Զեփիւռ Աւագեան
«Յարգելի ուղեւոր, խնդրում ենք աւթոպիւս բարձրանալիս վճարել երթուղավճարը. …»,
Ամէն առտու գործի գացած պահուս հաճելի կը թուի ինքնաշարժին մէջ լսուող արձանագրուած երիզը, հայերէն բառերու հնչեղութիւնը, որու փոխարէն արաբերէնը լսած էինք երկար տարիներ. կրկնութեան գնով կը լսեմ. մտքովս կ’այպանեմ երբեմն 100 դրամը փոխադրամիջոցին զլացողը, բայց ամէն անգամ ալ կը զայրանամ աւթոպիւս բառէն ու կ’ուզեմ ելլել վարիչին ըսել որ այդ բառը հայերէն չէ, եւ ընկերութեան պատասխանատուներուն կարելի է առաջարկել «հանրային փոխադրամիջոց»ը…բայց արդեօք արեւելահայը այն ատեն պիտի հասկնա՞ր խօսուածը: Կ’որոշեմ լռել…
Օր մէկ
Սեպտեմբերի առաջին օրերն են, օդը հաճելի մեղմ զովութիւն մը կը պատէ ամէն կողմ. կ’որոշեմ քիչ մը շրջագայիլ բայց ո՞ւր երթալ.բնակած թաղս վերէն վար չափելէ ետք կ’որոշեմ հանրային փոխադրամիջոցով այլ շրջան մը երթալ. Դէմս ելլող պաղպաղակ ծախող աղջկան կը հարցնեմ այդ ուղղութեամբ գացող փոխադրամիջոցին թիւը ու կը բարձրանամ:
Ինքնաշարժին մէջ մէկէ աւելի մաքուր տարազով միօրինակ հագած աշակերտներ կային, որոնք ճամբան զիրար մնաք բարով ըսելէ ետք իջան:
Կողքիս հազիւ տասը տարեկան պզտիկ տղայ մը նստած էր, դպրոցական պայուսակը կռնակը դրած կը մրափէր. Յանկարծ արթնցաւ ու հարցուց.
– Մասիւ հասել ենք՞:
Բայց չէ որ ամէն պարագայի չէի գիտեր այդ փոխադրամիջոցի ուղեւորութեան գիծը, այս անգամ ես իրեն հարցուցի.
-Այս ինքնաշարժը մինչեւ Մասիւ կը հասնի՞:
Դրական պատասխան ստացայ ու զարմացայ թէ ինչպէ՞ս մօտաւորապէս մէկ ժամ հեռու գտնուող դպրոց մը այս պզտիկ տղեկը ամէն օր պիտի երթար ու գար առանց ծնողքի ընկերակցութեան: Կը հիանամ Հայաստանցի երեխաներու ինքնավստահութեան եւ համարձակութեան: ես կ’իջնեմ ինք սակայն կէս ժամ մը պէտք է ուղեւորուի որ տեղ հասնի: Արդեօ՞ք քնացած կը մնայ աթոռին վրայ՞…
Օր երկու
Ահաւոր խճողում է կրկին աւթոպիւսին մէջ, Երեւանցին բարեբախտաբար «իր իրաւունքը պաշտպանել» գիտէ ու երբ աւթոպիւսը կը հասնի կանգառ վաթսուննոց կին մը կ’արգիլէ վարիչին կենալ կանգառին մօտ եւ նոր ուղեւորներ վերցնել:
Կը զարմանամ վարիչին հետ խօսած ոճին. Բայց, իրաւունք է՛, պէտք է պաշտպանել:
-Արդէն տեղ չկայ ոնց մարդ վերցնել, շունչ չկայ իրար կոխռտում են, եկեղեցիին մօտ չկանգնե՜ս:
-Բայց ո՞նց չկանգեմ կանգառին: Իմ յանցանքը ուր ա՞:
-Մենք քեզ կ’ասենք դուն ալ քո պատասխանատուներիդ կը փոխանցես: Էս երթուղիի վրայ աւել աւթոպիւս է պէտք: Յետոյ յաւելեալ մարդու համար դու յաւելեալ փող կը վերցնես: Քայլի՛:
Խիստ էր կնկան ձայնը ու վարիչը կ’ենթարկուի:Եկեղեցւոյ մօտի կանգառը մարդիկ կը սպասէին, անոնք զարմացած նայեցան սուրացող ինքնաշարժին, չհասկնալով պատահածը՝մեզմէ բացի ո՞վ կրնար հասկնալ եղածը: Յաջորդ փոխադրակառքը կէս ժամ վերջ հազիւ պիտի գար ու իրենք հոն գամուած պիտի մնային:
Բայց որու հոգը…Բարեբախտաբար մենք տեղ հասանք՝ եկեղեցւոյ կանգառը մնացողներէն չէինք:
Օր երեք
Զիրար կրթելը Երեւանցիի առաւելութիւններէն է՝ որպէսզի «աւանդութիւնները պահուին»: Աւթոպիւսին մէջ ալ աւանդութիւնը նոյննէ եթէ անհրաժեշտ է պէտք է ուղղել: Այսպէս կարելի չէ տարեց մը ոտքի մնայ եւ երիտասարդը նստի աթոռին. Այս սովորութիւնները կարելի եղած չափով կը յարգուին, բայց վա՜յ եկեր է եթէ յանկարծ մէկը անտեսէ այս պարագան:
Աշակերտներու դպրոցէն արձակուած ժամուն ես ալ աւթոպիւսին մէջն եմ: Յանկարծ չորցած ծերուկ մը կը բարձրանայ եւ նստելու տեղ չի գտներ.
Ճարահատ հազիւ տասը տարեկան դպրոցականի մը վիզին փաթթուեցաւ պախարակելով, որ
-Ո՞նց կարելի է տարեցներին տեղ չտալ. Ի՜նչ օրերու մնացեր ենք…
Երեխան ինք ու դպրոցական պայուսակը մէկ կողմ անցան եւ տարեցը նստաւ անոր տեղ:
Յաջողած էր:
Երեխային աչքերը լեցուած էին ու հազիւ ինքզինք կը պահէր. Կարծեմ անկէ ետք աւթոպիւս պիտի չբարձրանայ: Հակառակ շուրջիններու ճիգերուն տղեկը շարունակեց ոտքի մնալ անտեսելով ուրիշներէ եկած նստելու առաջարկները:
Օր չորս
Այսօրուան հերոսը երիտասարդ աղջիկ մըն էր: Կրկին ինքնաշարժը խճողուած էր, դուռը հազիւ կը բացուէր ու կը գոցուէր: Այդ խճողումին մէջ հազիւ 25 տարեկաննոց աղջիկը, որ անմիջապէս դուռին ետեւ կեցած էր ճչաց՝ «ոտքս», ու անհաշիւ գոռաց վարիչին, այպանելով զինք թէ ի՞նչպէս դուռը կը գոցէ առանց լուր տալու:
Բնականաբար վարիչն ալ զարմացած էր՝ ինծի պէս, անակնկալ պոռթկումին համար.
-Ես ոնց՞ կարող եմ տեսնել ոտքդ:
Վիճաբանութիւնը երկարեցաւ, ո՛չ վարիչը լռեց, ո՛չ աղջիկը, մինչեւ որ տարեց կին մը ցասումով լռեցուց աղջկան.
-Թողէ՛ք որ վարիչը հանդարտ քշի:Ինչ էք նրա ներվերը խանգարում:
Նորէն ոչ հայերէն բառ կար կնկան խօսածին մէջ, բայց կրկին լռել պէտք էր:
Վերջապէս հանդարտեցաւ ինքնաշարժի մթնոլորտը. Վարիչը շարունակեց իր ճամբան, սակայն աղջիկը քիթին տակէն տակաւին կը մրթմրթար:
Օր հինգ
Կրկին ահաւոր խճողում է նոյն ճամբու ինքնաշարժին մէջ. Ձմրան օրերուն գոց պատուհաններուն ու տաքցնող օդորակիչներու աշխատելով ներսի մթնոլորը ե՛ւ կ’ապականի ե՛ւ հեղձուցիչ կը դառնայ:Արդէն համաճարակներն ալ ծայր առած են:
Գանգատներու ալիքը կը սկսի, մէկը կը հրամայէ պատուհան բանալ չխեղդուելու համար, միւսը պատուհանը փակել՝ չէ որ դուրսէն պաղ կու գայ:
Հակասական կարծիքներ առանց լուծումի իրար կը բախին մինչեւ որ մանկամարդ աղջիկ մը ուշաթափ կ’ըլլայ: Հազիւ պոռչտալով կը յաջողին հասկցնել վարիչին որ պէտք է կանգ առնէ, որպէսզի աղջիկը ինքնաշարժէն իջեցնեն:
Հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ տեղ կը հասնիմ՝ նայինք երբ է ասոր լուծումը կը մտածեմ:
Օր վեց
Գործէ վերադարձի ժամն է այսօր. բայց քանի մը կանգառ եւ արդէն ինքնաշարժը խճողուած է: Քաղաքի բոլոր հարցերը հոս կը լուծուին, քաղաքապետէն մինչեւ աղբահաւաքներ, վարիչներու կարգ ու կանոնը՝ իրաւունք ունի խօսելու թէ ոչ:
Վերջապէս Շուէտէն այցելութեան եկած ուղեւոր մը կ’ուզէ Շուէտին մօտեցնել Երեւանը ու այնտեղի բարեմասնութիւններուն մասին կը խօսի, որոնք հոս ալ պէտք է կիրարկել՝ չէ՞ որ պէտք է զարգանանք… «Երեւանը ինչո՞ւ ետ մնայ Շուէտէն. Աս ալ մերինն է, չէ՞:»
Օր եօթ
Յունիսի տաք օր մը հրմշտուքը սկսած է.
-Պիտի կտրտուիմ…
Բարեբախտաբար ես նստած եմ եւ կտրտուելու վախ չունիմ:
-Վաղը ցոյց է լինելու բոլորդ եկէ՛ք հրապարակ.Արցախը տալու են:
-Ի՞նչ ցոյց, իմ երկու տղերքս սահմանի զինուոր են ծառայում: Բաւ է…
*Սեպտեմբերի սկիզբ մօտաւորապաէս բոլոր երթուղիներու փոխադրակառքերը փոխարինուեցան նորերով:
Օր ութ
Սեպտեմբեր 19-ի առաւօտն է, կը բարձրանամ աւթոպիւս, ուր քար լռութիւն կը տիրէ. Ուշադրութիւնս կը գրաւէ մանկամարդ աղջիկան մը լացը, բայց չեմ համարձակիր հարցնել:Քիչ ետք ընկերուհին կը մօտենայ, կը փաթթուի իրեն, ինք ալ լալաով կ’ըսէ.
– Այդ գիւղէն լուր չկայ:
Հասկնալի էր տեղահանութիւնը սկսած էր Արցախէն եւ գիւղեր կային որոնց հետ կապը կտրուած էր:
-Աւթոպիւսն ալ երթուղին կը փոխէ, ճամբաներ կան որ ցուցարարները գոցած են:
Օր ինն
Ձմեռը եւ անձրեւները կրկին սկսան, եւ աւթոպիւսեան խճողուածութիւնը նոյնն է: Մէկը պատուհանը բանալ կը փափաքի, միւսը փակել:
-Կարեւոր սահմանային հարցեր թողած անիմաստ վէճեր ենք ունենում. կը պոռայ անդի ծայրէն մէկը: Ու կրկին քար լռութիւն է:
Հակառակ նոր հասած մեծ թիւով աւթոպիւսներուն տակաւին խճողումը նոյնն է: Երեւի արցախցիներու ներկայութիւնը քաղաքին մէջ որոշ խճողում կը ստեղծէ: Ուր երթան խեղճերը մաս մըն ալ Երեւան պիտի գային երեւի:
Ակամայ կը յիշեմ Նիկողոս Սարաֆեանի «գնացքը» երկը…
Երեւանի աւթոպիւսները իրենց բնականոն ընթացքը կը շարունակեն: