ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Լեռ Կամսար (լեռ կամ սար) գրչանունով ծանօթ մեծատաղանդ երգիծաբանին բուն անունն է Արամ Թովմասեան: Ծնած էր ան Վան 1889ին, իսկ իր աչքերը փակեց 76 տարեկանին, Երեւանի մէջ: Ուսումը առած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ եւ վերադառնալով իր ծննդավայրը, 1909-ին զբաղած է ուսուցչութեամբ: Իր առաջին գրութիւնները լոյս տեսած են տեղւոյն «Աշխատանք» թերթին մէջ:
Ան Կովկաս գաղթեց 1915ին եւ հաստատուեցաւ Երեւան, ուր սկսաւ աշխատակցիլ «Հորիզոն» եւ «Աշխատանք» թերթերուն, ինչպէս նաեւ Պաքուի «Արեւ» թերթին, իբրեւ սրամիտ քրոնիկագիր: Փետրուարեան ապստամբութեան վախճանին, 1921-ի Ապրիլին, ապաստանեցաւ Թաւրիզ, բայց յետոյ վերադարձաւ Երեւան, նուիրուելով ուսուցչութեան եւ միաժամանակ աշխատակցելով տեղւոյն թերթերուն, երգիծական զուարթ գրութիւններով:
Մինչեւ իր տաժանելի աքսորը, 1937-ին, Լեռ Կամսարի գործերէն հրատարակուած են «Անվաւեր Մեռելներ»՝ 1924ին, «Ազգային Այբբենարան»՝ 1926-ին, եւ «Վրիպած Արցունքներ»՝ 1934-ին գիրքերը, իսկ մօտաւորապէս քսանամեայ աքսորէն վերադարձին, 1959-ին, լոյս տեսաւ իր պատմուածքներու մէկ ժողովածուն՝ «Գրաբար Մարդիկ» անունով:
Գուրգէն Մահարի գրեց իր յուշերուն մէջ․ «Այդ տարիներին (1924) Լեռ Կամսարի համբաւը որոտում էր երկրով մէկ: Երբ լոյս էր տեսնում օրաթերթը նրա թերթօնով, թերթավաճառները ճչում էին «Լեռ Կամսա՛ր» եւ սպառւում էր թերթը կայծակի արագութեամբ»: Չմոռնանք ըսելու, որ Լեռ Կամսար երբեք չփոխեց իր լեզուն արեւելահայերէնի եւ գլխաւորաբար գրեց արեւմտահայերէնով:
Սքանչելի երգիծաբանը շատ համեստ եւ գրեթէ մեկուսացած կեանք մը ապրեցաւ, մանաւանդ վերջին տասնամեակի շրջանին, այսինքն աքսորէն վերադարձէն յետոյ: Գրողներու միութեան կողմէ իրեն յատկացուած բնակարանը տուած էր իր ընտանեկան պարագաներուն, իսկ ինք կ՛ապրէր հին խրճիթի մը մէջ, որ իր նախկին բնակարանը եղած էր կէս դար առաջ եւ Երեւան ապրած ամբողջ շրջանին: Ան մահացաւ այդ նոյն խրճիթին մէջ:
Ստորեւ նմոյշ մը իր գրութիւններէն․-
ՎԵՑ ԱՄԻՍ ՏԵՒԱԾ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ՄԸ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ՏԵՒԱԾ ՎԵՑ ԱՄԻՍ ՄԸ
Մինչեւ 25 տարեկան հասակը, Մանասին ու Բաբգէնին միջեւ «իմ ու քոն» չկար: Կարծես ոչ թէ ընկերներ, այլ հարազատ եղբայրներ ըլլային, մէկը պատառը չէր դներ բերանը, առանց միւսին մասը հանելու:
Այսպէս՝ մինչեւ ամուսնանալը:
Կին: Աշխարհիս այն միակ ԱՄԲՈՂՋԸ, որմէ մաս չի հանուիր … Երբ դեռ չէր պսակուած, ամուսնութեան խնդիրներուն մէջ Բաբգէնը պահպանողական էր եւ վախկոտ: Որովհետեւ կեանքի մէջ մէկ անգամ պիտի ամուսնանար եւ այդ պատճառով կ՛ուզէր, որ իր ընտրեալը աշխարհիս ամենագեղեցիկն ըլլար:
Խեղճ տղան չէր գիտեր, որ աշխարհի ամենագեղեցիկ կինն այն է, որ իրեն չի պատկանիր ու ատկէ ալ գեղեցիկն այն, որ բնաւ իրեն չի պատկանելու:
Բայց մերին ի՞նչ գործ. չպղտորենք տղուն սիրտը ու թող տանք, որ իր գիտցած ձեւով ամուսնանայ:
Երբ ամուսնացան ու մէյմէկ կին առին, այլ այնուհետեւ սկսեցին ամէն ոք «իր առջեւէն» ուտել ու ընկերին մաս չհանել:
Աղջիկն իրաւցնէ գեղեցիկն էր: Բաբգէնը ամբողջ երկու տարի վազեց ետեւէն ու բռնելուն պէս ամուսնացաւ հետը՝ նոտարով առանձին, քահանայով առանձին: Ալ սպասելու ժամանա՞կ էր: Անիկա իր երջանկութեան կը տիրանար: Ճամբին սիրտը կը դողար վրան եւ ամէն րոպէ կը սպասէր, որ ահա մէկը պիտի խլէր ձեռքէն:
Երբ նոտարը ամուսնացողներուն հարցուց՝ «որքան ժամանակով», Բաբգէնը նախ հարիւր տարիով կամեցաւ ըսել, բայց վախնալով որ հարիւր տարիէն աւելի կրնան ապրիլ, յանկարծ՝ «յաւիտեան, նոտա՛ր, յաւիտեան գրէ», ըսաւ ու չհանգստացաւ, մինչ իր աչքովը «յաւիտեան»ը չկարդաց նոտարի տետրակին մէջը: Հիմա նոտարին ժամանակամիջոցը պարզ էր ու կոնկրէտ, անորոշութիւնը կը սկսէր քահանայի գրած ժամանակէն:
Ի՞նչ կը նշանակէ «Մէկ բարձի վրայ ծերանաք»: Բարձ, բայց պէտք է ըսուի՝ ի՞նչ երկարութեամբ բարձ: Այլապէս կարելի է երկու մեթրանոց բարձ շինել ու իր եւ կնոջը արանքը չորս տղամարդ պառկեցնել եւ դարձեալ «ծերանալ» … յետո՞յ… չէ՛, Բաբգէն ամուսնանալով, իր ողջ յոյսը նոտարին «յաւիտեան»ին վրայ դրաւ եւ սկսեց ԱՊՐԵԼ:
Բաբգէնին ամուսնական առագաստը կը բաղկանար շատ նեղ մահճակալէ մը ու նեղ բարձէ մը: Առաջին ամսին սակայն այդ նեղ մահճակալը այնքան նեղ կու գար, որ փեսան զղջացած էր աւելի նեղ շինել չտալուն համար:
Ամուսնութեան երկրորդ ամսուն էր, որ մահիճը սկսեց նեղ գալ քիչ մը: Առտուն, երբ Բաբգէնը անկողնին մէջ նստած ուշի ուշով կը դիտեր մահիճը․
– Բաբգէն ջա՛ն, ին՞չ կը նստիս, ձայնեց կինը անդիէն:
– Կը նեղնա՞յ : Ինչո՞ւ պիտի նեղնայ: Հիմա ամառ է ու մահճակալը, որպէս երկաթ, ընդհակառակն, պիտի լայննար տաքութենէն…
– Երկաթին որակը գէշ է գուցէ … Վերջապէս չեմ հասկնար:
Երկրորդ ամսին նորէն «կարծեց» Բաբգէնը, բայց երրորդ ամսին պարզ աչքով կը տեսներ, որ մահճակալը նեղցեր է, ու քաղաքի տօնավաճառն իջնելով այն Կիրակին, սկսեց մահճակալներու բաժինն այցելել, «յարմար բան մը» առնելու համար:
Տօնավաճառին մահճակալներն ալ այդ Կիրակին զարմանալի կերպով բոլորն ալ «յարմար» էին:
Առաւ հատ մը ու երբ ծալլուած մահճակալը տուն բերաւ, կինը զարմացած հարցուց.
– Ի՞նչ է սա:
– Ոչինչ, շատ աժան էր, առի: Ասպէս ծալլուած թող կենայ պատին տակը, օր մը կը ծախենք: Ու սկսեցին ապրել: Բայց ճիշդ նոյն գիշերը, Բաբգէն մտովի այդ ծալլուած մահճակալին մէջ պառկեցաւ …
Օր մըն ալ կինը տեսաւ, որ ծալլուած ու երկու ոտներուն վրայ պատին կռթնած մահճակալը, ուղղուել ու կեցեր է իր չորս ոտներու վրայ…: Մարդը կնոջ հարցին պատասխանեց, թէ ոտներուն կարճն ու երկայնը ուզեցի փորձել: Ոչինչ, համաչափ էին ոտները: Կը մնար փորձել միայն, թէ առ հասարակ հանգի՞ստ մահճակալ է, լաւ կը պառկուի՞։ Շաբաթ մը ալ այդ փորձեց Բագէն ու տեսաւ, թէ դժբախտաբար, որ շատ հանգիստ էր: Պաշտօնատունն երթալով այն առտուն, տրամադրութիւն չունէր աշխատելու: Նայեցաւ իր շուրջ բոլորած ուրիշ կանանց, գրիչը վերցուց ձեռքն ու առջեւը դրուած ծծանին վրայ «յաւիտեան» գրեց, ապա մէկ-մէկ, իւրաքանչիւր տառին վրայ գիծ մը քաշելով դարձաւ իր քովի հաշուապահին՝
– Վասեա , դու ո՞ր տեղացի ես:
– Խարկովցի:
– Ձեզ մօտ «յաւիտեան»-ը քանի՞ տարի է …
– Մեզ մօտ յաւիտեանը վախճան չունի:
– Թո՛ւ , սատանան տանի, նզովեց Բաբգէնն ինք իրեն:
Ամենայն տեղ իմաստը մէկ է այդ անպիտան բառին … թէեւ, ըսենք, բոլորովին աւելորդ բառ չի կարելի համարել «յաւիտեան»ը: Ինչո՞ւ, շատ ալ լաւն է, եթէ ամուսինները բաժանուելու ատեն գործածեն …ու յանկարծ սա միտքը ծագեց գլխուն մէջ.
– Կ՛երթամ, ըսաւ, նոտարին մօտ ու կ՛ըսեմ, «յաւիտեան» գրեցիր, համաձայն եմ ու բնաւ այդ բառին ձեռք տալու միտք չունիմ, միայն կը խնդրեմ սա «միանալ» բառը աւրէ, «բաժնել» գրէ տեղը , իսկ « յաւիտեանը» թող մնայ …
Ի՛նչ աւանակ մարդ է սա նոտարը: Տխմա՛ր, ես առաջին անգամ կը պսակուիմ, քեզի ինչ է եղեր: Չե՞ս ըսեր՝ սա տղան ամուսնութեան քերականն առաջին անգամն է բացեր ու միայն «ա» տառը կը ճանչնայ, ես ինչպէ՞ս, ես ինչպէ՞ս «յաւիտեան» գրեմ: Շատ չէ , գէթ այդ «յաւիտեան»ը երեսունեւվեց մասերու բաժներ, Մեսրոպեան տառերու թիւին չափ …
Եկեղեցին շատ աւելի մտածուած կը պսակէ քա նոտարը: Եկեղեցին կ՛ըսէ «մէկ բարձի ծերանաք»: Շատ գեղեցիկ: «Բարձը» կը կիսեմ, կտոր կու տամ, կ՛երկարեմ, խնդրեմ, մէկ ծայրին ես «կը ծերանամ», միւսին թող կինս «ծերանայ»:
Անցաւ նաեւ երեք ամիս, որու ընթացքին չի կարելի ըսել, թէ Բաբգէնը սկսեր էր ատել իր կնոջը: Ո՛չ: Իր բացակայութեանը սաստիկ կը սիրեր: Ու եթէ հաստատ գիտնար, թէ կինը այլեւս չի վերադառնար, Բաբգէն կարօտէն մեռներ պիտի …
Բայց Բաբգէնին կինը երբեք թող չէր տար, որ մա՛րդն իրեն սիրէ։ Միշտ անոր քով կ՛երթար ու «սէր իմ» կ՛ըսեր: Այդ ժամանակ Բաբգէնը չկրնալով դիմանալ, բաժնուեցաւ կնոջմէն …
Երբ Բաբգէն վեց ամիսէն ուրացաւ կնոջը, ոչ մէկ աքաղաղ կանչեց։ Վասնզի աքաղաղները, սովորաբար, երեք անգամ ուրացողներուն համար կը կանչեն, իսկ Բաբգէնը 25 տարու էր եւ դեռ բազմաթիւ «վեց ամիսներ» պիտի ապրէր: