ԱՂՕԹՔ ՀԱՅ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 39 Second

 Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան

Սփրինկֆիլտ – Մասաչուսէց

 

Փա՜ռք Քեզ Աստուած, Փա՜ռք քեզ,

Փա՜ռք Քեզ, որ առաջնորդեցիր եւ կ՛առաջնորդես մեզ, այս դժուար ճամբուն վրայ,

Փա՜ռք Քեզ, որ մեզի իմաստութիւն եւ  ուղղութիւն կու տաս,

Փա՜ռք Քեզ, որ սահմանափակ մտայնութենէ եւ  լճացումէ մեզի դուրս հանեցիր ու ճիշդ ճամբուն վրայ դրիր,

Փա՜ռք Քեզ, որ վերջապէս մեզի գիտակցութիւնը տուիր, որ բանալին մեր յաջողութիւններուն մենք, մե՛նք ենք միայն,

Փա՜ռք Քեզ, որ մեզի քաջութիւն տուիր երբ որ պէտք էր եւ  իմաստութիւն երբ որ անհրաժեշտ էր,

Փա՜ռք Քեզ, որ օտարներուն` մեր արդար պահանջքներուն հասկացողութիւնը կը բերես:

Մենք լաւ կը հասկնանք, որ կատարեալ արդարութիւն չի կրնար ըլլալ այս աշխարհին մէջ, որովհետեւ մարդը ի՛նքը անկատարեալ է, բայց նաեւ  գիտենք որ մարդուն առաքելութիւնն է եւ մարդէն Քու պահանջածը այն է, որ մարդը անընդհատ հետապնդէ արդարութիւնը եւ պայքարի իր անկատարելիութեան դէմ,

Մենք լաւ կը հասկնանք, թէ ինչ որ կ՛ընենք Քու կամքիդ կը համապատասխանէ, որովհետեւ.

“Երանի՜անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան“,

Մենք լաւ կը հասկնանք, որ աշխարհին մէջ որոշումները միայն արդարարութեան չափանիշներէն չեն բխիր, բայց նաեւ  լաւ կը հասկնանք, որ ամէն բանէ վեր ու անդին գլխաւորը` Մեծ Եղեռնին եւ  մեր խլուած իրաւունքին փաստն է, որ վեր է ամէն հաշիւներէ եւ նկատարումներէ ու այդ մէկը ճշմարտութիւն ըլլալով կը կրէ Քու կամքիդ կնիքը:

Նաեւ` մենք լաւ կը հասկնանք, որ դեռ երկար ճամբայ ունինք քայլելու, որովհետեւ.“Մեծ գործերը քանի մը սերունդներ կը պահանջեն“, այս պատճառով մեր պայքարին որպէս առաջաբան ընտրեցինք. համբերութիւնը, համարձակութիւնը, յանդգնութիւնը եւ յոխորտութիւնը:

Ահա մեր այս ուղիին վրայ տուր մեզի այս չորս առաքինութիւնները, նաեւ սորվեցուր մեզի. “Խորագէտ ըլլալ օձերու պէս, եւ  անմեղ` աղաւնիներու պէս“, ու մանաւանդ ամրացուր մեր հաւատքը, որ հասկնալի պատճառով խարխափեցաւ մանաւանդ Մեծ Եղեռնին ժամանակ եւ  նոյնիսկ անկէ առաջ երբ ինկանք օտար հոսանքներու ազդեցութեան տակ:

Մենք կը հաւատա՛նք, թէ Դուն որպէս ամենաողորմ եւ ամենասիրող Հայր, լաւ հասկցար մեր տկարութիւնները եւ  մեզի Քու նախախնամութեան նշանը ցոյց տուիր մեր յարութեամբ եւ մանաւա՛նդ` Արցախի ազատագրումով, որուն ընթացքին Քու Սուրբ Խաչը մեզի նշան ընտրեցինք:

Ահա այսօր` դարձեալ կը վերանորոգենք մեր հաւատքը, որովհետեւ կը հասկնանք թէ ճշմարիտ եւ  գիտակցուած հաւատքն է ազգին գոյութեան երաշխիքը ու ճակատամարտներու մեր դրօշին վրայ դարձեալ կը գրենք.“Վասն Հաւատոյ, Վասն Հայրենեաց“…

Հաւատացեալ ազգը աւելի զօրաւոր է, որովհետեւ հաւատքը իր հետը կը բերէ բարոյականութիւն եւ  արդարութիւն,

Հաւատացեալ ազգը աւելի զօրաւոր է, որովհետեւ հաւատքը իր հետը կը բերէ եղբայրասիրութիւն եւ  համերաշխութիւն,

Եւ վերջապէս, հաւատացեալ ազգը աւելի զօրաւոր է, որովհետեւ պատրաստ է զոհողութեան, Քու Միածին Որդիիդ նման:

Եւ վերջապէս, հաւատացեալ ազգը աւելի զօրաւոր է, որովհետեւ պատրաստ է զոհողութեան, Քու Միածին Որդիիդ նման:

Այսօր, մենք կ՛աղօթենք մեր թշնամիին համար որպէսզի անդրադառնայ եւ պատրաստ ենք օգնելու անոր որպէսզի զղջայ, բայց եթէ այդ տեղի չունենայ,

Կը հաւատա՛նք, որ ան պիտի շարունակէ պարտութիւններ կրել,

Կը հաւատա՛նք, որ Քու օգնութեամբ, կանուխ թէ ուշ, կամաւոր թէ հարկադրաբար, ան պիտի հատուցէ մեզի մեզմէ խլածը,

Ու վերջապէս կը հաւատա՛նք, թէ այն օրը պիտի գայ երբ Քու ժողովուրդը, առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին զաւակները պիտի համատեղուին իրենց ազատագրուած պատմական հայրենիքին մէջ եւ  Արդարութեան տաճարը կառուցելով պիտի փառաբանեն Քեզ ըսելով.

“Մեր նահատակներուն ոսկորները վկայ,

Մեր երազներուն իրականացումը վկայ,

Մեր հաւատքն ու Քեզի հաւատարմութիւնը վկայ,

Օրհնեա՜լ ըլլաս Դուն,որ մեզի այս օրուան արժանի ըրիր, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից.

ամէն“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles