Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Աւետիսեան Դպրոցը Իր Դռները Բացաւ Տեղահանուած Արցախցի Աշակերտներու Դիմաց
2023-2024 կրթական տարեշրջանին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Աւետիսեան դպրոցին մէջ ուսանող 800 աշակերտէն 40-ը, սեպտեմբեր 17-էն սկսեալ, բռնի տեղահանուած են Արցախի Ստեփանակերտ, Մարտունի քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ` Ճարտար, Հաթերք եւ Խնուշինակ գիւղերէն: Եւ այսպէս, Արցախէն տեղահանուած աշակերտներուն հոսքը Աւետիսեան դպրոց կը շարունակուի:
1-12-րդ դասարանի արցախցի աշակերտներուն համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները` կրթօճախի նոր միջավայրին մէջ ներգրաւուելու եւ բարձրորակ ուսում ստանալու համար: Անոնց հետ կ՛աշխատի դպրոցին հոգեբանը: Կրթօճախը տեղահանուած աշակերտներուն օժանդակած է գրենական պիտոյքներու եւ դասագիրքերու ձեռքբերման համար: Եւս 4 արցախցի երեխայ ընդգրկուած է Աւետիսեան կրթահամալիրի մանկապարտէզին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կեդրոնը կրթական հաստատութիւն մըն է, որ կը տրամադրէ 12-ամեայ բարձրորակ, համակողմանի եւ անվճար կրթութիւն:
Դպրոցի շէնքին ժամանակակից ճարտարապետութիւնը կը դիւրացնէ եւ կը բարելաւէ ուսումնական գործընթացը: Կրթահամալիրը արժանացած է «LEED Արծաթ» հաւաստագրին` իբրեւ բնապահպանական պահանջներուն համապատասխանող նախագիծ եւ տարածաշրջանին մէջ այսպիսի եզակի կառոյցներէն մէկը:
Նորագոյն արհեստագիտութեամբ յագեցած այս դպրոցը կ՛աջակցի Երեւանի հարաւարեւմտեան թաղամասի գլխաւորապէս ցած եկամուտ ունեցող համայնքին:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան առաքելութիւնը հասարակութեան խոցելի խումբերը անհրաժեշտ գործիքակազմով զինելն է` դառնալու բազմակողմանի զարգացած քաղաքացիներ եւ իւրացնելու սեփական ներուժ: Վերջին չորս տարիներու ընթացքին կրթահամալիրին աւագ դպրոցը ունեցած է 111 շրջանաւարտ, որոնց հարիւր առ հարիւրը կրթութիւնը շարունակած է երկրի յառաջատար համալսարաններուն մէջ: