ԿԱՊ ԿԱ՞Յ ԲԵՐ­ՁՈ­ՐԻ ՋՐԵ­ԼԵԿՏ­ՐԱ­ԿԱ­ՅԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԵՒ ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ “ԱՐԾ­ՈՒԱ­ԲԵՐԴ“ ՕՓԵ­ՐԱ­ՅԻՆ ԲԵ­ՄԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԻ­ՋԵՒ ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

0 0
Read Time:14 Minute, 34 Second

Artsvaberd-+

ԱՐԱՐ 1

Մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­րի մը առաջ, կա­րե­ւոր իրա­դար­ձու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Աշ­խար­հի արե­ւել­եան դար­պա­սը հա­մա­րուող Ար­ցա­խի մէջ: Իրա­դար­ձու­թիւն մը, որ պէտք է աղ­մուկ հա­նէր, որով­հե­տեւ իր բնոյ­թով ցնցիչ էր:

Լոս Ան­ճե­լը­սէն ար­ուես­տա­գէտ մը, Հէ­րի Որ­բեր­եան անու­նով, իրեն նման մօ­տա­ւո­րա­պէս 20 ար­ուես­տա­գէտ­ներ հա­մախմ­բեց Շուշիի մէջ` “Հող եւ Ար­հես­տա­գի­տու­թիւն“ (Land and Technology) ընդ­հա­նուր նիւ­թով “շար­ժուն“ ցու­ցա­հան­դէս-ծրագ­րին շուրջ: Գա­ղա­փա­րը գիւտ մըն էր ինք­նին: Այ­սինքն ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը օգ­տա­գոր­ծե­լով, կեան­քի, ապ­րող իրա­կա­նու­թեան վե­րա­ծել Հո­ղին (գլխա­գիր) հետ մեր կա­պը:

Ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը 21-րդ դա­րու ամէ­նէն շատ տա­րած­ուած եւ ընդգր­կուն գա­ղա­փարն է, որ ինք­նին խարսխ­ուած է գի­տա­կան նուա­ճում­նե­րուն վրայ: Մե­թոտ մըն է գի­տու­թիւնը, զէնք մը, որուն մի­ջո­ցով իմաս­տուն մարդ արա­րա­ծը կրնայ տո­կալ բնու­թեան ահեղ ու­ժե­րու հար­ուած­նե­րուն: Գի­տու­թիւնը առար­կա­յա­կան հաս­կա­ցու­թիւն է: Ինչ­պէս հո­ղը, ջու­րը, լեռ­ներն ու դաշ­տե­րը: Սա­կայն են­թա­կա­յա­կան է այն զգա­ցու­մը, որ մեզ կը մղէ սի­րե­լու նոյն այդ հո­ղը, լեռ­ներն ու դաշ­տե­րը ու կառ­չե­լու անոնց: Այս սէրն ու կառ­չա­ծու­թիւնն է, որ տու­եալ հո­ղը կը վե­րա­ծէ Հայ­րե­նի­քի:

Գի­տու­թեան (առար­կա­յա­կան) եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան (են­թա­կա­յա­կան) այս զար­մա­նա­լի կա­պը ար­ուես­տի ճամ­բով ար­տա­յայ­տե­լու գա­ղա­փա­րին կը մի­տէր Որ­բեր­եա­նի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը: Տար­բեր խօս­քով, կը մի­տէր հարս­տաց­նե­լու մեր պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գի զի­նա­նո­ցը` ար­ուես­տի ու մշա­կոյ­թի ճամ­բով:10

Եւ ու­րեմն, Շուշիի բար­ձունք­նե­րուն վրայ տե­ղադր­ուե­ցան մար­դու հա­սա­կով հա­յե­լի­ներ (այն­պի­սի ան­կիւ­նով մը), որոնց նա­յո­ղը ինք­զինք ամ­բողջ հա­սա­կով պի­տի տես­նէր ու իբ­րեւ այդ­պի­սին` պի­տի տես­նէր… իր իսկ ոտ­քե­րը ոչ թէ Լոս Ան­ճե­լը­սի, Թեհ­րա­նի, Հա­լէ­պի կամ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի, այլ… հայ­րե­նի հո­ղին վրայ: Այ­սինքն, հայ­րե­նի­քի հո­ղին վրայ կանգ­նե­լու գա­ղա­փարն էր, որ կ՛ար­տա­յայտ­ուէր այս ձե­ւով:

Այլ ար­ուես­տա­գէտ մը, Ար­ցա­խի բնա­կիչ­նե­րու իր լու­սան­կա­րած դի­ման­կար­նե­րը, մեծ չա­փե­րով տպած, զե­տե­ղած էր ամա­յի ու անբ­նակ շէն­քի մը պա­տու­հան­նե­րուն մէջ, այս ձե­ւով կեանք տա­լով անոր, “բնա­կեց­նե­լով“ զայն:

p10-11 b  Կա­յին նա­եւ լու­սան­կար­նե­րը պա­տա­նի-պար­մա­նու­հի­նե­րու (այս ան­գամ ու­րիշ ար­ուես­տա­գէ­տի մը կող­մէ), ձեռ­քեր­նին` իրենց ծնուն­դէն կարճ ատեն մը առաջ նա­հա­տակ­ուած իրենց ազա­տա­մար­տիկ հայ­րե­րուն լու­սան­կա­րը: Լու­սան­կար, ուր այն­քան ակն­բախ էին նմա­նու­թիւն­նե­րը հօր եւ զա­ւա­կին մի­ջեւ:

Եւ տա­կա­ւին կար բուրդ “չպխե­լ“ու արա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղաբ­նակ կի­նե­րու կող­մէ, աւան­դա­կան “ար­հես­տա­գի­տու­թեամբ“, մեծ վեր­մակ մը պատ­րաս­տե­լով ու անոր տակ պատս­պա­րե­լով բո­լոր ներ­կա­նե­րը: Իսկ այդ վեր­մա­կին վրայ ոչ թէ ծա­ղիկ­ներ կամ նման ձե­ւեր ու գոյ­ներ պատ­կեր­ուած էին, այլ` Ար­ցա­խի քար­տէ­սը: Բա­ցատ­րու­թեան կա­րիք չկայ…

Այ­սինքն, հող-հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րի իրաւու­թիւնը, հա­ւաս­տիու­թիւնը ար­հես­տա­գի­տու­թեան (լու­սան­կա­րե­լով կամ… “չպխե­լով“) ըն­ձե­ռած մի­ջոց­նե­րով ընդգ­ծող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն էր, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­կերտ­ուած­քին մէջ ու ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծին վրայ նոր որակ մը կա­ւելց­նէր, այս ան­գամ ոչ թէ թնդա­նօ­թով-հրթի­ռով, այլ, ար­ուես­տով ու մշա­կոյ­թով: Այս բո­լո­րը` թնդա­նօթ-հրթի­ռով պաշտ­պան­ուած սահ­մա­նա­գի­ծէն շուրջ 35 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ (այ­սինքն աւե­լի մօտ, քան Լոս Ան­ճե­լը­սի բնա­կա­րա­նէս մին­չեւ գրա­սեն­եակս…), իբ­րեւ պաշտ­պա­նա­կան նոյն այդ ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գին մէկ մա­սը:

Մէկ խօս­քով` այս ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը, իրենց բնա­գա­ւա­ռի ու մաս­նա­գի­տու­թեան մէջ, ու­ժի իւ­րա­յա­տուկ զօ­րա­հան­դէս մը, ցու­ցադ­րու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պե­ցին Շուշիի բար­ձունք­նե­րուն վրայ (*): Սա կա­տակ չէ:

ԱՐԱՐ 2

Եր­կու տար­բեր առիթ­նե­րով այ­ցե­լած եմ Բեր­ձո­րի (Լա­չին) մէ­ջէն դէ­պի հա­րաւ հո­սող Աղաւ­նոյ գե­տին վրայ կա­ռուց­ուած 3 փոքր ջրե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րը (ՀԵԿ): Չոր­րոր­դը, աւե­լի հա­րաւ, կա­ռու­ցու­մի ըն­թաց­քի մէջ է, ինչ­քան տե­ղե­կա­ցայ: Այս ելեկտ­րա­կա­յան­նե­րու ար­տադ­րած հո­սան­քը կը մի­ա­նայ Ար­ցա­խի ընդ­հա­նուր ցան­ցին, ու այդ ձե­ւով ալ ու­ժա­նիւթ կը հայ­թայ­թէ Ար­ցա­խի բնա­կա­րան­նե­րուն, դպրոց­նե­րուն, հիւան­դա­նոց­նե­րուն, մին­չեւ յե­տին գիւ­ղե­րուն:

Իսկ ո՞վ չի գի­տեր, թէ ար­հես­տա­գի­տու­թեան այս դա­րուն, որե­ւէ տե­սա­կի յա­ռաջ­խա­ղաց­քի բա­նա­լին ու­ժա­նիւթն է: Ինչ տե­սա­կի ալ ըլ­լայ ատի­կա, հե­ղուկ, կա­զա­յին, թէ մե­տաղ­եայ լա­րե­րով փո­խադ­րուող հո­սան­քի ձե­ւով:

Տա­կա­ւին երեք տա­րի առաջ, թե­րեւս միայն խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կա­յին այս ելեկտ­րա­կա­յան­նե­րուն մա­սին:

Իսկ հի­մա, գե­տին ջու­րը թա­փով կ՛իջ­նէ եւ խո­ղո­վակ­նե­րու մի­ջո­ցով, կը մտնէ ելեկտ­րա­կա­յան­նե­րու turbine-նե­րուն մէջ: Ներ­սը, այս մե­քե­նա­նե­րուն աղ­մու­կը խլա­ցու­ցիչ է: Իսկ անոնց ար­տադ­րած բա­րի­քը` գո­հա­ցու­ցիչ: Այ­սինքն, խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ան­ցած են ծրագ­րու­մի հանգր­ուան ու ան­կէ` գործ­նա­կա­նին: Ար­ցա­խի բնա­կիչ­նե­րուն` ու­ժա­նիւթ, իսկ ներդ­նող­նե­րուն` եկա­մուտ, առանց մոռ­նա­լու նա­եւ քա­նի մը տասն­եակ աշ­խա­տա­տե­ղե­րը: Ու այս բո­լո­րը` Ար­ցա­խի մէջ ու Ար­ցա­խին հա­մար:

Իսկ մայ­րա­քա­ղաք Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ, ակն­բախ է անոր բա­րե­կարգ ու կազ­մա­կերպ վի­ճա­կը: Բնա­կա­րան­նե­րը բա­րե­տես են: Մեծ է թիւը նո­րա­կա­ռոյց շէն­քե­րու (թէ՛ բնա­կա­րա­նա­յին եւ թէ գոր­ծա­րա­րա­կան): Կա­ռուց­ման ըն­թաց­քի մէջ է նա­եւ նոր հիւան­դա­նո­ցը, 15 միլի­ոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ:

Աչ­քա­ռու է նա­եւ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու աճող թիւը հաշ­ուի առ­նե­լու մօ­տե­ցու­մը թէ՛ պե­տա­կան եւ թէ սե­փա­կան մար­զի շրջա­նակ­նե­րէն ներս: Նո­րա­կա­ռոյց պան­դոկ­ներ կան (առն­ուազն չորս) Շուշիի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ, որոնց­մէ մէ­կը` բազ­մա­միլի­ոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ:

Այս բո­լո­րը վկա­յու­թիւն են այն հա­ւատ­քին, որ ներդ­նող­նե­րը ու­նին: Որով­հե­տեւ ներդ­րու­մը կը մի­տի առա­ջին հեր­թին եկա­մուտ, շահ ապա­հո­վել իր տի­րոջ: Իսկ ներդ­րում կա­տա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ոչ միայն դրա­մագ­լուխ, այլ նա­եւ նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ, օրի­նա­կան-առար­կա­յա­կան ըլ­լան ատոնք, թէ զուտ են­թա­կա­յա­կան: Այ­սինքն հա­ւատք ու վստա­հու­թիւն, որ ներդ­րու­մը պի­տի ար­դա­րաց­նէ ինք­զինք:

Ստե­փա­նա­կեր­տէն մին­չեւ Վանք գիւղ (Գան­ձա­սա­րի վան­քին ստո­րո­տը), Ար­ցա­խի մէջ, մենք ակա­նա­տես եղանք այս շօ­շա­փե­լի փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն ու զար­գա­ցու­մին, որ իրա­կա­նու­թեան մէջ թէ՛ ինք­նավս­տա­հու­թեան, թէ՛ վստա­հու­թեան եւ թէ մա­նա­ւանդ ապա­գա­յին նկատ­մամբ հա­ւատ­քի ար­դիւնք է:

 

ԱՐԱՐ 3

Կի­րա­կի, Սեպ­տեմ­բեր 1-ի երե­կոյ­եան, Երե­ւա­նէն կը հաս­նինք Ստե­փա­նա­կերտ եւ պա­յու­սակ­նե­րը “Փարք“ պան­դո­կի մեր սեն­եակ­նե­րը տե­ղա­ւո­րե­լէ ետք, կը բարձ­րա­նանք Շու­շի:p10-11 Shushi-Opera-2

Լ.Ղ.Հ.ի ան­կա­խու­թեան տօ­նին առի­թով, Անտ­րէ Բա­բա­ե­ւի “Արծ­ուա­բերդ“ օփե­րա­յի առա­ջին բե­մադ­րու­թիւնն է` Հա­յաս­տա­նի ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

Շուշիի Ռէ­ա­լա­կան դպրո­ցի շէն­քի (կա­ռուց­ուած 1901-1908 տա­րի­նե­րուն) շրջա­փա­կէն ներս բազ­մու­թիւն կայ ար­դէն: Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի զոյգ հան­րա­պե­տու­թեանց պե­տա­կան աւա­գա­նին ներ­կայ է` վար­չա­պետ­նե­րով, նա­խա­րար­նե­րով ու այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րով: Ակն­բախ էր նա­եւ ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յու­թիւնը, մեծ ու պզտի­կով: Մար­դիկ հոն էին իրենց ճժե­րով ու պժե­րով: Նոյն­քան ակն­բախ էր նա­եւ այն, որ օփե­րա­յի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ներ­կայ մեծ թիւով երե­խա­նե­րը, պա­տա­նի­ներն ու պար­մա­նու­հի­նե­րը ու­շի ու­շով հե­տե­ւե­ցան բե­մադ­րու­թեան:

Գի­շեր ատեն, Ռէ­ա­լա­կան դպրո­ցի հո­ղէ ըն­դար­ձակ բա­կը լե­ցու­ցած աւե­լի քան հա­զար հան­դի­սա­տես­նե­րը, լու­սար­ձակ­նե­րը, նուա­գա­խում­բը ու մե­նա­կա­տար­նե­րու թէ երգ­չա­խում­բի կա­տա­րում­նե­րը ար­ուես­տի ու մշա­կոյ­թի սքան­չե­լի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­ցին: Մթնո­լորտ մը, որուն յա­տուկ փայլք տուին թէ՛ մե­նա­կա­տար­նե­րը եւ թէ բե­մադ­րիչ Դա­դաս­եան, որ տու­եալ տա­րա­ծու­թեան ամ­բող­ջա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծած էր, բե­մա­կան plasticity-ն սքան­չե­լի գիւ­տե­րով ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար (**):

Կի­սա­ւեր ու կի­սա­փուլ այդ շէն­քը վերս­տին կեան­քով, այլ մա­նա­ւանդ հայ արուես­տա­գէ­տի ստեղ­ծա­գործ մտքի գիւ­տե­րով մերթ կը թրթռար, մերթ կը թնդար, գե­րի­րա­պաշտ պատ­կեր մը ստեղ­ծե­լով:

Ֆիլ­հար­մո­նի­քի հնչիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, խուլ պէտք էր ըլ­լալ “չլսե­լու“ հա­մար Բեր­ձո­րի turbine-նե­րու հա­ման­ուա­գը եւս: Կար­ծէք 40 քի­լո­մեթր հե­ռուն, այդ խուլ ձո­րին մէջ, իրենց հսկող-չա­փող վա­հա­նակ­նե­րուն դի­մաց նստած ու մրոտ-իւ­ղոտ ափե­րով մաս­նա­գէտ բա­նուոր­նե­րը իրե՛նք եւս կը մաս­նակ­ցէ­ին “Արծ­ուա­բերդ“ի յաղ­թա­կան բե­մադ­րու­թեան, այս ան­գամ հե­ռա­կայ կար­գով:

Չեմ գի­տեր, թէ արդ­եօք պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հրա­ւի­րա­տոմս ու­ղար­կա՞ծ էին նա­խա­գահ Ալի­ե­ւին: Բայց իմ ան­կեղծ փա­փաքս էր զինք հոն տես­նել այդ գի­շեր: Ան վստա­հա­բար այ­ցե­լած է իր ու մեր բա­նա­կի շփման գի­ծե­րը ու հե­ռա­դի­տա­կով ստու­գած մեր թնդա­նօդ­ներն ու ամ­րու­թիւն­նե­րը: Լաւ կ՛ըլ­լար, որ այս ան­գամ ան­ձամբ տես­նէր մեր ար­ուես­տի՛ զի­նա­նո­ցը նա­եւ (ու վերջ­նա­կա­նա­պէս հա­մոզ­ուէր կարգ մը իրա­կա­նու­թիւն­նե­րով):

 

***

 

Եր­կու օր ետք, Երե­ւան վե­րա­դար­ձի մեր ճամ­բուն վրայ, դարձ­եալ Շու­շի կը մտնենք, այս ան­գամ այ­ցե­լե­լու հա­մար նո­րա­կա­ռոյց թան­գա­րան-պատ­կե­րա-ս­րա­հը (որուն ճար­տա­րա­պե­տին անու­նը կը վրի­պի յի­շո­ղու­թե­նէս. ափ­սոս):

Որո՞ւ մտքէն կրնայ անց­նիլ, որ հա­մաշ­խար­հա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան քար­տէ­սին վրայ փոք­րիկ կէտ մը միայն հան­դի­սա­ցող Շուշիի այս պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ կրնան գտնուիլ Ժան­սե­մի, Գառզ­ուի ու շատ ու շատ մե­ծե­րու, մին­չեւ իսկ ան­ծա­նօթ մեք­սի­քա­ցի ու ան­յայտ եթովպ­ի­ա­ցի նկա­րիչ­նե­րու կտաւ­նե­րը: Պահ մը եթէ երե­ւա­կա­յու­թեան ձեր պաս­տա­ռէն դուրս հա­նէք ցու­ցադր­ուած գոր­ծե­րը, այդ հնամ­եայ շէն­քի ար­դի ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյ­ցը ինք­նին ար­ուես­տի գլուխ գոր­ծոց մը կա­րե­լի է հա­մա­րել (կրկին նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրեմ ճար­տա­րա­պե­տէն, իր անու­նը մօտս ար­ձա­նագ­րած չըլ­լա­լուս հա­մար):

Ճամ­բան ան­խու­սա­փելի­օ­րէն կանց­նի Բեր­ձո­րէն, անոր ջրե­լեկտ­րա­կա­յան­նե­րու մօ­տէն: Այս ան­գամ անոնց turbine-նե­րու մի­օ­րի­նակ հռնդիւն­նե­րուն մէ­ջէն կը լսուին Ֆիլ­հար­մո­նի­քի ջու­թակ­նե­րուն մեղմ մե­ղե­դի­նե­րը եւ փող ու թմբուկ­նե­րուն յաղ­թա­կան կշռոյ­թը:

Ար­ցա­խի մէջ, մշա­կոյթն ու ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը սքան­չե­լի հա­մա­չա­փու­թեամբ մը հա­մադր­ուած են մեր պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գէն ներս: Սա եւս կա­տակ չէ:

 

***

 

Հող եւ ար­հես­տա­գի­տու­թիւն: Հէ­րի Որ­բեր­եան գե­նե­րալ-ար­ուես­տա­գէ­տը իր նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար աւե­լի ճշմա­րիտ ու աւե­լի հզօր թե­մա չէր կրնար ընտ­րել:

 

(*) Դժբախ­տա­բար, օրին այս ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու “զօ­րա­հան­դէ­սը“ հա­մա­պա­տաս­խան ու խոր­քա­յին վեր­լու­ծու­մի չեն­թարկ­ուե­ցաւ հայ­րե­նի մա­մու­լին կող­մէ: Եղած ար­ձա­գանգն ալ չո­րու­ցա­մաք լրա­տուու­թե­նէն ան­դին չան­ցաւ: Այս կէ­տին վրայ անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տենք գէթ անոնց անուն­նե­րու նշու­մը մեր կող­մէ.- Աշոտ Աւագ­եան, Գեր­ման Աւագ­եան, Չար­լի Խա­չա­տուր­եան, Սամ­ուէլ Սա­ղա­թէլ­եան, Սա­հակ Պօ­ղոս­եան, Սիւ­զան Խար­տալ­եան, Կի­կի, Սեւ, Մէյ­րի Մուն, Յա­րու­թիւն Զու­լում­եան, Ազատ Սար­գիս­եան, Արա Օշա­կան, Վա­չակ Տէր Սարգս­եան, Ալեք­սէյ Մա­նուկ­եան, Մհեր Ազատ­եան, Գա­գիկ Ղա­զանչ­եան, Էվա Յա­րութ, Համ­լէթ Յով­սէփ­եան եւ Հէ­րի Որ­բեր­եան:

 

(**)Մեր նպա­տա­կը չէ “Արծ­ուա­բերդ“ օփե­րա­յին քննար­կու­մը կա­տա­րել հոս: Մեր մաս­նա­գի­տու­թե­նէն շատ հե­ռու է այդ մէ­կը: Ատի­կա երաժշ­տա­գէտ­նե­րու գործն է: Սա­կայն Հա­յաս­տան կե­ցու­թեանս այդ օրե­րուն, ես նման քննար­կու­մի չհան­դի­պե­ցայ մա­մու­լին մէջ, որ ըստ իս, պէտք է յա­գե­ցած ըլ­լար ար­ցախ­եան այս իւ­րա­յա­տուկ տօ­նախմ­բու­թեան խոր­քա­յին վեր­լու­ծու­մով: Իսկ եթէ նման յօդ­ուած-քննար­կում մը վրի­պած է ինձ­մէ, կա­պա­ւի­նիմ մաս­նա­գէտ յօդ­ուա­ծագ­րի նե­րո­ղամ­տու­թեան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles