ԳլխաւորԳրական

Լ Ի Բ Ա Ն Ա Ն

 

Դիցական այն երկիրը

Ուր երիտասարդութեան գիւտը կ՚ընէինք

Հայկական աշխարհի եւ արեւելեան բոյրերու միջեւ։

Պանդոկներու, մայթերու,

Ծխագալար պատշգամներու

Եւ պճլտուն ցուցափեղկերու արանքէն

անվիշտ խաղաղութիւնը կը ծաւալէր,

Տեսցընելով մեզի նաւեր

Լուսեղ նաւեր

Իրենց ցռուկները պարզած անորոշին։

 

Երիտասարդութեան գիւտը կ՚ընէինք

Մեր լուսէ մարմինները՝ չարիքի ահը

կը շպրտէին չգոյութեան վիհերուն,

Առանց գիտնալու թէ չգոյութիւնը յարակայ է

Եւ վիհը՝ վիրաւոր։

 

Այնտեղ աղօթածուփ թաղեր

Եւ երերածուփ շուկաներ

աֆիոնի, պաղատագին երգի

Ու ծլարձակ ձայներու միջեւ

Լուսին գիշերներու բոյրեր էին աստղավէժ։

Աստեղաթաթաւ ծով,

Աստղ էր ամէն կողմ, աստղերու ջրվէժ։

Կայծկլտուն յասմիկներու թուփեր

Թաղէ թաղ երկարելով

ցանկապատեր, ցանկութիւններ կը շարէին,

Խանգարելով, թոյլ չտալով որ անհետի

Հեքիաթներու ուղին։

 

Թաղին ոսկրուտ կատուները ծառէ ծառ կ՚ընդոստնէին

գիշերուան սեւին մէջ սէր հալածելով.

Ծեր գիշերը կը հայհոյէր,

Յարագրգիռ կատուներուն փոյթը չէր։

Մեր ծնողներու հովանիին ներքեւ

Անթոյն բերկրանքը մեր որ տունէ տուն

Փողոցէ փողոց՝ արծաթափայլ թելերով

մէյ մը կանաչ երգերուն

մէյ մը դեղին սուգերուն մէջ խառնուած

Սնո՛ւնդ կու տար ապագային։

 

Վախ չունէինք գիշերներէն,

Կը քալէինք քաղաքին մէկ ծայրէն միւսը.

Ցերեկները թռչուն էին աղմկածին,

դասագիրքեր ու բանավէճ,

Գիշերները թռչուն էին լուսածորուն

պաղպաղակ ու պանանա սփլիթ,

Ինկեր էինք այնքան լոյսի եւ աղմուկի գոյներու մէջ

գարեջուրի պաղ փրփուրներու պէս։

 

Մեր մէջ պառկած

արիւնախանձ անապատներ կային,

Մեծհայրերու ծանրաբեռն նայուածքներու տակ

եռանդուն գաղութներ,

Աշխարհէ աշխարհ երկարած օծուն տուներ

Որոնց մէջ անապատին չոր հոտը կար

Ուր կ՚ապրէին պատմութիւններ

Իրար անծանօթ, սակայն միատեղ։

Անոնք բոլորը զիրար խնամեցին

Աղօթեցին, հայհոյեցին,

Մղկտացին, մռնչեցին

Մինչեւ որ դարձան Մեծ Գիշերուան

տէրն ու տիրակալը,

Որպէսզի ստեղծուէր փափկութիւն մը

Ցանկաթելերէն ներս երկարող Սփիւռքին։

 

Մեզի պէտք էր խօսիլ ու համրանալ,

համրանալ ու խօսիլ

Մինչեւ որ հասնէր իմաստին զօրութիւնը,

Մինչեւ որ Մեծ Գիշերը վերածուէր

ցանկաթելերէն դուրս երկարող Մեծ Լոյսի։

Արեւը ո՛չ հարցում կ՚ուղղէր, ո՛չ պատասխան կ՚ուզէր,

Կ՚իջնէր մեր մարմիններուն

շագանակագոյն ալիքի նման։

 

Քիչ մը անդին

Սիտոնի բերդին մէջ վրնջացող կոհակներ

Իրենց աղի աչքերը շփելով

Թափ կու տային հարաւին։

Սուլթաններու, փաշաներու ապարանքներ հիւսիսի մէջ

Նոր քարացած ուղտերու քարաւան՝ կը սպասէին

ճակատագրի կենդանարար ճպոտին։

 

Իր իսկ պատմութենէն ջրացայտող Փիւնիկէն էր.

Ու սիւները Պաալպէքի՝ կոյր պահակներ

Աֆիոնի եւ մարինկուանայի տափաստաններուն քով,

Ամրան գիշերներուն, լոյսերով ձայնարձակ։

Անոնց ոտքին արաբական զուռնան կ՚երգէր

դար դար ցաւեր,

Ռուսական պալէն

Եւրոպական երաժշտութիւնը

Ամերիկեան արդի պարը

Ուրիշ բոյրով կ՚օծուէին

Լիբանանի շղարշային քօղին տակ,

Միակ խորհուրդ ունենալով լո՜յսը

հազարումէկ գիշերներէ արձակուած։

 

Տիեզերքի արեւին սիրուհին էր Լիբանանը,

Իր անհոգի հագուստները արձակած՝

Հարաւ հիւսիս լոյս հիւսելով

Սէր քակելով կը զբաղէր։

 

Կիրակիները նոյն արշալոյսը ունէին

Եւ կիրամուտերը՝ նոյն խունկի հոտը,

Միջերկրականը՝ նոյն ալիքները կոյր թափահարուող,

Միեւնոյն հայկական թեմաներու շարքերը,

Թրքական մշակոյթի վիժած շարքերը,

Մեր յարատեւ ցոյցերը

համալսարանի աստիճաններուն վրայ։

 

Ես ո՞ւր դնեմ, ինչպէս բռնեմ

արձագանգներու երամը այս

տենդահար ու ազնուազանգ։

 

… Միայն այս մնաց,

Բանաստեղծութեան բարի ճամբան

Որ կը փորձէ վերածել կեանքը՝

խօսքի ու լռութեան։

 

Վեհանոյշ Թեքեան

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button