Գրողի ԱնկիւնԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԵՐԹԸ ԻՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՎ

ՍՆԱՎ-ի 30-ամեակին առթիւ օրուան հաղորդավարներն էին ձախէն աջ-՝ 1987-ի եւ 1988-ի շրջանաւարտներ՝ Սիրան Պալեան, Լեռնա Գարանֆիլօղլու, Յուշեր Պզտիկեան, Նաթալի Գաբրելեան- օրուան տնօրէնուհի՝ Զարմինէ Պօղոսեանին հետ

ՍՆԱՎ-ի 30-ամեակին առթիւ նշանաբան ընտրած էինք հետեւեալ տողերը թէ՝ ԱՒԱՆԴԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ եւ մեր յաջորդ էջը պիտի գրուի վարժարանիս գիտակից ու հոգատար շրջանաւարտներով, մանաւանդ՝ երբ անդրադառնանք թէ երկու տարիէն վարժարանը կը պատրաստուի իր 60-ամեակը տօնելու։

Մեր երազն է, այս կրթական լոյսի օճախին պատերէն ներս հասակ առած աշակերտները, շրջանաւարտ դառնալէ ետք մասնագիտացած եւ հասուն անձնաւորութիւններ դարձած ժամանակակից ու նորանոր գաղափարներով պիտի բարելաւեն պայմանները ու վարժարանը հասցնեն նորանոր բարձունքներու։

Մինչ կը հպարտանանք եւ շատ քաջալերելի երեւոյթ կը համարենք, երբ կ՛անդրդառնանք թէ ներկայ աշակերտութեան որոշ մէկ տոկոսը դպրոցին թոռնիկները կարելի է նկատել, այսինքն՝ ՍՆԱՎ-էն շրջանաւարտ դարձած երիտասարդ ընտանիքներու զաւակներն են անոնք, միւս կողմէ կը յուսանք, որ այդ շրջանաւարտներուն որոշ տոկոսը նորանոր գաղափարներով, աւելի գործնականօրէն գուրգուրանք ցուցաբերեն ու մանաւա՛նդ նեցուկ կանգնին։ Այսօրուայ ձեռնարկը առիթ մըն է աւելի եւս շեշտելու շրջանաւարտներու ներկայութեան կարեւորութիւնը։

Այսօրուայ – 17 Մայիս 2025-ի ՍՆԱՎ-ի այս ձեռնարկը կրկնակի ուրախութիւն պատճառող նշանակալից երեւոյթ է, երբ ընգծենք, որ իր գեղեցիկ ձայնին հետ հոգիով ու սրտով մկրտուած ՍՆԱՎ-եան շրջանաւարտ՝ Յուշեր Պզտիկեանն է այսօրուան խանդավառութիւն ստեղծող երգչուհին իր ընտրեալ նուագախումբով։

Յուշերը դուստրն է մեր համայնքէն ներս շատ ծանօթ եւ յարգուած Յովհաննէս եւ Սոնիա Պզտիկեաններուն, ան հասակ առած է օրինակելի ծնողք եւ ընտանիքի մը շունչին տակ։

Վարժարանիս հիմնադրութենէն ի վեր անոնք իրա՛ւ քաջալերողներն են եղած այս մեսրոպաշունչ կրթական օճախին։ ՍՆԱՎ-ի հայեցի դաստիարակութեան եւ որակաւոր ակադեմական ծրագրին փայլուն շրջանաւարտներն են իրենց երկու զաւակները Վեհ-Յառաջն ու Յուշերը։  Ընտանեկան աւանդը շարունակելով իրենց չորս թոռնիկներն ալ յաջորդաբար մէկ առ մէկ կը շարունակեն փայլեցնել ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտներու շարանը։

Յուշերը Միացեալ Նահանգներ ծնած լիբանանահայ հօր եւ եգիպտահայ մօր զաւակն է։ Փայլուն նիշերով ՍՆԱՎ-էն շրջանաւարտ դառնալէ ետք, նոյնքան եւ աւելիով ալ փայլեցաւ իր երկրորդական եւ համալսարանական ուսման ընթացքին տիրանալով Պսակաւոր Արուեստից (BA) վկայականին, կեդրոնանալով Կրօնագիտութեան եւ Քիմիաբանութեան ճիւղերուն։

Կեանքի ասպարէզին մէջ, զանազան մասնագիտական աշխատանքներով եւ պաշտօնով փայլուն արդիւնքներու եւ համբաւի տիրանալով այսօր հասած է «Կուկըլ» ընկերութեան թէքնիք ծրագրաւորման աւագ պատասխանատուի պաշտօնին։

Յուշերը առաջին անգամ չէ որ իր գեղեցիկ ձայնով եւ երաժշտական մարզէն ներս ունեցած հմտութեամբ ծառայութիւնը կը նուիրաբերէ ի նպաստ այս վարժարանին։

Ան քանիցս մասնակցած է ՍՆԱՎ-ի կազմակերպած ձեռնարկներուն, հանդի-սավարի շնորհքով օժտուած, մանաւանդ իր գեղեցիկ ձայնով ծաղկեցնելով վարժա-րանին գեղարուեստական ձեռնարկները։

Յատկապէս կը գնահատեմ ՍՆԱՎ-ի 30-ամեակին եւ 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն իր գործօն մասնակցութիւնը։

Այսօրուայ իր ներկայութեամբ ան անգամ մը եւս իր սէրն ու նուիրումը կը ցուցաբերէ ՍՆԱՎ-ին հանդէպ, միշտ ալ շեշտուած գնահատանքով երախտագի-տութիւնը յայտնելով վարժարանին եւ ուսուցիչներուն – որոնք իրենց օգտակար ներդրումով հայեցիութիւն ներշնչած եւ քաջալերած են Յուշերին բեմական կարողութիւնը։

ՍՆԱՎ-ի ընտանիքին կը միանամ իմ հպարտութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու Յուշերին՝ որ իր մասնագէտի յաջողութիւններով յոյս կը ներշնչէ բոլոր անոնց որ տակաւին կասկած ունին ՀԱՅ ԴՊՐՈՑին մակարդակին եւ շրջանաւարտներուն կեանքի մէջ յաջողելով բարձր դիրքերու հասնելուն։

ՅՈՒՇԵՐ ՍԻՐԵԼԻ, մեծապէս գնահատելի է վերաբերմունքդ վարժարանիդ հանդէպ, ինչ որ ամբարեցիր ՍՆԱՎ-էն ներս աւելիով կը վերադարձնես։

Օրինակդ ըլլայ վարակիչ բոլոր շրջանաւարտներուն, ՍՆԱՎ-ը հասցնելու իր փառաւոր 60-ամեակին, եւ ինչու չէ նաեւ դարադարձին։

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Զարմինէ Պօղոսեան,

ՍՆԱՎ-ի Պատուակալ Տնօրէնուհի

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button