Լրահոս

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

book ad “Հայրենիք“ հրատարակչատունը լոյս ընծայած է ելեկտրական տարբերակը, նախապէս անգլերէն լեզուով հրապարակուած “As I See: Selected Writings of Leo Sarkisian“ գիրքը:

Կարելի է այս ե-գիրքը ստանալ “Kindle“, “iTunes“ եւ այլ ծրագրերով: Սակ` 9.99 տոլար:

Անաչառօրէն նուիրուած հայ դատի աշխատանքներուն, Լէօ Սարգիսեան (1934- 1992), բազմիցս յօդուածագրութիւններ լոյս ընծայած է, ներկայացնելով ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները: Քաղաքական լուրջ բնոյթ ունեցող այս գրութիւններու հաւաքածոն կը ներկայացնէ Անդրանիկ Գասպարեան, որ նաեւ պատրաստած է նախաբանը:

Նշենք թէ, յառաջիկային “Հայրենիք“ հրատարակչատունը լոյս պիտի ընծայէ նախապէս հրապարակուած այլ գիրքերու ելեկտրական տարբերակները:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button