Ազատամարտիկ, Ազգային Երգերու Կատարող Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Մակիչ) Ոչ Եւս Է

ՀՐԱՆՏ ՄԵԼԻՔ-ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը գուժեց ազատամարտիկ, ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան, գաղափարի ընկեր Մկրտիչ Մկրտչեանի (Մակիչ) անժամանակ մահը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ մտերիմներուն: Այս մասին յայտարարութիւն տարածեց...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

2-3 Նոյեմբերին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի, Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ համահայկական ողջ կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներու ու հրաւիրեալ ընկերներու մասնակցութեամբ գումարուած խորհրդաժողովը:...

ՆՇՄԱՐ.- ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԸՆԾԱՅԱԾ ԱՌԻԹՆԵՐԸ

  Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 5 Նոյեմբեր 2023 Սիմի Վէլի եւ Ուէսթ Լէյք (Քալիֆորնիա, Ա․Մ․Ն․) բնակող բարեկամուհիներ քիչ առաջ հեռաձայնով իմացուցին հետեւեալը: Շրջանին մէջ հրատարակուող եւ ձրիօրէն բաժնուող «Acorn» թերթին 3 Նոյեմբերի...

Ճանչնանք Մեր Բառերը (1)

Արմենակ Եղիայեան armenag@gmail.com Արօր եւ արօր(իկ) Ենթադրելի է, թէ ամէն արեւմտահայ կը ճանչնայ արօր բառը՝ իբրեւ երկրագործական սարք, նոյնիսկ   եթէ տեսած չըլլայ զայն. այս պարագային ի մտի ունիմ լիբանանահայը, որուն...

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Աւետիսեան Դպրոցը Իր Դռները Բացաւ Տեղահանուած Արցախցի Աշակերտներու Դիմաց

2023-2024 կրթական տարեշրջանին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Աւետիսեան դպրոցին մէջ ուսանող 800 աշակերտէն 40-ը, սեպտեմբեր 17-էն սկսեալ, բռնի տեղահանուած են Արցախի Ստեփանակերտ, Մարտունի քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ` Ճարտար, Հաթերք եւ Խնուշինակ...

Երուսաղէմի Հայապատկան «Կովերու Պարտէզ»-ին Մէջ Լարուածութիւն

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը իսրայէլեան «Քսանա Քափիթըլ» ընկերութեան ուղարկած է հայկական թաղամասի շուրջ 25 առ հարիւրի 99 տարիով վարձակալութեան պայմանագիրը ջնջելու նամակ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Մարդկային իրաւանց...

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ԱՐՑԱԽԻ «ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31-ին, Արցախի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան։ Թատերախումբը յաջողութեամբ պսակեց արեւելեան շրջանի իր շրջապտոյտը, որուն ընթացքին ներկայացուց «Երկնքից ընկաւ երեք խնձոր» թատերախաղը, հիմնուած՝ Նարինէ Աբգարեանի...

ՓՐՈՎԻՏԵՆՍԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28-ին, Փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ հանգանակութիւն ի նպաստ Արցախահայութեան։ Ձեռնարկը նախագահեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։ Հովիւ եւ հոգաբարձութիւն, եկեղեցւոյ յարակից...

Արցախը Առանց Արցախցիներու. Ռուսական Ներկայութիւնը «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Կովկասին Մէջ

  Խ. Տէր Ղուկասեան Նիկոլ Փաշինեանը Փրակայի մէջ Արցախը ճանչցաւ Ատրպէյճանի 86600 քառ. քմ. տարածքին մէջ: Արձանագրուած իրողութիւն է պատմութեան համար: Այնպէս ինչպէս այս իշխանութիւններու բառամթերքէն պատմական հայկական հողատարածութեան հայերէն...

Աւթոպիւսեան Օրագրութիւն

Զեփիւռ Աւագեան «Յարգելի ուղեւոր, խնդրում ենք աւթոպիւս բարձրանալիս վճարել երթուղավճարը.  ...», Ամէն առտու գործի գացած պահուս հաճելի կը թուի ինքնաշարժին մէջ լսուող արձանագրուած երիզը, հայերէն բառերու հնչեղութիւնը, որու փոխարէն արաբերէնը...
Social profiles