Արմենակ Եղիայեան
- Արօր եւ արօր(իկ)
Ենթադրելի է, թէ ամէն արեւմտահայ կը ճանչնայ արօր բառը՝ իբրեւ երկրագործական սարք, նոյնիսկ եթէ տեսած չըլլայ զայն. այս պարագային ի մտի ունիմ լիբանանահայը, որուն կեանքին մէջէն շատ շուտ վերացաւ արօրը, որ անցած դարու կէսերուն այնքան տարածուած էր Պեքաայի ամբողջ երկայնքին: Ենթադրելի է, որ Անճարի հայրենակիցները աւելի նպաստաւորուած ըլլան՝ իւրաքանչիւրը ունեցած ըլլալով իր սեփականը մինչեւ … 1950-ականներու սկիզբը, երբ մեքենական քարշակը (tracteur) բրտօրէն մուտք գործեց այնտեղ եւս ՝ մէկ օրէն միւսը ապայժմէացնելով հազարամեակներու եզնաքարշ արօրը:
Սարքին հետ շրջանառութենէ դադրեցան այնքան սիրելի բառեր, ինչպէս՝ խոփ, մաճ, մաճկալ, լուծ, հերկ, ակօս եւ նմանները: Ջաղացն ու աղօրիքը, աղօնն ու սերմնցուն իրենց կարգին: Արդի հայը դժուար թէ ըմբռնէ Դանիէլ Վարուժանի այնքան ջերմիկ ու հարազատ «Հացին երգը» ժողովածուի բառերը, որոնց բոլորին ծանօթ էին մեր անմիջական նախնիները:
Արօրին դէմ շատ աւելի բիրտ պայքար մղուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ուր երկրգործութիւնը մեքենականացնելու որոշումը տրուած էր կեդրոնական իշխանութեան կողմէ:
Ռաֆֆի ունի գողտրիկ երգ մը արօրի մասին, որուն առաջին տունը կ’ըսէ:
Իւր անուշ հոտով բուրէ մանիշակ,
Ի՜նչ հրճուանք այժմ քեզ գործի, մշակ,
Դէ՜, լծէ դու քո արօր եւ գութան[1],
Ցանել պտղաւէտ սերմունք գիտութեան:
* * *
Հայերէնը արօր (իկ) կը կոչէ նաեւ երկայնակտուց, վառեակի խոշորութեամբ գաղթող թռչուն մը, որուն տեսակը վտանգուած է եւ որոշ տարածում ունի Հայաստանի մէջ: Ան առարկայ դարձած է ժողովրդական գողտրիկ երգի մը, որ կը սկսի հետեւեալ բառերով.
Արօրն ասաց տատրակ հաւքուն.
«Ինչո՞ւ կու լաս կուց-կուց արուն,
Երթայ-լցուի փոքրիկ առուն»:
—հաւք(ուն), այսինքն՝ թռչուն(ին):
—տատրակ կը նշանակէ վայրի աղաւնի:
—կուց-կուց կը նշանակէ ափերով. կուց-ափ:
—արուն, այսինքն՝ արիւն:
—առու(ն), որ է ջուրի պզտիկ հոսանք, երիզ:
Երգին ամբողջութինը կրնաք գտնել Google-ով:
Այնտեղ կրնաք գտնել Կոմիտասի սքանչելի մեկնաբանութիւնը եւս:
Զայն շատ շնորհալի երգողներէն եղած է Արմենակ Շահմուրատեանը:
- Ափ եւ ափն
Սկսելու համար ըսեմ, որ արդի հայը հազիւ թէ գիտնայ, որ մենք ունեցած ենք եւ ունինք իրարանման երկու տարբեր բառեր: Հայր Կռանեանը, օրինակ, կը ճանչնայ մէկ ափ, որ խառն ի խուռն եւ հաւասարապէս կը նշանակէ՝ «ձեռքի մէջը, բուռ, եզերք»:
Մինչդեռ՝
–Մէկը՝ ափ է, որ թաթի մատներուն միջեւ գտնուող տափարակ մասն է, որ տեղին համեմատ կը կոչուի նաեւ բուռ. «ափ մը ցորեն» կամ «բուռ մը ցորեն» նոյնանիշ են. ֆրասերէն՝ paume, անգլերէն՝ palm, իտալերէն՝ palmo:
Այս նշանակութեան հետեւողութեամբ յառաջացած են հետեւեալ բառերը.
ափիբերան – որ կը նշանակէ զարմացած, պապանձած:
ափյափոյ – որ կը նշանակէ հարեւանցի, վեր ի վերոյ, հապճեպ. արեւելահայերը կ’ըսեն՝ ձեռաց, արաբերէնն ու թրքերէնը՝ հայալլա:
ափաչափ – ափի մը չափով, ծաւալով. ասոր բարբառային ձեւն է՝ ափչաք:
–Իսկ միւսը՝ ափն է, որ կը նշանակէ եզերք, մասնաւորաբար ջրային տարածութեան մը. օրինակ՝ ծովուն ափը, այլեւ գետին, ուրեմն՝ ծովափ(ն) եւ գետափ(ն). ածականները՝ գետափնեայ, ծովափնեայ:
Նաեւ ծայրամաս, օրինակ՝ փոսի, ձորի, ջրհորի. «Առ ափն ջրհորին» կը նշանակէ ջրհորին եզերքը: Այլեւ՝ հեռաւոր, անծանօթ, խորթ տարածքներ, ինչպէս՝ «օտար ափեր»:
Այս արմատէն յառաջացած է քարափ(ն), որ կը նշանակէ պարզապէս ժայռ, նաեւ՝ գետի կամ ծովու եզերքին կառուցուած քարային տարածութիւն, ուր կը հաւաքուին նաւէն իջնողները կամ նաւ բարձրացողները, եւ կը կուտակուին ներկրելի կամ արտակրելի ապրանքները:
* * *
Գրաբարի մէջ այս երկուքը յստակօրէն կը զանազանուէին. այսպէս՝
–ափ -ափոյ -յափէ -ափով. ափք -ափոց -յափոց -ափովք (ափօք):
–ափն-ափան-յափանէ-ափամբ. ափունք-ափանց-յափանց-ափամբք:
Աշխարհաբարի մէջ ափն կորսնցուցած ըլլալով բառավերջի «ն» բաղաձայնը, երկուքը ձեւով նոյնացած են եւ հաւասարապէս կու տան՝
—ափ-ափի-ափէ-ափով. ափեր-ափերու-ափերէ-ափերով:
Ձեւի եւ հոլովներու նոյնացումն ալ պատճառ դարձած է, որ կամաց-կամաց աղօտի ասոնց իմաստային տարբերութիւնը, եւ շփոթուին երկու բառերը ու ընկալուին իբրեւ մէկ բառ:
«Ափն» ձեւը պահուած է միայն գետափնեայ եւ ծովափնեայ ածականներուն մէջ:
[1] Արօրի աւելի մեծ ու բարդ մէկ տարբերակը