ՓՐՈՎԻՏԵՆՍԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:51 Second

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28-ին, Փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ հանգանակութիւն ի նպաստ Արցախահայութեան։ Ձեռնարկը նախագահեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։

Հովիւ եւ հոգաբարձութիւն, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններ եւ քոյր կազմակերպութիւններ գովելի նախաձեռնութեամբ յընթացս ճաշկերոյթի ի նպաստ եկեղեցւոյ դրամահաւաքը յատկացուցած էին Արցախի հայութեան զօրակցութեան սուրբ նպատակին։

Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար։ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն․ Նազարեան՝ հոգեւոր հովիւ, դրուատեց ծխականներու եւ բարեկամներու անվերապահ աջակցութիւնը եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներու յաջողութեան ի խնդիր։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ նոր վերադարձած էր Հայաստանէն, զեկոյց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արցախահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբի՝ Արցախի հայերու հետ հանդիպումի մասին։ Սրբազան Հայրը, բարձրօրէն գնահատելէ ետք Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ այս օրինակելի ձեռնարկը, ամենայն կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ հայ ազգի  ճակատագրական այս շրջանին, երբ մեր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերը կ՛ապրի, երբե՛ք պէտք չէ կորսնցնենք մեր Հաւատքը՝ Աստուծոյ հանդէպ, Յոյսը՝ բարօր ապագայի հանդէպ, եւ Սէրը՝ Հայրենիքի հանդէպ։

Հանգանակութիւնը կրկնակի յաջողութեամբ պսակուեցաւ ժողովուրդի սրտաբուխ նուէրներով, եւ կանխատեսուած 10.000 տոլարի փոխարէն 23.000 տոլարի պատկառելի գումար մը գոյացաւ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles