Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., Հովուապետական այցելութեամբ այցելեց Սուրիա: Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ յատուկ պատուիրակութեան, առաջին հերթին այցելեց Լաթաքիա, ուր տեղւոյն հայ համայնքին կողմէ դիմաւորուեցաւ: Ապա, Նորին Սրբութիւնը շարունակեց իր այցելութիւններու շարքը, դէպի Քեսապ, ուր համաժողովրդային մեծաշուք հանդիսութեամբ, ու եկեղեցական արարողութեամբ կատարեց օծումը Գարատուրանի շրջանի նոր եկեղեցւոյ:
Պատմական այս քանի մը օրերը Սուրիահայութեան համար եղան քաջալերանքի ու հոգեկան վերարթնութեան օրեր:
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, Ազգային իշխանութեան ու պատկան մարմիններու անդամներէ կազմուած մեծաթիւ խումբ մը Հալէպէն ժամանած էր ողջունելու Նորին Սրբութեան օրհնաբեր այցելութիւնը՝ Լաթաքիա:
Հայկական թաղամասերէն Վեհափառ Հայրապետը հետիոտն անցաւ, հայ թէ արաբ ժողովուրդին խանդավառ ծափողջոյններուն ու ցնծութեան արտայայտութիւններուն արժանանալով: Այնուհետեւ Հայոց Հայրապետը պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քարակերտ կամարներուն ներքեւ աղօթք կատարեց Սուրիոյ ու Լիբանանի թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն մասնակցութեամբ: Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Սրբազանը բարի գալստեան իր խօսքով յիշեց Նորին Սրբութեան 13 տարիներ առաջ կատարած անդրանիկ այցելութիւնը նոյն քաղաքը:
Ապա, Արամ Ա. իր գնահատանքը յայտնեց ներկայ հոծ բազմութեան, որ եկեղեցւոյ, շրջափակին թէ շրջակայ թաղամասերուն մէջ ունկնդիր կը դառնար իր պատգամին, ըսելով թէ մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած մնալը, հայութեան ամուր գոյութեան երաշխիքն է:
Նոյն օրը, երեկոյեան, շքեղ ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ համայնքի նորակառոյց »Արարատ« սրահին մէջ:
Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց Լաթաքիոյ համայնքի բոլոր զաւակներուն, իւրաքանչիւրին ստանձնած մեծ թէ փոքր պատասխանատուութիւնները հաւասարապէս կարեւոր նկատելով, եկեղեցական ու ազգային հաւաքական կեանքի իրագործման մէջ:
Շաբաթ Հոկտեմբեր 17-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց հայաշատ պատմական Քեսապ գիւղը: Դիմաւորութեան եկած էին պետական ներկայացուցիչներ, Գաւառական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներ, ինչպէս նաեւ հայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, ազգային կառոյցներու եւ պատկան մարմիններու պատասխանատու անդամներ: Ապա, ներկայ մեծաթիւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց քեսապահայութիւնը, իր հայրենի հողին կապուած ժողովուրդի բնորոշիչ յատկանիշները մատնանշելով: Հողին կառչածութիւնը, կրօնական ապրումները, եկեղեցւոյ արժէքներուն նկատմամբ բծախնդրութիւնը, ազգային ոգին, հայաշունչ նկարագիրը եւ համախումբ ապրելու առաւելութիւնները, յատկանշական կէտեր իբրեւ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը, զանոնք նկատելով երաշխիք՝ գիւղի հայադրոշմ գոյութեան, եւ ի խնդիր հայ կեանքի առողջ պահպանման:
Արամ Ա., Հովուապետական իր այս այցելութեան գլխաւոր առիթին՝ Քեսապի դէպի ծովեզերք տանող Գարատուրան շրջանի Ս. Աստուածածին նորակառոյց Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծման անդրադառնալով, իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց Քեսապի համայն բնակչութեան: Պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Թեմակալ առաջնորդին գլխաւորութեամբ, եւ մասնակցութեամբ Միաբան հայրերու, տեղի ունեցաւ նորաշէն եկեղեցւոյ »Դռնբացէք«ի սրտառուչ արարողութիւնը: Միաբան հայրեր ծունկի եկած երգեցին »Բաց մեզ Տէր«ը, որմէ ետք սաղմոսներու եւ շարականներու երգեցողութեամբ միասնաբար մուտք գործեցին եւ կատարեցին Կիրակմուտքի ժամերգութիւնը, առ ի նախապատրաստութիւն յաջորդ օրուան սրբազան արարողութեան:
Նոր եկեղեցւոյ օծման աւարտին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցելով ներկայ բազմութեան, Վեհափառ Հայրապետը վեր առաւ եկեղեցաշինութեան առաքինութիւնը, որուն խտացած օրինակը կարելի է նկատել մեր ժողովուրդը: »Մեր զաւակները ուր որ գացած են, իրենց տան կողքին եկեղեցին շինած են« ըսաւ ան: Սակայն, Նորին Սրբութիւնը բաւարար չնկատեց քարեղէն եկեղեցիներուն սլացիք բարձրացումը դէպի երկինք: Ան նաեւ աւեցուց, թէ »միայն եկեղեցի չշինենք, ոչ ալ միայն եկեղեցի երթանք, այլ եկեղեցին մեր կեանքին մէջ բերենք, մեր առօրեային մէջ, մեր կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Եկեղեցին Քրիստոսի ներկայութիւնն է խորհրդական, որ եկեղեցւոյ ճամբով զգալի կը դառնայ մեր կեանքէն ներս«:
1800-ական թուականներէն, նոյն շրջանին մէջ քանի մը անգամներ կառուցուած են եկեղեցիներ, որոնք դժբախտաբար հողային սահանքներու ընթացքին աւերուած են ու քանդուած: 1950-ական թուականներու սկիզբը, դարձեալ կառուցուած է նոր մը, սակայն այս վերջինն ալ սկսած էր վտանգաւոր դառնալ իր խարխլած պատերուն պատճառաւ:
Եկեղեցաշինութեան տեղական յատուկ յանձնախումբ մը կեանքի կոչուելով, բաւական դժուարին պահերէն ետք, շնորհիւ ազնիւ բարերարներու նուիրաբերման, յաջողած էր քարաշէն հոյակերտ եկեղեցի մը կանգնել հին կառոյցին տեղը:
Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Եկեղեցւոյ մուտքը, ուր Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը, ի հանգիստ համայն ննջեցելոց հոգիներուն: Ապա, Հայոց Հայրապետի սուրբ աջով բացումը կատարուեցաւ պատին ամրացուած մարմարեայ յուշաքարին, մինչ ժողովուրդը միաբերան կÿերգէր »Կիլիկիա«ն ու »Ի վեհ բարձանց« հայրապետական մաղթերգը:
Պատմական օրուան աւարտին, Ազգային համալիրին մէջ կայացաւ ժողովրդային ճաշկերոյթ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻ ՀԵՏ
Հոկտեմբեր 19-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Յանուն Սուրիահայ համայնքին Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց, ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ Սուրիոյ ուշադրութեան համար:
Նախագահ Ասատ, իր կարգին, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիահայութեան դրական ներկայութեան երկրի ընկերային թէ տնտեսական կեանքի բարգաւաճման բերած իրենց նպաստին համար: Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց տեղւոյն ժողովուրդին ասպնջական ոգին, որովհետեւ Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վերապրած մեր ժողովուրդի զաւակները կրցան վերակազմակերպել իրենց եկեղեցական ու ազգային կեանքը Սուրիոյ մէջ: Նորին Սրբութիւնը հայ եւ արաբ ժողովուրդներու մնայուն բարեկամութեան երաշխիք համարեց Սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած այս ոգին ու հոգածութիւնը, մեր ժողովուրդի զաւակներու ամէնէն ճակատագրական հանգրուանին:
Շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը աւելի խորացնելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետին եւ նախագահ Ասատին խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գծով ստորագրուած արձանագրութիւնները: Այս գծով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ
Արամ Ա. Կաթողիկոս, յատուկ հրաւէրով գտնուեցաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ, դասախօսելու Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան մասին:
Դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան համալսարանի նախագահն ու դասախօսները, պետական ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ ուսանողութիւնը:
»Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան դիմագրաուած մարտահրաւէրները« նիւթով Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով նախ սահմանեց երկխօսութիւնը, իր տեսական ու գոյութենական տարածքներով եւ մօտեցումներով: Ապա կեդրոնացաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան՝ մատնանշելով անոր յատկանշական երեսները:
Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց իսլամութեան ու քրիստոնէութեան, որպէս միաստուածեան կրօններ, ունեցած հասարակաց եզրերը: Ապա, մատնանշեց երկու կրօններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարբերութիւնները, յատկապէս աստուածաբանական, բարոյագիտական եւ մարդկային ընկերութեան առնչուած կարգ մը հարցերու գծով: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ կրօն-քաղաքականութիւն, կրօն-մշակոյթ, եւ հաւատք-բանականութիւն փոխ-յարաբերութիւններուն, որոնց գծով որոշակի տարբերութիւններ գոյութիւն ունին իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ: Երրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն քննարկեց այն բոլոր մարտահրաւէրները ներկայ աշխարհին մէջ, որոնց գծով իսլամութիւնը ու քրիստոնէութիւնը կրնան լուրջ գործակցութիւն զարգացնել: Օրինակ՝ բռնութիւն, կենսորլորտային հարցեր, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորում, աղքատութեան վերացում, եւայլն:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, այս փոքր աշխարհին մէջ կրօններ կոչուած են գործակցելու ու ժողովուրդները առաջնորդելու դէպի փոխադարձ սէր ու վստահութիւն: Բացման սրտալից խօսքէն ետք կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ երգերով ու ասմունքներով: Բոլոր մասնակիցներն ալ իրենց բացառիկ կատարումներով խանդավառեցին ներկայ բազմութիւնը: Ապա խօսք առին Դամասկոսահայ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչ անդամներ: Վեհափառ Հայրապետը բեմ բարձրացաւ իրպատգամը փոխանցելու ներկայ բազմութեան:
Արամ Ա. հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերելով, շեշտեց անոր ծառայական ոգին, ու դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու աստուածատուր պարտաւորութիւնը:
Այս ծիրէն ներս ան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան, որ կոչում է եւ ոչ թէ պարտականութիւն: Այդ գործին անունը՝ նուիրում է, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հպարտ եղած է նուիրաբերման իր ոգիով ու կատարած աշխատանքով:
Վեհափառ Հայրապետը ազգային հաւաքական շահերն ու ընկերային կեանքի արժէքները ամէն բանէ վեր նկատեց, շեշտելով միասնականութեան գաղափարը: Ան ըսաւ, թէ ներկայ համալիրը համայն դամասկոսահայութեան կը պատկանի: Հայրապետական պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: