Արցախը Առանց Արցախցիներու. Ռուսական Ներկայութիւնը «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Կովկասին Մէջ

0 0
Read Time:9 Minute, 2 Second

 

Խ. Տէր Ղուկասեան

Նիկոլ Փաշինեանը Փրակայի մէջ Արցախը ճանչցաւ Ատրպէյճանի 86600 քառ. քմ. տարածքին մէջ: Արձանագրուած իրողութիւն է պատմութեան համար: Այնպէս ինչպէս այս իշխանութիւններու բառամթերքէն պատմական հայկական հողատարածութեան հայերէն անուանակոչման բացառումը եւ անոր պաշտօնական փոխանակումը ‘Լեռնային Ղարաբաղ’ով: Ընդհուպ մինչեւ հրապարակային ներողամտութեան հայցումը ‘Արցախ’ի սխալմամբ գործածման պարագային… Փաշինեան չի՛ ժխտեր այդ մէկը: Ընդհակառակը, առիթ չի՛ փախցներ հաստատելու որ, այո՛, այդպէս է: Կարծես հպարտ ըլլայ ըրածին համար որպէս իրագործում: Կամ ալ, ինչպէս անոր դաւաճանութեան վստահութիւնն ունեցողները կը հաւատան, Արցախը Ատրպէյճանի մաս կազմելու ընդունումը իրեն համար իսկապէս հպարտառիթ իրագործում մը ըլլայ, քանի որ միշտ ալ հաւատացած է «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք» վարկածին: Իսկ ատենին «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»ի նման յուզումնալից պոռթկումներ իր ամբոխահաճոյի բնազդին պատահական, ոչ մտածուած, ազդեցութեան տակ միայն ըրած ըլլալու է, եւ սխալած:

Կասկածելի է, սակայն, որ «Արցախը տանք, հանգիստ ապրինք»ի տրամաբանութեան մէջ ընդգրկուած ըլլար բնակչութեան բռնի տեղահանումը Հայաստան, էթնիկ զտումի ցեղասպանական ծրագրի իրականացումը այնպէս ինչպէս զգուշացուցած էր իրաւագէտ, Քրէական Միջազգային Ատեանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ Օգոստոսի սկզբնաւորութեան Արցախի այն ժամանակուայ ամբողջական շրջափակման հետեւանքներուն մասին իր պատրաստած զեկոյցին մէջ: Ընդհակառակը, եթէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի խաղաղ «ինտեգրումը» տեղի ունենար, ոչ միայն պիտի արդարացուէր «տարածաշրջանային խաղաղ դարաշրջան»ի փաշինեանական առաջարկը որպէս պետական մարդու տեսլական, այլ նաեւ պիտի հաստատուէր իր եւ Թաւշեայ Յեղափոխութեան հէքիաթագիրներուն համոզումը, որ ժողովրդավարութեան հայկական «բրենդ»ը հզօր է այնքան որ կրնայ Շուշիի մէջ մուղամահունչ թէյասեղանով իրարու մօտ բերել երբեմնի թշնամիները… Դժբախտաբար, Ալիեւը դուրս չեկաւ այն քաղաքակիրթ պետական այրը որուն հետ Փաշինեան Արցախի բանակցութիւնները զէրօ կէտէն սկսելու եւ բարեյաջող աւարտին հասցնելու հաւակնութիւնը ունէր:

Հարիւր հազար եւ աւելի արցախցիներու բռնի տեղահանումը Հայաստան, իշխանութիւններուն համար ստեղծեց տիլեմաներ որոնց մասին երբեք չէր մտածուած Երեւանի մէջ: Եւ ոչ միայն անոնց մարդասիրական օժանդակութեան հարցերով, որ յարաբերաբար լուծելի խնդիր է, ի մասնաւորի երբ Արցախը Ատրպէյճանական կազմին մէջ տեսնելու միջոցաւ միջազգային օրակարգին վրայէն մէկ տագնապ հանելով շահագրգռուած շատ պետութիւններ պատրաստ են ընդառաջելու Երեւանի թախանձանգին դիմումներուն, եւ օժանդակութեան տրամադրելու: ԱՄՆ-ի թէ Եւրոպական Միութեան երկիներու մէջ սփիւռքեան զօրաշարժը, հայկական «լոպպի»ն բաւական կ’օգնէ, բայց ծանօթ է որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը, ի մասնաւորի օրուայ իշխանութիւնները, այդ մէկը յիշելու ընդհանրապէս դժկամ են… Արցախի բռնի արտագաղթի տիլեմաները Հայաստանի ներքին թէ արտաքին, թերեւս նաեւ համահայկական -եթէ այդ հարցով ակտիւանայ Սփիւռքի հետ Գործերու Յանձնակատարը, գոնէ իր գոյութեան մասին յուշելու համար…-, ոլորտներուն մէջ աւելի խորքային են, սկսելով արցախցիներու կարգավիճակէն մինչեւ տեղի ունեցածին բնութագրումը որպէս պետական ոճիր եւ ընդգրկումը արտաքին օրակարգին վրայ, այնպիսի պահու մը երբ «խաղաղութեան համաձայնագրի» մասին Փաշինեանը յառաջընթացի յայտարարութիւն կատարած է:

Պատմութեան դառն հեգնանքն այն է, որ եթէ քանի մը ամիս առաջ Արցախի «ինտեգրումը» Ատրպէյճանի կազմին մէջ կրնար Պաքուի համար խնդիր ըլլալ, այսօր բռնի արտագաղթած արցախցիներու «ինտեգրումը» Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութեան մէջ Երեւանի համար մարտահրաւէրի վերածուած է: Ինչ կը վերաբերի պատահածին քաղաքական գնահատական տալուն եւ հարցը, կոնկրետ՝ տեղի ունեցած ցեղասպանական արարքը, միջազգային օրակարգին վրայ հետապնդելու այլընտրանքին, հաւանաբար այդ մէկը առկախուի սպասելով «խաղաղութեան համաձայնագրի» ճակատագրին: Ամէն պարագայի, դեռեւս Սումկայթի օրերէն, հայկական դիւանագիտութիւնը այնքան ալ ճիգ չէ ըրած «ցեղասպանութիւն» յղացքին, եւ հայ ժողովուրդի պատմական աղիտալի փորձութեան, տալու ռազմավարական գործօնի հասկացողութիւն:
Այս բոլորը Արցախի յանձնումի պատասխանատւութեան հասցէատիրոջ կրկին անգամ յիշեցման կարգով չէ: Արդէն ըսուեցաւ. Փաշինեանն է ընդունել Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եւ այդ պատմութեան համար արձանագրուած փաստ է: Հետեւաբար, իմաստ չունի հետեւողականօրէն մէջբերել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որ, իր կարգին, առիթ չի փախցներ հրապարակային կերպով յիշեցնելու թէ Արցախի ճակատագիրը որոշողը հենց ինքն Փաշինեանն է եղած: Կարծես թէ Արցախի կարգավիճակին մասին իր երբեմնի անորոշ յայտարարութիւնները կրնան մոռցնել տալ, որ Ռուսիա ոչ միայն երբե՛ք չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, այլ դեռեւս հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ան դոյզն նշանն անգամ չէ տուած հայկական հողատարածքը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս տեսնելու պատրաստակամութեան: Թէկուզ եւ կայսերական իր մարտավարական հաշիւներու անցողակի տրամաբանութեամբ, ինչպէս եղած է, ի մէջ այլոց, Աբխազիոյ կամ Հարաւային Օսեթիոյ պարագային: Առանց տակաւին նշելու, որ Ատրպէյճանի դարպասման իր ճիգերու յաջողութեամբ պսակումէն, այսինքն՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ստորագրումէն, յետոյ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին Փութինի եւ իր կամակատարներու բազմիցս կատարած յայտարարութիւններու մէջ Արցախը հո՛ն տեսնելու բացայայտ թէ տողատակ հրապարակային յուշումները:

Փաշինեանական վարչակարգի մանթրաներէն է ռուս խաղաղապահները թէ, ընդհանրապէս, Ռուսիան մեղադրել հայկական կողմի հետեւողական պարտութիւններուն եւ ձախողութիւններուն համար: Ի մասնաւորի երբ ներքին թէ արտաքին լսարաններ կան ուր նման աւրուած ձայնապնակային կրկնութիւնը հաճելի երաժշտութեամբ կ’ունկդրուի: Այս թէզը ջրելու նպատակով Փաշինեանին մատնացոյց ընող Փութինի ու իր շրջապատի յայտարարութիւններով հանդէս եկողները միայն իրենք իրենց կը խաբեն եթէ կը կարծեն որ Մոսկուայի համար ընդունելի պիտի ըլլայ յետ-Փաշինեանական որեւէ ազգային իշխանութիւն, որ նուազ կախեալ ըլլայ Ռուսիայէն: Կամ՝ բացայայտօրէն ռուսամէտ իշխանութիւն մը պիտի կարենայ Մոսկուային համոզել, որ աւելի հայանպաստ քաղաքականութիւն վարէ, կամ մի գուցէ արցախցիներուն զանգուածային վերադարձին զօրակցի եւ կրկին օրակարգի դնէ Արցախի կարգավիճակը: Ռուսական կայսերական քաղաքականութիւնն ու մեծ կապիտալի շահագրգռուածութիւնը Հայաստանը ընդհանրապէս դիտարկած են որպէս Ռուսիայէն բացարձակապէս կախեալ երկիր ու պետութիւն:

