«Համազգային»-ի Շքանշան` Հայագէտ Յակոբ Չոլաքեանին

ԵՐԵՒԱՆ․- 6 Օգոստոսին «Համազգային»-ի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակը կազմակերպեց հայագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յակոբ Չոլաքեանին նուիրուած մեծարման ցերեկոյթ:

Ձեռնարկին նպատակն էր ներկայացնել ու արժեւորել Յակոբ Չոլաքեանի անգնահատելի վաստակը` հայագիտական, մանկավարժական, բանահաւաքչութեան, գրական ասպարէզներուն մէջ, կարեւոր համարել անխոնջ աշխատանքն ու ժառանգութիւնը, որ մեծ հարստութիւն է սերունդներուն համար:

Բարձր գնահատելով հայագէտի անցած ուղին` «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշում տուած էր զայն պարգեւատրել պատուոյ շքանշանով:

Չոլաքեանի կրթական եւ մանկավարժական գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն նաեւ անոր հեղինակած դպրոցական դասագիրքերը, որոնք աւելի քան երեք տասնամեակ կիրարկուած են սփիւռքի հայկական նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներուն մէջ:

Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի ողջոյնի ու շնորհաւորութեան խօսքով: Չոլաքեանի անցած ուղիին ու գործունէութեան անդրադարձան` ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, «Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Լիբանանէն վաստակաշատ մանկավարժ Տիգրան Ճինպաշեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Արսէն Բոբոխեան, Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժինի գիտաշխատող Անի Ֆիշէնքճեան:  Յակոբ Չոլաքեանի աշակերտուհի Արաքս Մահտէսեան ներկայացուց երգ մը:

Կարդացուեցաւ այս առիթով Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Հայաստանի վարչութեան շնորհաւորական գիրը:

«Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան վարչութեան կողմէն Յակոբ Չոլաքեանին յանձնեց պատուոյ շքանշանը: Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց մեծարեալը` Յակոբ Չոլաքեան:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button