Տեսնուած է, թէ շատեր ներկայի մեր գրական հրապարակի ընդհանուր վիճակէն դատելով, յուսահատ կ°ըսեն, թէ Սփիւռքահայ մեր գրականութիւնը, կամաց կամաց սկսած է ամայանալ:
Անոնք նոյնիսկ կÿարդարանան ըսելով, թէ զանազան պայմաններու բերումով գրականութեամբ զբաղողները որոշ քաջալերանք չգտնելով յուսահատ կը կորսուին կամ կամաւոր՝ հրապարակէն կը հեռանան:
Մտահոգ հայու մը համար, լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ: Այս համայնապատկերով կարծես անել ճամբու մը ծայրը հասած ըլլանք եւ կամ ալ կարծես անապատ մըն է, որ սկսած ենք կտրել:
Կը հպարտանանք, որ հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք: Միւս կողմէ հայութեան շարքերուն մէջ հայերէն խօսողներու թիւը ու անոր զուգահեռ, նաեւ հայերէն կարդացողներու եւ ինչու չէ գրողներու թիւը նուազած է:
Կը հաւատանք, որ լեզու մը, որ չի խօսուիր տան, դպրոցին կամ շուկային մէջ, այլ խօսքով ամէնօրեայ հաղորդակցութեան միջոց չէ կ’աղքատանայ եւ իր կարողականութիւնը կորսնցնելով կը մեռնի:
Տակաւին աւելին՝ երբ խօսուած լեզուն չգրուի, ինքնաբերաբար պատմութեան հոսանքին մէջ կÿընկղմի ու խեղդամահ ըլլալով կը կորսուի, կ’անհետանայ:
Ասոնք ուրիշ հարցեր են, սակայն եւ այնպէս մեզ կ°առաջնորդեն դէպի յուսահատութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք կÿեզրափակենք ըսելով, թէ դիւրին բան չէ հայ ըլլալը եւ մանաւանդ հայ գրող ըլլալն ու մնալը:
Ամէն առիթներով կրկնած եմ, թէ այս օրերուն ամէն բանի պէտքն ու կարիքը ունինք, բացի անտարբերութենէն:
***
Սակայն ինչո՞ւ այսքան երկար նախաբան. ինչո՞ւ այսչափ »լաւատեսութիւն«:
Պարզեմ…
Որովհետեւ այս օրերուն Փարիզէն, Մովսէս Պչաքճեանը մեր մօտ հիւր եկած է: Ան իբրեւ Ֆրանսահայ մտաւորական եւ գրագէտ, տակաւին վերջերս պարգեւատրուեցաւ հայրենի Մովսէս Խորենացի շքանշանով:
Գրողին համար ամօթ է անծանօթ մնալ հասարակութեան, անոր համար կ’ուզեմ ներկայացնել զինք՝ շատերու ծանօթ եւ անծանօթ այս Ֆրանսաբնակ Սփիւռքահայ մտաւորականը, որ բարեկամս ու մտերիմս ըլլալէ առաջ է նաեւ Հալէպ կոչեալ հնամաշ եւ հին հէքիաթներու քաղաքին, Ազգային Ճեմարանի ընկերներէս մէկը, որ տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան սայլն է, որ առաջ կը քշէ ու յանուն հայ արձակին իր գրիչով յամառօրէն կը շարունակէ իր ամէնօրեայ դրօշարշաւը:
Ահա թէ ինչպէս շնորհիւ իր ճիգին, պրպտումներուն եւ համբերութեան մեր արդի գրականութեան նոր արժանիքներ բերաւ, որոշ հմայքի եւ գրական գեղեցկութեան կողքին:
Ըսած են, թէ մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները յարատեւ պայքարի արդիւնք եղած են եւ անոր համար է, որ մարդոց կեանքը արժեւորած են:
Իմ կարգիս սիրած եմ ու կը սիրեմ խանդավառուիլ նման արժէքներով, որովհետեւ ուժ եւ թափ կու տան մտքիդ ու հոգիիդ:
Պչաքճեան մեր հիւրը տասնամեակներով Փարիզ բնակելով ծափահարելի աշխուժութեամբ նախ մեզի ժպտաց Ֆրանսահայ մամուլի էջերէն ու իր յատուկ գրականութեամբ եւ մանաւանդ ժամանակակից քրտինքով, ճակատաբաց ու անվարան մուտք գործեց Ֆրանսահայ ներկայ գրականութեան մէջ:
Այս մէկը մեզի հետ նաեւ հպարտօրէն կրնայ վկայել ֆրանսահայ ներկայ գրականութիւնը:
Եւ որովհետեւ հայ գրականութեամբ ապրիլը կամ մեռնիլը հայ գրագէտէն կախում ունի, ուստի վիպագիր Պչաքճեան լաւապէս ըմբռնելով կեանքի եւ մանաւանդ հասարակութեան ելեւէջները, հայ միտքի ու ջիղի, ստեղծումի եւ կերտումի արժէքները եւ անոնց մեր դարաւոր մշակոյթի գոյատեւման ապահովումը, երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուքներու իր գրութիւններով հայ գրականութեան մոլորակը հարստացուց նորահունչ եւ հաղորդակից իր ոճովը:
Իր գործերը ընթերցող մը հաստատապէս պիտի նկատէ, թէ վիպագիր Պչաքճեանի տողերուն մէջ խորք ու ջիղ կայ: Կայ նաեւ արժէքներու որակաւորում ոճի եւ երեւակայութեան խորութիւն եւ վերլուծութիւն: Այս բոլորը անկասկած, որ ձրի բարենիշներ չեն իր վաստակին եւ աշխատանքին:
Անոնք, որոնք զինք չեն տեսած իրեն հանդիպած վայրկեանին պիտի նշմարեն, որ իր նկարագրի մեծութեան կողքին ան խաղաղ նայուածք մըն ալ ունի, որ մշտաժպիտ իր դէմքին վրայ պահած, իր հետ կը տանի ամէն տեղ:
Վիպագիրը ամէն վայրկեան պատրաստ է յուշ մը պատմելու: Իր ձայնը համակրանք կը յայտնէ: Հաճելի խօսակից է, խոհակից, խորհրդակից:
Աշխարհի ցեխէն վեր ելլելով եւ միշտ անկէ բարձր մնալով՝ վաստակաշատ մտաւորականը իր նորագոյն հատորին գինեձօնին ներկայ ըլլալու հրաւիրուած է:
Առանց ձրի գովասանքներու տիղմին մէջ մխրճուելու, հաստատեմ, թէ ինք սիրելի ներկայութիւն մըն է ոչ միայն Արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան անդաստանին մէջ, այլ նաեւ յատկապէս Ֆրանսահայ գրական աստղահոյլին՝ նրբաճաշակ ու վաւերական իր վէպերով:
Օժտուած ըլլալով կեանքը դիտելու, պատկերելու, պայծառ, ճաշակաւոր եւ հրապուրիչ նկարագրով դրսեւորելու իր գրական թէքնիքին, ան նրբահիւս ու ճոխ հայերէնով, իր գրական հարուստ վաստակին վրայ վերջերս նոր յաւելում մըն ալ արձանագրած է »Անցողիկն ու ժամանցելին« վէպի հրատարակումով:
Հաստատապէս Մովսէս Պչաքճեան ինքնատիպ արձակագիր մըն է: Մեծ գրագէտ մը, որ ոչ միայն կը տագնապի հայութիւնը յուզող հարցերով, այլեւ մտահոգ է մեր լեզուին ճակատագիրով:
Ու իր գործերը արդար վկայութիւններ են, իր այդ տարած աշխատանքին:
Միւս կողմէ իրեն համար Հալէպի Ճեմարանը կեանքի այն դպրոցն է, ուր ուսման կողքին կը սորվիս հայրենասիրութիւն, զոհողութիւն, համբերութիւն եւ յարգանք:
Մէկ խօսքով Ճեմարանը դարբնոց մըն է, որուն առաքելութիւնը հաւատք է եւ յանձնառութիւն: Ու Մովսէս Պչաքճեան նոյն այդ Զարեհակերտ Ճեմարանի հպարտ շրջանաւարտներէն մէկն է:
***
Անցեալ դարու առաջին կիսուն Մեծ Եղեռնի եւ յետ Եղեռնեան սերունդի ներկայացուցիչներ՝ Նարդունի, Շուշանեան, Շահնուր եւ տակաւին ուրիշներ, իբրեւ Փարիզի մեր տղաքը, եկան ջերմացնելու ու ճոխացնելու Սփիւռքահայ եւ յատկապէս Ֆրանսահայ մեր գրականութիւնը:
Թող այս տողերը, տարիներ առաջ Սփիւռքի քարքարոտ ճանապարհին վրայ ոտք դրած այս անգամ Փարիզի մեր այս տղուն՝ Մովսէս Պչաքճեանին համար ըլլան ի խորոց սրտէ բարի եկարի տաք ու կարօտալի ողջոյն մը: