Քոնկրէսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը Պիտի Քննարկէ Արցախի Ցեղասպանութիւնը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը  վաղը՝ Սեպտեմբեր 19-ին պիտի իրականացնէ  քննարկում մը` Արցախի մէջ Ատրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման եւ արցախահայութեան դէմ...

Դատախազ Օքամփօ Հանդիպում Ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ գործիչներու Հետ

ԵՐԵՒԱՆ․- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15-ին Հ․Յ․Դ․ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ։ Այս հանդիպման մասնակցեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Կիրօ...

Լոյս Տեսան «Համազգային»-ի Մանկական Դաստիարակչական Գրքոյկներն Ու Աշխատանքային Տետրակները

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ մանկական արդիական ծրագիրներու բաժանմունքը հրապարակած է մանուկներու համար դաստիարակչական գրքոյկներ եւ աշխատանքային տետրակներ։ Այս գիրքերը կ՛օգնեն, որ մանուկը...

Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Մարմինը Տեղափոխուեցաւ Լիբանան

  Սեպտեմբեր 12-ին, Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին մարմինը 53 տարի Հռոմ մնալէ ետք հասաւ Պէյրութի օդակայան, ուր արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան: Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ կարտինալ Գրիգոր...

Ծերակուտական Մարքի Մտահոգ է, Որ Պաքու Կը Հիւրընկալէ ՔՈՓ29-ը

ՊՈՍԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Էտուըրտ Մարքի (Դեմոկրատական) տեղւոյն հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ անհանգստացած եմ, որ Ատրպէյճանը իբրեւ ՔՈՓ29-ը հիւրընկալելու երկիր ընտրուած է։ «Փոխանակ բռնօրէն քննադատուելու մարդու...

Ծերակուտական Քարտինի Կոչը՝ Ազատ Արձակելու Հայ Կալանաւորները

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Պաքուի մէջ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Մ․Ա․Կ․-ի Կլիմայի հարցերով խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի ընդառաջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին (Դեմոկրատական, Մերիլենտ) լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Ատրպէյճանին...

Հանդիպում՝ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարին Հետ

ԵՐԵՒԱՆ․- «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային գիտաժողովին առթիւ, Սեպտեմբեր 10-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մոհամետ Հասան Շէյխոլիսլամին: Երկուստեք ընդգծուեցաւ երկու դրացի եւ բարեկամ երկիրներուն միջեւ...

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ 2024 -25 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Առաջնորդարանի «Սիամանթօ» լսարանի 2024-25 տարեշրջանին բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին, Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի տիկ. Հերա Մախուլեանի, լսարանի տնօրէնուհի...

ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Սեպտեմբեր 8-ին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան Սուրբ Պատարագը։ Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի։...

Պուտափեշտի Մէջ․- Ցուցահանդէս՝ Երուսաղէմի Հայկական ԼուսանկարչութԻւնը 19-րդ և 20-րդ Դարերուն

[caption id="attachment_61057" align="aligncenter" width="810"] Պատրիարք Եսայի Կարապետեան (1873, Photo by Charles Bierstadt. Courtesy: Project Save Photograph Archive, Boston)[/caption] Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) Հայագիտական բաժինը, տեղւոյն...
Social profiles