Հալէպ – Սուրիա
Ուսումնասիրական այս աշխատանքը փորձ մըն է խորանալու եւ ուսումնասիրելու Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը եւ անդրադարձը “Ապրիլեան երգ-երաժշտութեան“ վրայ` երաժշտութեան այն բնագաւառին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ծնունդ առաւ, յատկապէս հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ եւ ընդհանրապէս համայն մարդկութեամբ հետաքրքրուող օտարներու կողմէ, հայերէն թէ օտար լեզուներով, որոնք զանազան ազդեցութեամբ, մեղեդիներով ու տեսակով, որոնք լաւագոյնս կը դրսեւորեն իթթիհատական կառավարութեան սադայէլական որոշումով, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, Հայկական Բարձրաւանդակին եւ Արեւմտեան Անատոլուի հայութեան, 1915-1923-ին զանգուածային բռնագաղթն ու Ցեղասպանութիւնը, որոնց պատճառով կործանեցան հայկական գիւղերն ու քաղաքները, աւերուեցան, ամայացան ու պատմութեան սեւ էջին մէջ կարմիր գոյնով գրուեցան:
Նախապէս լոյս տեսած մեր զանազան յօդուածներով գործածած ենք մեր իսկ կողմէ կազմուած “Ապրիլեան երգ-երաժշտութիւն“ բառաեզրը: Հոս եւս յարկաւոր կը նկատենք ըսելու, որ “Ապրիլեան երգ-երաժշտութիւն“ի հիմնական խորագիրը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է, այսինքն` արհաւիրքը, կոտորածը, բնաջնջումը եւ սփռումը ողջ աշխարհի տարածքին:
Այս յօդուածով կ՛առանձնացնենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատկապէս Արեւելեան բաժնի ծնունդ արուեստագէտները կամ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել, թերեւս ամերիկեան ստեղծագործութիւններ:
Բոլորիս համար ակնյայտ է, որ երգը իր դրուածքով կը ներկայանայ զուգահեռաբար երաժշտութեան եւ բառին եւ ան հասկնալի կը դառնայ երգիչին մեկնաբանած լեզուով, սակայն ինչպէս գրական արուեստը, նոյնպէս երգեցողութեան արուեստը ունկընդրին հասցնելու նպատակով շատ մը մեկնաբաններ ընտրած են այլ լեզուներ նաեւ:
1970-ականներէն սկսեալ եւ 21-րդ դարուն, յատկապէս համաշխարհայնացման եւ արհեստագիտութեան արագ սլացքի ձեռքբերած հնարաւորութիւնները, թոյլ պիտի տային որ ազդու քարոզչամեքենայի կարիքաւորները ընտրէին վերոնշեալ գաղափարը իբրեւ նպատակ:
Արդարեւ, հայ ժողովուրդը նաեւ ըլլալով բռնագաղթուած, անիրաւուած` Դատ ունեցող հաւաքականութիւն մը, անհրաժեշտ էր իր ձայնը լսելի դարձնէր միջազգային ընտանիքին իր հասկցած լեզուներով, ինչու չէ նաեւ աւելի ընդարձակելով սահմանները, նախ տեղեակ պահելու անտեղեակները, ապա աւելի համակիր ներգրաւելու արդար դատի լուծման:
1965-ին Մեծ Եղեռնի յիսնամեակն էր, որ մտածողութեան մէջ յեղափոխութիւն յառաջացուց, յատկապէս` երիտասարդութեան: Թմրած հոգիները վերակենդանանալով ստացան խոյանք: Անոնց յաջորդեց Հայ Դատի այն ժամանակահատուածը, երբ պահանջատիրութեան պոռթկումը լսելի դարձաւ միջազգային բեմերու վրայ: Հոս անհրաժեշտ է ընդգծել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ընդհանրապէս եւ յատկապէս օտար լեզուներով երգող առաջին հայորդիները 1915-էն ետք Սփիւռք կազմող հայորդիներն էին (հոս յատկապէս զանց կ՛առնենք հայերէն երգող Արթուր Մեսչեանը եւ դասական երգահան-երաժշտահանները), վերջին 10 տարիներու ընթացքին է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող հայերը Սովետ Միութեան փլուզումով կրցան աւելի մասնակից դառնալ այս Սուրբ Գործին:
Ի պատիւ մեր ժողովուրդի սփիւռքահայ հատուածին, պէտք է ըսել, որ աշխարհի տարածքին անոնք եղան աւելի ազդեցիկ եւ ունեցան աւելի քարոզչական ներդրում Հայ Դատի առնչութեամբ: Անսասան պահելով ազգային ինքնորոշումն ու ինքնագիտակցութիւնը, թէկուզ օտար լեզուով երգեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց եւ այնպէս յամառօրէն պայքարեցան իրենց գոյատեւման համար:
Այս ժամանակաշրջանը ծնունդ պիտի առնէր այն գիտակից երիտասարդներէ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը օտարներուն լսելի դարձնելու եւ անոնց ուշադրութիւնը գրաւելու համար պիտի երգէին անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլ օտար լեզուներով:
Նկատի առնելով, որ պիտի կ՛եդրոնանանք ԱՄՆ-ի, յատկապէս Արեւելեան բաժինին, ուրեմն, ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը ստեղծագործութիւններ տարբեր բնագաւառներէ:
Առաջին ստեղծագործութիւնը, մեզի թաքուն մնացած Չոմախլու գիւղին պատմութիւնն է, որ կը ներկայացնէ Նիւ Ճըրզի (Մ. Նահանգներ) ծնած, ճազ (jazz) երաժշտութիւն ուսած եւ դպրոցական ճազ խումբերուն իր մասնակցութիւնը բերած ճազահար Կրէկ Պենտեան:
Պենտեան 1984-էն սկսած է իր անձնական երաժշտութիւնը ներկայացնել “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունով: Ան կը նուագէ անուանի երաժիշտներու հետ:
Կրէկ Պենտեանի 1996-ին լոյս ընծայած ձայնասկաւառակը կը կրէ “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունը: Կրկնորդը կ՛ընդգրկէ վեց ստեղծագործութիւն, որուն երրորդ երաժշտական կտորը կը կրէ “Աֆթըր Չոմաքլու ուազ է տեզըրդ“ (“After Chomaklou was a desert“, Threnody to the Victims of The Armenian Genocide), “Չոմախլուն անապատ դառնալէ ետք“ (Ողբ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն) “թաղումի երգ“ խորագիրը:
Չոմախլուն կը գտնուի հայկական Կեսարիոյ (այժմ` Թուրքիոյ Քայսէրի նահանգի վարչական կեդրոնը) շրջանի համանուն գաւառին մէջ: Էվերէկ գիւղաքաղաքի կողքին` պզտիկ գիւղ մը: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին ունեցած է 282 տուն (1750 շունչ) հայ բնակիչ: Անոնք կը զբաղէին անասնապահութեամբ, երկրագործութեամբ, արհեստներով: Գիւղին մէջ կը գտնուէին երկու առաքելական` Ս. Յակոբ եւ Ս. Լուսաւորիչ եւ մէկ կաթողիկէ եկեղեցիներ, երեք դպրոց: Չոմախլուի բնակիչները կոտորուած են 1915-ին, Մեծ Եղեռնի ժամանակ: Սակաւաթիւ են փրկուածները, որոնք ապաստանած են զանազան երկիրներ:
Կրէկ Պենտեանի վերոյիշեալ երաժշտութիւնը, ազատ ճազի ոճով յօրինուած մշակում մըն է:
Կրէկի հետ մեր ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին ան կը բացատրէ, որ “Աֆթըր Չոմքալու ուազ է տեզըրդ“ գործը, գործիքաւորուած երաժշտութեան կտոր մըն է, որ ձայնի եւ ձայնանիշներով պատկեր մը կը գծէ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ իր մեծ հօր անունը Գրիգոր Պենտեան է, որ տարագրուած էր իր ծննդավայրէն` Չոմախլուէն:
Կրէկ որոշած է իր պապենական գիւղի կորուստի մասին գրել եղերերգութիւն մը, որ վնասուած աշխարհ մը կը ներկայացնէ` զայրոյթով միախառնուած: Հարուածային գործիքներուն (ճազ) վրայ ծանր շղթաները եւ ծնծղաները կը խորհրդանշեն իր գիւղին եւ իր ժառանգութեան հաւաքական ոչնչացումը: Այս երաժշտութեամբ ան կ՛ուզէ ներկայացնել խաղաղ գիւղի կեանքը, ապա թուրքերու կողմէ գործադրուած ջարդը: Երաժշտութիւնը կ՛ընդգրկէ հայկական երաժշտական ելեւէջները: Կրէկի այս ստեղծագործութեան մէջ, իբրեւ սուգի արտայայտութիւն, կը լսենք պաս կիթառը, որ լաւապէս կ՛արտացոլացնէ սուգը:
Վերջին բաժին` “մահուան քայլերգ“ով կը ներկայացնէ սարսափի աղաղակները, հայկական Չոմախլու գիւղի. ժողովուրդի տխուր ձայնը, հեծկլտուքը անապատին մէջ` ցոյց տալով ճանաչում չունեցող մարդկային ողբերգութեան հետեւանքը:
Պենտեանի ստեղծագործութիւնը, որ նուիրուած է հօրենական գիւղին, կ՛արտայայտէ մռայլ հայեացքը Չոմախլուի եւ հայկական ներկայ հարցերուն:
Կրէկ մեզի կը հաւաստիացնէ, որ իր մեծ հօր հետ շատ լաւ էր, այնքան մօտիկ ու հարազատ եղած, որ “Գրիգոր“ անունով անոր նուիրուած երաժշտական կտոր մը ունի:
Կրէկի հայկական ներշնչումով այլ երաժշտութիւններն են “Սասունցի Դաւիթ. արիւն“, “Հայրենիք“ եւ “Սփիւռք“:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը երաժշտութեան ընդմէջէն արծարծուած է նաեւ եօթներորդ արուեստի, պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու, վաւերագրական բնոյթ ունեցող ժապաւէններու (Documentary films) եւ թատրերգութիւններու մէջ:
Քանի որ փաստուած իրողութիւն է, որ երաժըշտութիւնը ֆիլմարուեստի անհրաժեշտ բաղկացուցիչներէն մէկն է եւ կը հարստացնէ զայն, հանդիսատեսին զգացմունքները աւելի կը լարէ ու կը մղէ դէպի լաւ ընկալում, ուստի այս արուեստին համար ալ ներառնուած են յատուկ երաժշտութիւններ եւ երգեր` զանազան լեզուներով, հայ թէ օտար արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններով:
Այստեղ անհրաժեշտ կը զգանք յիշատակել, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդգրկող կարգ մը ժապաւէններու եւ վաւերագրական ժապաւէններու համար յատուկ ստեղծագործուած ու յօրինուած են երգ-երաժշտութիւններ` նուագախմբային կամ մենակատարութեամբ:
Կը սկսինք վաւերագրական ֆիլմերով, որ կու գայ լուսարձակի տակ առնելու Թուրքիոյ արիւնոտ անցեալը եւ զայն առնչելու անոր ոճրային ներկային:
Վաւերագրական ժապաւէնները իրենց պատրաստութեամբ եւ պատումներով, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, անջնջելի հետք կը ձգեն հանդիսատեսին վրայ:
Վաւերագրական ժապաւէններուն մէջ կ՛ընդգրկուին ընդհանրապէս տուտուկով յուզիչ երաժշտութիւններ:
-1989-ին, Պօ Սմիթի հեղինակութեամբ, Պոսթընի արուեստի թանգարանէն հրատարակուեցաւ “Կոմիտաս-Պէք թու Արարատ“ (“Komitas / Back To Ararat“, “Կոմիտաս-վերադարձ դէպի Արարատ“) ժապաւէնը, որ մեծ քայլ մըն է աշխարհը տեղեակ պահելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
-Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը տարբեր դիտանկիւնէ արծարծող` Հայկական մշակոյթի, պահպանողականութեան, վերապրելու ժառանգը ներկայացնող 90 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէն մըն է “Թու քէթս փրոտաքշընզ“ արտադրութեան կեդրոնի (Նիւ Եորք) հիմնադիր ու տնօրէն Էնտրու Կոլտպըրկի (Andrew Goldberg) “Տը Արմինիըն Ամերիքընզ“ը (“The Armenian Americans“, “Ամերիկաբնակ հայերը“, 2000):
Հայ երեք սերունդներու հաւաքածոյ եղող այս ֆիլմը իր մէջ կ՛ընդգրկէ թենիսի աշխարհի ախոյեան Անտրէ Ակասի (Andre Agassi), աշխարահռչակ գրող Փիթըր Պալաքեան (Peter Balakian), դերասան Մայք Քոննորզ (Mike Connors), յայտնի դերասան եւ գրող Էրիք Պօղոսեան (Eric Bogosian), դերասանուհի եւ գրող Անտրէա Մարդին (Andrea Martin), պասքէթպոլիստ եւ մարզիչ Ճերի Թարխանեան (Jerry Tarkanian), պատմաբաններ, երաժիշտներ, կրօնաւորներ եւ այլ մարզերու գործիչներ:
Վերոնշեալ անձնաւորութիւնները, ոգեւորուած Հայաստանի անկախութեամբ (1991), անաչառութեամբ կը խօսին Ցեղասպանութեան ինչպէս նաեւ ամերիկաբնակ հայ ընտանիքներու սերունդէ սերունդ այդ մշակոյթը պահելու մասին:
Ծրագիրը կը կազմէ ուղեւորութիւն Արարատէն դէպի Ամերիկայի ամենաբարձր եւ յաջող արդիւնաբերութիւն եւ անուանի Ամերիկահայ դէմքերու կեանքի պատմութիւնը:
Այս ժապաւէնին համար կարելի է ըսել, որ հոն մէկտեղուած են հայուն մշակոյթը, քաջագործութիւնները եւ վերապրումը:
Վաւերագրական ժապաւէնին նիւթը մեզի կը ներկայացնէ Լին Գասապեանը (Lynne Kassabian) անգլերէն լեզուով:
“Տը Արմինիըն Ամերիքընզ“ ժապաւէնին մէջ հայթայթուած երաժշտութիւնները կը պատկանին հետեւեալ արուեստագէտներուն` քանոնահար Արա Թոփուզեան, Պերճ Ժամկոչեան, Տիք Պարսամեան, Տիգրան Մկրտիչեան, Ժանէթ Մոմճեան, “Չուքասեան“ երաժշտական ժողովրդային խումբը եւ այլ արուեստագէտներ:
Նշենք, որ ֆիլմը հովանաւորած է “Սիմոն Մանուկեան“ ֆոնտը:
-2001-ին լոյս ընծայուած “Տը Արմինիընզ, սթորի աֆ սըրվայվըլ“ (“The Armenians, Story of Survival“, “Հայերը. վերապրելու պատմութիւն“) ժապաւէնը նոյնպէս կը պատկանի Էնտրու Կոլտպըրկի, բեմադրութեամբ եւ արտադրութեամբ:
Կոլտպըրկ պատմութեան վկայական ստացած է 1992-ին, իսկ առեւտարական գիտութիւններու մագիստրոսի` 1994-ին:
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող վերոյիշեալ ֆիլմը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պայքարը եւ ցեղասպանութեան ժամանակ անոնց տարագրումը: Ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ նաեւ Փիթըր Պալաքեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ.-ի (ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ ուրիշներու մերթ ընդ մերթ մեկնաբանութիւնները:
Վաւերագրական այս հաւաքածոյին մէջ երաժշտական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերած են երաժիշտներ, խմբավար, յօրինող, մշակող, Ճօն Ռինէհայմըր (John Rinehimer), Եղիշ Մանուկեան, Պերճ Ժամկոչեան եւ Երեւանի կամերային երգչախումբը, ինչպէս նաեւ բազմազան նուագարաններ նուագող, տաղանդաւոր արուեստագէտ Արա Թոփուզեան:
Կոլտպըրկի “Տը Արմինիընզ, սթորի աֆ սըրվայվըլ“ը վաւերագրական տեսահոկովակի յատուկ երաժշտական խտասալիկը կը բաղկանայ հետեւեալ գործերէ.
01. “Մէյն թէմ: Տը Արմինիընզ, սթորի աֆ սըրվայվըլ“ (“Main Theme: The Armenians, Story of Survival“, Հիմնական նիւթ` “Հայերը. վերապրելու պատմութիւն“)
02. “Khorhourt Khorin“ (“Խորհուրդ խորին“)
03. “Deleh Yaman“ (“Տըլէ եաման“)
04. “Անտըր Մոզլէմ րուլ“ (“Under Moslem Rule“, “Իսլամական օրէնքի տակ“)
05. “Arten Mooten Ungel Eh“ (“Արդէն մութն ընկել է“)
06. “Der Voghormia“ (“Տէր ողորմեա“)
07. “Եանկ թըրք տէքլարէյշըն“ (“Young Turk Decla-
ration“, “Երիտթուրքերու յայտարարութիւնը“)
08. “Աֆթըրմաթ“ (“Aftermath“, “Աշնանախոտ“)
09. “Տը նաշընըլ անթիմ աֆ տը Արմինիըն ՍՍՌ“
(“The National Anthem of the Armenian SSR“, “ԽՍՍՄՀ Հայաստանի հիմնը“)
10. “Hayre Mer“ (“Հայր մեր) տէրունական աղօթք
11. “Նակորնօ Քարապաղ“ (“Nagorno Karabagh“, “Լեռնային Ղարաբաղ“)
12. “Մէյն թիմ րըբրայզ“ (“Main Theme Reprise“, “Հիմնական նիւթի կրկնութիւն“)
13. “Հոլի, հոլի, հոլի“ (“Holy, Holy, Holy“, “Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ“)
14. “Veratartsir“ (“Վերադարձիր“)
15. “Տիզ նայթ, մունլայթ նայթ“ (“This Night, Moonlit Night“, “Այս գիշեր, լուսնակ գիշեր“)
16. “Է նիւ գաուընթրի“ (“A New Country“, “Նոր երկիր“)
-Էնտրու Կոլտպըրկի յաջորդ փաստավաւերագրական ժապաւէնն է “Տը Արմինիըն Ճենոսայտ“ (“The Armenian Genocide“, “Հայոց Ցեղասպանութիւնը“, 2006):
Կոլտպըրկ “Տը Արմինիըն Ճենոսայտ“ ժապաւէնին համար գործակցած է Հոլիվուտի մէջ աստղերու գործերը վարողներէն եւ մեծ վարկ ունեցողներէն Ալին Քէշիշեանի հետ:
Փաստավաւերագրական այս ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ հարցազրոյցներ` մեծաթիւ հայ, թուրք թէ օտար պատմաբաններու, ցեղասպանագէտներու եւ դասախօսներու հետ, որոնք կ՛արտայայտեն ցեղասպանութեան վերաբերող առարկայական կարծիքներ: Այդ դէմքերէն կարելի է նշել` Թանէր Աքչամ (Prof. Taner Akcam), Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք (Fatma Muge Gocek), Թեսսա Հոֆման (Tessa Hofmann), Ռոնալտ Սիւնի (Ronald G. Suny), Էլիզապէթ Ֆրէյրսըն (Elizabeth Frierson), Սամանթա Փաուըր (Samantha Power), Փիթըր Պալաքեան, Վահագն Տատրեան եւ ուրիշներ:
Հոս անհրաժեշտ է յիշել կարեւոր դերակատարութիւնը “Տը Արմինիըն Ճենոսայտ“ վաւերագրական ժապաւէնին նիւթը պատմողներուն, որոնք կը հանդիսանան Հոլիվուտի մեծագոյն դերասաններ` Օրլանտօ Պլում, Ճիւլիանա Մարկուլիէս, Էտ Հերիս, Նաթալի Փորթմէն եւ Լորա Լինի, որոնք ընտրուած են բեմադրիչ Կոլտպըրկի եւ Քէշիշեանի կողմէ: Պատմող աստղերը բոլորն ալ սիրայօժար եւ ձրիաբար տրամադրած են իրենց ծառայութիւնը, որովհետեւ իրենց համար կարեւոր եղած է այս Դատը:
Մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնը նկարահանուած է Սուրիոյ, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի մէջ եւ կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ բնակիչներու վկայութիւնները:
“Տը Արմինիըն Ճենոսայտ“ ժապաւէնը ընթացիկ իրադարձութիւն է, ուր թիրախ դարձան ժամանակակից հարցեր, եւ ոչ թէ լրատուական հարցեր:
Ժապաւէնին առաջին բաժինը կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան ու հոլովոյթին: Թանէր Աքչամ կ՛ըսէ թէ` “Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծուած փլուզման մթնոլորտի հետեւանքն էր փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած անմարդկային վերաբերմունքը“: Ապա կը ներկայացուի, թէ թուրքերը ի՞նչ միջոցներու դիմեցին յաջողցնելու համար բնաջնջման ծրագիրը: Ռոնալտ Սիւնի ժապաւէնին մէջ կը նշէ, որ կարգ մը հայեր, որպէսզի անմարդկային չարչարանքներու, առեւանգումներու եւ տառապանքներու չենթարկուէին, կը դիմէին անձնասպանութեան:
Անդրադառնալով ջարդարարներուն` ժապաւէնին մէջ կը յիշուի, թէ բանակին կողքին նաեւ ոչ զինուորական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային ամբոխներ, իրենց մասնակցութիւնը բերած են հակահայ արարքներուն: Վահագն Տատրեան կը յայտնէ, թէ ջարդի ժամանակ մանուկները առեւանգման ենթարկելու իրողութիւնը մեծ ծաւալ ստացած էր:
Սոյն ժապաւէնը յստակօրէն կը վերլուծէ հայութիւնը ոչնչացնելու նպատակով թրքական ընկերութեան մօտ ստեղծուած ա՛յն հոգեվիճակը, թէ երբ թուրք մը հայ սպաննէ, ապա անոր առջեւ կը բացուին դրախտին դռները®:
Ժապաւէնին երկրորդ բաժինին մէջ մէկտեղուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք տիրող պայմաններուն ու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դրդապատճառներուն մասին տեղեկութիւններ: Հոն կը նշուի, որ ցեղասպանութեան յաջորդող շաբաթներուն արդէն իսկ ամերիկեան մամուլը “մեծագոյն ոճիր“ կ՛որակէ հայութեան դէմ գործադրուած արարքը: Ժապաւէնին մէջ թուրք ջարդարարներու արդարահատուցման գործողութիւններուն գծով եւս ակնարկութիւն գոյութիւն ունի: Ժապաւէնը նաեւ կ՛անդրադառնայ “Ցեղասպանութիւն“ եզրի սահմանումին, Ռաֆայէլ Լեմքինի հայանպաստ յայտարարութեան, երիտասարդ թուրքերու քաղաքականութեան եւ հայ ժողովուրդի կատարած աշխատանքներուն:
Հայ Դատի պայքարին մեծ նպաստ բերող Էնտրու Կոլտպըրկի “Տը Արմինիըն Ճենոսայտ“ ժապաւէնին երաժշտական բաժինը իրագործած է յօրինող, մշակող, խմբավար Ճօն Ռինէհայմըր (John Rinehimer), գործակցաբար` ամերիկահայ տաղանդաւոր քանոնահար Արա Թոփուզեանի:
-Հայոց Ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով նկարահանուած կարեւոր ժապաւէններէն կը նկատուի ամերիկահայ արտադրիչ եւ “Ցեղասպանութեան արխիւային ծրագիր“ի (“Genocide archive project“, Պոսթըն) պատասխանատու-տնօրէն Դաւիթ Դաւիթեանի (David Davidian) վաւերագրական “Տը ռոտ թու ռէտեմշըն. մէմորիզ աֆ տը 1915, Արմինիըն Ճենոսայտ“ (“The road to redemption: Memories of the 1915, ARMENIAN GENOCIDE“, “Փրկութեան ճամբան. 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակներ“) ժապաւէնը:
Դաւիթեան ծնած է Ուսթըր, Մասաչուսէց (ԱՄՆ). հայրը ծնած է Ուսթըր, մայրը` Ռոտ Այլընտ, հօր ընտանիքը Չմշկածագէն է, Խարբերդի հիւսիսէն, Տերսիմի մօտ, մօրը կողմը` Բալուէն, նոյնպէս Խարբերդի շրջան:
Մեծ հայրը (հօրը) Միացեալ Նահանգներ հասած է 1908-ին: Սակայն անոր գերդաստանը ամբողջութեամբ սպաննուած է 1915-ի Մեծ Եղեռնի ժամանակ:
Մեծ մօրը (հօրը) գերդաստանը փախած է Տերսիմի զազա քիւրտերու օգնութեամբ, քալելով Տերսիմէն Երզնկա ու դէպի Էրզրում, Գիւմրի եւ վերջաւորութեան դէպի Թիֆլիս, ետքը հաստատուած Միացեալ Նահանգներ:
Մօրը մայրը ջարդէն փրկուած է` Բալուէն դէպի Հալէպ տեղահանուելով: Իսկ Միացեալ Նահանգներ հասած է 1926-ին:
Տան մէջ հայերէն խօսուած է, սակայն` բարբառով եւ թրքերէն բառեր գործածելով:
Դաւիթեան համալսարանական եղած ժամանակ, հետաքրքրուած է Հայ Դատով եւ պատմութեամբ:
Յարմար կը նկատենք այստեղ ընթերցողին հետ բաժնել Դաւիթ Դաւիթեանին մեզի ուղղած առաջին ե-նամակը, իբրեւ պատասխան մեր նամակին: Ան կը յայտնէր, թէ “Մեծ Եղեռնի օրերուն իր մեծ մայրը (մօրը) տեղահանուելով Բալուէն` հասած է Հալէպ: Տեղահանութեան օրերուն ընդհանրապէս բոլոր հայերուն փրկութեան կայան դարձած է Հալէպ քաղաքը“: Ահա Հալէպը Դաւիթեանի յուշերուն մէջ լաւ հետքեր ձգած է, եւ ան զգացական պահեր ապրելով` մեզի պիտի խոստովանէր, թէ “20 տարիէ համակարգիչի վրայ համացանց կը գործածէ եւ առաջին անգամ ըլլալով Հալէպէն մէկը իրեն հետ կը կապուի“:
“Տը ռոտ դու ռէտեմփշըն. մէմորիզ աֆ տի 1915, Արմինիըն Ճենոսայտ“ ժապաւէնը սկիզբ կ՛առնէ Կոմիտաս վարդապետի “Կռունկ“ երաժշտութեամբ` Տիգրան Մանսուրեանի մշակումով եւ Քիմ Խաշխաշեանի ջութակի մենանուագի կարճ բաժինով մը: Անոր կ՛ընկերակցի Ցեղասպանութենէն պատկեր մը, ապա առաջին բաժինով կը ներկայացուի հայութեան ապրած իրավիճակը մինչեւ 1915, առանց օգտագործելու երաժշտութիւն: Սակայն 1915-ի Մեծ Եղեռնի նկարագրումով անոր կ՛ընկերակցի տխուր երաժշտութիւնը, ետնաբեմ ունենալով “Կռունկ“ եւ “Ուստի կու գաս“ երաժշտական կտորները, երկուքն ալ` տուտուկի մենանուագով, մինչ կը ներկայացուին Ցեղասպանութեան դէպքերը` Ցեղասպանութեան իրագործման կազմակերպումն ու մութ ծալքերը, երաժշտութիւնը կը շարունակուի, մինչեւ որ մուտք կը գործէ յաջորդ բաժինը:
Դաւիթեան երկրորդ բաժինին կու տայ “Ես հայ եմ“ խորագիրը, ուր կը ներկայացնէ Սփիւռքի հայ գաղթօճախներէն հայեր, որոնք ակնթարթ մը կ՛երեւին իրենց գաղթօճախի շրջանի քարտէսով եւ կ՛ըսեն` “Ես հայ եմ, Աւստրալիայէն®“, “Ես հայ եմ, Զուիցերիայէն®“ եւ այսպէս շարքը կ՛երկարի` ցոյց տալով հայուն սփռուած իրավիճակն ու սերունդէ սերունդ Ցեղասպանութեամբ ապրելու ժառանգը: Դաւիթեան մեզի հետ ունեցած իր հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ` “ես այս բաժինը պատրաստեցի խմբելու բոլոր հայերը մէկտեղ“, այս բաժինին կ՛ընկերակցի աշխոյժ “Զարթիր լաօ“ երգին երաժշտութիւնը, որ նուագած է Պոսթընէն հայկական խումբ մը, կատարողութեամբ` Մարտին Յարութիւնեանի (տուտուկ, շուի), Մարկոս Շահպազեանի (տհոլ), Պերճ Կիւլագարեանի (ստեղնաշարային գործիքներ) եւ Սարօ Դանիէլեանի (տուտուկ):
“1915 ռոտ դու ռէտեմփշըն“ (“1915 road to redemption“) վաւերագրական ժապաւէնին վերջին բաժինը նուիրուած է ներկայ Հայաստանին: Այս բաժինին մէջ Դաւիթեան օգտագործած է երաժշտութեան շատ աշխոյժ կտոր մը` “Սարդարապատ“ երգը, Դաւիթեանի խօսքերով` “հպարտալի“ երաժշտութիւնը, որ բոլոր հայերուս համար ազգային հպարտանք է, անշուշտ երգին կ՛ընկերակցի Ապրիլ 24-ի օրուան յիշատակի այցելութիւնը դէպի “Ծիծեռնակաբերդ“:
Նշենք, որ այս ժապաւէնին մէջ կ՛ընդգրկէ ցեղասպանութենէն վերապրողներ, որոնք կը պատմեն իրենց թախծալի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ` երիտասարդ սերունդէն անհատներ, որոնց նախահայրերը ջարդուած են Եղեռնի ընթացքին:
Դաւիթ Դաւիթեանի յաջորդ վաւերագրական ժապաւէնը` “1915. Թըրքիշ Ճենոսայտ աֆ տը Արմինիընզ“ը (“1915 Turkish Genocide of the Armenians“, “1915. թուրքերու ցեղասպանութիւնը հայերու դէմ“), որ պատրաստուած է 2006-ին, 35 վայրկեան տեւողութեամբ, յատուկ տարբերակն է “1915 ռոտ դու ռէտեմփշըն“ին: Այս ժապաւէնին մէջ օգտագործուած են Սարօ Դանիէլեանի տուտուկի կատարողութեամբ մենանուագները:
“1915. Թըրքիշ Ճենոսայտ աֆ տը Արմինիընզ“ ժապաւէնը քարոզչական միտումով ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսէց նահանգի դաստիարակներուն, նահանգի խորհրդարան, եւ Միացեալ Նահանգներու խորհրդարան:
Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը արծարծող բնագաւառներէն է նաեւ թատերգութիւնը:
-Թատերական կարեւոր գործ մըն է Նիւ Ճըրզիի (ԱՄՆ) մէջ կատարելագործուած “Տը Ճորճթաուն պոյզ“ (“The Georgetown boys“, “Ճորճթաունի տղաքը“) խորագիրով երաժշտական-թատերախաղը, որուն ձեւաւորումն ու ղեկավարումը կը պատկանի գիտնական, թատերագիր, բեմադրիչ, դերասան, բանաստեղծ եւ ազգային գործիչ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, որ Ճորճթաունի Տղոց ահաւոր սակայն հրաշալի դէպքը պեղելով, իր արուեստագէտի ոսպնեակէն դիտելով, գեղարուեստական ճաշակով ու հայրենասիրական շունչով ներկայացուցած է ժողովուրդին` որպէս թատրերգութիւն:
Հրանդ Մարգարեան, երկար տարիներու իր ծաւալուն գործունէութեամբ արդէն իսկ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի բեմահարթակներուն վրայ ծանօթ անուն է իր նուաճած շատ մը գործերով: Մարգարեանի թատերական ստեղծագործութիւններէն ոմանք արդէն ներառնուած են հայրենի թատերային խաղացանկերու մէջ:
Աւելի քան յիսուն կերպարներ ներկայացուցած է ան, որոնց մաս կը կազմէ մեր աշխատասիրութեան հետ առնչուող կարեւոր գործ նկատուող Հրայր Թուխանեանի պատրաստած “Ըսայնմընթ Պերլին“ (“Առաքելութիւն ի Պերլին“) ֆիլմը:
“Տը Ճորճթաուն պոյզ“ թատրերգութիւնը մեծ կտաւի աշխատանք է, որուն որպէս հիմնական կամ կորիզային նիւթ հանդիսացած է 1915-ի թուրքին ահաւոր ցեղասպանութենէն ճողոպրած 109 հայ պատանի որբերուն (8-10 տարեկան) իրաւ եւ պատմական դէպքը, ըստ որուն, Գանատայի Հայ Օգնութեան Ֆոնտին եւ նոյնպէս Գանատայի Հայ Օգնութեան Ընկերակցութեան (երկուքն ալ Գանատական օտար կազմակերպութիւններ) միջոցներով, պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններէն հաւաքուած այս 109 որբերը իրենց հետ ոչինչ ունենալով կը փոխադրուին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի Ճորճթաուն շրջանի մէջ գտնուող ագարակ մը, ուր կ՛ապաստանին եւ կը պատրաստուին որպէս գիւղատնտեսներ:
Դոկտ. Մարգարեան այս դէպքը իր գործին խորքը դարձնելով կառուցած է երաժշտախառն թատերգութեան գեղեցիկ ամրոց մը, աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ:
Ակնյայտ է, որ այս գործը խորունկ ներշնչումի ու ապրումներու արդիւնք է եւ շնորհիւ այդ ներշնչումին, հեղինակին հոգին, միտքն ու գրիչը միասնաբար, կարողացած են այս դէպքին ընդմէջէն զարգացնել գործին էութիւնը կազմող ագարակի տղոց կեանքէն առնուած մանրապատումները, հայու արժանապատուութիւնը շեշտող անցքեր, համեմուած` նիւթին պատշաճող ու համապատասխանող երգերով, որոնցմէ շատեր Մարգարեանի յօրինումներն են, ու այս բոլորը կ՛ընթանան նուագարանային երաժշտական ենթախորքի մը վրայ:
“Տը Ճորճթաուն պոյզ“ թատերախաղը բաղկացած է երկու արարներէ: Թատերախաղը կը սկսի Մայքըլին հետ, տղոցմէ մէկը, որուն տարիքը յառաջացած` կ՛այցելէ Ճորճթաուն, ուր կը վերակոչէ անցեալը: Ապա Ճորճթաունի տղոց առաջին հոյակապ, ազդեցիկ ու յուզիչ “Ճորճթաունի Հայ տղաքն ենք“ երգով հեղինակը իր հմտութեամբ հանդիսատեսը կը փոխադրէ այդ ժամանակաշրջանն ու միջավայրը: Թատերախաղը կը շարունակուի ծերունի Մայքըլի յիշողութեամբ, որ խաղարկու-
թեամբ կը ներկայացուի, եւ թատրերգութեան վերջաւորութեան կը մէկտեղուին իր եւ իր ընկերներուն կողմէ: Մայքըլ մինչեւ իր կեանքի վերջը կապուած մնաց իր ընկերներուն, ապրեցաւ այդ յուշերով ու հայրենի աւանդութիւններու կարօտով:
Արդարեւ, Ճորճթաունի տղոց հոյակապ ու զգացական տեսարանները եւ պատանիներու յատուկ թարմութիւնը, աշխուժութեամբ ու կենսունակութեամբ լեցուն երգեցողութեամբ “Ճորճթաունի հայ տղաքն ենք“ ոգելից երգին հեղինակը իր ճարտարութեամբ հանդիսատեսին հոգին կը փոխադրէ տղոց ապրած ժամանակաշրջանը եւ միջավայրը:
“Տը Ճորճթաուն պոյզ“ երաժշտական-թատերախաղի մասին աւելի տեղեկութիւն ձեռք ձգելու համար, յատկապէս երաժշտական բաժինին համար կապուեցանք մեծ համբաւ վայելող երաժիշտ Արա Տինքճեանի, որմէ ի յայտ եկաւ, որ յետնախորքի համար հայթայթուած երաժշտութիւնը ոչ միայն ծառայած է որպէս պերճացնող ու հաճելի դարձնող գործօն, այլ աւելին` շեշտելով գործին զգացական խորքն ու տարողութիւնը, մեծապէս սատարած է դէպքերուն, վիճակներուն ու անցումային բաժիններուն համապատասխան մթնոլորտ յառաջացնելուն: Այս բոլորի կողքին թատրերգութեան ընթացքին կը մեկնաբանուի նաեւ “Թագաւոր Երկնաւոր“ը: Նկատելի է, որ երաժշտական գործերէն ոմանք ճարտարօրէն մշակուած են միջազգային ճանաչում վայելող տաղանդաւոր երաժիշտ` Արա Տինքճեանի կողմէ:
Տեղին է նշել, որ վերջերս Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբը հսկայական աշխատանք տարած է, որ Ճորճթաունի երբեմնի ագարակը վերածէ Եղեռնի թանգարանի: Արդ, ամիսներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, կալուածը արդէն իսկ արձանագրուած է իբրեւ պատմական վայր, ու մեծ գումարներ կը ծախսուին ագարակ բարենորոգման:
Այստեղ առանձնացնելով Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանի արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները ցեղասպանութեան նուիրուած երգ-երաժշտութեամբ կ՛եզրակացնենք, որ յետ ցեղասպանութեան ժողովրդական եւ ժամանակակից երգ-երաժշտութիւնը ապրեցաւ քանի մը հանգրուաններ, սկսելով վիշտի արտացոլումէն, ողբի վիճակէն ու պատահարի նկարագրումէն մինչեւ Հայրենիքի կարօտը, վրէժի զգացումը ու պոռթկումը, պանդուխտի, աքսորի եւ վերջապէս ժառանգելով նախնիներու կտակը, օտար լեզուներով արտայայտուելով եղելութիւնը ծանօթացնել հայերու ողբն ու ցեղասպանութիւնը, որպէսզի մարդկութեան մղկտացող հոգիները թերեւս քիչ մը անդորրան, ինչու չէ նաեւ, պատգամն աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, որպէսզի անոնք եւս անմասն չմնան այսպիսի մեծ ողբերգութենէ մը` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումէն եւ արդարութիւնը պահանջելու գործընթացէն, թէկուզ արուեստի ահաւոր զէնք համարուող երգ-երաժշտութեամբ:
Վերջապէս, որովհետեւ, անոնց նկարագրութիւնները, բացատրութիւնները, ոչ միայն որոշ նշանակութիւն ունին, այլ ինքնին պատմութիւն մը կը ներկայացնեն: Ո՞վ ըսած է, որ պատմութիւնը միայն պատմագիրները կը գրեն: