ՄԱԿԱ՞ՐԴ ԹԷ ԹԱԿԱՐԴ

0 0
Read Time:2 Minute, 56 Second

Ար­ձա­կուրդ «բու­րող» Օգոս­տոս ամս­ուան հրա­ժեշտն իսկ չա­ւար­տած…վեր­ջին օրը, հրա­պա­րակ­ուե­ցաւ ամիս­նե­րէ ի վեր աշ­խա­տանք տար­ուած առա­քե­լու­թեան մը ար­դիւն­քը:

Ար­դա­րեւ, Օգոս­տոս 31, 2009-ին, Զուի­ցեր­ի­ա­կան (կամ աւե­լի ճիշ­տը՝ արեւմտ­եան) միջ­նոր­դու­թեամբ, Հա­յաս­տան եւ Թուրք­իա պաշ­տօ­նա­պէս լոյս ըն­ծա­յե­ցին իրենց խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քը: Անոնք, յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րով, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին, իրար ամ­բող­ջաց­նող պաշ­տօ­նա­կան  ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման եւ զար­գաց­ման մա­սին: Սոյն «մա­նի­ֆեսթ»ն է որ վեց շաբթ­ուայ տե­ւո­ղու­թեամբ պի­տի գոր­ծադր­ուի, եւ ապա կա­նաչ լոյս պի­տի տրուի սահ­ման­նե­րու բաց­ման եւ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման:

Այս փաս­տագ­րա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու մա­սին շատ մե­լան պի­տի հո­սի եւ դեռ շատ կա­նուխ է արագ վեր­լու­ծում­նե­րու, քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու եւ յատ­կա­պէս գնա­հա­տում­նե­րու եր­թալ, մա­նա­ւանդ որ ամ­բողջ անց­եալ մը, պատ­մու­թիւն մը, գրե­թէ հա­րիւ­րամ­եայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող Եղեռն­եան սեւ օրերը…կար­միր լու­րերը մոռց­ուած ու անն­կատ են: Աւե­լին…Ար­ցա­խը, որ այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման օրե­րուն իսկ, կը տօ­նէ իր ան­կա­խու­թեան 18-ամ­եա­կը որուն մա­սին ոչ մէկ յստակ մէջ­բե­րում կա­րե­լի է նկա­տել: Փո­խա­րէն սա­կայն Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ահ­մէտ Տա­վու­թողլ­ուի մէկ հպան­ցիկ ար­տա­յայ­տու­թիւնը,- թէ Ան­գա­րա միշտ ալ նկա­տի ու­նի իր դաշ­նա­կից Ատր­պէյ­ճա­նի շա­հե­րը- կը փաս­տէ թէ Ար­ցա­խի հար­ցը շու­տով պի­տի ար­ծարծ­ուի եւ գլխա­ւոր նա­խա­պայ­ման­նե­րէն մէ­կը պի­տի ըլ­լայ, յա­ռա­ջի­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ:

Այս­պէս, ըստ երե­ւոյ­թին «ոտ­նագն­դա­կի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան» դուռ բա­ցող, աշ­խար­հի ախոյ­եա­նու­թեան գծով  Թուրք­իա-Հա­յաս­տան մրցու­մին ճամ­բա­նե­րու բաց­ման թնճու­կը, ար­դէն իսկ հարթ­ուած  կը թուի ըլ­լալ, իսկ այս բո­լոր ան­ցու­դար­ձե­րու լոյ­սին տակ, դաշ­տէն ներս մար­զիկ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնն ու անոնց մղած պայ­քա­րը այդ­քան պի­տի չհե­տաքրք­րէ, որ­քան պա­տուոյ բե­մա­հար­թա­կին  վրայ նստած հիւր անձ­նա­ւորու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը:

Մա­կա՞րդ թէ թա­կարդ… յստակ է միտք բա­նին, յստակ է բե­մադ­րու­թիւնը:

Մա­կար­դը կազմ ու պատ­րաստ է վե­րած­ուե­լու թա­կար­դի… յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն եւ ամիս­նե­րուն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles