Երուսաղէմի Հայապատկան «Կովերու Պարտէզ»-ին Մէջ Լարուածութիւն

0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը իսրայէլեան «Քսանա Քափիթըլ» ընկերութեան ուղարկած է հայկական թաղամասի շուրջ 25 առ հարիւրի 99 տարիով վարձակալութեան պայմանագիրը ջնջելու նամակ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան, «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան:

Սակայն նամակէն կարճ ժամանակ ետք այդտեղ կացութիւնը լարուած է, յատկապէս` բնակեցուածներու, բանակի զինեալ ծառայողներու եւ շուներու ժամանումէն ետք: Ստեղծուած կացութենէն մեկնելով` հայ համայնքի ներկայացուցիչները, հայոց պատրիարքը եւ հոգեւորականները եկած են «Կովերու պարտէզ»:

«Քերքոնեան Տաճանի ընկերութիւնը, փաստաբան Կարօ Ղազարեանը, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը եւ փաստաբանական ամբողջ խումբը կապի մէջ են համայնքի ղեկավարներուն հետ եւ կը հետեւին կացութեան` ձեռնարկելով «Կովերու պարտէզ»-ին մէջ լարուած կացութիւնը հանդարտեցնելու միջոցներ:

Յունիս 2023-ի Քերքոնեան Տաճանի ընկերութեան գլխաւորած փաստաբաններու եւ խորհրդականներու խումբը կատարած է փաստահաւաք առաքելութիւն, որուն մասնակցած է նաեւ Իրաւունքի եւ արդարութեան «Թաթոյեան» հիմնադրամը:

Այդ առաքելութենէն առաջ Երուսաղէմի հայ համայնքէն ահազանգեր ստացուած էին, որ հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կոչուող վայրին մէջ պիտի կառուցուէին պանդոկ ու ժամանցի վայրեր, իսկ յարակից թաղամասերէն պիտի վտարուէին բնակիչները, որոնք պատմականօրէն կը բնակին Սուրբ Յակոբ հայկական վանքի տարածքին մէջ: Լրջօրէն պիտի վտանգուէր նաեւ հայկական թաղամասի թանգարանը եւ պիտի տեղափոխուէր գերեզմանատունը:

Հաւաքուած փաստերուն հիման վրայ փաստաբանական խումբը պատրաստած է 184 էջնոց զեկուցում, որ կը ներառէ էական ապացոյցներ: Անոնց հիման վրայ ձեռնարկուեցան իրաւական քայլեր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles