
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս, Յուլիս 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ հաստատեց նախապէս ծրագրուած, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յաջորդական պատգամաւորական ժողովներու կողմէ հետապնդուած, սակայն ցարդ չիրականացած «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ը (Endowment Fund)։
Եղբայր Ժիրայր եւ քոյր Սրբուկ Սարգիսեաններ, որոնք իրենց միութենական մեծ վաստակի կողքին, մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւններու զանազան ծրագիրներուն, $50,000 Ամերիկեան տոլարով եղան առաջին արձագանգողները «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ին ու հանդիսացան գլխաւոր խթանը այս մեկնարկին։
Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»ի պաշտօնական մեկնարկը եւ իր սպասումն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն, որ իրենց անվերապահ աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը բերեն եւ աշխատին այս հիմնադրամի ուռճացման եւ բարգաւաճման, ի խնդիր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վերելքին եւ ապագայի ծրագիրներուն իրականացման։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