Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5 Նոյեմբեր 2023
Սիմի Վէլի եւ Ուէսթ Լէյք (Քալիֆորնիա, Ա․Մ․Ն․) բնակող բարեկամուհիներ քիչ առաջ հեռաձայնով իմացուցին հետեւեալը:
Շրջանին մէջ հրատարակուող եւ ձրիօրէն բաժնուող «Acorn» թերթին 3 Նոյեմբերի թիւին մէջ լոյս տեսած է «Fire of Anatolia» խորագրեալ հետեւեալ լուրը-ծանուցումը (ստորեւ նկարն ու բովանդակութիւնը).
The dance show, inspired by the mythological land cultural history of Anatolia, Turkey, helps celebrate the Republic of Turkey’s 100th anniversary. Part of the proceeds from tickets and sponsorship will go to help people affected by the earthquakes in Turkey this year. 8 p.m. Nov.7, Kavli Theater, 2100 East Thousand Oaks, Boulevard, tickets $79-$130.
Չենք ուզեր կանգ առնել by the mythological land cultural history of Anatolia, Turkey բառերուն վրայ եւ հարց տալ, թէ խօսքը ինչպիսի՞ պատմութեան եւ մշակոյթի մասին է: Չենք ուզեր խօսիլ նաեւ նման թերթերու այլապէս ընձեռած դաշտերուն մասին: Մեզ հետաքրքրողը այն է, որ հոս, մեր «քթին տակ» կազմակերպուած է ձեռնարկ մը, որ հայերուս, մասնաւորաբար երիտասարդութեան ու Հայ Դատի գործիչներուն կ’ընծայէ իւրայատուկ առիթ մը: Կարելի է անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկել մեր ժողովուրդը եւ ԳՈՐԾԻ անցնիլ, ցուցական քայլերով աշխատիլ խափանել այս ձեռնարկը, իսկ եթէ երկու օրուան մէջ նման տարողութեամբ գործ կարելի չէ իրականացնել, ապա ոճրածին պետութիւնը դատապարտող պաստառներով ու թռուցիկներով «միջամտել» այս ձեռնարկին, հոն հաւաքուողներուն աչքերուն դիմաց պատռել «Գորշ քայլ»ին դիմակը:
Հաւանաբար սա միայնակ ձեռնարկը չէ, որ Թուրքիոյ պետութեան դրդումով եւ հովանաւորութեամբ կը կազմակերպուի Աթաթիւրքիին կողմէ հաստատուած «հանրապետութեան» 100-րդ տարեդարձին առիթով. հաւանաբար նման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին այլուր, այլ երկիրներու մէջ եւս: Հետեւաբար, կ’արժէ, որ մեր ռատարները բաց պահենք եւ օգտագործենք թուրքերուն կողմէ՛ իսկ մեզի ներկայացող առիթները, յիշեցնելու, որ «Կարմիր սուլթան»ին ժառանգորդ իթթիհատականներուն եւ անոնց առաքելութիւնը անշեղօրէն շարունակող այսօրուան Թուրքիոյ վարքագիծին մէջ էական ոչինչ փոխուած է, Էրտողաններ կրնան պաղեստինցիներուն տառապանքներուն համար դատապարտել ոճրագործ իսրայէլը, սակայն չեն կրնար ջնջել ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, որ հարուստ է թրքական ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՎ, որոնց տարբերակները կը կատարուին Կազայի, Արեւմտեան Ափին, Հարաւային Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլուր:
Մեր առաջարկածը ՄԵԾ ԳՈՐԾ չէ, այլ ցուցական նուազագոյն միջոցառում մը, կաթիլ մը ճիգ՝ թուրքին դիմակազերծման եւ մեր արդար իրաւունքներուն հրապարակման ճամբուն վրայ:
***
…Անցեալ դարու 60-ականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ, երբ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը նոր եւ ազդու գործի «դարաշրջան» մը թեւակոխած էր, մէկ կողմէ՝ Մ.Ա.Կ.-ի ուղղութեամբ, միւս կողմէ՝ տարբեր երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, իսկ այլ գիծերու վրայ՝ համայնավարներու տիրապետութեան տակ եղող Հայաստանի մէջ իսկ «Մեր հողերը, մեր հողերը» նշանախօսքին հնչեցումով ու յուշակոթողներու բարձրացումով (պատմութեան միւս դրուագները ծանօթ են), Ապրիլ 24-ը դարձած էր մեր իրաւունքներուն յիշեցման ցուցական արարքներու ժամադրավայր մը:
70-ականներու սկիզբը, Ապրիլի մը, Պէյրութի մէջ լուր տարածուեցաւ, որ թուրք ուսանողներ Ամերիկեան համալսարանի մէկ համբաւաւոր սրահին մէջ (վերի ծանուցումին մէջ յիշատակուած սրահն ալ նշանաւոր սրահ է այդ շրջանին մէջ) կազմակերպած են «թրքական մշակոյթի շաբաթ» մը եւ իբրեւ յարմարագոյն թուական, ընտրած են… Ապրիլ 24-ի շաբաթը: Հայկական ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններ, օրուան ղեկավարներուն քաջալերանքով, զօրաշարժի ենթարկուեցան: Հանդիսութեան բացման օրը, հազարաւոր երիտասարդներ, պաստառներ պարզած, խմբուեցան Ամերիկեան համալսարանի նշեալ սրահին առջեւ եւ բառացիօրէն գրաւեցին շէնքը: Համալսարանի պահակները անակնկալի մատնուած էին, փորձեցին արգիլել հայութեան ցոյցը, բայց արդէն ուշ էր. անոնց փորձը յաջողութիւն չգտաւ:
Թուրք ուսանողները, որոնց թիւը քանի մը տասնեակը չէր անցներ, ջղագառութեան մատնուեցան: Քանի մը հոգի փորձեց խռովութիւն ստեղծել եւ ձեռնամարտի բռնուիլ հայ ուսանողներու հետ, սակայն դաւը չյաջողեցաւ: Հուսկ, թրքական շաբաթը խափանուեցաւ: Թրքական դեսպանատունը ահագին աղմուկ բարձրացուց, սակայն Լիբանանի մէջ հայութեան ի նպաստ ստեղծուած մթնոլորտը, շնորհիւ երկարաշունչ աշխատանքի, տեղ չտուաւ թրքական վրդովմունքին:
***
Այդ օրերուն, հայութիւնը նման աշխատանքի համար չունէր սեփական պետութեան յենարանը: Այսօր ունինք անկախ պետութիւն, որուն իշխանութիւնը…