ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախ քան 19-րդ դարը, Իսրայէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ, Յովսէփ Էմին, Մովսէս Բաղրամեան, Շահամիր Շահամիրեան դիմումներ եւ ձեռնարկներ կատարած էին, ապահովելու համար ռուսական օգնութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի ազատագրութեան: Բայց այդ բոլորը մնացած էին լոկ ցանկութիւն, որովհետեւ ռուսերը հեռու կը գտնուէին Կովկասէն:
1804-1813 տեղի ունեցաւ ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին աւարտին կնքուեցաւ Կիւլիստանի դաշինքը: Այն ատեն գրաւուեցաւ ներկայ Ատրպէյճանի կարեւոր մէկ մասը:
Նոյն թուականներուն՝ 1801-1813-ին, ռուսերը գրաւեցին նաեւ Հայաստանի մէկ մասը (Շիրակը, Լոռին, Զանգեզուրի մէկ շրջանը), բայց Արարատեան դաշտը կը մնար Երեւանի խանութեան մէջ, պարսկական տիրապետութեան տակ:
19-րդ դարի սկիզբն էր, որ ռռւսերը կը մօտենան Հայաստանի: Հայ ժողովուրդը, որ կը կեղեքուէր պարսիկ խաներու եւ թուրք փաշաներու կողմէ, իր փրկութեան յոյսը կապած էր Ռուսաստանին: Հայ ազգային գործիչները կը յուսային ոչ միայն ազատագրուիլ պարսկական ու թրքական լուծէն, այլեւ վերստեղծելու Հայաստանի անցեալ փառքը, դառնալով համար ազատ ու անկախ պետութիւն: Այս երազով խանդավառուած էր նաեւ Թիֆլիսի առաջնորդ Ներսէս Աշտարակեցին, այդ ժամանակաշրջանի մեր մեծագոյն դէմքը:
Ներսէս Աշտարակեցի ռազմաշունչ շրջաբերական մը կը հրատարակէ Յուլիս 29, 1826 թուականով, ուղղուած՝Թիֆլիս, Գանձակ, Արցախ, Նուխի, Շամախի, Պաքու եւ Տերպենտ բնակող ռուսահպատակ հայերուն:
Աշտարակեցի կը գրէ. «Դիմադրեցէք թշնամուն եւ սորա արբանեակներին, կա՛մ ռուսաց զօրքերի հետ միասին եւ կամ թէ մի ուրիշ կերպ, որ աւելի յարմար կը լինի, ներկայ աւազակօրէն յարձակման միջոցին, իսկ թէ հարկ լինի, մի՛ խնայէք ձեր արեան վերջին կաթիլը»:
Կամաւորական ջոկատներ կը կազմուին Ղարաբաղի, Թիֆլիսի, Շամշագինի, Դիլիջանի եւ Լոռի-Փամբակի մէջ: Ամէն կողմ կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն: Այս մասին Թիֆլիսի զինուորական նահանգապետ զօրավար Սիպեագինը Մայիս 27, 1827-ի իր կոչին մէջ կը գրէ. «Հայերը մեծ ցնծութեամբ դիմաւորեցին իրենց ուղղուած կոչը: Յայտարարութեան երրորդ օրը ես տեսայ զէնքի տակ հաւաքուած հայկական առաջին ջոկատը: Հայ ժողովուրդի նուիրուածութիւնը Ռուսաստանին՝ անխախտելի է: Պարսիկներու ներխուժման դէմ ընդհանուր պաշտպանութեան մէջ, առաջինը հայերը օրինակ ցոյց տուին, նրանց միացան նաեւ վրացիները»:
Մայիս 12, 1827-ին զօրավար Պասգեւիչ իր բանակով կը շարժի դէպի Երեւան: Այս բանակին կ՛ընկերանայ նաեւ համբաւաւոր ռուս գրող եւ դիւանագէտ Գրիբոեդովը: Ռուսական զօրամասը Յունիս 8ին կը հասնի էջմիածին, ուր նախապէս ժամանած էր Ներսէս Աշտարակեցին: Անոր գլխաւորութեամբ, Էջմիածնի եկեղեցականները կ՛ողջունեն ռուսական բանակը, մինչ կը ղողանջեն Մայր տաճարի զանգակները:
Երեւանի բերդը գրաւելու համար դժուարութիւններու հանդիպելով, Պասկեւիչ պաշարումի կ՛ենթարկէ զայն ու կը յառաջանայ դէպի Նախիջեւան, Երեւանի շրջանի ղեկավարութիւնը յանձնելով Ներսէս Աշտարակեցիին: Այդ օրերուն յարձակման կ՛ենթարկուի Էջմիածինը, ուր Աշտարակեցի անձամբ կը կրակէ վանքի պարիսպներուն վրայ դրուած թնդանօթներէն: Ռուս օգնական ոյժեր հարաւէն կը վերադառնան, նախ կը գրաւէն Սարդարապատը, իսկ Սեպտեմբեր 25-ին կը սկսի Երեւանի բերդի ռմբակոծումը:
Աշտարակեցի նոր կոչեր կը ղրկէ Էջմիածինի, Օշականի ու Աշտարակի հայ գիւղացիներուն՝ անյապաղ օգնութեան հասնելու ռուս զօրքին: Հայերը խումբերով կու գան եւ կը մասնակցին յարձակումին:
Հինգ օր ետք, Հոկտեմբեր մէկին, բերդը կը գրաւուի զօր. Պասկեւիչի կողմէ, Աշտարակեցի եւ ուրիշներ մեծ շուքով կը մտնեն Երեւան: Պարսիկ խաներ երեք հազար զինուորներով գերի կ՛իյնան եւ կը գրաւուի մեծաքանակ աւար:
Աշխարհի բոլոր անկիւններէ հայեր շնորհաւորական խանդավառ նամակներ կը գրեն Աշտարակեցիին: Ծանօթ գրող Մեսրոպ Թաղիաթեան կը գրէ. «Իմ լաւ քաղաքացիք, էսպէս երջանիկ բախտի որ դուք էք պատահել, կարծեմ որ մեր նախնիքն եւս Արշակունի թագաւորութեան ժամանակում էլ չէին պատահել, զիրա թէպէտ եւ թագաւորութիւնն իւրանցն էր, սակայն բարբարոսութիւնն եւ զուլումն պակաս չէր…: Վերջապէս երբ որ լսեցի ներկայ մեր աշխարհի ազատութիւնն, սիրտս ուրախութեամբ վառուեց»։
Երեւանի գրաւումէն ետք, ռուսական բանակը կը շարունակէ իր արշաւանքը դէպի հարաւ եւ Հոկտեմբեր. 13ին կը գրաւէ Թաւրիզը:
1828 Փետրուար 10ին, Ռուսաստանի ու Պարսկաստանի միջեւ կը կնքուի Թիւրքմէնչայի դաշնագիրը:
Պարսկաստան այս դաշնագրի 3րդ յօդուածով, Ռուսաստանի սեփականութիւնը կը նկատէ Երեւանի ու Նախիջեւանի նախկին խանութիւնները, իսկ 5րդ յօդուածով կը հրաժարի ամբողջ Կովկասէն: Ըստ 15րդ յօդուածին, Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ գտնուած հայերուն իրաւունք կը տրուի՝ իրենց ընտանիքներով եւ շարժական գոյքերով գաղթել ռուսական տիրապետութեան ենթակայ հողամասը:
Դաշնագրի պատրաստութեան եւ այս առթիւ կատարուած բանակցութիւններուն մէջ կարեւոր դեր կատարեց Գրիբոեդովը, որ լաւ տրամադրուած էր դէպի հայերը: Ան յետագային դեսպան նշանակուեցաւ Պարսկաստան եւ հոն սպաննուեցաւ մոլեռանդ խուժանին կողմէ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԸ․- «Արմեանքա Օպլասթ»
Երեւանի գրաւումէն անմիջապէս ետք, զօր. Պասկեւիչ հաստատած էր Երեւանի մարզի ժամանակաւոր վարչութիւնը, զօր. Կրասովսկիի նախագահութեամբ եւ Ներսէս Աշտարակեցիի եւ փոխգնդապետ Պորոտինի անդամակցութեամբ:
Թիւրքմէնչայի դաշնագրի կնքումէն ետք, խնդրոյ առարկայ էր ստեղծել մնայուն կառոյց մը: Ցարական կառավարութիւնը եւ զօրավար Պասկեւիչ տրամադրութիւն չունէին նկատի առնելու հայկական բաղձանքները: Բայց սկսած էր ռուս եւ թուրք պատերազմը եւ ժամանակը չէր դժգոհ ձգելու հայերը: Նիքոլա ցարը 1828 Մարտ 26ի հրովարտակով Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւններէն կը կազմէր Հայկական մարզը, նշելով. «Պարսկաստանի հետ կնքուած դաշինքի համաձայն, կը հրամայենք Պարսկաստանէն Ռուսաստանին միացուած Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները այսուհետեւ ամէն ատեն կոչել Հայկական մարզ եւ աւելցնել այն մեր տիտղոսին մէջ: Այս մարզի բարեկարգման եւ կառավարման մասին կառավարող մարմինը պատշաճ հրաման կը ստանայ իր ժամանակին»:
Հայ ժողովուրդ շատ մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց այս որոշումը: Երկար դարերու ընթացքին առաջին անգամն էր, որ Հայաստանը կը վերակենդանանար հայոց մտածողութեան մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, յուսախաբութիւնը պիտի սկսէր, որովհետեւ Ռուսաստանը երբեք նպատակ չունէր քաջալերելու իրական Հայաստանի մը ստեղծումը։