Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐԷՆ… ԽԱՉՈՒՀԻՆ ԲՈՒՐԳԵՐՈՒ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:19 Minute, 6 Second

HOM Ըստ նոր պատ­մագ­րա­կան պրպտում­նե­րու« հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւնը Նե­ղո­սի ափե­րուն սկիզբ կÿառ­նէ հա­զա­րամ­եակ­ներ առաջ« Հայ­կա­կան բարձ­րա­ւան­դա­կէն գաղ­թած Հայկ­սոս­նե­րու մուտ­քո­վը ապա­գայ փա­րա­ւո­նա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րու եւ անն­ման կո­թող­նե­րու եր­կի­րը:  Պատ­մա­կան Եգիպ­տո­սի քա­ղա­քակր­թու­թեան փա­ռա­յեղ պատ­մու­թիւնը ծա­նօթ է բո­լո­րին որ­պէս ակուն­քը մի­ջերկ­րա­կան­եան այլ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու նուա­ճում­նե­րուն՝ ըն­կե­րա­յին« կրօ­նա­կան« գե­ղար­ուես­տի եւ գի­տու­թեան մար­զե­րէն ներս:

Ինչ­պէս ծա­նօթ է« մօ­տիկ անց­եա­լի օս­ման­եան ու խտիւ­եան շրջան­նե­րուն« Մո­համ­մէտ Ալիի եւ իր յա­ջորդ­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն« եգիպ­տա­հա­յեր որո­շի°չ դեր ու­նե­ցած են երկ­րին արդ­ի­ա­կանց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ՝ որ­պէս պե­տա­կան բարձր աս­տի­ճա­նի վրայ գոր­ծող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ:  Քա­նա­կով բաղ­դա­տա­բար փոքր այս գա­ղու­թը ու­նե­ցած ու պահ­պա­նած է բարձր որա­կի կեն­ցաղ՝  իր դպրոց­նե­րով« եկե­ղե­ցի­նե­րով« ազ­գա­յին ու ան­հա­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով« ար­ուեստ­նե­րով ու մշա­կու­թա­յին« ըն­կե­րա­յին ու մար­զա­կան միու­թիւն­նե­րով:

Մեծ Եղեռ­նի անն­կա­րագ­րե­լի ող­բեր­գու­թիւնը« Կով­կա­սէն մին­չեւ Կի­լիկ­իա մեր հայ­րե­նի բնակ­չու­թիւնը ահա­ւոր գո­յա­պայ­քա­րի եւ ան­լուր ար­հա­ւիրք­նե­րու մատ­նած հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը բնա­կա­նօ­րէն ար­ձա­գան­գե­ցին ար­տա­սահ­ման­եան հայ գա­ղութ­նե­րուն տա­րած­քին: Ինչ­պէս այ­լուր« Եգիպ­տո­սի մէջ եւս հա­յու­թիւնը լծուե­ցաւ օգ­նու­թեան գոր­ծին:

Ի տես հա­մա­տա­րած նախ­ճի­րին« եգիպ­տա­հայ Կար­միր Խա­չի մը գա­ղա­փա­րը այժ­մէ­ա­կան եւ հար­կադ­րիչ կը դառ­նար« մա­նա­ւա°նդ երբ հայ կա­մա­ւո­րա­կան շար­ժու­մը թափ կÿառ­նէր ազ­գա­յին ազա­տագ­րու­թեան դրօ­շին տակ« նո°ր յոյս ներշն­չե­լով հա­յու­թեան բո­լո°ր խա­ւե­րէն ներս:  Եգիպ­տա­հա­յը ան­շուշտ չէր կրնար ան­մասն մնալ այս ընդ­հա­նուր ոգե­ւո­րու­թե­նէն« լոկ հան­դի­սա­տես մնա­լով հե­ռուն թա­ւա­լող ճա­կա­տագ­րա­կան առ­ճա­կա­տու­մին:  Հայ  հե­րո­սա­մար­տի ար­ձա­գան­գը կը խռո­վէր եգիպ­տա­հա­յու­հին« որ աս­պա­րէզ կու­գար իր սրտի ու բա­զու­կի բա­ժի­նը բե­րե­լու ամե­նազ­գի Կար­միր Խա­չե­րու հո­վանի­ին տակ կա­տա­րուող օգ­նու­թեան ջան­քե­րուն:  Այս ոգի­ով« Աղեք­սանդր­իոյ հա­յու­հի­նե­րը կը նա­խա­ձեռ­նեն Կար­միր Խա­չի միու­թիւն մը կազ­մե­լու աշ­խա­տան­քին եւ ան­մի­ջա­պէս կը փու­թան վի­րա­կապ ու հան­դեր­ձանք հասց­նե­լու ռազ­մա­ճա­կա­տի հայ մար­տիկ­նե­րուն« Գա­հի­րէի« Շարքի­է­յի եւ Խար­թու­մի հա­յու­թեան խան­դա­վառ գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Գա­ղու­թի մը մէջ« ուր այդ օրե­րուն հա­մե­րաշխ մթնո­լորտ մը չէր որ կը տի­րէր« նա­խա­ձեռ­նու­թեան էա­պէս անխտ­րա­կան բնոյ­թը« առա­ջին օրէն իսկ« կÿապա­հո­վէր նո­րա­կազմ միու­թեան ազ­գա­յին հմայ­քը եւ բա­րո­յա­կան վար­կը:  Մինչ այդ« ո°չ մէկ եգիպ­տա­հայ ձեռ­նարկ այդ­քա°ն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեամբ հրա­պա­րակ չէր իջած« ու բնա­կան էր« որ գա­լիք տաս­նամ­եակ­նե­րուն« այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու տակ գոր­ծի սկսող Հայ Կար­միր Խա­չին վե­րա­պահ­ուած էր կա­րե­ւոր դեր մը ստանձ­նե­լու Եգիպ­տա­հայ գա­ղու­թին հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէն ներս:

Սկզբնա­կան օրե­րուն« նո­րա­կազմ միու­թեան Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բը« Ազգ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կար­գադ­րու­թեամբ« իր տրա­մադ­րու­թեան տակ կÿու­նե­նայ Գա­հի­րէի թա­ղա­մա­սե­րէն Պու­լա­քի Ազգ. ման­կա­պար­տէ­զին մէկ սեն­եա­կը« թէ° իր շա­բա­թա­կան ժո­ղով­նե­րը գու­մա­րե­լու եւ թէ° իր առօր­եայ այ­լա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­նո­նա­ւո­րե­լու եւ կեդ­րո­նաց­նե­լու հա­մար: Այ­սու­հան­դերձ« յար­մար գրա­սեն­եա­կի մը — եւ գէթ մէ°կ ձեռն­հաս քար­տու­ղա­րի մը — կա­րի­քը զգա­լի էր ու հետզ­հե­տէ ստի­պո­ղա­կան կը դառ­նար: Մի քա­նի ան­բա­ւա­րար կար­գադ­րու­թիւն­նե­րէ ետք« Վա­րիչ մար­մի­նը պա­տե­հու­թիւնը կÿու­նե­նայ յար­մար գրա­սեն­եակ մը վար­ձե­լու Գա­հի­րէի Էլ Մա­նախ փո­ղո­ցին վրայ:

Իր կազ­մու­թեան առա­ջին օրէն իսկ« վա­րիչ մարմ­նին առաջ­նա­հերթ մտա­հո­գու­թիւնը կþըլ­լայ հա­մա­գա­ղու­թա­յին ճի­գով մը գո­յաց­նել նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ՝ կա­րե­նալ ապա­հո­վե­լու հա­մար հարկ եղած ծրա­գիր­նե­րուն իրա­կա­նա­ցու­մը:  Բնա­կան էր« որ ժո­ղո­վուր­դէն բխած այդ մար­մի­նը« այդ նպա­տա­կաւ« դի­մեր ժո­ղո­վուր­դին բո­լո°ր խա­ւե­րուն: Այ­սու­հան­դերձ« ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց հե­ղի­նա­կու­թե­նէն ան­կախ չըլ­լա­լով« Հայ Կար­միր Խա­չը« զա­նա­զան հան­րա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով տրուած հրա­հան­գի մը հա­մա­ձայն. կը յե­տաձ­գէ ընդ­հա­նուր հան­գա­նա­կու­թեան մը սկսե­լու իր ծրա­գի­րը եւ կը բա­ւա­կա­նա­նայ ինք­նա­բու°խ նուի­րատ­ուու­թիւն­նե­րով« զա­նա­զան ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ եղած յատ­կա­ցում­նե­րով« հե­ռա­կայ քոյր մար­մին­նե­րու տրա­մադ­րած գու­մար­նե­րով եւ Ափ­րի­կէի փոք­րա­թիւ հայ գա­ղութ­նե­րուն մէջ եւս ձեռ­նարկ­ուած վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն­նե­րով:

Տու­եալ պայ­ման­նե­րուն տակ. ՀԿԽ-ի Վա­րիչ մար­մի­նը կո­չով մը կը դի­մէ եգիպ­տա­հայ հա­սա­րա­կու­թեան« յի­շեց­նե­լով բո­լո­րի°ն իրենց ան­յե­տաձ­գե­լի պար­տա­կա­նու­թիւնը՝ հան­դէպ ռազ­մա­ճա­կա­տի վի­րա­ւոր­նե­րուն« եւ ճա­կա­տի ետին տա­ռա­պող տե­ղա­հան ժո­ղո­վուր­դին: Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բը ոգե­ւո­րու­թեամբ ձեռ­նար­կած էր ար­դէն ռազ­մա­ճա­կատ ու­ղար­կե­լի վի­րա­կա­պե­րու եւ հան­դեր­ձան­քի պատ­րաս­տու­թեան:  Պու­լա­քի Ազգ. ման­կա­պար­տէ­զի սրա­հը աշ­խա­տա­նո­ցի վե­րած­ուած էր« ուր կա­մա­ւոր հա­յու­հի­ներ լծուած էին աղէ­տա­հար շրջան­նե­րու պա­տու­հաս­ուած ժո­ղո­վուր­դին ու­ղար­կե­լի տա­քուկ հան­դեր­ձան­քի պատ­րաս­տու­թեան:

Մի­ա­ժա­մա­նակ« ՀԿԽ Բժշկա­կան յանձ­նա­խում­բը« դէ­պի ռազ­մա­դաշտ առող­ջա­պա­հա­կան առա­քե­լու­թեան մը հա­մար« հիւան­դա­պահ­ներ ու բուժ­քոյ­րեր պատ­րաս­տե­լու դա­սըն­թացք մը կը հաս­տա­տէ տեղ­ւոյն ծա­նօթ բժիշկ­նե­րու ­մաս­նակ­ցու-­թեամբ:  Այս դա­սըն­թացք­նե­րը աւար­տած 17 երի­տա­սարդ­ներ« եւ 12 հա­յու­հի­ներ ի հար­կին եր­թալ ծա­ռա­յե­լու կան­խա­յայտ յանձ­նա­ռու­թեամբ — յետ քննու­թեան« կը ստա­նան իրենց հաս­տա­տա­գիր­նե­րը՝ St. John of Jerusalem բժշկա­կան հաս­տա­տու­թեան վկա­յա­կան­նե­րով:

p8-9 Իր լայն գի­ծե­րուն մէջ« այ°ս էր Հայ Կար­միր Խա­չի գոր­ծու­նէ­ու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան շրջա­նը« որուն մէջ հարկ է նշել նա­եւ Մու­սա լե­րան հե­րո­սա­մար­տէն ետք« ֆրան­սա­կան նա­ւա­տոր­մի մի­ա­ւոր­նե­րէն« Jeanne d’Arc ռազ­մա­նա­ւով« իրենց վի­րա­ւոր­նե­րով ու հիւանդ­նե­րով Եգիպ­տո­սի հիւ­րըն­կալ ափե­րը փո­խադր­ուած շուրջ 4 000 կի­լի­կե­ցի­նե­րու խնամ­քի ու հո­գա­ծու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ան­սա­կարկ մաս­նակ­ցու­թիւնը:

Սուէտ­իոյ գաղ­թա­կան­նե­րուն անակն­կալ ժա­մա­նու­մը ցնցեր էր ու տագ­նա­պի մատ­նած եգիպ­տա­հայ գա­ղու­թը: Հե­րո­սա­կան մարտն­չու­մէ ետք« քա­ջա­րի եկ­ուոր­նե­րը կը գտնուէ­ին պե­տա­կան պաշտ­պա­նու­թեան տակ« սա­կայն Փոր-Սա­յի­տի ծո­վե­զեր­եայ աւազ­նե­րուն վրայ  զի­րենք պատս­պա­րող վրան­ներն ու հայ­թայթ­ուած նուա­զա­գոյն քա­նա­կի սնուն­դը չէ­ին բա­ւա­րա­րեր անոնց բազ­մա­պի­սի ու ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րը: Կա­րե­լի չէր« եւ ոչ ալ պատ­ուա­բեր« ամէն ինչ սպա­սել ասպն­ջա­կան օտար­նե­րու մար­դա­սի­րու­թե­նէն. եգիպ­տա­հա­յը պէտք էր իր կա­րե­լին ըներ ամո­քե­լու կի­լիկ­եան վե­րապ­րող­նե­րուն ան­տուն գաղ­թա­կա­նի վիշտն ու ցա­ւը:

Վստահ ժո­ղո­վուր­դին ան­վե­րա­պահ օժան­դա­կու­թեան վրայ« Հայ Կար­միր Խա­չը շտա­պեց դէ­պի Փոր-Սա­յի­տի հայ գաղ­թա­կան­նե­րու ճամ­բա­րը եւ« զի­նուո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ար­տօ­նու­թեամբ« գոր­ծի ան­ցաւ որ­պէս Armenian Red Cross, այդ հան­գա­ման­քին յա­տուկ դիւ­րու­թիւն­նե­րով եւ առանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րով:

Այս­պէս« ՀԿԽա­չը«  բժիշկ­նե­րէ« հիւան­դա­պահ­նե­րէ եւ բոյժ­քոյ­րե­րէ բաղ­կա­ցած իր անդ­րա­նիկ առող­ջա­պա­հա­կան առա­քե­լու­թիւնը Փոր-Սա­յիտ գոր­ծու­ղե­լով«  մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած էր ճամ­բա­րին օտար խնա­մա­կալ­նե­րուն կող­մէ« որոնք եգիպ­տա­հայ գա­ղու­թէն ակն­կալ­ուած աջակ­ցու­թեան շօ­շա­փե­լի ապա­ցոյ­ցը կը գտնէ­ին այս լրջօ­րէն կազ­մա­կերպ­ուած մար­դա­սի­րա­կան ձեռ­նար­կին մէջ:  Վա­րիչ մար­մի­նը« երկ­րորդ կո­չով մը կը հրա­ւի­րէր հա­սա­րա­կու­թիւնը« ան­յե­տաձ­գե­լի կա­րիք­նե­րուն ի տես« ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու գաղ­թա­կան Սուէտ­ի­ա­ցի­նե­րուն« մինչ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բը հան­դեր­ձե­ղէն կը հա­ւա­քէր ու կը պատ­րաս­տէր կի­նե­րուն եւ փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար« որոնք գաղ­թա­կան­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւնը կը կազ­մէ­ին:

Օրը օրին« ՀԿԽա­չի սնտուկ­ներն ու ծրար­նե­րը — զեղջ­եալ գի­նե­րով – կÿու­ղարկ­ուէ­ին Փոր-Սա­յիտ« ուր Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան ար­տօ­նու­թեամբ կազմ­ուած տե­ղա­կան յանձ­նա­խումբ մը եռան­դով կը շա­րու­նա­կէր իր նպաս­տա­հա­ւա­քը՝ քա­ղա­քի բո­լո°ր շրջա­նակ­նե­րուն մէջ« եւ հետզ­հե­տէ Փոր-Սա­յիտ կը հաս­նէ­ին գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար ամէն տե­սա­կի անհ­րա­ժեշտ իրե­ղէն­ներ:  Բաշ­խու­մի ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տան­քը վեր­ջա­նա­լէն ետք« ՀԿԽ-ի մթե­րա­նո­ցը կը մի­աց­ուի Ազգ. իշ­խա­նու­թեանց հա­մա­գա­ղու­թա­յին մթե­րա­նո­ցին:

 

Այ­սու­հան­դերձ« Հայ Կար­միր Խա­չի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը Փոր-Սա­յի­տի ճամ­բա­րէն ներս« տու­եալ պա­րա­գա­նե­րուն տակ« մնա­յուն բնոյթ պի­տի ստա­նար ապա­հո­վե­լու հա­մար հե­տեւ­եալ կեն­սա­կան կա­րիք­նե­րը.-

 

ԱՌՈՂ­ՋԱ­ՊԱ­ՀԱ­ԿԱՆ ԽՆԱՄՔ.- Այս ուղ­ղու­թեամբ ճամ­բա­րէն ներս աշ­խա­տանք­ներ կը սկսէ­ին 1915« Սեպտ. 16-ին« գաղ­թա­կան­նե­րուն տե­ղա­ւոր­ման յա­ջորդ օրն իսկ« կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ գոր­ծու­ղու­ած բժիշկ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Այս­պէս« Հայ Կար­միր Խա­չը գոր­ծի կը ձեռ­նար­կէր եր­կու բժիշկ­նե­րով« երեք հիւան­դա­պահ­նե­րով եւ եր­կու թուժ­քոյ­րե­րով՝ որոնք ՀԿԽ-ի առա­ջին կա­մա­ւո­րու­հի­նե­րը կը հան­դի­սա­նա­յին շրջա­նէն ներս:

ՀԿԽ-ի առող­ջա­պա­հա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը չորս են­թա­բա­ժին­ներ ու­նէր.-

 

ա) Հիւան­դա­նոց.-  Տրուած ըլ­լա­լով« որ կան­խարգել­ման (Quarantine) շէն­քերն ու ան­կո­ղին­նե­րը ար­դէն տրա­մադր­ուած էին ՀԿԽ-ին« հիւան­դա­նո­ցը կա­րե­լի եղած էր բա­նալ առանց ու­շա­ցու­մի« սա­կայն եղա­ծը ան­բա­ւա­րար էր 4.000-է աւե­լի բազ­մու­թեան մը հա­մար« որ այ­լա­զան հիւան­դու­թիւն­ներ« նոյն իսկ հա­մա­ճա­րակ­ներ հրա­ւի­րող զրկանք­նե­րու եւ տա­ռա­պանք­նե­րու բո­վէն քաշկռտ­ուե­լով՝ եկած ին­կած էր Փոր-Սա­յի­տի ափե­րը: Ան­մի­ջա­կան կա­րի­քը կար յա­ւել­եալ ան­կո­ղին­նե­րու« դե­ղօ­րայ­քի եւ բժիշ­կի՝ զորս Հ.Կ. Խա­չը չու­շա­ցաւ հայ­թայ­թե­լէ:

բ) Բազ­մա­բու­ժա­րան (Polyclinic) .- Եր­կու բժիշկ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ հիւանդ­նե­րու քննու­թեամբ ու դե­ղագ­րու­թեամբ զբա­ղող այս են­թա­բա­ժի­նը բաց էր շա­բա­թը եր­կու օր — առա­ւօտ­եան ժա­մը 8-12 եւ յետ մի­ջօ­րէ­ին՝ 3-6:

գ) Ախ­տա­նա­խազ­գու­շա­կան (Preventive Care).- Այս են­թա­բաժ­նի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կÿընդգր­կէ­ին առող­ջա­պա­հա­կան խնամ­քի բո­լո°ր երես­նե­րու հետ կապ ու­նե­ցող անձ­նա­կազ­մի ու կազ­մած­նե­րու ման­րէ­նե­րէ ու վա­րա­կում­նե­րէ զուրկ պա­հե­լու եւ հա­կա­նեխ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը:

դ) Առօր­եայ հսկո­ղու­թիւն.-  Այս ուղ­ղու­թեամբ« եր­կու բժիշկ­ներ« կէ­սօր­ուայ ժա­մը 12-էն 1« կÿայ­ցե­լէ­ին բո­լո°ր վրան­նե­րը« հսկե­լով ապա­քին­ման վրայ եղող հիւանդ­նե­րուն ու տա­րա­փո­խիկ հիւանդ­ներ ան­մի­ջա­պէս ու­ղար­կե­լով հիւան­դա­նոց: Մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան առար­կայ էր վրան­նե­րու մաք­րու­թիւնը:

Շնոր­հիւ ցու­ցա­բեր­ուած բծախն­դիր խնամ­քին« հա­րիւ­րա­ւոր յա­ճախ ծան­րա­պէս հիւանդ գաղ­թա­կան­ներ ապա­քի­նած են ու նոյ­նա­տեն հա­մա­ճա­րակ­նե­րու առաջքն առն­ուած՝ առա­ջին օրէն իսկ գոր­ծադր­ուած սա­նի­տա­րա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով:

 

ՍՆՈՒՆ­ԴԻ ՄԱ­ՏԱ­ԿԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ.- Նկա­տի ու­նե­նա­լով իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ տրա­մադր­ուած սնուն­դին սահ­մա­նա­փակ քա­նա­կը« առ­կայ խո­հա­նո­ցին կող­քին« ՀԿԽա­չը բա­ցաւ յա­ւել­եալ խո­հա­նոց մը՝ որ կը կե­րակ­րէր« բա­ցի հա­րիւ­րէ աւե­լի մա­նուկ­նե­րէ« բո­լոր անոնք« որոնք ապա­քին­ման շրջա­նի մէջ ըլ­լա­լով՝ յա­ւել­եալ սնուն­դի պէտք ու­նէ­ին« ինչ­պէս նա­եւ ստնտու մայ­րե­րը:

Ի տես տա­րուող այս աշ­խա­տանք­նե­րուն« Պօ­ղոս Նու­պար փա­շան Փա­րի­զէն 2.500 ֆրան­քի նուի­րատ­ուու­թիւն մը կÿու­ղար­կէր ՀԿԽ-ին՝ յատ­կաց­ուե­լու Կի­լիկ­իոյ գաղ­թա­կան­նե­րուն կա­րիք­նե­րուն« որուն վրայ« որ­պէս շնոր­հա­կա­լու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն« անոր տրուե­ցաւ Հայ Կար­միր Խա­չի Բա­րե­րար Ան­դա­մ-ի տիտ­ղո­սը:

 Մարտ 1« 1930-ին« Հայ Ազ­գա­յին եւ Հա­յաս­տա­նի Կար­միր Խա­չե­րու մի­աց­ման սկզբուն­քով« կը վե­րա­կազմ­ուի Հայ Կար­միր Խա­չը Եգիպ­տո­սի մէջ: Մինչ այդ« Եգիպ­տա­հայ Կար­միր Խա­չը« ի°ր մի­ջոց­նե­րով ու կազ­մա­կան կա­նո­նագ­րին հա­մա­ձայն իր օժան­դա­կու­թիւնը կը բե­րէր հոն՝ ուր կա­րի­քը կար հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րէ ներս:

 

Եգիպ­տա­հայ Կա­րի­քի Խա­չի մե­րօր­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կա­րե­լի է հա­կիրճ կեր­պով ներ­կա­յաց­նել հե­տեւ­եալ տե­ղա­կան ու հա­մա­հայ­կա­նան ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րու նկա­րագ­րա­կա­նով.-

Տե­ղա­կան մա­կար­դա­կի վրայ« աւե­լի քան 30 չքա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ կա­նո­նա­ւո­րա­պէս ամ­սա­կան նպաստ կը ստա­նան որ­պէս նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն: ԵԿԽ-ի հո­գա­տա­րու­թեան ծի­րը կÿընդգր­կէ նա­եւ« բժշկա­կան խնամ­քի կող­քին« դե­ղօ­րայ­քի հայ­թայ­թու­մը եւ« հարկ եղած պա­րա­գա­յին« վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծախ­սե­րուն ստանձ­նու­մը:

Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան գետ­նի վրայ« գա­ղու­թին կա­րօտ­եալ ու­սում­նա­տենչ զա­ւակ­նե­րը կը ստա­նան նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւն՝  թե­թեւց­նե­լու հա­մար իրենց կրթա­կան ծախ­սե­րը:

Հայ­րե­նի­քի տա­րած­քին« շրջա­նը իր հա­մեստ այ­լեւ շա­րու­նա­կա­կան ներդ­րու­մը ու­նի կրթա­կան« բա­րե­սի­րա­կան եւ առող­ջա­պա­հա­կան կա­ռոյց­նե­րէ ներս – Հայ­րե­նի որ­բե­րու խնա­մա­տա­րա­կան « 18 տա­րի­քը բո­լո­րած ծնո­ղա­զուրկ երի­տա­սարդ-երի­տա­սար­դու­հի­նե­րու Բարձ­րա­գոյն Ուս­ման օժա­նա­դա­կող« դպրո­ցա­կան վե­րա­մու­տե­րուն առ­թիւ գրե­նա­կան պի­տոյք հայ­թայ­թող «Երբ Գա­լիս է Սեպ­տեմ­բե­րը»« Ախուր­եա­նի «Մօր-ու-ման­կան» առող­ջա­կան կեդ­րո­նը« ման­կա­տու­նե­րու մի­օր­եայ ճա­շի« եւ ՀՕՄ-ի «Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ծրա­գիր­նե­րը« իրենց սկզբնա­կան շրջա­նէն իսկ« եղած են ու կը մնան Եգիպ­տա­հայ  Կա­րի­քի Խա­չին հո­գա­տա­րու­թեան մնա­յուն առար­կան:

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 80րդ տա­րե­դար­ձին« մե­ծա­նուն հե­րոս« Սե­րոբ Աղ­բիւ­րի կո­ղա­կից՝ հե­րո­սու­հի Սօ­սէ Մայ­րի­կի աճիւն­նե­րը« ՀՕՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Հա­յաս­տա­նի եւ Եգիպ­տո­սի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեամբ« հան­դի­սա­ւո­րա­պէս փո­խադր­ուե­ցան Աղեք­սանդր­իոյ Շաթ­պիի գե­րեզ­ման­նո­ցէն՝ Երե­ւա­նի Եռաբ­լուր« մար­տի­րո­սա­ցած ազա­տա­մար­տիկ­նե­րու գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:

ՀՕՄ-ը — եւ հայ ազա­տա­տենչ ժո­ղո­վուր­դը« ընդ­հան­րա­պէս — այս ան­նա­խըն­թաց հայ­րե­նա­դար­ձին յա­ջող իրա­կա­նաց­ման դժուա­րին աշ­խա­տան­քին մեծ բա­ժի­նը կը պար­տին Եգիպ­տա­հայ Կա­րի­քի Խա­չին՝ որուն նուիր­եալ ըն­կե­րու­հի­նե­րը« տեղ­ւոյն կու­սակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ու Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­կան կազ­մին աջակ­ցու­թեամբ« իրենց լա­ւա­գոյ­նը ըրին ի խնդիր այդ պատ­մա­կան օր­ուան իրա­կա­նաց­ման:

2009-ի գար­նան  — ՀՕՄ-ի Հա­րիւ­րամ­եա­կի սե­մին — եգիպ­տա­հայ Տէր եւ Տի­կին Ճա­գի եւ Սե­դա Կէվ­րէկ­եան­նե­րը հա­րիւր հա­զար ամե­րիկ­եան տո­լա­րի հիմ­նադ­րամ մը հաս­տա­տե­ցին, որուն տա­րե­կան հա­սոյ­թը կը յատ­կաց­ուի ՀՕՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան Հա­յաս­տա­նի ծրա­գիր­նե­րուն: Գու­մա­րը պահ դրուած է ՀՕՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­ձեռնմ­խե­լի հիմ­նադ­րա­մին մէջ եւ ամէն տա­րի« այդ գու­մա­րի շա­հար­կու­մէն գո­յա­ցած գու­մա­րը պի­տի յատ­կաց­ուի Հա­յաս­տա­նի մէջ ՀՕՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րած ծրա­գիր­նե­րուն գոր­ծադր­ման:

Այս­պէս« հա­կա­ռակ իր նօս­րա­ցած շար­քե­րուն« Եգիպ­տո­սի Խա­չու­հին« Նե­ղո­սի ափե­րուն« փա­րա­ւոն­նե­րու հա­զա­րամ­եայ երկ­րին մէջ« կը շարու­նա­կէ ՀՕ­Մուհիի իր նուի­րա­կան առա­քե­լու­թիւնը՝ գօ­տեպնդ­ուած հա­մա­հայ­կա­կա°ն տես­լա­կա­նի մը պայ­ծառ ապա­գա­յով:

 

ԹԱ­ԹՈՒԼ ՍՈ­ՆԵՆՑ-ՓԱ­ՓԱԶ­ԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles