար, 1985ին, Եւրոպական Խորհրդարանը Յունիս 18, 1987ին, Ռուսիոյ խորհրդարանը՝ Ապրիլ 14, 1995ին, Պուլկարիոյ նախագահութիւնը՝ Ապրիլ 20, 1995ին, Յունաստանի խորհրդարանը՝ 1996ին, Պելճիքայի ծերակոյտը՝ Մարտ 26, 1998ին, Շուէտի խորհրդարանը՝ Մարտ 29, 2000ին, Լիբանանի խորհրդարանը՝ Մայիս 11, 2000ին, Իտալիոյ խորհրդարանը՝ Նոյեմբեր 16, 2000ին, Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանական յանձնախումբը՝ Ապրիլ 24, 2001ին: Յատկանշական են նաեւ Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին հաղորդագրութիւնը՝ Սեպտեմբեր 27, 2001ին, ֆրանսական որոշումը, որ հրապարակուեցաւ Դեկտեմբեր 29, 2001ին՝ թուրքերուն կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, ինչպէս նաեւ ֆրանսական Ազգային Ժողովին որոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքողը դատելու եւ 45 հազար եւրօ տուգանք գանձելու, որ հրապարակուեցաւ Հոկտեմբեր 12, 2006ին: Այս գծով որոշումներ տուին նաեւ Գանատայի ծերակոյտը՝ Յունիս 13, 2002ին, Գանատայի խորհրդարանը՝ Ապրիլ 21, 2004ին, Հոլանտայի խորհրդարանը՝ Ապրիլ 21, 2004ին, Շուէտի Ազգային խորհուրդը՝ Յունուար 16, 2003ին, Ուրուկուէյը՝ Մարտ 16, 2004ին, Սլովաքիոյ խորհրդարանը՝ Նոյեմբեր 30, 2004ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը՝ Փետրուար 21, 2005ին, Չիլիի ծերակոյտը՝ Յունիս 5, 2007ին: Նախագահ Օպամա, իր ընտրարշաւի օրերուն յայտնած էր թէ »Հայերու դէմ կատարուած այդ սարսափելի իրադարձութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալը չափազանց կարեւոր է եւ անհրաժեշտ, եւ ես կը սատարեմ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին՝ Թուրքիոյ կառավարութեան ուղղուած՝ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչերուն«: Նշենք թէ, օրին Հայ Դատի յանձնախումբը յայտնած էր թէ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը կը գնահատէ ծերակուտական Օպամայի հետեւողական եւ սկզբունքային դիրքորոշումը Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանոթեան ճանաչման հարցին գծով:
Ճորճ Աղճայեան իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ.- »Կարեւորը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու ծաւալուն ու անխոնջ պայքարը, նշանակալի հանգրուան մը բոլորած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, հակառակ ամերիկեան եւ արեւմտեան աշխարհի կառավարութեանց, ցարդ որդեգրած խուսափողական քաղաքականութիւնը սրբագրելու բնագաւառէն ներս«:
Պարգեւատրեալ ծերակուտական՝ Մենենտէսը, խօսք առնելով շեշտեց թէ պիտի շարունակէ յարատեւօրէն պայքար մղել, որպէսզի Սպիտակ Տունը պատշաճօրէն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան աւելցուց թէ աւելի քան մէկ միլիոն հայ սպաննուած է, քառորդ միլիոն ուրիշներ բռնի իսլամացած են, տեղի ունեցած է պատմութեան ամէնէն հսկայական տեղահանումը եւ օրին, Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէութեան համեմատութիւնը նահանջած է, կիներ բռնաբարուած են, հարստութիւններ կողոպտուած, եկեղեցիները մզկիթներու վերածուած, եւայլն: »Որքան ալ ուժգին ըլլան բառերը, անոնք չեն կրնար ներկայացնել այն արհաւիրքն ու ողբերգութիւնը, որուն ենթարկուեցաւ հայ ազգը: Գրեթէ բոլոր պատմաբանները կը ճանչնան Ցեղասպանութիւններն ու սպանդներու պատերազմները, որոնց ենթարկուած է հայ ժողովուրդը՝ թուրքերուն կողմէ«, եզրակացուց ան:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ պատւոյ նախագահ Զոհրապ Թազեան, որ ակնածանքով դրուատեց Հայ Դատի յանձնախումբի կատարած աշխատանքը: »Ամերիկահայութեան հասարակաց բարոյականութիւնը եւ ժողովուրդին վստահելիութիւնը՝ իբրեւ մարդկային իրաւանց ձայն, մարտահրաւէր կþուղղեն մեզի երաշխաւորելու, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի եւ յիշատակուի Քոնկրէսին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ«, ըսաւ ան:
Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներուն երկար տարիներ շարունակ ծառայած՝ Պետրոս Պանտազեան եւ իր քոյրը՝ Մելընի Քերնէքլեան, որոնք ստացան »Վահան Քարտաշեան շքանշան«ը: Անոնք Ռիչմընտի (Վըրճինիա) շրջանէն ներս, հետեւողական ձեւով աշխատանք տարած են ի նպաստ տեղւոյն փոքր գաղութին եւ Հայ Դատին:
Պանտազեան կարեւորեց շքանշանի ետին կանգնող անձը՝ Վահան Քարտաշեանը (1883-1934), որ եղած է փաստաբան մը եւ շատ սուղ վճարած՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու իր փորձերուն գինը: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Քարտաշեան 1908 թուականէն մինչեւ իր մահը (1934) պայքարած է մարդկութիւնը յուզող հիմնական հարցերով:
Քարտաշեան, Հայոց Ցեղասպանութենէն ինը ամիս առաջ նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Լինտսէյ Կերիսընին՝ ըսելով, թէ թրքական կառավարութեան ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ ունի, եւ թէ՝ թուրքերը կրնան շատ մեծ վնասներ հասցնել Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ քաղաքացիներուն, եթէ արտաքին հզօր ուժ մը չմիջամտէ.
Մելընի Քէրնէքլեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ արտայայտեց թէ խորապէս զգացուած է: Ան իր մանկութենէն յուշեր դրուատելով, յայտնեց թէ կառչած կը մնայ Հայ Դատի սուրբ աշխատանքներուն:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի աղօթքով: