ԳլխաւորԳրականՅօդուածներ

ՊԱՅՔԱՐ  ՅԱՒԵՐԺԱԿԵԱՆՔ

 

Վեհանոյշ Թեքեան

 

Կը մխայ Երկիրը ճարճատող հրդեհի մէջ

Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,

Պատմութեան կառաշար, որուն անիւը

Հասեր է վիհի բերնին։

 

Այստեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան

Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,

Երկիրը տրտում է, անքուն է Երկիրը

Երկիրը կ՚երգէ իր նոր Անտունին։

 

Խլուած են սահմանները՝ ատամնաշար գայլի

Խօլ պատմութեան մութէն նոր ոռնոց է հիմա։

Գերճնշուած աչք՝ ադամամութի ճեղքուած արգանդին

Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր

Կը ցցուի կրկին։

 

Կանգնած բարձրաճակատ՝ շոգիին մէջ Երկրի

Գիտենք թէ արեւը պիտի գոյատեւէ.

Ո՛չ զոհ , ո՛չ հերոս, ո՛չ նահատակ, ո՛չ քուրմ,

Միայն պատարագիչն ենք ազատութեան տօնի։

 

Հեռուն լեռնաշղթայ ու միտք խանձող գիշեր

Քովը՝ Մասիս լեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,

Խրթին հարցերուն դէմ ՝ պատասխանն է միակ

Օ գերագոյն սինիզմ։

 

Եւ ինչպէ՛ս բռնել

Ո՞վ պիտի նկարագրէ անկախութեան հիւլէն,

Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած

Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ

Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի,

Երբ շեշտակի նայուածքի մէջ դահիճը զոհ կը դառնայ

Գետին կը փռուի դաւաթուղթը ձեռքին։

 

Ո՞վ էր դասալիք, ուրիշ ո՞վ էր յուսահատ անցեալ ամիս…

 

Ծաղկեալ ծիրանին հայեացքը իր սրեց

Հրապարակը լարեց պատմութիւնը խրթին

Եղիցի լո՜յս

Եռաբլուրի Եռագոյններու տակ

Դողահար ոսկորներ արցունք ծորեցին։

 

Տեղ մը հացթուխը թոնիրը իր մարեց

Եւ ծիրանին՝ խոշոր իր կարմրած աչքով

Խեթ խեթ նայեցաւ դաւադիր գահակալին։

 

Շինականը պատռեց հողի կուրծքը ծաւի

Եւ երկինքը դիտեց, եւ նայեցաւ հողի՛ն,

եւ նայեցաւ իր տան՝ թշնամիին յանձնուած,

Իր պապի տան սեւ ծուխն իսկ՝ ի՜նչ հրճուանք էր ոսկի։

 

Կանգնած բազմաճակատ՝ տքնանքին մէջ հողի,

Կանգնած միաճակատ՝ այդ երկունքի կողքին

Կանգնած ենք գերհզօր՝ հազար անգամ դրուած

Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ

Կանգնած է բարձրաճակատ, աներեր ու խռով

Պայքարը արիաբերք։

 

Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ երբ ամենահեռաւոր

սահմանները կ՚անջատուին։ Անյայտ շղթաները որ պատերազմը

դրաւ՝ պիտի խշրտան, պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես, շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ հնձանի մէջ,

ու ցորենին մարմինը բաժնուի իր գլուխէն ։

 

Հոս է անխորտակելին, Ոգին Նայիրեան։

Ան պիտի անջատէ ցորենը՝ որոմէն,

Պիտի Արցախի արեւը բարձրանայ,

Պիտի Հայաստանը լայն շնչէ նորէն

Միայն թէ ջնջուի՜ մրուրը՝ ճակտէն,

Միայն թէ անցնի մահացու թաթը կակուղ մրուրին։

 

Եւ պիտի ըլլայ դարձեալ ու նորէն

քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին

ինը զանգակներ

բա՜րձր ղօղանջեն։

 

Զանգե՜ր, ղօղանջեցէ՜ք,

Նահատակներու թարմ արիւններէն

Վշտահալած ընտանիքներէն

խորախոցուած գերիներէն

խոշտանգուած եկեղեցիներէն

Խորտակուող յուշակոթողներէն

Խողխողուող սահմաններէն

Սուգէն, բռնագաղթէն

Արհաւիրքէն ու զուլումէն ետք՝

Կը հասնին իմաստուն Արդարութիւնը

Կենսաբեր Պատիւն ու լաւատես Յաւերժութիւնը

Կը փրկուի Երկիրը բռնաբարուող

կը մարի հրդեհը լափլիզող։

 

Արի արիւն եւ թարմ մոխիր խառնուած են

Մեր Հողին ու հոգիին,

Այս հո՛ղն է որ փողը բերնին, քնարը ձեռքին

արեւներէն խլած շողով

կ՚արձագանգէ մեր Յոյսին։

 

Ղօղանջեցէ՜ք, զանգե՜ր…….

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button