Արցախի հայաթափումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր տուած հարցազրոյցին մէջ, որուն մանրաասները հաղորդած է Infocom Թելեկրամային հարթակը 28 Հոկտեմբեր 2023-ին, նախագահ Սամուէլ Շահրամեանը բացայայտօրէն ըսաւ. «Ռուսական կողմը, կարելի է ասել, գտնւում էր դիտորդի կարգավիճակում, և մենք մեր հարցերը պէտք է ունակ լինէինք մենակ կարգաւորելու․ ռազմական գործողութիւնների սկսուելուց ժամեր անց ես հասկացել եմ, որ մենք մենակ ենք Ադրբեջանի այդ յարձակման դէմ»: Բացի այն իրողութենէն որ հայաթափուած Արցախի Նախագահն է որ հրապարակային կերպով կը բացայայտէ ռուս խաղաղապահներու չմիջամտութիւնը, այսինքն՝ Մոսկուայի լուռ համաձայնութիւնը Ատրպէյճանական վերջին, եւ վերջնական, գռոհին Արցախը կցելու, մնացեալը հազիւ թէ անակնկալ ըլլայ: Պէտք չէ մոռացութեան տալ այն փաստը, որ երբ Ատրպէյճանցի զինուած ուժերը կը փակէին Բերձորի անցքը անոնց կ’ուղեկցէին ռուս զինուորներ, ինչպէս օրին սոցիալական հարթակներու վրայ տարածուած վաւերական արձանագրութիւն մը կասկած չձգեց: Բայց այդ իրողութիւնը երբեք լուրջ հակազդեցութեան առիթ չտուաւ, հակառակ որ յստակ խախտում մըն էր Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմանի Համաձայնութեան: Հայրենի քաղաքական բեմին վրայ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը առիթը կորսնցուցին եթէ ոչ կեցուածքներ մօտեցնելու, ապա գոնէ իրադարձութիւնն ու անոր թելադրած հետեւանքներուն պատշաճ միասնական գնահատական տալու: Ըստ երեւոյթին, իշխանութիւններուն համար աւելի կարեւոր էր բաւարարուիլ ռուսական մեղսակցութեան փաստով եւ ոչինչ ընել, իսկ ընդդիմութիւնը, ինչպէս առհասարակ, շատ զգոյշ գտնուեցաւ այդ փաստը մատնացոյց ընելու պահուն, չըսելու համար որ լուռ կերպով նսեմացուց անոր պատգամը, հաւանաբար ի մտի ունենալով Ռուսիոյ հետ բախում մը շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը տարբեր հաշիւներով:

Հարցազրոյցը, որ նախագահ Շահրամեան տուած է Արցախի Հեռուստատեսութեան Ընկերութեան եւ ոչ թէ Հայաստանի մէջ ամենէն աւելի տարածուած Հ1-ին, ինչպէս դիտորդներ նկատեցին փորձելով տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ երեւոյթին, լուռ կը մնայ Սեպտեմբեր 19-ի նախորդած իրադարձութիւններուն մասին: Եւ մինչեւ այսօր կան օդին մէջ կախուած հարցումներ սկսելով իր նախորդին՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն հասնելով Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահի փոփոխութիւնը ի դէմս փոքրամասնական խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի այդ պաշտօնին ստանձման, Շահրամեանի ընտրութեան եւ անմիջապէս յետոյ Ատրպէյճանական գռոհին ու աղէտին: ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը օրին շնորհաւորած էր Դաւիթ Իշխանեանին, բայց Շահրամեան ոչ մէկ շնորհաւորութիւն ստացաւ ՀՀ իշխանութիւններէն, ինչ որ առ նուազն տարօրինակ է: Դէպքերու յաջորդականութիւնը պատեհ առիթ ընծայեց Փաշինեանական վարչակարգին ինչպէս միշտ պատահածէն իր ձեռքերը լուալու, եւ ընդդիմութեան վրայ նետելու ամէն յանցանք: Յանկարծակի հայաթափութեան շոքը վստահաբար այնքան զօրաւոր է, որ ոչ միայն կարծես տակաւին հայութիւնը ընդհանրապէս չէ անդրադարձած անոր ձգելիք խորագոյն հոգեխոցին ազգային հաւաքական յիշողութեան մէջ, այլ՝ բռնի տեղահանուած արցախցիներուն վիճակի անմիջական հոգերուն թէ Ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումի մը անմիջական մտահոգութիւնը այնքան հրամայական են, որ մոռացութեան մատնած են Սեպտեմբեր 19-ի անմիջական նախօրէի դէպքերու պատճառներուն մասին էական հարցումներ: Կը մնայ որ այդ հարցումներուն բացայայտումները հաւանաբար բացատրեն նաեւ արցախցիներու ներկայի թէ ապագայի ամէն ձեւի հարցականներու անպատասխան մնալը, ինչպէս օրինակ Ազգային Ժողովի նիստ, աքսորեալ կառավարութիւն, կարգավիճակ…

Յստակ է միայն, որ Արցախի հայաթափումը արգելք չհանդիսացաւ հայ-Ատրպէյճանական բանակցութիւններու դադարեցման: Ոչ ալ Արցախի հայաթափումով ռուսական զինուորական ներկայութիւնը աւարտեցաւ հոն:

Այսպէս, Հոկտեմբեր 30-ին ԱԺ-ի մէջ 2024թ․ պետական պիւտճէի նախագծի քննարկման ժամանակ, Փաշինեան տեղեկացուց որ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է երեք սկզբունքներու շուրջ՝ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում թուային ճշգրտութեամբ, սահմանազերծում համաձայն Ալմաթիի Հռչակարգրին, եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացում ինքնիշխանութեան իրաւազօրութեան հիման վրայ: Այս վերջին կէտով, Փաշինեան յաւելեալ բացատրութիւն տուած է. «Այս սկզբունքի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումները մենք վերջերս ամփոփեցինք՝ «Խաղաղության խաչմերուկ» նախագծին ամբողջական և հայեցակարգային տեսք տալով»։ Այսինքն՝ Արցախը Հայաստան չէ, իսկ Հայաստանը իր ապագան կը տեսնէ տարածաշրջանին մէջ կառուցուելիք «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ծրագրին ընդմէջէն:

Զուգահեռաբար, ըստ նոյն օրուայ, Հոկտեմբեր 30, ռուսական պաշտպանութեան ամենօրեայ տեղեկագրին, «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ խնդիրներու կատարումը Ղարաբաղի տարածքին մէջ: … Անընդմէջ համագործակցութիւն կը պահպանուի Պաքուի հետ` ուղղուած արիւնահեղութիւն չարտօնելուն, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման եւ բնակչութեան նկատմամբ միջազգային օրէնքի արժեչափերու պահպանման: … Ճանապարհային ուղղութիւններով երթեւեկի անվտանգութեան ապահովման նպատակով վեց դիրք տեղակայուած է, երկուքը` Ատրպէյճանական կողմին հետ միասին»: Այսինքն՝ թէկուզ եւ Սեպտեմբեր 19-էն Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու 24 դիտակէտեր փակուած են, այնուամենայնիւ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կը շարունակուի Պաքուի հետ համաձայնաբար, առանց խաղէն դուրս մնացած Հայաստանին կարծիքը հարցնելու: Ինչպէս 1895-ին Ցարական Կայսրութեան արտաքին գործ նախարար դարձած Լոփանովը կ’ըսէր «Հայաստանը մեզ պէտք է առանց հայերու, թող այդ կեղտոտ գործը մեզ համար ընեն թուրքերը», այսօր ալ կարծես Ռուսիոյ Արցախը պէտք է առանց արցախցիներուն, այդ կեղտոտ գործը իրենց համար արդէն ըրին Ատրպէյճանցիները…

Այդ մէկը կը խանգարէ՞ Փաշինեանական վարչակարգին: Հարցումը կրնայ վիրաւորական թուիլ, ընդվզում առաջացնել թերեւս, բայց իրողութիւն է որ հակառակ փոխադարձ ամբաստանութիւններուն, Փաշինեանական եւ Փութինեան վարչակարգերը խորքին մէջ կարծես լուռ համախոհութեան հասած էին Արցախը Ատրպէյճանի մաս համարելու հարցով: Ըսենք՝ երկուքին շահերը համընկած էին: Հետեւաբար, հիմա որ այդ հարցը իրողապէս դուրս բերուած է օրակարգէն, չկայ Մինսքի Խումբ, եւ հազիւ թէ յղում կը կատարուի արդէն բազմիցս խախտուած Եռակողմանի Համաձայնագրին, կը մնայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ծրագիրը եւ անոր իրականացման շահագրգռութիւնը: Կասկած չկայ որ երկու վարչակարգերը իրարու հանդէպ ունին քաղաքագաղափարախօսական խոր հակակրանք, որուն հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ ակտիւօրէն դերակատար եղան եւ են ե՛ւ մէկ կողմի, ե՛ւ միւս կողմի առաւել թէ նուազ ներկայացուցիչ դէմքեր: Այդ հակակրանքը վստահաբար չի՛ դիւրացներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քաղաքական մօտեցումը՝ աշխարհաքաղաքական համաձայնութիւններու կամ շահերու համախոհութիւն գոյացնելու համար: Սակայն, անպայմանօրէն արգելք ալ չի հանդիսանար աշխարհատնտեսական մօտեցումով կապիտալ ներդրումներու շահագրգռութիւններու կարելիութեան եւ մինչեւ իսկ առկայութեան:

Ռուսական դրամագլուխ ներդրումներու շահագրգռութիւն տարածաշրջանին մէջ առանց որ այդ մէկը պայմանաւորուի ռուսական զինուորական ներկայութեամբ, Գիւմրիի խարիսխին կամ ՀԱՊԿ-ին… «Բոլոր կարելի աշխարհներուն լաւագոյնը», պիտի ըսէր Վոլթէրի Քանտիտ վէպի կերպարներէն՝ Փանկլոսի հայաստանեան տարբերակ մը Թաւշեայ շրջանակէն կամ անոնց օրգանական մտաւորականներու ցանկէն: Մոռնալով որ այդ շահագրգռութիւնը կրնայ եւ առաջանալ Ատրպէյճանի որոշումով՝ առանց Սիւնիքի Հայաստան, Էրիվան դարձած Երեւան, եւ Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեամբ մը, որ Արցախը առանց արցախցիներու ընդունելէ յետոյ, կրնայ եւ Լոփանովեան ցինիզմը գրեթէ բառացիօրէն վերակենդանացնել:

Աւարտելու համար նշենք, որ այս զգուշացումը հակառուսականութեան հրահրման նպատակաուղղուած չէ, նուազ՝ Փաշինեանական ուղեգիծի արդարացման: Ընդհակառակը, կասկած չկայ, որ Փաշինեանական վարչակարգի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը աղիտալի կերպով ձախողած է: Բայց այդ ալ չէ հիմնականը, որովհետեւ ի՛նչ ալ ըլլայ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան ներկայ շարունակման գործընթացին աւարտը, ամբողջ սերունդի մը համար, եւ թերեւս աւելի, Հայաստան «հայրենիք-պետութիւն»ը համաձայն Փաշինեանի վերջին սոփեստութեան, կրնայ մատնուիլ մոռացութեան եւ միջազգային օրակարգին վրայ նուազագոյն հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ձեւականօրէն գերիշխան բայց իրողապէս ենթիշխան երկիր-հողատարածքներու ցանկին, առանց որեւէ դերակատարութեան հաւակնութեան, անկախ թէ երկրի վարչապետը քանի լուսանկարի մէջ կ’երեւայ, կամ մէկ նախագահը ինչ պաղպաղակ կ’ուտէ, իսկ միւսը որ լսարանին կողմէ ծափահարուելու համար դաշնակ կը նուագէ… Ատոր պատճառներէն մէկը պիտի ըլլայ նաեւ այն որ անկախութենէն ի վեր, եւ թերեւս անկէ առաջ՝ խորհրդային տարիներուն իսկ, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին քաղաքական բանավէճը երբեք չհատեց 19-րդ դարէն ի վեր հայ-ռուսական յարաբերութիւններու քլիշէ պատումներու սահմանը՝ աւելի մասնագիտականօրէն անդրադառնալու համար անոր բարդ ենթախորքին: Իսկ այդ քլիշէներուն վերջինը, «հաւաքական Արեւմուտք» ընդդէմ Ռուսիոյ Կովկասի մէջ ներկայութեան, աւելի շատ շփոթ պատճառող պատումն է, որ եւ կարծես պայմանաւորած ու կաշկանդած է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու Հայաստանի համար կենսական ու մնայուն բանավէճը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles