Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի 34-րդ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ Ֆորթ Լոտերտէյլի »Օշըն Սքայ Ռիզորթ« պանդոկին մէջ, Հոկտեմբեր 9-10, 2009-ին: Յիսուն ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ մասնակցեցան այս ժողովին, որ քննեց անցեալ տարեշրջանի կատարուած աշխատանքներն ու նորընտիր Շրջանային Վարչութեան կատարելիք գործունէութիւնը: Ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչ՝ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան կարդաց տեղեկագիրը, տեղին կատարելով մատնանշումներ: Ժողովականները, վայրկեան մը յոտընկայս յարգեցին յիշատակը, հազիւ քանի մը օր առաջ մահացած Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Արա Մարկոսեանի:
Ալպընիի, Պոսթընի, Փրովիտընսի, Ուաշինկթընի, Նիւ Ճըրզիի, Ֆիլատելֆիոյ, Ֆլորիտայի եւ Շիքակոյի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ եղբ. Վահրամ Դանիէլեան (Կեդրոնական Վարչութիւն), Ժանօ Աւետիսեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէ), Սիլվա Գույումճեան (Հ.Օ.Մ. Արեւելեան շրջանի Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութիւն ) եւ Պետօ Տէր Պետրոսեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի »Համազգային«):
Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամներն են.- Պետրոս Տէր Վարդանեան (Պոսթըն), Լեւոն Սահակեան (Շիքակօ), Երան Սիմոնեան (Ուաշինկթըն), Յովիկ Աբգարեան (Ուաշինկթըն), Վարդան Աթամեան (Տիթրոյթ), Թորոս Ոսպիկեան(Պոսթըն) եւ Էլիզապէթ Տրամկոչեան: