ԼԵՔՍԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 200809 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄՓՈՓ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

0 0
Read Time:5 Minute, 12 Second

Նախամանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ դասարան որակաւոր երկլեզու կրթութիւն հայթայթող  Հայ Քոյրերու Վարժարանը (Լեքսինկթըն, Մասաչուսէց), երկու տարի առաջ նաեւ ամենօրեայ մանկամսուրի բաժին մը հիմնեց: Վարժարանի տնօրէնութիւնը բարձր կը դասէ երեխայի ընկերային, զգացական, հոգեկան, եւ ֆիզիքական զարգացումը: Դպրոցին նպատակն է «…օգնել աշակերտները որպէսզի անոնք զարգացնեն իրենց տաղանդներն ու ըլլան յաջող եւ կարող տարրեր՝ աշխատելու երկրին ու մեր գաղութին համար», կþըսէ փոխ տնօրէնուհի, տիկ. Մայտա Մելքոնեան: 

Vartanantz 004
Դպրոցը կը հետեւի Լեքսինկթընի կրթական համակարգին որ կը համապատասխանէ Մասաչուսէց նահանգի կրթական չափանիշերուն: Աշակերտները նաեւ կը հետեւին Tera Nova քննութիւններուն, որոնց գերազանց արդիւնքները հետեւանքն են վարժարանիս ուսման բարձր մակարդակին: Երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող, մասնագիտացած ուսուցչական կազմի նպատակն է՝ իւրաքանչիւր աշակերտ ուղղել դէպի նահանգի լաւագոյն երկրորդական վարժարանները: Ներկայիս, Հայ Քոյրերու Վարժարանը թեկնածու է Նիւ Ինկլընտի դպրոցներու եւ գոլեճներու միութեան կողմէ պատրաստուած հաստատգրին:
Իւրաքանչիւր տարեշրջանի ընթացքին, Հայ Քոյրերու Վարժարանը կը ծրագրէ եւ կþիրականացնէ բազմատեսակ կրթական գործունէութիւններ, պտոյտներ, դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ տարեկան ելոյթներ հայ թէ օտար տօներու առթիւ: Արտադասարանային գործունէութիւնները առիթ կþընծայեն որ, հայ աշակերտը սորվելու փորձառութիւնը ընդլայնէ նաեւ դասարանէն դուրս, իր հետաքրքրութիւններուն եւ կարողութեան սահմաններուն մէջ: Վարժարանի արտադասարանային զբաղմունքները կը ներառեն հետեւեալները՝ Mad Science, Little Artists, քարաթէի  դասընթացք, ոտնագնդակի փորձեր, հայերէն իբրեւ երկրորդ լեզու եւ սպաներէն լեզուի դասաւանդում, ճատրակի եւ երաժշտութեան դասընթացքներ, եւ այլն:

HANTES 09 005
Կրթական եւ ընկերային այլազան գործունէութիւններով լեցուն՝ 20082009 դպրոցական տարեշրջանը սկիզբ առաւ Սեպտեմբեր 4, 2008ին:
Հոկտեմբերի գլխաւոր ձեռնարկը Թարգմանչաց տօնին նուիրուած աշակերտական հանդէսն էր: Հայր Ռաֆայէլ ԱՆտոնեան, Սուրբ Պատարագէն ետք խօսեցաւ Սրբ. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Թարգմանիչներու կատարած գործերուն մասին: Ձեռնարկի ընթացքին, վարժարանիս աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին արտասանութիւններով եւ երգերով:
Նոյն ամսուն, 8րդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Buckman’s Tavern, ուր առիթը ունեցան տեսնելու այն ինչ որ կարդացեր էին Հաուըրտ Ֆասթի «April Morning» գիրքէն: «Այս պտոյտը շատ լաւ առիթ մըն էր որ, մօտէն ծանօթանանք 1770ական թուականներու կենցաղին», կ’ըսէ 8րդ դասարանէն Լուսի Մեսրոպեան:
Նոյեմբեր 4ին, երբ ամերիկացիք կը քուէարկէին նախագահական ընտրութիւններուն, Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտութիւնը եւս առիթը ունեցաւ այդ փորձառութիւնը ձեռք ձգելու, դպրոցի սահմաններէն ներս: Այս մէկը նաեւ առիթ տուաւ, որ աշակերտները ազատօրէն արտայայտեն իրենց կարծիքը:

Fox weather 007
Գիտութեան եւ ընկերային հարցերու ծրագրին հետ առնչուած, 48րդ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Գիտութեան Թանգարանը, ուր առիթը ունեցան տեսնելու Bobsled Engineering Design Workshopի փորձարկութիւն մը եւ դիտելու՝ Lewis and Clark Expedition: The Great West, 1804 1806ը Օմնի թատերասրահին մէջ:
Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Դեկտեմբեր 23ին, տեղի ունեցաւ տարեկան հանդէսը: Աշակերտները ներկայացուցին Յիսուսի ծնունդը թատրոնի, երգերու եւ ստեղծագործական պարերու միջոցաւ:
Փետրուար ամիսը հարուստ էր այլազան ձեռնարկներով: Վարդանանցի առթիւ, աշակերտները ներկայացուցին Վարդանանց Ճակատամարտի հերոսներն ու ճակատամարտէն տեսարաններ: Աբրահամ Լինքըլնի 200երորդ տարեդարձին առթիւ, Spellman Stamp թանգարանէն, պրն. Հէնրի Լուքաս, այցելեց Քոյրերու Վարժարանը եւ խօսեցաւ դրօշմաթուղթերու մասին: Թաւափող (պասուն) նուագող՝ պրն. Ռոն Յարութիւնեան այցելեց 2րդ դասարանը եւ աշակերտներուն ներկայացուց թաւափողն ու անոր գործածութիւնը: Յարութիւնեան կը նուագէ «Պոսթըն Սիմֆընի» նուագախումբի, «Պոսթըն Փոփս»ի եւ այլ խումբերու հետ: «Շատ տաղանդաւոր անձն մըն է. գիտեմ որ 30 տարի տեւեց որպէսզի ան կատարելագործէ իր տաղանդը», ըսաւ Անի Սարգիս (Բ. դասարանի աշակերտ):

Visit to Kimbal Farm 004
Մարտ ամսուան ընթացքին, օդերեւութաբան՝ Սինտի Ֆիցկիպըն այցելեց վարժարանը դասընթացք մը տալու համար 38րդ դասարանին աշակերտներուն: Անոր այցելութիւնը սփռուեցաւ նաեւ Ֆոքս 25 հեռուստակայանէն: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան Ֆիցկիպընի բացատրութիւններուն: Անոնք բաժնելով իրենց տպաւորութիւնները, ըսին, «…ան բացատրեց թէ համակարգիչներու ու արբանեակներու գործածութեամբ կարելի է գուշակել օդի պայմանները», «®շատ պարզ ձեւով մեզի բացատրեց օդին մասին»: 
Մարտ 20ին, Ծնողական հանդիպման մը ընթացքին, վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Քոյր Սէսիլ Քէհէեան ներկայացուց նորընտիր փոխ տնօրէնուհի՝ տիկ. Մայտա Մելքոնեանը, որ իր կարգին, խօսեցաւ վարժարանի նպատակներուն եւ անոր դերակատարութեան մասին գաղութէն ներս:
Ապրիլ 17ին, աշակերտները մասնակցեցան Ապրիլ 24ի յիշատակութեան օրուան հանդիսութեան, նահանգապետարանին մէջ: 
Մայիս ամսուան ձեռնարկներուն մաս կազմեցին Heritage Museum այցելութիւնը, 8րդ կարգի աշակերտներու փոխադարձ այցելութիւնը Էմ.Այ.Թի., հետեւելու համար միօրեայ գիտութեան դասի: Մայիս 29ին, կազմակերպուեցաւ քայլարշաւ մը, աշակերտութեան եւ ծնողներուն քաջալերանքով:

IMG_0505
Դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին ուսուցչական  կազմը մասնագիտական դասընթացքներու հետեւեցաւ:
Աշակերտներուն Kimbal Farm այցելեցին, գիտութեան ցուցահանդէսներ եւ վերջապէս՝ տարեվերջի աւարտական հանդիսութիւն կատարեցին:
Ծնողական Յանձնախումբին գործունէութիւնը դպրոցէն ներս  շատ մեծ դերակատարութիւն ունի: Միութիւնը կþաշխատի ներկայ աշակերտութիւնն ու ընտանիքները, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտները իրար մօտ բերելու  ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ: Զանազան ձեռնարկներու կողքին, 20082009 տարեշրջանի ընթացքին, Ծնողական Յանձնախումբը ծրագրեց եւ իրականացուց Գոհաբանութեան, Կաղանդի եւ Վալընթայն տօներու առթիւ ընտանեկանաշակերտական ձեռնարկներ եւ դպրոցի տարեկան վաճառքը: 
Ներկայիս, Վարժարանի տնօրէնութիւնը սկսած է թուաբանութեան եւ ընկերային գիտութեանց նիւթերու դասագիրքերու այժմէականացման գործընթացը, որուն պիտի հետեւին նաեւ այլ նիւթերու դասագիրքերը: Առաւել, արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը վարժարանի համացանցը վերաորակաւորելու աշխատանքին մէջ է:
Հայ Քոյրերու Վարժարանը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր ծնողներուն, կամաւորներուն, եւ նուիրատուներուն, որոնք կը քաջալերեն եւ կþօժանդակեն վարժարանը, պատրաստելու համար յաջող եւ ուժեղ տարրեր մեր գաղութին եւ երկրին համար:

200809 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

200809 տարեշրջանի ամավերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 19ին որուն նիւթն էր՝ Չորս Եղանակները: Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զոյգ քայլերգներու երգեցողութեամբ: Յայտագրին մաս կը կազմէին մեներգեր, պարեր, եւ արտասանութիւններ: Աշակերտական երգչախումբը երգեց »Մայրիկ«, »Երեւանի սիրուն աղջիկ«, եւ »Իմ Էրեբունի« երգերը, իսկ խումբ մը աշակերտներ հայկական աւանդական տարազներով ներկայացուցին այլազան պարեր:
Վարժարանի տնօրէնուհին, Քոյր Սեսիլ Քէհէեան, եւ նորանշանակ փոխ տնօրէնուհի՝ տիկ. Մայտա Մելքոնեան խօսեցան դպրոցի յաջողութիւններուն եւ յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներուն մասին: Նշուեցան նաեւ խորհրդատու մարմնի վերակազմակերպումը ստանձնելու համար դպրոցի հեռակայ ծրագիրներու պատասխանատուութիւնը եւ օժանդակելու դպրոցի բարելաւմանն ու զարգացման:
8րդ կարգի աշակերտները յուշատախտակ մը յանձնեցին Քոյր Սեսիլին շնորհակալութիւն յայտնելով դպրոցին՝ իրենց ստացած կրթութեան համար:
200809 տարեշրջանի մրցանակներու բաշխումը եղաւ հետեւեալ ձեւով.
1. Նախագահական մրցանակներ ստացան
 Ուսման մէջ գերազանցութեան՝ Լուսի Մեսրոպեան եւ Աարըն Քէմպըլ:
 Ուսման մէջ իրագործման՝ Անդրանիկ Պաղտասարեան:
2. Հայ Օգնութեան Միութեան Լոլա Սասունի եւ Շուշի մասնաճիւղերու մրցանակը ստացաւ՝ Լուսի Մեսրոպեան:
3. Հայ Օգնութեան Միութեան Շարադրական մրցումին հայերէն շարադրութեան համար
 Ը. կարգէն Ա. մրցանակ՝ Լուսի Մեսրոպեան, Գ. մրցանակ՝ Անդրանիկ Պաղտասարեան:
 Զ.Է. կարգերէն Ա. մրցանակ՝ Գայանէ Պառաւեան:
Անգլերէն շարադրութեան համար, Գ. Դ. կարգերէն
 Ա. մրցանակ Անթընի Ռիվերա
 Բ. մրցանակ Անտրու Տօնապետեան
 Գ. մրցանակ Սանճանա Փուրի
Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստացաւ Լոյս 12, իբրեւ յիշատակ իր վարժարանէն: Շրջանաւարտները նաեւ կարդացին ուղերձներ՝ իրենց մտածումներուն ու զգացումներուն մասին, Հայ Քոյրերու Վարժարանին ներս անցուցած յիշատակելի տարիներուն մասին:
Հանդիսութեան աւարտին, Քոյր Սեսիլ Քէհէեան պատուեց ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը իրենց աշխատանքին ու նուիրումին համար:
Ճիշդ է որ, Հայ Քոյրերու Վարժարանը շրջանի մեծագոյն անձնական դպրոցներէն չէ, սակայն անոր հայթայթած կրթութիւնը եւ աշակերտներուն դէպի երկրորդական վարժարան ընդունուելու պատրաստութիւնը հիմնական են վարժարանիս յաջողութեան համար: Առաւել, դպրոցի շրջավայրն ու կառոյցը խթան կը հանդիսանան արդիւնաւետ պայմաններու տակ սորվելու, առանց ազդուելու արտաքին աշխարհէն:
Շրջանաւարտներ շարունակած են իրենց ուսումը գերազանց երկրորդական վարժարաններէ ներս, ինչպէս՝ Belmont Hill School, Xavier Academy, Boston College High School, Lexington Christian Academy, Arlington Catholic, Matignon, Bishop Fenwick եւ այլն: Շրջանաւարտներուն արձանագրած արդիւնքը փաստն է՝ ապագայ աշակերտութեան յաջողութեան, որուն պատճառաւ ծնողները 27 տարիներ շարունակ ընտրած են Հայ Քոյրերու Վարժարանը իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան համար:
ԼԱԼԻԿ ՄՍՐԵԱՆ
(թարգմանեց՝ Լ. Տ.)

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles