ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 140-ԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:14 Minute, 6 Second

­Տաղա­ն­դաւոր եր­գի­ծա­բան, վի­պա­սան, թա­տե­րա­գիր եւ հրա­պա­րա­կա­գիր է Եր­ուանդ Օտ­եան (1869-1926): Ծնած է Պո­լիս, սե­րե­լով Օտ­եան­նե­րու յայտ­նի գեր­դաս­տա­նէն: Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է տե­ղա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, սա­կայն մտա­ւոր բարձր ու­սու­մի հա­սած է ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ: Պա­տա­նի հա­սա­կէն սոր­ված է լե­զու­ներ, կար­դա­ցած է ըն­տա­նե­կան հա­րուստ գրա­դա­րա­նի հա­յե­րէն եւ Ֆրան­սե­րէն գիր­քե­րը, հա­մակ­ուած է ըն­տա­նի­քէն ներս տի­րող գի­տու­թեան, ար­ուես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան պաշ­տա­մուն­քով: Աշ­խա­տակ­ցած է շատ մը հայ պար­բե­րա­կան­նե­րու, առա­ւել՝ յա­րա­տե­ւօ­րէն Արփ­ի­ար­եա­նի »Հայ­րե­նիք«ին: Ինք եւս հիմ­նած եւ խմբագ­րած է շատ մը թեր­թեր, որոնց մէջ մաս­նա­ւոր տեղ կը գրա­ւեն »Ազատ Խօսք«ը, »Պար­սա­ւա­տետր«ը:

Օտ­եա­նի անու­նը թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­մար »ան­բա­րե­յոյս ան­ձեր«ու ցան­կին մէջ էր: 1896-ի Օգոս­տո­սին, երբ Կ.Պոլ­սոյ մէջ սկսած են հայ­կա­կան ջար­դե­րը, գաղտ­նի կեր­պով հե­ռա­ցած է ան­կէ. եղած է Աթէնք, Գա­հի­րէ, Փա­րիզ, Վի­են­նա, Լոն­տոն, Պոմ­պէյ: 1908-ի երիտ-թրքա­կան յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք Օտ­եան վե­րա­դար­ձած է Կ.Պո­լիս: 1915-ի Մեծ Եղեռ­նի ժա­մա­նակ աք­սոր­ուած է Տէր Զօր: Հրաշ­քով փրկուե­լով, 1918-ին կրկին դար­ձած է Կ.Պո­լիս, 1922-ին տե­ղա­փոխ­ուած է Պու­տա­փեշտ, 1924-ին Թրի­փո­լի, 1925-ին Գա­հի­րէ, ուր մա­հա­ցած է քաղց­կե­ղէ:

Օտ­եան ի գործերը տպուիլ կը սկսի 1901-ին »Հայ­րե­նիք«ի մէջ, առա­ջին ըլ­լա­լով »Բե­րա­յի մէջ« նո­րա­վէ­պե­րու եւ թեր­թօն­նե­րու շար­քը: Շատ չան­ցած կը ճանչց­ուի իբր իրա­պաշտ ար­ձա­կի մե­ծա­գոյն դէմ­քե­րէն մէ­կը: Կը փոր­ձէ գրա­կան շատ սե­ռեր՝ նո­րա­վէպ, պատմ­ուածք, վէպ, թա­տե­րա­խաղ, յու­շագ­րու­թիւն, գե­րա­զան­ցա­պէս եր­գի­ծա­կան: Իր գրի­չը բեղմ­նա­ւոր կը դառ­նայ յատ­կա­պէս 1909-1915-ի ող­բեր­գա­կան շրջա­նին, Պոլ­սոյ ըն­կե­րա­յին բուռն կեան­քի մթնո­լոր­տին մէջ: Յետ եղեռն­եան տա­րի­նե­րուն կ°անդ­րա­դառ­նայ նա­եւ սփիւռ­քա­հայ կեան­քին:

Իր գոր­ծե­րուն մէջ Օտ­եան կը ներ­կա­յա­նայ իբր սրա­միտ ծաղ­րող, մարդ­կա­յին թե­րու­թիւն­նե­րը ձաղ­կող ան­զու­գա­կան հե­ղի­նակ: Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն նշա­նա­ւոր են »Ապ­տիւլ Հա­միտ եւ Շեր­լոք Հոլմս«, »Ըն­տա­նիք, Պա­տիւ, Բա­րո­յա­կան«, »Միջ­նորդ Տէր Պա­պան«, »Տաս­ներ­կու տա­րի Պոլ­սէն դուրս«, մա­նա­ւանդ երեք մա­սե­րէ բաղ­կա­ցած »Ըն­կեր Փան­ջու­նի« եր­գի­ծա­վէ­պը, »Առա­քե­լու­թիւն մը ի Ծապլ­վար«ը:

Օտ­եան եր­գի­ծան­քի հզօր զէն­քով ծաղ­րած եւ ձաղ­կած է ազ­գա­յին այն գոր­ծիչ­նե­րը, որոնք երե­ւու­թա­պէս »յե­ղա­փո­խա­կան«, »հայ­րե­նա­սէր«, »ազ­գա­յին հե­րոս« են, մինչ­դեռ գործ­նա­կա­նօ­րէն կÿոտ­նա­հա­րեն, կÿա­րա­տա­ւո­րեն իւ­րա­քան­չիւր սուրբ գա­ղա­փար:

Որ­պէս իրա­պաշտ, ստեղ­ծած է եր­գի­ծա­կան տի­պար­նե­րու եւ բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ պատ­կե­րաս­րահ մը, ծաղ­րած է աշ­խար­հիկ եւ հո­գե­ւոր հարս­տա­հա­րիչ­նե­րը, յղփա­ցած դրա­մա­տէ­րե­րը եւ կեղծ բա­րե­րար­նե­րը, ազ­գա­յին ան­փա­ռու­նակ գոր­ծիչ­նե­րը, նո­րա­ձե­ւու­թեան հե­տե­ւող ման­րա­հո­գի կի­նե­րը:

Ըն­տա­նի­քի կեն­ցա­ղէն զա­ւեշ­տա­կան պատ­կեր մըն է »Արագ դար­մա­նում մը« եր­գի­ծա­կան պատմ­ուած­քը, ուր կը ծաղր­ուի քաղ­քե­նի կի­նը, որուն գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւնը վա­յելքն է: Հե­ղի­նա­կը կը հեգ­նէ նա­եւ Սե­րով­բէ աղա­յին կա­կուղ, վե­հե­րոտ բնա­ւո­րու­թիւնը, թու­լա­մոր­թու­թիւնը:  

»Ըն­կեր Փան­ջու­նի« եր­գի­ծա­վէ­պը ծաղ­րի կÿեն­թար­կէ Փան­ջու­նին, որ նա­խա­ե­ղեռն­եան շրջա­նին Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նին մէջ վխտա­ցող կեղծ յե­ղա­փո­խա­կան մա­կա­բոյծ­նե­րու  իս­կա­կան տի­պարն է: Օտ­եան ծի­ծա­ղե­լի դրու­թիւն­ներ եւ բա­նա­ձեւ ու­նէր, ստեղ­ծե­լու մեծ վար­պետ է եւ զա­նա­զան ծի­ծա­ղա­շարժ եւ ող­բեր­գա­կան պա­րա­գա­նե­րու մէջ կը ներ­կա­յաց­նէ իր հե­րո­սը:

Ճա­նա­չո­ղա­կան եւ գե­ղար­ուես­տա­կան ար­ժա­նիք­ներ ու­նին անոր »թեր­թօ­նա­յին« վէ­պե­րը եւ վէպ ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս՝ »Նոր հա­րուստ­ներ«, »Կա­ւէ հե­րոս­ներ կամ մեր ազ­գա­յին­նե­րու«, »Կա­նաչ հո­վա­նո­ցով կի­նը», »Հայ Տի­աս­բո­րան«: Ակա­նա­տես եւ դէպ­քե­րու մաս­նա­կից գրո­ղը անդ­րա­դար­ձած է առա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րու իրա­դար­ձու­թեան, հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տագ­րին, իսկ նո­րաս­տեղծ հայ Սփիւռ­քին նուի­րած »Հայ Տի­աս­բո­րան« վէ­պին մէջ գե­ղար­ուես­տօ­րէն կը հա­մո­զէ, որ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան երաշ­խի­քը հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնն է դէ­պի վե­րածն­ուած Մայր Հայ­րե­նի­քը:

Վ.Թո­թո­վենց  իրա­ւամբ կը նկա­տէ, թէ Օտ­եան »ու­նի եր­գի­ծան­քի ամե­նա­մեծ տու­եա­լը՝ ճըշ­մար­տա­խօ­սու­թիւն«: Այս մար­զին մէջ ան ար­ժա­նի յա­ջոր­դը կÿըլ­լայ մե­ծահռ­չակ Պա­րոն­եա­նի: Օտ­եա­նի »Մեր երես­փո­խան­նե­րը«ին շար­քը տե­սակ մը շա­րու­նա­կու­թիւնը կը կազ­մէ »Ազ­գա­յին Ջո­ջեր«ուն: Սեղմ ու ծաղ­րա­կան դի­պուկ բնու­թա­գըու­թիւն­նե­րով հա­րուստ են իր »կեն­սագ­րա­կան«նե­րը, որոնք կը ներ­կա­յաց­նեն հե­ղի­նա­կին ժա­մա­նա­կա­կից ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը: Օրի­նակ՝ Գաբրի­էլ Նո­րա­տունկ­եա­նի ազ­գին օգուտ չբե­րող գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին հեգ­նօ­րէն կÿը­սէ.-

»Գաբրի­էլ Նո­րա­տունկ­եան եր­կու ան­գամ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ատե­նա­պե­տու­թիւնը վա­րած է, ամիս մը Պոլ­սէն եւ քսա­նե­րեք ամիս Փա­րի­զէն:

Աստ­ուած զինք ստեղ­ծած ատեն վճռած է.-

-Գաբրի­է¯լ, դուն բա­ցա­կայ ատե­նա­պետ մը պի­տի ըլ­լաս քու ազ­գիդ հա­մար«:

Լ.Բա­շալ­եան այս­պէս կը գնա­հա­տէ Օտ­եա­նին ար­ուես­տը.

»Իր վճիտ ոճը, բա­ռե­րուն իրա­կան ար­ժէքն ու անոնց տե­ղա­ւոր­ման գի­տու­թիւնը, իր ար­տա­յայ­տու­թեան կա­րո­ղու­թիւնը, իր պատ­մե­լու եւ խօ­սեց­նե­լու ճար­տա­րու­թիւնը յատ­կու­թիւն­ներ են, որոնց հազ­ուա­դէ­պօ­րէն կը հան­դի­պինք մեր մա­տե­նագ­րու­թեան մէջ«:

Օտ­եան ստեղ­ծած է ըն­կե­րա­յին ու քա­ղա­քա­կան եր­գի­ծան­քի փայ­լուն եր­կեր, մե­ծա­պէս առաջ մղած է քննա­դա­տա­կան իրա­պաշ­տու­թեան հայ վի­պագ­րու­թիւնը եւ լի­ա­կա­տար իրա­ւունք ձեռք բե­րած է Յ.Պա­րոն­եա­նէն յե­տոյ կոչ­ուե­լու »Ծի­ծա­ղի հա­մար ծնած հայ մե­ծա­գոյն եր­գի­ծա­բա­նը«:

Օտ­եա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը թարգ­ման­ուած են ռու­սե­րէ­նի, Ֆրան­սե­րէ­նի, յու­նա­րէ­նի, պուլ­կա­րե­րէ­նի, թուր­քե­րէ­նի, ալ­պա­նե­րէ­նի: Անոր եր­կե­րը բե­մա­կա­նաց­ուած են, իսկ ժա­պա­ւէ­նի առն­ուած է »Կեղծ լրտե­սը« պատմ­ուած­քը:

Օտ­եա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի արեւմ­տա­հայ կեան­քին հա­րա­զատ հա­յե­լին է:

Օտ­եան որ­պէս ծած­կա­նուն օգ­տա­գոր­ծած է Ս.Ժի­րայր, Երօտ, Վահ­րամ, Դեր­կոմս: Երե­ւա­նի մէջ ծա­նօթ է Օտ­եա­նի ան­ուան փո­ղո­ցը: Իր դամ­բա­րա­նը կը գտնուի Մար­մի­նա գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, Գա­հի­րէ:

Հա­ւա­նա­բար, այս առ­թիւ կա­րե­լի է յի­շա­տա­կել սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի ար­ձա­կա­գիր ու քեր­թո­ղա­գիր Ա.Ծա­ռուկ­եա­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ լոյս տե­սած »Ման­կու­թիւն չու­նե­ցող մար­դիկ« վի­պա­կը, ուր գրա­գէ­տը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է որ­բա­ցած սե­րուն­դի կեան­քին: Պատմ­ուածք­նե­րու շար­քին ու­շագ­րաւ էր »Կա­ղան­դը«, »իր տա­րօ­րի­նակ այ­ցե­լուով եկած՝ որ­բե­րը տես­նե­լու եւ ու­րա­խա­ցը­նե­լու, սա­կայն լա­ցած էր ինք եւ լա­ցու­ցած ամ­բողջ սրա­հի մե­ծերն ու փոք­րե­րը: Ար­դա­րեւ, ի՞նչ կրնար խօ­սիլ այդ մար­դը, որ կու գար Տէր Զօ­րէն, ուր տե­սած էր այդ որ­բե­րուն ծնող­նե­րուն աճիւն­նե­րը, զորս վա­րար Եփ­րա­տը կը նե­տէր աւա­զին վրայ կրցած էր ըսել.- Ո¯ր­բեր, ես ձեզ շատ կը սի­րեմ Այս­քան«:

Տա­րի­ներ ետք, երբ Ա.Ծա­ռուկ­եան կը թեր­թա­տէր հա­տըն­տիր մը, անակն­կա­լի եկած էր տես­նե­լով գրա­գէ­տի մը նկա­րը.

»Այո°, ան էր, այդ ան­ծա­նօթ հիւ­րը, որ եկած էր զի­րենք ու­րա­խաց­նե­լու եւ սա­կայն լա­ցած եւ լա­ցու­ցած էր բո­լո­րը:®

Նկա­րին տակ գրուած էր՝ Եր­ուանդ Օտ­եան«:

Ստորեւ մաս մը Երուանդ Օտեանի »Ընկեր Փանջունիի«  երգիծաբանական գործէն.-

 

ԿԵՆ­ՍԱԳ­ՐԱ­ԿԱՆ ՆՕ­ԹԵՐ

ԸՆ­ԿԵՐ ՓԱՆ­ՋՈՒՆԻԻ ՄԱ­ՍԻՆ

Կեանք մը որ տա­կա­ւին իր ամ­բողջ շրջա­փո­խու­թիւն­նե­րը չէ կա­տա­րած եւ իր գոր­ծու­նէ­ու­թեան ամե­նէն եռան­դուն փու­լին մէջ կը գտնուի, կա­րե­լի չէ լի­ա­կա­տար կեան­քի մը վրայ դա­տաս­տան կտրել կամ կար­ծիք յայտ­նե­լը:

Ուս­տի, ապա­գայ կեն­սա­դիր­նե­րու թող­լով ըն­կեր Փան­ջունիի վարքն ու արարք­նե­րը իրենց ամ­բող­ջու­թեամ­բը ներ­կա­յաց­նե­լու այն­քան դժուար, որ­քան անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տու­թիւնը, ես պի­տի գո­հա­նամ կցկտուր ծա­նօ­թու­թիւն­ներ տա­լով միայն Ըն­կեր­վա­րա­կան Նա­մա­կանիի հե­րո­սին վրայ, պար­զա­պէս նիւ­թեր՝ ապա­գայ կեն­սա­գիր­նե­րու գոր­ծը դիւ­րաց­նե­լու նպա­տա­կով եւ կամ սանկ ըսեմ՝ ատաղձ­ներ այն յի­շա­տա­կա­րա­նին հա­մար, զոր երախ­տա­գէտ Հա­յու­թիւնը օր մը պի­տի կանգ­նէ իր հե­րոս­նե­րուն ի պա­տիւ:

Ըն­կեր Փան­ջու­նի կրտսեր զա­ւակն է տի­րա­պի­զոն­ցի ըն­տա­նի­քի մը, ու ծնած է 1875ին: Մայ­րը տղա­բեր­քի հե­տե­ւան­քով մե­ռած է, առանց կա­րե­նալ սնու­ցա­նե­լու իր երա­խան, զոր մեծ­ցու­ցած են այ­ծի կա­թով: Ու­րիշ կեն­սա­գիր մը գու­ցէ հե­տե­ւու­թիւն­ներ հա­նել փոր­ձէր այս անն­շան դիպ­ուա­ծէն՝ ըն­կեր Փան­ջունիի ու­նայ­նամ­տու­թիւնն ու թե­թե­ւու­թիւնը վե­րագ­րե­լով իր առած այդ սկզբնա­կան սնուն­դին: Ես, ինչ­պէս ըսի, չեմ ու­զեր որե­ւէ դա­տաս­տան ընել, այլ կը բա­ւա­կա­նանամ իրո­ղու­թիւն­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­լով:

Փան­ջու­նի շատ ուշ լե­զու ելած է, բայց ան­գամ մը խօ­սիլ սկսե­լէ ետ­քը, ալ բե­րա­նը դիւ­րաւ չէ գո­ցած: Քա­նի կը մեծ­նար այն­քան կÿաճէր իր խօ­սե­լու կա­տա­ղու­թիւնը, այն աս­տի­ճան որ խեղճ հայ­րը ստիպ­ուե­ցաւ բժիշ­կի մը դի­մել այդ ան­սո­վոր երե­ւոյ­թին դար­ման մը գտնե­լու հա­մար: Բժիշ­կը քննեց տղան, լե­զուն նա­յե­ցաւ, կո­կոր­դը նա­յե­ցաւ, աչ­քե­րուն նա­յե­ցաւ եւ վճռա­բար ըսաւ հօ­րը.

–       Ճար ու դար­ման չկայ, այս տղան միշտ պի­տի խօ­սի:

–       Բայց տա­նը մէջ ալ դի­մաց­ուե­լիք բան չէ:

–       Բամ­պակ թխե­ցէք ականջ­նիդ, այս է մի­ակ մի­ջո­ցը, պա­տաս­խա­նեց բժիշ­կը:

Հա­կա­ռակ իր խօ­սե­լու մար­մա­ջին՝ փոք­րիկն Փան­ջու­նի յա­ճախ սխալ կը գոր­ծա­ծէր բա­ռե­րը, բո­լո­րո­վին աղա­ւա­ղե­լով անոնց նշա­նա­կու­թիւնը: Օր մը սե­ղա­նի մը վրայ դրուած ար­ժէ­քա­ւոր անօթ մը կÿառ­նէ ու գե­տին նե­տե­լով ջարդ ու փշուր կÿընէ:

Հայ­րը, իրի­կու­նը գոր­ծէն վե­րա­դար­ձին, կը տես­նէ եղա­ծը, եւ տղան կան­չե­լով ու անօ­թին կոտր­ուանք­նե­րը ցոյց տա­լով կը գո­չէ.

–       Ծօ°, ի՞նչ ես ըրեր անօ­թը:

–       Շի­նե­ցի, հայ­րիկ, կը պա­տաս­խա­նէ փոք­րիկ Փան­ջու­նի մի­ա­միտ հա­մո­զու­մով մը:

–       Ծօ ի՞նչ շի­նել, կոտ­րեր ես, շան զա­ւակ:

–       Չէ°, հայ­րիկ, շի­նե­ցի, կը պա­տաս­խա­նէ տղան:

Ի զուր հայ­րը եր­կար բա­րակ կը բա­ցատ­րէ թէ՝ երբ առար­կայ մը գե­տին նե­տե­լով կտոր-կտոր կÿընենք, այդ գոր­ծո­ղու­թիւնը »շի­նել« բա­յով չի բա­ցատր­ուիր՝ այլ »կոտ­րել«: Ան­կա­րե­լի եղաւ բա­ռա­գի­տա­կան այդ նրբու­թիւնը, հասկց­նել Փան­ջունիի, որ շա­րու­նա­կեց տա­նը մէջ գտնուած գա­ւաթ­նե­րը, պնակ­նե­րը, շի­շե­րը կոտ­րել եւ ամէն ան­գամ որ »ի՞նչ կÿընես կոր« ըսե­լով զին­քը կը յան­դի­մա­նէ­ին, անդրդ­ուե­լի ու անխ­ռով կը պա­տաս­խա­նէր.

–       Կը շի­նեմ կոր:

Դպրո­ցին մէջ Փան­ջու­նի ըն­կեր­նե­րուն հետ վի­ճե­լով ու ճառ խօ­սե­լով ժա­մա­նակ կÿան­ցը­նէր, իսկ դա­սե­րուն բնաւ չէր հե­տե­ւեր, չհաւ­նե­լով կամ դա­սագր­քին, կամ դա­սա­րա­նին եւ կամ տետ­րա­կին ու ծայ­րին:

Օր մը թուա­բա­նա­կան խնդրի մը մա­սին վէճ ու­նե­ցաւ իր դա­սըն­կեր­նե­րէն մէ­կուն հետ:

–       Հինգ ան­գամ հինգ՝ քսա­նը­հինգ կÿընէ, կÿըսէր ըն­կե­րը որ ող­ջա­միտ տղայ մըն էր եւ որ յե­տոյ հա­րուստ վաշ­խա­ռու մը եղաւ:

–       Չէ°, կը յա­մա­ռէր Փան­ջու­նի, հինգ ան­գամ հինգ՝ յի­սուն կÿընէ:

–       Ո°չ, քսա­նը­հինգ կÿընէ:

–       Յի­սուն  կÿընէ:

Միւ­սը տես­նե­լով, որ դժուար է,- ի¯նչ կÿըսեմ՝ ան­կա­րե­լի է,- խօսք հասկց­նել Փան­ջունիի եւ չու­զե­լով անօ­գուտ կռիւի մը տե­ղի տալ, հաշ­տա­րար ոգի­ով մը պա­տաս­խա­նեց.

–           Լա°ւ, ես թո°ղ այն­պէս գիտ­նամ թէ՝ քսա­նը­հինգ կÿընէ, դուն ալ այն­պէս գիտ­ցիր թէ՝ յի­սուն կÿընէ, ու ա°լ չխօ­սինք այդ մա­սին ու եր­թանք մի­ա­սին գնդակ խա­ղանք…

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles