2-3 Նոյեմբերին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի, Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ համահայկական ողջ կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներու ու հրաւիրեալ ընկերներու մասնակցութեամբ գումարուած խորհրդաժողովը:
Սոյն Խորհրդաժողովի հիմնական օրակարգն էր՝ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանական յարձակումներու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան բռնի հայաթափումի լոյսին տակ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ ծառացած մեծ մարտահրաւէրները:
Երկօրեայ բազմակողմանի քննարկումներով ժողովը անդրադարձաւ արցախահայութեան առաջնահերթ ընկերային ու տարրական կարիքներուն, Ատրպէյճանի կողմէ դեռ շարունակուող յարձակողապաշտ ու ցեղասպան լկտի քաղաքականութեան, Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած ռազմա-քաղաքական ղեկավարութեան հարցին, Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան կարեւորագոյն օղակներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, միջազգային ու տարածաշրջանային քաղաքական իրադրութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապաշնորհ ու պարտուողական քաղաքականութեան:
Վերոնշեալ քննարկումներու լոյսին տակ, ժողովը ձեւաւորեց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնք պիտի հունաւորեն համադաշնակցական ընտանիքի քաղաքական ու աշխատանքային յառաջիկայ քայլերը եւ որոնք պէտք է դառնան ազգի ու հայրենիքի ճակատագրով մտահոգուած եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական ազգային պայքարի կամքը վերականգնող ներազգային բոլոր ճիգերը շաղկապող առանցք:
6 Նոյեմբեր, 2023
Հ․Յ․Դ․ Մամլոյ դիւան