«Արցախի Տարի»-ին Ընդառաջ՝ Մեր Արցախի Ուխտագնացութիւն-Շրջապտոյտը
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 8 Օգոստոս 2021
Բոլորիս ծանօթ է, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս իր 1 Յունուար 2021-ի կոնդակով 2021-ը հռչակեց «Արցախի տարի»՝ նկատի ունենալով Արցախի ահաւոր տագնապը, որ ստեղծուած էր ազերիական եւ թրքական միացեալ բանակներու յարձակումով, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնն ու սէրը Արցախին եւ անոր քաջարի ժողովուրդին: Արցախին մեծ մասը գրաւուած էր Ազերիներուն կողմէ, բազմահարիւր զոհեր ու վիրաւորներ ունեցած էինք, վանքեր ու տուներ քանդուած էին եւ մեծ թիւով ընտանիքներ գաղթական դարձած:
Վեհափառ հայրապետը իր սրբատառ կոնդակով շատ մը առաջադրանքներու կողքին կ’առաջարկէր, որ 2021 տարուան ընթացքին Արցախը դառնայ հայ ժողովուրդի ուշադրութեան առարկան եւ կենդանի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:
Վեհափառ հօր կոչին անսալով, ուզեցի թուղթին յանձնել իմ եւ կողակիցիս՝ Էլիզապէթին Արցախի ուխտագնացութեան-շրջապտոյտի անջնջելի յիշատակները:
2010-ի ամռան իրականացաւ տարիներէ ի վեր մեր երազած այդ ճամբորդութիւնը դէպի Հայաստան եւ Արցախ: Այս գրութեանս մէջ պիտի անդրադառնամ յատկապէս Արցախի ուխտագնացութեան:
Մոնթրէալի օդակայանէն ֆրանսական օդանաւային ընկերութեան օդանաւով մը թռիչք առինք 10 Սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 10-ին եւ վեց ժամ ետք հասանք Փարիզ, ուր երեք ժամ հանգստանալէ ետք, դարձեալ նոյն ընկերութեան օդանաւով մը ուղղուեցանք դէպի Երեւան: Չորս ժամ ճամբորդութենէ ետք հասանք Երեւանի Զուարթնոց միջազգային օդակայանը 11 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 4-ին: Օդակայանը, արդիական եւ շատ մաքուր, հանդարտ էր: Պաշտօնեաները սիրալիր ընդունելութիւն ցոյց տուին եւ դիւրացուցին մեր մուտքի գործընթացը: Մեզի դիմաւորեցին երէց եղբօրս դուստրը՝ Սեդան, եւ անոր ամուսինը՝ Հրաչ Սիմոնեանը: Դուրս եկանք օդակայանէն Հրաչին ինքնաշարժով: Օդակայանէն ուղղուեցանք դէպի Երեւան՝ ամայի մայրուղիներէ անցնելով: Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց բախտախաղի մեծ սրահներու շարանը, որոնք մարդոց աչքերը շլացնող լուսաւորումով զարդարուած էին: Կէս ժամ քշելէ ետք Հրաչը կանգ առաւ քարաշէն նոր բազմայարկ շէնքի մը առջեւ եւ ըսաւ.
– Հրամեցէ՛ք, այս մեր բնակարանի շէնքն է: Մենք կը գտնուինք Երեւան քաղաքին Կասկադի բարձունքին վրայ:

ԼուսաբաՑ էր արդէն: Շուտով շրջապատուեցանք շէնքերուն պահակ՝ վախազդու շուներով: Մենք օտարներ էինք անոնց համար, իսկ Սեդան ու Հրաչը՝ մտերիմ բարեկամներ: Անվնաս մտանք շէնք եւ վերելակով բարձրացանք վեցերորդ՝ վերջին յարկը: Մեծ եւ լուսաւոր յարկաբաժին մըն էր: Հազիւ ներս մտած էինք, հիւրասենեակի մեծ պատուհանէն աչքերս շլացան Արարատ լեռան փառահեղ տեսքով: Շուտով պատշգամ վազեցինք ես եւ էլիզապէթը ու երկա՜ր, երկա՜ր դիտեցինք մեր Արարատը, որ կը գտնուէր սահմանէն 32 քմ հեռաւորութեան վրայ: Առտուան ժամը վեցն էր: Երկինքը մաքուր կապոյտ էր, ոչ մէկ արգելք կար մեր եւ Արարատին միջեւ: Քաշողական անյայտ ուժ մը մեզ կը մօտեցնէր Արարատի երկու գմբէթներուն՝ Մեծ Մասիսին՝ 5162 մեթր եւ Փոքր Մասիսին՝ 3952 մեթր բարձրութեամբ:
Երկար տարիներու մեր երազը իրականացած էր՝ տեսնել Արարատը եւ վայելել անոր հմայքը: Առաջին վայելքն էր այս մէկը Հայաստան ոտք կոխելէ ետք: Առաջին վայելքին պիտի յաջորդէին անհամար այլ վայելքներ:

Շուտով մեզի միացան Հրաչ-Սեդա Սիմոնեաններուն մօտ իջեւանած՝ Հրաչին եղբայրը՝ Ռազմիկ Սիմոնեանը, եւ Սեդային եղբայրը՝ Անդրանիկ Հարպոյեանը, որոնք արդէն Լոս Անճելըսէն Երեւան հասած էին տասը օր առաջ: Բոլորս սեղանի շուրջ նստած համտեսեցինք երեւանեան սուրճը՝ միշտ մեր աչքերը քամուած դէպի Արարատ լեռ: Երկու ժամ հանգիստէ ետք, բոլորս միասին ուղղուեցանք Երեւանի կեդրոնը եւ «Արուեստի կամուրջ» (Art Bridge) ճաշարանին մէջ ունեցանք մեր առաջին համեղ նախաճաշը: Այցելեցինք հետաքրքրական Վերնիսաժ-բացօթեայ արուեստի շուկան, որ իւրայատուկ շուկայ մըն է: Ան ձեւաւորուած է 1980-ական թուականներուն Մարտիրոս Սարեանի անուան այգիի տարածքին մէջ: Հոն կը վաճառուէին հայ արուեստագործներու ձեռքի աշխատանքները՝ արուեստի նմուշներ, գորգեր, գծագրութիւններ, քանդակներ, արծաթ գօտիներ, փայտեայ իրեր եւ այլն:
Կէսօրէ ետք այցելեցինք Հրաչին Երեւանի կեդրոնը գտնուող սեփական յարկաբաժինը, որ օր մը առաջ ծախած էր եւ պիտի յանձնէր այդ գիշեր: Կարճ հանգիստ մը ունեցանք փարիզահայ տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Հուրի Պաղտասարեաններու տան մէջ: Ժամը չորսին պզտիկ ճաշարանի մը մէջ համտեսեցինք հայկական մսալոշը՝ «Լեհմեճիւն»-ը, թանով միասին:

Մինչեւ գիշերուան ժամը տասը պտտեցանք Երեւանի կեդրոնական հրապարակի մօտակայ շուկաները: Վայելեցինք Առնօ Բաբաջանեանի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Ալեքսանդր Սպենդեարեանի արձանները:


Հրապուրիչ էր հրապարակը եւ լուսաւորումով ու երաժշտութեամբ զուգորդուած կեդրոնական մեծ աւազանին շատրուանները: Երեւանի կեդրոնական հրապարակին գլխաւոր յատակագիծը պատրաստած է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան 1924-ին:
Մեր հանգիստը գտանք Փաւլաւօք (Pavlavok) ճաշարանին մէջ: Հոն ընթրեցինք զուտ հայկական տեսակաւոր կերակուր եւ ըմբոշխնեցինք հայ երգչուհիի մը հայկական ճազ երաժշտութիւնը:
Ընթրիքի ընթացքին իմացանք, որ յաջորդ օր բոլորս միասին, այսինքն՝ ես, Էլիզապէթը, Հրաչը, Սեդան, Ռազմիկը եւ Անդրանիկը, վարձու մեծ փոխադրակարքով մը պիտի ուղղուէինք դէպի Արցախ, իրականացնելու համար մեր Արցախեան ուխտագնացութիւն-շրջապտոյտը:
Սեդան եւ Հրաչը կազմակերպած էին այս շրջապտոյտը, որ պիտի տեւէր հինգ օր: Տուն հասանք կէս գիշերին ֆիզիքապէս յոգնած, բայց հոգեպէս ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ: Հայրենի հողին վրայ էինք, հայրենիքի օդը կը շնչէինք եւ հայրենիքի ցայտաղբիւրներէն ջուր կը խմէինք:
Յաջորդ օր՝ Սեպտեմբեր 12-ին, առաւօտ կանուխ՝ ժամը ութին մեր խումբը մեկնեցաւ Երեւանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Խոր վիրապ:

