Ռուսիոյ շուրջ Ա. մաս․- «Եւրասիոյ» Գաղափարը Աւելի Իրագործելի Է, Քան՝ «Եւրոպայի», Ահա Թէ Ինչու»
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
8 Յունիս 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Ռուսական հինգ կամ աւելի հիւլէական կարողութեամբ օդակայաններ 1 յունիս 2025-ին, անօդաչու սարքերով ռմբակոծելու Ուքրանիոյ կողմէ ահաբեկչական անպատասխանատու այս արարքը, որ կ՚ըսուի, թէ տարիէ մը առաջ ծրագրուած ու պատրաստուած է, մի՛այն արեւմտեան գաղտնի սպասարկութեանց՝ յատկապէս Անգլիոյ, Ամերիկայի եւ ՆԱԹՕ-ի նաեւ, Իսրայէլեան Մոսատին ուղղակի մասնակցութեամբ կրնար իրականանալ:
Ի՞նչ էր այս ահաւոր գրգռութեան նպատակը… Որ Ռուսիան հիւլէական ռո՞ւմբ գործածէ Ուքրանիոյ դէմ… Կամ՝ նախագահ Թրամփին յիմար ու գրգռիչ, քստմնելի վերլուծումով՝ «այս բոլորը մանուկներու կողմէ (Փութին եւ Զելենսքի) փողոցի կռի՞ւ է», երբ մէկուկէս միլիոնէ աւելի մեռեալ եւ 7 միլիոնէ աւելի գաղթական պատճառեց: Ա՞յս է հզօր Ամերիկայի նոյնքան մանկական անպատասխանատու տեսակէտը…
- Եւրասիոյ քարտէսը, Ռուսիան անոր կեդրոնը (2)
:
Այս դէպքէն առաջ, կիսապաշտօնական Վալտայ քննարկումի ակումբի տնօրէն Թիմօֆէյ Պորտաչեւի Timofey Bordachev, Program Director of the Valdai Club, 25 մայիս 2025-ի վերոնշեալ խորագիրով (1) Ռուսիոյ ապագայ ռազմավարութիւնը ներկայացնող, Ռաշա Թուտէյի Russia Today կողմէ ռուսերէնէ անգլերէն թարգմանութիւնը, ստորեւ հայերէնով կը ներկայացնեմ, ապա նաեւ հեղինակին յաջորդող յօդուածը՝ Բ. մասով, առանձին:
«Եւրասիական պետութեան համար Արեւմտեան Եւրոպայէն ամբողջական մեկուսացումը ոչ միայն ցանկալի չէ, այլեւ՝ անհնար: Եւրասիական տարածքի ծրագիրին իսկապէս հաւատարիմ եղողներուն համար, համագործակցային եւ զարգացող հիմնական քաղաքական մարտահրաւէրը՝ արտաքին ազդեցութիւնները կառավարելու միջոց գտնելն է՝ հիմնականին մէջ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի ՆԱԹՕ-ի խմբակէն, որ նոյնիսկ տեսականօրէն կարելի չէ ջնջել: Մեր խնդիրն է մեղմացնել այս դերակատարներուն կողմէ բխող վտանգները, միաժամանակ՝ ստանալով սահմանափակ օգուտներ, որոնք կարելի է գտնել անոնց անխուսափելի ներկայութեան մէջ՝ առանց արտօնելու, որ արտաքին ճնշումը ներքին պառակտումներ հրահրէ Եւրասիոյ մէջ:
«Նո՛յնիսկ երբ Ռուսիան կ՚ամրապնդէ իր համագործակցութիւնը հարաւային եւ արեւելեան գործընկերներուն հետ, Եւրոմիութեան եւ Միացեալ Նահանգներու՝ կայուն տնտեսական եւ արհեստագիտական կարողութիւնները կարելի չէ անտեսել: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ համագործակցութեան համեմատաբար փակ գօտիներ կ՚առաջանան միայն երկու պատճառով. կա՛մ արտաքին ամբողջական թշնամութեան միջոցով, կա՛մ գերիշխող ուժի մը միապետութեան տակ, որ պատրաստ է իր վրայ առնել առաջնորդելու հետեւանքները: Այս երկուքէն որեւէ մէկը Մեծն Եւրասիոյ չվերաբերիր։
«Նախ, Եւրասիոյ պետութիւնները շահագրգռուած չեն կտրուիլ համաշխարհային տնտեսութենէն։ Երկրորդ, չկայ Եւրասիական միապետութիւն մը, որ պատրաստ է զոհաբերել իր սեփական զարգացումը, մայր ցամաքին գերիշխելու համար: Երրորդ, ոչ ոք կ՚առաջարկէ Եւրասիան դարձնել մեկուսացած դաշինք: Միացեալ Նահանգները, Եւրոմիութիւնը եւ Միջին Արեւելքի հիմնական երկիրները կը շարունակեն կարեւոր դեր խաղալ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ: Քաղաքական եւ ռազմական գործողութիւններէն անջատ, անոնք տակաւին կ՚ապահովեն շուկայ մուտք, արհեստագիտութիւն եւ առեւտուր:
«Ոմանք Եւրոմիութիւնը կը տեսնեն իբրեւ տարածաշրջանային ինքնապարփակումի բնորդ՝ «պարտէզ», մէջբերելով վերջինիս աւելի մոլորած փոխաբերութիւններէն մէկը: Բայց նոյնիսկ Արեւմտեան Եւրոպայի յայտնի միասնութիւնը մեծապէս հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու եւ, աւելի նուազ չափով, Չինաստանի հանդէպ շարունակական բաց յարաբերութեան վրայ: Մի՛այն Ռուսիոյ եւ հաւաքական հարաւին հանդէպ Եւրոմիութիւնը իրական մերժում որդեգրած է: Նո՛յնիսկ այդ պարագային ալ, ռազմավարութիւնը կը մնայ թերի եւ հիմնականին մէջ՝ հռետորական:
«Արեւմուտքին փորձը, ինքզինք իրաւական եւ հաստատութենական «ցանկապատերով» շրջապատելու, ստեղծած է փխրուն պարիսպ մը, որ, սակայն, մշտապէս փորձի կ՚ենթարկուի համաշխարհային իրողութիւններուն կողմէ: Մինչ այդ, Ռուսիան եւ անոր գործընկերները դուրս մնացած են այս կառոյցէն, որ մտածել կու տայ բաց Եւրասիոյ մը մասին՝ իբրեւ կենսունակութեան այլընտրանք:
«Եւրասիան կրնա՞յ ինքնաբաւ զարգացման համայնք կառուցել: Տեսականօրէն՝ այո։ Սակայն, ի տարբերութիւն Համաշխարհային Բ. պատերազմին՝ Եւրոպայի ու Եւրասիոյ մէջ չկայ առաջնորդ մը, որ պատրաստ է կազմակերպել նման աշխատանք: Միացեալ Նահանգները 20-րդ դարու երկրորդ կէսին նման բան փորձեց իր համաշխարհային առաջնորդի վիճակով, բայց նո՛յնիսկ Ուաշինկթընը այժմ այդ ջանքերէն ուժասպառ կը թուի ըլլալ: Ամերիկացի ընտրողները բազմիցս արտասահմանեան պարտաւորութիւնները կրճատելու իրենց նախասիրութիւնը ազդարարած են:
«Չինաստանը, հակառակ իր տնտեսապէս հիանալի վիճակին, դժուար թէ առաջնորդի դեր ստանձնէ Եւրասիոյ մէջ: Անոր քաղաքական մշակոյթը չթոյլատրեր արտերկրի մէջ տիրակալութեան յաւակնութիւններուն, եւ այս հսկայական տարածաշրջանին համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու վտանգները, հաւանաբար, կը գերազանցեն որեւէ ենթադրելի շահ: Աւելին, Ռուսիան, Չինաստանը եւ Հնդկաստանը մօտաւորապէս համեմատելի են իրենց հզօրութեամբ եւ ախորժակ չունին մայր ցամաքին գերիշխելու, անարդիւնք պայքարին համար: ՊՐԻՔՍ-ի եւ ՇՀԿ-ի (Շանկհայ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) յաջողութիւնը կ՚ընդգծէ այս իրողութիւնը: Եւրասիական համագործակցութեան ենթահողը, հիմը՝ փոխադարձ յարգանքն է, այլ ոչ թէ գերակայութիւնը:
«Փոխանակ Արեւմտեան Եւրոպական օրինակը ընդօրինակելու, կամ իրենք զիրենք ամբողջովին Արեւմուտքէն մեկուսացնելու, Եւրասիական պետութիւնները պէտք է ձգտին գործնականօրէն ներգրաւուիլ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ: Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, նոյնիսկ անոնց աննախընթաց ծաւալը, չեն քանդած միջազգային առեւտուրը: Համաշխարհային տնտեսութիւնը ցոյց տուաւ զգալի տոկունութիւն: Միջին եւ փոքր երկիրները աճելու համար կը պահանջեն բաց շուկաներ: Մեծ պետութիւնները, ինչպիսիք են Ռուսիան, Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, անոնց պէտք ունին, տարածելու համար իրենց հսկայական գումակային եւ արդիւնաբերական կարողութիւնները:
«Եւրասիական պետութիւններուն համար անիրատեսական եւ անարդիւնաւէտ կ՚ըլլայ համաշխարհային տնտեսութեան հետ կապերը խզելը: Իրական նպատակը պէտք է ըլլայ չէզոքացնել Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական թունաւորութիւնը, միաժամանակ ապահովելով, որ անոնց ներկայութիւնը չխախտէ Եւրասիական միասնութիւնը։ Այս մէկը համախոհ գործընկերներու միջեւ, ընդհանուր տեսլականի զգոյշ համակարգում եւ ռազմավարական համբերութիւն կը պահանջէ:
«Եթէ Արեւմտեան Եւրոպայի առաջատար երկիրներուն նպատակը, Ռուսիոյ եւ անոր գործընկերներուն զարգացումը խոչընդոտել է, ապա ռազմավարութիւնը նուրբ պէտք է ըլլայ։ Ուղղակի ճակատումը, կամ՝ ընդհանուր մեկուսացումը չյաջողիր: Եւրոմիութիւնը կարելի չէ հանել պատկերէն, եւ ՄՆ-ը տեսանելի ապագային համաշխարհային ազդու գործօն կը մնայ։ Հարցը այն չէ, որ ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջութեամբ հեռացնել զանոնք, այլ ինչպէ՞ս նուազեցնել անոնց բացասական ազդեցութիւնը եւ կանխել արտաքին ուժերու կողմէ Եւրասիոյ ներսը պառակտում սերմանելը:
«Յառաջանալու ուղին կը կայանայ Եւրասիական ճկուն, բաց հարթակի կառուցման մէջ, որ կրնայ կլանել արտաքին ցնցումները՝ առանց քայքայուելու: Ան պէտք է գործէ համաշխարհային դաշտին մէջ, սակայն ի՛ր պայմաններով: Սա երազային տեսլական չէ, այլ՝ գործնական անհրաժեշտութիւն»: Վերջ:
Ահա ռուսական պաշտօնական տեսակէտը լուսաբանող, գործնապաշտ քաղաքականութիւնը բացայայտող յօդուած մը, որուն միտք բանին, հակառակ
արեւմուտքին պատժամիջոցներուն ու թշնամութեան՝ Արեւմուտքին դէմ փոխադարձ ճակատում եւ թշնամութիւն չէ, այլ՝ Մեծն Եւրասիոյ նուազագոյն վնասով գոյակցելու մարտավարութիւն, իր կողքին ունենալով հզօր ՊՐԻՔՍ-ը եւ ՇՀԿ-ն:
Այս խճանկարին մէջ արդեօք Հայաստանը ո՞ւր կը գտնուի: