Կիրակի, 18 Մայիսին, յանուն Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյհոգեւոր հովուութեան պաշտօնին պիտի հաստատէ Գերշ. Տ. Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանը, որ իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ։
Խորէն Արքեպիսկոպոս ծնած է 4 Մարտ, 1965-ին, Ճիպէյլ (Լիբանան)։ 1977-ին մտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ընծայարանը, 1981-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 1984-ին՝ աբեղայ։ 1984-1995-ին եղած է Դպրեվանքի ուսուցիչ, հսկիչ եւ ապա փոխտեսուչ: Նոյն թուականներուն ուսուցչական պաշտօններ վարած է ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» գոլէճին, ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» գոլէճին ու «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» (նախապէս «Նշան Փալանճեան») ճեմարանին մէջ։ 1989-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ձեռամբ ստացած է վարդապետական աստիճան, ներկայացնելէ ետք իր աւարտաճառը՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երանաշնորհ Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսի կեանքն ու գրական աշխատանքները», իսկ 1998՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ, ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը: 2005-ին եպիսկոպոս օծուած է, իսկ 2014-ին արքութեան տիտղոս ստացած է։
Խորէն Արքեպիսկոպոս 1995-2004-ին վարած է Թեսապոնիկէի հայոց հոգեւոր հովուութիւնը, իսկ 2000-2004-ին պաշտօնավարած է իբրեւ Յունաստանի առաջնորդական փոխանորդ։ 2004-2016-ին Յունաստանի հայոց առաջնորդ եղած է, իսկ 2017-2024-ին Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ։
2003-ին աւարտած է Թեսաղոնիկէի ամերիկեան Անատոլիա Գոլէճ համալսարանի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղը, իսկ 2024-ին՝ Նիկոսիոյ համալսարանի աստուածաբանութեան եւ հայրաբանութեան ճիւղը, մագիստրոսի տիտղոսով։
Լայնօրէն աշխատակցած է հայ եւ օտար մամուլին եւ հրատարակած ու խմբագրած է բազմաթիւ հատորներ։
Յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու, բարի գալուստ կը մաղթենք Գերաշնորհ Սրբազան Հօր եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն Թեմէս ներս։