Մեր առաջին մեքենավարն էր Հրաչը: Հոս կ’ուզեմ արձանագրել որ ամբողջ հինգ օրուան շրջապտոյտի ընթացքին Հրաչն ու Ռազմիկը փոխնիփոխ եղան մեր քաջ եւ վստահելի մեքենավարները: Հասանք Խոր վիրապ. ըստ աւանդութեան, Տրդատ Գ. թագաւորը հալածած է Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ նետած է զինք օձերով լեցուն այդ վիրապին մէջ: Գրիգոր Լուսաւորիչ ապրած է այնտեղ 14 տարի: Տրդատ թագաւոր զայն ազատ արձակած է, որպէսզի զինք բժշկէ: 642-ին Ներսէս Գ. կաթողիկոս վիրապին վրայ կանգնեցուցած է մատուռ մը, որ դարերու ընթացքին կործանած է: 1662-ին երկրորդ մատուռ մը կառուցուած է, որ կանգուն մնացած է մինչեւ օրս: Խոր վիրապը դարերու ընթացքին դարձած է գիտութեան եւ կրթութեան կեդրոն, ինչպէս նաեւ սրբատեղի:
Եկեղեցին շրջապատուած էր մեծ թիւով այցելուներով: Մտանք եկեղեցի, ուր «Սուրբ խաչ»-ի տօնակատարութեան պատարագը կը մատուցուէր: Եկեղեցին խուռներամ լեցուն էր զբօսաշրջիկներով եւ հաւատացեալներով: Հոգեպարար երգեցողութիւն, խունկի ծուխերը գուլա-գուլա կը բարձրանային այդ պատմական Խոր վիրապի եկեղեցւոյն մէջ: Մեր ուխտագնացութեան առաջին ուխտը կատարելէ ետք, եկեղեցիէն դուրս եկանք խաչակնքելով մեր դէմքերը եւ իջանք Խոր վիրապի ընդերկրեայ խուցը՝ երկաթեայ ուղղաձիգ վեց մեթր երկարութեամբ աստիճանէ մը: Հոն էր կարծէք Գրիգոր Լուսաւորչի ուրուականը: Յուզիչ եւ տպաւորիչ էր մենակեաց Խոր վիրապը: Կարճ աղօթքէ մը ետք, հանդա՜րտ հանդա՜րտ բարձրացանք աստիճանէն եւ դուրս եկանք հայոց առաջին հայրապետին սրբատաշ խուցէն: Մեր դէմն էր Արարատ լեռը, կարծէք ան պահապան կեցած կը հսկէր Խոր վիրապին վրայ:
Շարունակեցինք մեր ճամբորդութիւնը Արփա գետին զուգահեռ: Ան Արաքս գետին ձախ վտակն է եւ ունի 128 մեթր երկարութիւն: Հասանք Արփա գետին կողքին գտնուող բնութեան մէջ անուշիկ եւ դալարագեղ ճաշարան մը, որ կազմուած էր Արփա գետի մաքուր ջուրի հոսքին նայող փայտաշէն պզտիկ առանձնախուցերով: Այդ խուցերէն մէկուն մէջ համտեսեցինք հայաստանեան իշխանաձուկը եւ կարմրախայտը: Կերանք ու խմեցինք երգելով եւ վայելելով բնութեան գեղեցկութիւնը եւ Արփա գետին գլգլոցը:
Մեր յաջորդ կայքն էր Վայոց ձոր մարզի «Նորավանք»-ը: Ան կառուցուած է 13–14-րդ դարերուն Ամալու գիւղէն 3 քմ հիւսիս-արեւելք: Նորավանք համալիրը բաղկացած է սրբ. Աստուածածին, սրբ. Ստեփանոս նախավկայ եւ սրբ. Գրիգոր եկեղեցիներէն, որոնք նստած են գեղատեսիլ միջավայրի մը մէջ: Հոն ապրած եւ որոշ ժամանակ մը գործած է նշանաւոր հոգեւորական, աստուածաբան, պատմիչ եւ մշակութային գործիչ՝ Ստեփանոս Օրբելեանը: Նորավանքը կործանած է դարերու ընթացքին: Ան նորոգուած է վերջին տարիներուն մոնթրէալահայ տէր եւ տիկին Հաճէթեաններուն կողմէ:

Մտանք հմայիչ եւ քաշողական Նորավանքի եկեղեցիներէն ներս: Կարճ աղօթքէ մը ետք վայելեցինք համալիրին շրջապատը, որ զարդարուած էր գոյնզգոյն ծաղիկներով: Շարունակեցինք մեր ուխտագնացութիւնը եւ երկու ժամ ճամբորդութենէ ետք հասանք Հայաստան-Արցախ սահմանագլուխ, ուր դիմաւորուեցանք Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան երկու պաշտօնեաներուն կողմէ՝ սահմանային պզտիկ գրասենեակի մը մէջ:
Մեզի թելադրուեցաւ յաջորդ օրերուն ներկայանալ Ստեփանակերտի մէջ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւն եւ հոն ստանալ Արցախ կեցութեան եւ շրջապտոյտի մեր արտօնագիրը:

Շարունակելով մեր ճամբորդութիւնը, ժամը վեցին հասանք Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ: Ան կը գտնուի Կարկառ գետի վտակ՝ Վարարակնի ձախ ափին:

Անոր նախագիծը մշակած է Ալեքսադր Թամանեանը 1926-ին: Ան Արցախի վարչական, մշակութային եւ տնտեսական կեդրոնն է 55 000 բնակչութեամբ: Հոն կը գտնուի նախագահի նստավայրը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը եւ կառավարութիւնը:
Ստեփանակերտի մէջ կը գործեն երկու պետական եւ երեք մասնաւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, պետական համալսարանը, ոչ պետական՝ Գրիգոր Նարեկացի համալսարանը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան համալսարանը: Ստեփանակերտ ունի չորս ուսումնարաններ, պետական բժշկական գոլէճ, պարարուեստի գոլէճ, Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական գոլէճ եւ արհեստագիտութեան գոլէճ, ինչպէս նաեւ 12 հանրագիտարան դպրոց եւ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցը:
Ստեփանակերտի մայր հրապարակի մեծ աւազանը զարդարուած էր տասնեակ մը շատրուաններով, որոնք կը գործէին տեսակաւոր լոյսերով եւ հայկական երաժշտութեամբ: Հոյակապ տեսարան, երաժշտութիւն եւ վայելք:
Ճաշելէ ետք աւազանին մօտ գտնուող այգի-ճաշարանի մը մէջ, ուղղուեցանք դէպի Գանձասար վանքի համալիրէն անդին Ծովին Քար պանդոկը, որ կը գտնուի Խաչէն գետի աջ կողմը:

Հազիւ հասած էինք պանդոկին առջեւ, մեր ականջները գրգռուեցան արիւծի մը վախազդու, բայց բարի եկաքի մռնչիւնով մը: Հակառակ որ բաւական յոգնած վիճակ մը ունէինք, այդ ուշ ժամուն պանդոկի տնօրէնը երկրորդ յարկին մեծ պատշգամին վրայ մեզ հիւրասիրեց թէյով եւ հաց ու պանիրով: Մշիկ-մշիկ քնացանք եւ յաջորդ առաւօտ կայտառ դուրս եկանք պանդոկէն ու մենք զմեզ գտանք հրաշագեղ բնութեան մէջ: Պանդոկը շրջապատուած էր խիտ անտառներով: Անոր կից հպարտ նստած էր ժայռաքանդակ առիւծը, որմէ դուրս կու գար խուլ մռնչոց մը: Մեր նախաճաշը ունեցանք պանդոկէն քիչ մը վար՝ Խաչէն գետակին լանջին, բնութեան մէջ բացօթեայ եւ հանդարտ ճաշարանի մը մէջ: Սեղանները զետեղուած էին գետակին եզերքը: Գունաւոր թռչուններ կը ճռուողէին գետակին վերեւ եւ անոր երկու եզերքը գտնուող դալարագեղ ծառերուն վրայ: Փառաւոր հայկական նախաճաշով հիւրասիրուեցանք. տապկուած եւ խաշուած գիւղական հաւկիթ, հարազատ մեղր եւ կարագ, գիւղական կաթ, տեսակաւոր անուշներ, լաւաշ հաց եւ թարմ տեսակաւոր պտուղներ, սուրճ ու թէյ: Մեզմէ քիչ անդին տեսանելի էին ջրաւազաններ, որոնցմէ դուրս կը ցատկէին հայկական իշխանաձուկը եւ այլ տեսակի ձուկեր:
Կուշտ ու կուռ այցելեցինք Գանձասարի վանքը եւ համալիրը, որ կը գտնուի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի մօտ եւ Գանձասար լեռան վրայ: Ան Գանձասար կոչուած է, որովհետեւ Վանք գիւղին դիմաց գտնուող բլուրը հարուստ եղած է արծաթով եւ այլ մետաղներով: Ան կառուցուած է Հասան Ջալալ իշխանին կողմէ13-րդ դարուն:

Անոր շինութիւնը սկսած է 1216-ին եւ աւարտած է 1238-ին, իսկ օծումը տեղի ունեցած է 1240-ի Յուլիս 22-ին: Համալիրը ունի շատ գեղեցիկ տեսարան եւ շրջապատուած է անծայրածիր դալարագեղ անտառներով: Գանձասարը եղած է դպրութեան եւ մշակոյթի մեծ կեդրոն մը: 1400-1816 ան դարձած է Արցախի Աղաւնի կաթողիկոսներու նստավայրը: Սրբ. Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին համալիրին կարեւորագոյն կառոյցն է: Ըստ աւանդութեան հոն ամփոփուած են Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը եւ անոր հօրը արիւնը:
Գանձասար համալիրէն քիչ անդին մեր ուշադրութիւնը գրաւեց ճամբու մը եզերքը պատի մը վրայ զետեղուած ազերիներու կողմէ այրած եւ քանդուած արցախահայերու հազարաւոր ինքնաշարժներու թուատախտակները: Այս յուզիչ տեսարանէն ետք ուղղուեցանք դէպի Սուրբ Դադիվանք:

Դադիվանքը կոչուած է նաեւ Առաքելոց անունով, եղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջնադարեան վանական համալիր Արցախի Շահումեանի շրջանի Դադիվանք գիւղին մէջ, Դադիվանք լեռան լանջին՝ Թարթառ գետի ձախ ափին: Ան կոչուած է նաեւ Խութավանք, որովհետեւ կառուցուած է խութի (բլրակի) վրայ: Աւանդութեան համաձայն՝ եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէ առաջին դարուն:
Դադիվանքի վերանորոգման եւ պեղումներու ընթացքին, 21 Յուլիս 2007-ին, վանական եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ գտնուած են սուրբ Դադէ առաքեալի մասունքները: Իններորդ դարուն կառուցուած են վանական համալիրի առաջին կառոյցները: 1145-ին համալիրը աւերուած է սելջուկներու կողմէ, սակայն ան վերանորոգուած է 1170-ին:
12-րդ դարուն Մխիթար Գոշ հոն ապրած եւ գործած է որոշ ժամանակ մը, ու պատրաստած է իր «Դատաստանագիրք»-ը: Համալիրի մէջ եղած են տարբեր շինութիւններ՝ երկու ժամատուն, երկու հին եկեղեցիներ, միաբանական խուցեր, հիւրատուն, գործատեղի, գրատուն, որոնք կառուցուած են Զաքարեան իշխանապետութեան տարիներուն: Հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուած է Հասան-Ջալալի ապարանքը:
Դադիվանքի կեդրոնական կառոյցը եղած է սուրբ Աստուածածին կաթողիկէն, զոր 1234-ին կառուցած է Հաթերքի իշխանուհի Արզուխաթունը ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Վախթանգ Վախթանգեանի եւ երկու որդիներուն՝ Հասանի եւ Գրիգորի: Հասան նահատակուած է թուրքերու կողմէ: Կառոյցին մէջ յատկանշական եղած է երկյարկանի զանգակատունը, որուն մօտ պահպանուած են երկու խաչքարեր՝ քանդակուած 1283-ին վարպետ Աթանասի կողմէ: Քովնտի պատերուն վրայ արձանագրուած են 12–13-րդ դարերուն պատահած դէպքերը: Միջնադարի վերջաւորութեան Դադիվանքը եղած է Արցախի հայկական մելիքութիւններու կազմին մէջ:

Դադիվանքը ունեցած է երկու հազար հեկտար տարածութեամբ կալուածներ, սակայն 1920 թուականին Արցախը բռնագրաւուած է Խորհրդային Ատրպէյճանի կողմէ եւ այդ պատճառով կորսնցուցած է այդ կալուածները:
1960-ական թուականներուն ատրպէյճանական իշխանութիւնները վանական համալիրին տարածքին հիմնած են գիւղ մը, որուն բնակիչները վնասած են համալիրի շէնքերը եւ որմնանկարները: 1993 Մարտ 31-ին Դադիվանքը ազատագրուած է եւ 1994-ին վերաբացուած է, իսկ 1997-ին սկսած են վերանո-րոգման աշխատանքները: Առաջին անգամ վերանորոգուած է գմբէթաւոր փոքր եկեղեցին:
Դէպի Դադիվանք Ճամբու ընթացքին հանդիպեցանք Թարթառ գետի Սարսանգ ջրամբարի ջուրի հոսանքին: Հոնկէ բարձրացանք դէպի Դադիվանք: Ճամբան քարքարուտ եւ ձիգ էր: Եօթը տարեկան Դաւիթ ինքնաբուխ մեզի ընկերացաւ եւ ամբողջ երկու ժամ մեզ ընտելացուց Դադիվանքի զանազան բաժիններուն եւ իր հրապուրիչ պատմական բացատրութիւններով գրաւեց մեր աչքերն ու ականջները ու բացաւ մեր մտքերը:

Ահաւասիկ փոքրիկն Դաւիթի տեղեկութիւնները Դադիվանքի մասին՝
– Այս կաթողիկէ Սուրբ Նշան եկեղեցին է: Ան Դադիվանքի գլխավոր կառոյցն է: Ան կը համարուի բաւական արժէքաւոր և իւրայատուկ կոթող մը։ Արտաքին պատերը ծածկուած են արձանագրութիւններով, որոնց մեծ մասը փորագիր են: Այս արձանագրութիւններուն մեծ մասը եկեղեցիի շինարարութեան մասին է:
– Այս գմբէթաւոր փոքր եկեղեցին է: Այս միանաւ եկեղեցին է:
– Այս Դադիվանքին զանգակատունն է: Անոր առաջին յարկը յատկանշական է երկու խաչքարերով:
– Այս Սուրբ Դադի եկեղեցին է. Ան Դադիվանքի հնագոյն կառոյցն է: Ան հիմնուած է սուրբ Դադիի գերեզմանատան վրայ:
– Այս սուրբ Դադիի գերեզմատունն է:
– Այս Դադիվանքի գաւիթն է:
– Այս Դադիվանքի գմբէթաւոր փոքր եկեղեցին է:
Դաւիթ Դադիվանքի գիւղին նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտ էր եւ տնօրէնին զաւակը: Դաւիթ խելացի, արթուն, կրթուած, ինքնավստահ եւ հպարտ Արցախցի մանչուկ մըն էր: Անոր սրտէն ու հոգիէն փխած խորաթափանձ «Ես կ’ուզեմ Կաթողիկոս ըլլալ» յայտարարութիւնը շշմեցուց մեր բոլորը: Դաւիթ բաժնուեցաւ մեզմէ եւ ուղղուեցաւ դէպի ձորին մէջ գտնուող իր հօրենական տունը: Մենք ալ բաժնուեցանք Դադիվանքէն եւ ուղղուեցանք դէպի Շուշի:
Շուշի հասանք ժամը հինգին եւ իջեւանեցանք պզտիկ, կոկիկ եւ շատ մաքուր Շուշի պանդոկը, որ կը գտնուէր Ղազանչեցոց եկեղեցիին մօտ:
Շուշին հիմնուած է 1752-ին: Ան կը գտնուի խոշոր ժայռի մը գագաթին եւ ծովու մակերեսէն 1368 մեթր բարձրութեան վրայ: Ան Ստեփանակերտէն 11 քմ հեռու է: Ան նկատուած է Արցախի հնագոյն վարչական, մշակութային եւ կրօնական կեդրոնը:
Շուշին անցեալին եղած է առեւտրական եւ արհեստագիտական քաղաք, ունեցած է մեծ վաճառատուներ եւ վաճառականներ: Ան անուանի է իր Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցիով: Շուշիի մէջ կը գտնուին Ագելոցոց, Սուրբ Աստուածածին, Մեղթեցոց, Կանաչ ժամ, եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիներն ու Կուսանաց վանքը: Ղազանչեցոց եկեղեցին շինուած է 1868-1887 եւ օծուած է 1888-ին: Ան հայկական եկեղեցիներուն ամենէն մեծերէն մէկը նկատուած է: Ան կործանած է 1920-ին ազերիական յարձակումներու ընթացքին: 1920-էն ետք ազերիները գործածած են զայն որպէս զինական կեդրոն-մթերանոց: Ազերիները 1920-ի պատերազմին հրոյ ճարակ դարձուցած են Շուշի քաղաքը իր պետական հաստատութիւններով, եկեղեցիներով, մշակութային, կրթական եւ առողջապահական կեդրոններով: 1992-ին Շուշին ազատագրուած է շնորհիւ Արցախի ազատամարտիկներուն:
Ժամ մը հանգստանալէ ետք Շուշի պանդոկին մէջ, այցելեցինք Դանիէլ Ղազարեան երաժշտական վարժարան եւ տեսնուեցանք վարժարանի տնօրէն՝ արուեստագէտ, երաժիշտ եւ գծագրիչ պ. Կարէն Ղարիպեանին հետ: Ան մեզի ընկերանալով որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց վարժարանին մասին եւ անոր առաքելութեան ու յաջողութիւններու մասին: Հոն առիթը ունեցանք տեսնել պ. Կարէնին գծած պաստարները, որոնցմէ մէկը Էլիզապէթը փափաքեցաւ ունենալ: Կոկիկ նիւթական նուիրատւութիւն մը ընելով երաժշտանոցին ապահեցինք այդ գծագրութիւնը: Պարոն տնօրէնը մեզ հիւրասիրեց իր բնակարանին մէջ տեսակաւոր պտուղներով եւ թէյ-կարկանդակով:
Յաջորդ օր կէսօրէ առաջ պտտեցանք Շուշիի մէջ, այցելեցինք Ղազանչեցոց եկեղեցին եւ ապա Ճտլտուզ (ձիաթափ) կոչուած բարձունքը, ուր տեղի ուեցած են ատրպէյճանցիներուն դէմ Արցախի մարտիկներու վճռական կռիւները ու պարտութեան մատնած են թշնամին 1992-ին:
Շուշիէն բաժնուեցանք եւ հասանք Ստեփանակերտ, ուր հանդիպեցանք ներքին գործոց նախարարութիւն եւ ստացանք Արցախի մեր շրջապտոյտի արտօնագիրը: Հոն Երեւանի ռատիոժամի-ձայնասփիւռի խօսնակներէն մէկը Էլիզապէթին հետ հարցազրոյց ունեցաւ: Այս հարցազրոյցը ունկնդրեցինք երկու օր ետք Երեւանի մէջ: Ստեփանակերտէն ետք ուղղուեցանք դէպի Ծմակահող գիւղը:

Ծմակահող Մարտակերտի շրջանին մէջ պզտիկ գիւղ մըն է, մօտաւորապէս 260 բնակիչներով: Ան կը գտնուի 850 մեթր բարձրութեան վրայ եւ 47 քմ հարաւ արեւմուտք Վաճառ գետի աջ ափին: 42 քմ հեռու է Երեւանէն: Ծմակահողի ժողովուրդը կը զբաղի երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ. Ան անուանի է 12-րդ դարուն շինուած եւ այժմ կիսաքանդ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիով: Ծմակահողի մօտ կը գտնուին Հարաւա, Մանքա, Անկնունք եկեղեցիները եւ Վաճառ գիւղաքաղաքի աւերակները: Վաճառ զարգացած է 12-րդ դարուն որպէս վաճառաշահ կեդրոն Հասան Ջալալեաններու օրերուն: Վաճառ գիւղաքաղաքը աւերուած է նուաճողներու կողմէ, անոր բնակիչները տեղափոխուած են Վաճառ գետին աջ ափը, հատած են անտառը (ծմակը) եւ հիմնած են Ծմակահող գիւղը: Ունի ութամեայ դպրոց՝ ակադեմիկոս Անդրանիկ Իւսիֆեանի անուան: Դպրոցը շինուած է 1918-ին: Դպրոցի բակին մէջ 2009-ին տեղադրուած է 1992-ի արցախեան պատերազմի ընթացքին ծմակահողի 10 զոհուած քաջերուն նուիրուած յուշարձանը: Ամերիկահայ եւ հայաստաբնակ Վիգէն Արապեանի նուիրատւութեամբ 2008-ին գիւղին մէջ բացուած է մշակութային-ընկերային կեդրոն մը Խաչիկ Արապեանի անունով: Ծմակահող հարուստ է աշնանային ոսկեվառ գոյներով եւ երանգներով, շրջապատուած է անտառներով՝ իրենց խորհրդաւոր գեղեցկութեամբ:

Ծմակահողէն մի քանի քիլոմեթր առաջ դիմաւորուեցանք ծմակահողցի երիտասարդ Վահրամ Գէորգեանին կողմէ: Վահրամը Հրաչին մօտիկ բարեկամներէն մէկն էր: Օր մը առաջ Հրաչ զանգեց իրեն եւ իմացուց որ մենք Արցախ կը գտնուինք եւ խնդրեց իրմէ, որ յաջորդ օր 4 քկ խորովածի միս ապահովէր, որպէսզի ծմակահողի անտառներուն մէջ խորոված ուտէինք: Վահրամ ընկերացաւ մեզի իր ինքնաշարժով եւ թելադրեց որ իրեն հետեւինք: տասը վայրկեան ետք Վահրամ գիւղական տան մը առջեւ կանգ առաւ եւ մեզ հրաւիրեց իր ծնողքին բնակարանի պարտէզը: Ան մեզ անակնկալի մատնած էր: Փոխանակ Ծմակահողի անտառներուն մէջ խորոված ուտելու հասցուցած էր մեզ իր ծնողքին դալարագեղ պարտէզը՝ հոն ճաշելու համար: Հոն էին Վահրամին ծնողքը, երկու հօրեղբայրները իրենց կիներով, երկու մօրաքոյրերը իրենց ամուսիններով եւ չորս այլ տարեց դրացիներ: Պարտէզին մէջ պատրաստուած էր երկար ճաշասեղան մը, որուն վրայ զետեղուած էին տեսակ տեսակ համեղ ճաշեր եւ հայկական թութի օղին ու կոնիակը: Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, գրաւեցինք մեր աթոռները ճաշասեղանին շուրջ: Համով-հոտով ճաշեցինք՝ խորովածէն զատ համտեսելով նաեւ ծմակահողցիներու տեսակաւոր եւ յատուկ ճաշերը: Սեղանին շուրջ նստած՝ խմեցինք ներկաներուն կենացը եւ խօսեցանք բաժակաճառեր: Ուրախ էինք մենք եւ մեզ հիւրասիրողները: Բոլորին գլուխը բաւականաչափ տաքցած էր: Մեր տրամադրութիւնը գագաթնակէտին հասաւ երբ կատարուեցան խմբային ազգագրական եւ յեղափոխական երգեր, որոնց յաջորդեցին Էլիզապէթին մեներգները:
Վահրամ եղած էր արցախի հերոսամարտիկներէն մէկը: Ան քաջաբար կռուած էր ազերիներուն դէմ մղուած պատերազմին եւ ծանրօրէն վիրաւորուած էր բազուկէն: Ան ստացած էր բարձրագոյն ուսում եւ արժանացած էր տոքթորայի տիտղոսին պատմագիտութեան մէջ: Ան դասախօս էր թէ՛ Ստեփանակերտի եւ թէ՛ Երեւանի համալսարաններուն մէջ: Վահրամին մայրը Ծմակահողի նախակրթարան վարժարանի տնօրէնուհին էր: Մենք հրաժեշտ առինք Վահրամէն եւ անոր ծնողքէն մեր շնորհակալութիւնները յայտնելէ ետք, եւ ուղղուեցանք դէպի սահմանագլուխ, ուր յանձնեցինք մեր շրջապտոյտի արտօնագիրը: Հոս վերջ գտաւ Արցախի պատմական մեր շատ կարճ ուխտագնացութիւն-շրջապտոյտը: Սահմանագլուխէն ետք շարունակեցինք մեր ճամբորդութիւնը դէպի Երեւան:
Արցախը եւ մասնաւորապէս Շուշին մնաց մեր մտքին, հոգիին ու սրտին մէջ անչնչելի: Հպարտ էինք Արցախով, Արցախի ժողովուրդով եւ յատկապէս անոր քաչ ու մարտնչող մարտիկներով: