ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԲԱՐՁՐԱԿԷՏ ԵՒ ՄԵԿՆԱԿԷՏ՝ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻԻՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՄԱՆ

0 0
Read Time:16 Minute, 4 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարտ 2020
Վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան 100-ամեակը կանխող տարիներէն ի վեր, յաճախ կը խօսուի-կը լսենք, թէ մեր Դատին հետապնդումը պէտք է փոխադրենք իրաւական դաշտ, միջազգային իրաւունքի ոլորտ, այսինքն, աւելի համահունչ խօսինք այսօրուան աշխարհի լեզուով եւ գործենք համապատասխանաբար։
Պէտք չէ մտահան ընենք, որ այս մտածումը, արդար ու տեղին ըլլալով հանդերձ, նորութիւն չէ հայ քաղաքական միտքին ու Հայ Դատի գործիչներուն համար։ (Չենք ուզեր կանգ առնել այն հաւանականութեան վրայ, թէ նման մտածողութիւն, իբրեւ նորութիւն հրապարակ նետողներուն մտապատկերին ենթապաստառին վրայ կայ այն՝ որ պէտք է հրաժարիլ իրաւունքի հետապնդման ուժական միջոցներէն, այսինքն՝ այնպիսի քայլերէ, որոնք աշխարհի քարոզչական մեքենաներուն կողմէ կրնան դասուիլ իբրեւ «ահաբեկչութիւն». սա առանձին քննարկելի հարց է, հոս միայն նշենք, որ Արցախի մէջ մեր պայքարը ահաբեկչութիւն չէ, թէեւ մեր թշնամին երբեմն փսփսուքով կը փորձէ նման «վարկած» յառաջ քշել։ Ահաբեկչութեան ազնիւ եւ արդարատենչ մէկ արտայայտութիւնն ալ ցեղասպանները զգետնող մեր արդարահատոյցներն էին…)։ Փաստօրէն, Հայկական Հարցը իրաւական դաշտին մէջ ներկայութիւն եղած է սկսեալ այն օրէն, երբ մեր քաղաքական զարթօնքի առաջին օրերուն, հայ գործիչներ մեր հարցերը ներկայացուցած են այդ օրերու աշխարհի հզօր ու ազդեցիկ ուժերու վարիչներուն, իսկ այդ ընթացքը պաշտօնականացած է՝ երբ մեր հարցերը նիւթ դարձած են միջազգային խորհրդաժողովներու, տեղ գտած են միջազգային դաշնագիրներու մէջ, որոնց շարքին է Սեւրի դաշնագիրը, ստորագրուած՝ ուղիղ 100 տարի առաջ, 10 Օգոստոս 1920-ին, դարաւոր երթին մէջ կը գրաւէ գագաթնային տեղ մը։
ՍԵՒՐԸ՝ ԴԱՇՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Սեւրի դաշնագիրին կարեւորութիւնն ու անժամանցելիութիւնը լուսարձակի տակ բերելէ առաջ, կ՚արժէ պահ մը կանգ առնել զայն կանխող կարեւոր դաշնագիրներու վրայ, որպէսզի կարենանք հարցերն ու մեր իրաւունքներուն դաշտերը դիտել աւանդականէն աւելի տարածուն հորիզոններով, տեսնել, որ Սեւրը աննախընթաց իրագործում չէ մեր մարդկային եւ քաղաքական իրաւունքներուն տեսանկիւնէն, թէեւ կը կազմէ ամէնէն ամուր հիմնաքարերէն մէկը։
Նկատի առնենք գոնէ երկու դաշնագիրներ, որոնք իրարու զօթուած են պատմական տուեալներու բերումով եւ հեռակայ կարգով ճամբայ հարդած՝ նոյնինքն Սեւրին։ Առաջինը՝ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրն է, կնքուած՝ 3 Մարտ 1878-ին, իսկ երկրորդը՝ Պերլինի դաշնագիրը, կնքուած՝ 3 ամիս ետք, 13 Յուլիս 1878-ին. անոնք անմիջական «պտուղներն էին նախընթաց տարիներու ռուս-թրքական (ցարական Ռուսիոյ եւ Օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ) պատերազմներուն։ Կարճ պատմութիւնը ծանօթ է հետեւեալ ձեւով. Սան Սթեֆանոյի մէջ, յաղթական ռուսերն ու պարտեալ թուրքերը, դէմ դիմաց նստած, փորձեցին հաշուեյարդարը ընել նախընթաց երկու տարիներու պատերազմին։ Այդ համաձայնագիրը կը փաստագրէր ռուսական կայսրութեան հզօրացումն ու հեղինակութեան բարձրացումը, ո՛չ միայն ընդդէմ Օսմանեան Թուրքիոյ, այլ նաեւ ի հեճուկս Արեւմուտքի ուժերուն։ Արեւմուտքը այդ օրերուն ունէր ռազմական Ողիմպոսի գագաթին բնակող այլ աստուածներ, որոնք կը կոչուէին Աւստրօ-հունգարիա, Ֆրանսա, Պիզմարքի Գերմանիան, Բրիտանիա՝ իր աշխարհատարած գաղութներով, եւ Իտալիա։ Այդ քարտէսին վրայ չկային այլ ուժեր, որոնք իրենց գլուխը բարձրացուցին աւելի ուշ տասնամեակներու եւ տիրական են այսօրուան աշխարհին մէջ։ Այդ Արեւմուտքին համար, անբաղձալի էր տեսնել Արեւելքի ախոյեանին աւելի եւս հզօրացումը. փաստօրէն, ցարական Ռուսիան 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն, տասնամեակ առ տասնամեակ աւելցուցած էր իր ուժն ու տարածած՝ իր ազդեցութիւնը մեծ ուժերու քարտէսին վրայ։ Հետեւաբար, ռազմական հակամարտութիւնը Պերլինի բանակցութեանց դաշտը փոխադրուեցաւ եւ, ուղղակի պատերազմողներուն կողքին, տեղ գրաւեցին Արեւմուտքի յիշեալ մեծերը։ Մնացեալը ծանօթ է. Ռուսիա որոշ բաներ կորսնցուց պատերազմին մէջ իր շահածէն ու Սան Սթեֆանոյով իր ձեռք բերածէն, իսկ Արեւմուտքը, իրեն համար աւելի՛ ցանկալի «հաւասարակշռութիւն» մը ստեղծելու կողքին՝ քիչ մը աւելի զօրացուց իր ազդեցութիւնը… Օսմանեան կայսրութեան վրայ։
Մեր պատմութեան դասագիրքերէն, եւ ընդհանրապէս այս երկու դաշնագիրներուն մասին գրականութենէն մեզի հասած են հետեւեալ սեղմ հաստատումները։ Սան Սթեֆանոյի մէջ, հայկական հարցին մասին արձանագրուեցաւ մէկ յօդուած, թիւ 16-ը, որ ռուսական կայսրութեան ձեռքը կը զօրացնէր՝ միջամտելու ի նպաստ հայութեան իրաւունքներուն, եթէ թրքական պետութիւնը չիրականացնէր հայութեան տարրական իրաւունքներուն յարգումն ու պաշտպանութիւնը։ 3 ամիս ետք գումարուած Պերլինի ժողովը նմանապէս մէկ յօդուած արձանագրեց մեր մասին, թիւ 61-ը, որ մեր իրաւունքներուն երաշխաւորումը դուրս կը բերէր ռուսական «մենաշնորհի» վիճակէն եւ անոր կողքին կ՚ապահովէր այդ օրուան աշխարհի բոլոր հզօրներուն երաշխաւորութիւնը, փաստօրէն թուլացնելով արդիւնաւորման կարելիութիւնները եւ մեր հարցը խաղալիք դարձնելով բազմաթիւ ուժերու միջեւ սակարկութեանց։ Միջազգային խաղերու նման «օրէնքներու» ականատես եղած եւ անոնց ցաւցնող հետեւանքները մորթին վրայ զգացած մեր սքանչելի «Հայրիկ»ը՝ Մկրտիչ Խրիմեան, Պերլինէն վերադարձին հայութեան ուղղեց առաւելաբար սեփական բազուկին յենելու եւ զէնքո՛վ իրաւունք հետապնդելու անժամանցելի պատգամը։
Հիմա, քիչ մը տարածուինք դաշնագիրներուն մանրամասնութեանց ու հետեւանքներուն մէջ, աշխարհն ու հարցերու դասաւորումը դիտելու համար նոյնինքն դաշնագիրներուն տուն տուող շարժառիթներուն եւ մեզմէ անդին տարածուող դասաւորումներուն ծիրին մէջ, քիչ մը աւելի խորունկ կերպով ըմբռնելու համար հարցեր եւ ուժեր դասաւորելու-վերադասաւորելու խաղերը, որոնց տարբերակներուն ականատես եղած ենք – պէտք է եղած ըլլայինք – յաջորդ տասնամեակներուն, հետքերն ու նմանակները, տարբերակները տեսնենք այսօրուան աշխարհին մէջ։ (Այս մանրամասնութիւններուն՝ պատմաբաններ եւ քաղաքական-դիւանագիտական կեանքի մէջ հմտութիւն ունեցողներ ծանօթ են վստահաբար, սակայն հայ զանգուածը առաւելաբար մնացած է դասագրքային «աւանդական» ծանօթութիւններու սահմաններուն մէջ)։ Այս մօտեցումը մեզի նպաստ կը բերէ ո՛չ միայն աւելի լաւ ըմբռնելու պատմական անցեալը, այլ նաեւ հետեւելու այսօրուան աշխարհաքաղաքական խաղերուն, դիտարկելու հինէն մինչեւ մեր օրերը հասնող՝ անփոփոխ կարմիր գիծեր։
Քանի մը հիմնական տեղեկութիւն՝ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրին մասին։
Ինչպէս նշեցինք, անիկա երկկողմանի համաձայնագիր մըն է, կը բովանդակէ ընդամէնը 29 յօդուած, հիմնականին մէջ հաշուեյարդարը կ՚ընէ ռուս-թրքական 1877-78 տարիներու պատերազմին, սակայն ակնարկութիւններ կան նաեւ նախընթաց երկկողմանի մեծ պատերազմին, որ աւարտին հասած էր 1856-ին եւ կողմերը հասցուցած՝ այլ համաձայնութեանց (այլապէս շահեկան, սակայն անմիջականօրէն կապ չունին հայկական հարցին դիտանկիւնէն)։ Ռուսիոյ գերակայութիւնը հաստատելու կողքին, դաշնագիրը իրողապէս – ոչ իրաւականօրէն – անկախ կը դարձնէ Պուլկարիան, որ պզտիկ դուռ մը կ՚ունենայ Միջերկրականի վրայ, չ՚ենթադրեր ռուսական ուժերու հեռացումը՝ պուլկարական հողերէ։ Այս երկիրը տակաւին քանի մը տասնեակ տարի պիտի սպասէր, մինչեւ իրաւական անկախութիւն, սակայն մտահոգութիւն կը պատճառէ Բրիտանիոյ, որ հաշտ աչքով չի դիտեր Պուլկարիոյ հողերուն ծաւալումը եւ ռուսական ազդեցութեան հոն տարածումը։ Նմանապէս ինքնավար կը դառնան Պոսնիան, Կրետէն, յունական Էփիրուն եւ Թեսաղոնիկէն։ Մոնթենեկրոն, Ռումանիան եւ Սերպիան դուրս կու գան օսմանեան տիրապետութենէն եւ կը դառնան անկախ։ Ալպանիա, հայերուս նման, դժգոհութեան պատճառներ ունի, որովհետեւ հող կը կորսնցնէ, շահողները կ՚ըլլան Պուլկարիա, Սերպիա եւ Մոնթենեկրօ։ Տարտանէլի եւ Վոսփորի նեղուցները առեւտրական նաւարկութեան համար բաց կը հռչակուին պատերազմի թէ խաղաղութեան ատեն։ Կան, տակաւին, Աւստրօ-Հունգարիան մտահոգող կէտեր։
Յիշեալ եւ այլ մանրամասնութիւններ, մեր հարցերուն դասաւորման դիտանկիւնէն, հաւանաբար նկատուին հեռակայ նիւթեր։ Ուսանելի կէտերուն շարքին են, օրինակի համար, այն «սակարկութիւններ»ը, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի կերպով կ՚առնչուին մեր հողերուն, այլապէս կրնան ունենալ այժմէական թելադրականութիւն։ Այսօրուան տագնապներուն ալ կ՚ընկերանան սակարկութիւններ։ Համաձայնագիրին 19-րդ յօդուածը, պատերազմական վնասներու իբրեւ հատուցում՝ նիւթական հսկայական պարտաւորութիւններու տակ դնելէ ետք օսմանեան կողմը, ունի նաեւ հողային հատուցման բաժին. Արտահանը, Կարսը, Արդուինը, Պաթումը, Օլթին, Պայազիտն ու Ալաշկերտը (յիշենք Րաֆֆիի «Խենթը» վէպին պատմական յենքը) կ՚անցնին Ռուսիոյ։
Քանի մը հիմնական մանրամասնութիւն ալ՝ Պերլինի համաձայնագիրէն, որ, ինչպէս նշեցինք, կտրատումի կ՚ենթարկէ ցարական Ռուսիոյ ձեռքբերումները, եւ այդ՝ անկախ հայերուս վերաբերող թիւ 16 եւ թիւ 61 յօդուածներու ծանօթ պատմութենէն։
Դաշնագիրը ունի ընդամէնը 64 յօդուած։ Հիմնականին մէջ, Պերլինը կու գայ, ինչպէս ակնարկեցինք նախապէս, որոշ հակակշիռի ենթարկելու ռուսական յառաջխաղացքը, իսկ այս իրականութեան միայն մէկ արտայայտութիւնն է մեզի լաւ ծանօթ՝ թիւ 61 յօդուածը։ Սակայն այս խորհրդաժողովը չէր գումարուած միայն հայկական հարցի վերադասաւորման նպատակով, այլ անոր առանցքային հարցերը Պալքաններու գօտիին մէջ էին։ Հոն, արձանագրուած են երկու հիմնական գիծ. մէկը՝ Սան Սթեֆանոյի մէջ ռուսական որոշ ձեռքբերումներուն շրջումն է, իսկ երկրորդը՝ եւրոպական ցամաքամասին վրայ օսմանեան կայսրութեան աննախընթաց կրճատումը. փաստօրէն, այդ հանգրուանին է որ թրքական կայսրութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ դուրս կը նետուի Եւրոպայէն (այսօրուան Թուրքիան հոն վերադարձի ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներու կը դիմէ…)։ Պերլինին յաջորդեցին, հանգրուան առ հանգրուան, Ռումանիոյ անկախութիւնը, 1881-ին, Սերպիոյ անկախութիւնը՝ 1882-ին, իսկ Մոնթենեկրոն հետեւեցաւ շուրջ 30 տարի ետք։ Պուլկարիոյ պարտադրուեցան հողային որոշ զիջումներ, իսկ անոր իրաւական անկախութիւնը եկաւ 1908-ին։
Մեզի համար շահեկան յօդուածներ են, թիւ 61-էն անկախ, թիւ 58-էն 60 յօդուածները։ Կը հաստատուի Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի Ռուսիոյ պատկանելիութիւնը, Պայազիտն ու Ալաշկերտը կը վերադառնան Թուրքիոյ, իսկ Պաթումը կը հռչակուի ազատ նաւահանգիստ։ Հարաւի մէջ, թուրքերը հողեր կը զիջին Պարսկաստանին, ուր բրիտանացիք կը շահին իրաւարարի դեր։
Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներուն մասին այս հպանցիկ արձանագրութիւնները կատարեցինք, յուշելու համար, թէ ո՛ւր կը գտնուէին ծանրութեան կեդրոնները. անոնք մինչեւ այսօր ալ ուսանելի կէտեր ունի մեզի համար, ինչպէս՝ Պերլինի նոյն ժողովէն բխած Խրիմեան Հայրիկի պատգամը…։ Այս արագ ճամբորդութիւնը ըրինք նաեւ յիշեցնելու համար, որ մեր Դատին իրաւական ենթահողը, գէթ միջազգային յարաբերութեանց ու դաշնագիրներու դիտանկիւնէն, ուրկէ՛ ծայր առած է, հասնելէ առաջ Սեւր ու յետոյ, ճամբան շարունակած է մինչեւ մեր օրերը, երբ երէկ հրապարակ բերուեցան – ու ձախողութեան մատնուեցան – փրոթոգոլները, կը շարունակուին Արցախի շուրջ միջազգային բանակցութիւնները, իսկ մեր անմիջական հարցերուն զուգահեռ՝ մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ ծանօթ իրադարձութիւններն ու խաղերը։ Սան Սթեֆանոյէն եւ Պերլինէն ետք, հանգրուաններ արձանագրուած են նաեւ Պալքանեան պատերազմէն ետք, երբ սեղանի վրայ դրուեցան «Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներու» մէջ հայութեան իրաւունքներուն թղթածրարը եւ մինչեւ իսկ պատուիրակներ ալ հասան Թուրքիա, հետապնդելու համար ճշդուած դասաւորումները, սակայն Ա. Աշխարհամարտը տակ ու վրայ ըրաւ ամէն բան, նաեւ խառնեց աշխարհի քարտէսը…

ՍԵՒՐԸ՝ ՔԻՉ ՄԸ ԼԱՅՆ ՇՐՋԱԳԻԾՈՎ

Ահա այսպէս, մեր դեգերումները մեզ կը հասցնեն 100 տարի առաջ կնքուած Սեւրի դաշնագիրին, որ հայութեան ու Հայաստանին ընծայեցին ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ եւ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ յենարան մը, փաստաթուղթ մը, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատուիրականներուն կողքին, կը կրէ բազմաթիւ այլ ստորագրութիւններ. Օսմանեան Թուրքիան հոն ներկայացած է իբրեւ պարտեալ կողմ, իսկ Հայաստանը դասուած է յաղթական դաշնակիցներուն շարքին, ճանչցուած՝ «փոքր դաշնակից» անունով։
Քանի մը հպանցիկ պատմական տեղեկութիւններ եւ մեզի վերաբերող յօդուածները։
Ամէն բանէ առաջ պէտք է յիշենք եւ արձանագրենք, որ Սեւրը դաշնակիցներուն համար Ա. Աշխարհամարտի հաշուեփակը ընող հիմնական համաձայնագիր մըն է Թուրքիոյ հետ, Հայաստան, իր ներկայացուցիչին՝ Աւետիս Ահարոնեանի գրիչով ստորագրած է զայն. համաձայնագիրը ստորագրուած է պարտեալ Թուրքիոյ (Օսմանեան կայսրութիւնը ժառանգած իթթիհատականներուն) եւ յաղթական դաշնակիցներուն կողմէ եւ գործնապէս վերջակէտի մը կը հասցնէ թրքական կայսրութիւնը (թէեւ այսօր ալ կը տեսնենք, որ Թուրքիա չէ հրաժարած իր կայսերական երազներէն ու ծրագիրներէն), կը ճշդէ Թուրքիոյ եւ դրացիներուն միջեւ սահմանները, յարաբերութեանց պայմանները, կը տարածուի նաեւ դաշնակիցներուն հետ Թուրքիոյ հետագայ յարաբերութեանց ոլորտներուն վրայ։ Մեզի՝ հայերուս համար, գիտենք, որ համաձայնագիրը ունի 6 յօդուած, 88-րդէն 93-րդ յօդուածները. դժուար չէ տեսնել, թէ այս յօդուածները մեր հարցը քանի՛ քայլ յառաջ կը տանին, բաղդատմամբ Պերլինին, եւ ինչու կը մնան այժմէական։
Եթէ պահ մը քննարկենք, թէ իսկապէս ի՛նչ տարողութիւն ու միջազգային արժէք ունի Սեւրի դաշնագիրը, դժուար պիտի չըլլայ ըմբռնելը, թէ անիկա չի վերաբերիր միայն հայ-թրքական հակամարտութեան, այլ ունի համաշխարհային ծիր, նա՛եւ ուրիշներու համար անժամանցելի եւ ուսանելի երեսներ։ Այլ խօսքով, Սեւրի դաշնագիրը շատ աւելի համապարփակ պայմանագրութիւն մըն է, քան պարտեալ Թուրքիոյ կողմէ յաղթական Հայաստանի՝ իբրեւ անկախ պետութիւն գոյութեան ճանաչումն ու յարաբերութեանց շրջագիծին ճշդումը, ներառեալ՝ պատմական մեր հողերուն վերադարձի ընդունումը։ Մենք առաւելաբար կը ծանրանանք մեզի վերաբերող տրամադրութիւններուն վրայ, եւ իրաւունք ալ ունինք։ Համաձայնագիրը, մեզմէ անդին, ծաւալուն փաստաթուղթ մըն է, ինքնին՝ լիարժէք պատմութիւն։ Կարելի է կայքէջի ճամբով գտնել անոր ամբողջական բնագիրը (նմանապէս Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներուն բնագիրները). մեր աչքին առջեւ եղող բնագիրը 103 էջ է, ունի 13 գլխաւոր բաժիններ, հիմնական 433 յօդուածներ, նաեւ՝ ենթաբաժիններ, յաւելուածներ. համագումարը կը հաշուէ 97 բաժին եւ ընդամէնը 578 յօդուած։ Անոր հիմքն ու մեկնակէտերը կը նկատուին Սայքս-Փիքոյի, Սան Ռեմոյի եւ Վերսայի դաշինքներուն նման պայմանագրութիւններ. Սեւրի համաձայնագիրին մէջ յաճախ ստորագրող կողմերուն թելադրանք կ՚ըլլայ վերադառնալու Վերսայի դաշնագիրի պայմաններուն եւ Ազգերու Լիկային որդեգրած սկզբունքներուն։
Թուրքիոյ 3 ներկայացուցիչներուն դիմաց, դաշնագիրը ստորագրած են դաշնակից 12 պետութիւններէ 22 ներկայացուցիչներ (Բրիտանական կայսրութիւնը կը ներկայանայ իր բաղկացուցիչներով՝ Քանատայէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ, Հնդկաստան, Նոր Զելանտա եւ Աւստրալիա. Սերպիա, Խրուաթիա եւ Սլովենիա կը ներկայանան մէկ պատուիրակութեամբ, նմանապէս՝ Չեխոսլովաքիա)։ Ահա թէ որոնց կողքին է Աւետիս Ահարոնեան՝ իբրեւ Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչը։
Դաշնագիրը մեկնակէտ ունի Աւստրօ-հունգարական կայսրութեան կողմէ Սերպիոյ վրայ 28 Յուլիս 1914-ին շղթայազերծուած յարձակողումը, որ պայթեցուց Ա. Աշխարհամարտը եւ շուտով ներգրաւեց Գերմանիոյ զինակիցներն ու անոնց հակադրուած՝ դաշնակից ուժերը. այդ տարիներուն, ցարական Ռուսիա դաշնակից էր նախորդ տասնամեակներու իր մրացկիցներուն՝ ինչպէս որ եղաւ Բ. Աշխարհամարտին…։ Թուրքիա Գերմանիոյ կողքին պատերազմին մասնակից դարձաւ 29 Հոկտեմբեր 1914-ին։ Պատերազմը տեւեց մինչեւ 1918. 30 Հոկտեմբեր 1918-ին, Թուրքիա ընդունեց պարտութիւնը եւ զինադադարը, որուն հիմամբ է որ տեղի ունեցաւ Սեւրի ժողովն ու անկէ բխեցաւ նոյնանուն դաշնագիրը, ստորագրուեցաւ 10 Օգոստոս 1920-ին։
Նման ուրուագծային ծանօթութենէ ետք, արձանագրենք նաեւ, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն հետ դաշնակիցներուն տարածուն պայմանագիրը կ՚ընդգրկէ բոլոր այն հարցերը, որոնք ծնունդ են պատերազմին ու անկէ առաջ ալ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու, վիճելի ու անորոշ կէտերու։ Ամէն բանէ առաջ, կը հաստատուի, թէ ՀԱՐՑԵՐ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՁԵՒԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ ՉԵՆ (Թուրքիա մինչեւ այսօր ալ չէ կրցած ըմբռնել այս ճշմարտութիւնը, նաեւ այդ ուղին ցոյց կու տայ իր «եղբօր»՝ Ատրպէյճանին։ Անշուշտ ուրիշ «իմաստուններ» ալ չեն ըմբռնած այս ճշմարտութիւնը, հազար ու մէկ շահու հաշիւներով…)։
Համաձայնագիրը մանրամասնօրէն կը ճշդէ դրացիներուն հետ Թուրքիոյ սահմանները, սկսելով արեւմուտքէն՝ Յունաստանէն, անցնելով հարաւ՝ Սուրիա, Իրաք (յստակօրէն արձանագրուած է, թէ սահմանը Մուսուլ նահանգին հիւսիսի սահմանագիծն է, գօտի մը՝ որմէ ներս, վերջին տասնամեակներու թրքական թափանցումներն ու ախորժակները ծանօթ են), Իրան եւ Հիճազ (որ, ինչպէս ծանօթ է, անկախ կը հռչակուի, իսկ արաբական երկիրները կը մտնեն արեւմուտքցի դաշնակիցներու հոգատարութեան տակ), արեւելքէն՝ Հայաստան, իսկ հիւսիսէն՝ Ռուսիա եւ Սեւ ծով։ Նոյնինքն Թուրքիա կը բաժնուի ազդեցութեան գօտիներու։ Բաժին առ բաժին, կ՚արձանագրուին երթեւեկութեան, նաւահանգիստներու, ճամբորդութեանց, առեւտրական եւ այլ յարաբերութեանց-գործակցութեան, իսլամական ուխտավայրեր այցելութեանց պայմանները եւ այլն։ (Նախընթաց՝ վերոյիշեալ դաշնագիրներուն մէջ ալ կան նման տրամադրութիւններ, որոնց վրայ կանգ չառինք՝ հասկնալի պատճառներով)։
Կ՚արժէ հոս բանալ փոքր փակագիծ մը, յիշատակելու համար, որ յատկապէս Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանագծումը ունի շահեկան կէտեր։ Օրինակի համար, Միջերկրականի հիւսիս-արեւելեան անկիւնէն ծայր առնող սահմանը ճշդուած է այնպէս մը, որ Այնթապը, Պերեճիկը եւ Ուրֆան (նաեւ այլ շրջաններ) կը մտնեն… Սուրիոյ սահմաններուն մէջ։ Այսօր այս կէտն ալ մոռցուած է։ Փակենք փակագիծը։
Այս սիւնակներուն նպատակը չէ ամբողջական ու մանրամասն վերաքաղը ընել Սեւրի դաշնագիրի բաժիններուն ու այն պայմաններուն՝ որոնց շուրջ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱՒ պետութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչներու ստորագրութեամբ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԿԷՏԵՐԸ

Այսպիսի լայնածիր համաձայնագիրի մը մէջ է որ Հայաստանին կը յատկացուին 6 յօդուածներ, որոնց հիմական գիծերը հետեւեալներն են.
– Թուրքիա պաշտօնապէս կը ճանչնայ 28 Մայիս 1918-ին (Սարդարապատի ու զուգահեռ հերոսամարտերուն մէջ իր կրած պատմական պարտութիւններէն ետք) ծնունդ առած՝ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը։
– Իրողապէս՝ սեւով ճերմակի վրայ գրութեամբ, կ՚ընդունի, որ Տրապիզոնէն մինչեւ Էրզրում, Պիթլիս եւ Վան տարածուող՝ Արեւմտեան Հայաստանի հողերը կը պատկանին հայութեան, պէտք է կցուին անկախ Հայաստանի հանրապետութեան. հողատարածքներու վերջնական պատկերին ու սահմաններու մանրամասնութեանց ճշդումը կը վստահուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի։ Հայաստան դաշնագիրը ստորագրող կողմերուն ներկայացած էր մեր իրաւունքները սահմանող քարտէսով, որպէսզի անիկա դրուի Ուիլսընի իրաւարարութեան տակ։ Ըստ էութեան, այդ հողատարածքներուն հայկական պատկանելիութիւնը վիճելի հարց չէ համաձայնագիրին բառերով, ալ սահմաններուն մանրամասնութեան ճշդումն ու վերջնական պատկերին յստակացումն է որ կը վստահուէր ամերիկեան իրաւարարութեան։ Այդպէս ալ եղաւ, այդ ալ իբրեւ «յաւելուած»՝ Սեւրին։
Արձանագրենք, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը խորհրդաժողովին ներկայացած էր հայութեան իրաւունքներուն միայն մէկ մասը մարմնաւորող քարտէսով մը, որ իրողապէս որդեգրուեցաւ դաշնագիրը ստորագրողներուն կողմէ։ Անիկա կ՚ընդգրկէր Արցախը, Նախիջեւանը, Ախալքալաքը, Արեւմտեան Հայաստանի ծանօթ նահանգները՝ Սեւ ծովուն վրայ ելքով. ընդամէնը՝ աւելի քան 161 հազար քառ. քլմ. տարածութեամբ. ներառեալ չէին պատմական Հայաստանի այլ տարածքներ ու Կիլիկիան։
– Թուրքիա կը համաձայնի հայ ժողովուրդին փոխանցել Ուիլսընեան իրաւարարութեամբ վճռուելիք հողերը, կ՚ընդունի, որ պիտի ապազինէ սահմանամերձ գօտին (իսկ դաշնագիրին մուտքի բաժինը, ինչպէս նշեցին քիչ առաջ, յստակօրէն կը հաստատէ, որ զինեալ յարձակումներ ու գրաւումներ ընդունելի պիտի չըլլան)։ Կը նշուի, որ եթէ անլոյծ հարցեր մնան, կարելի է նոր դաշինքներ-համաձայնագիրներ կնքել. այս բաժինը լռելեայն կը հասկցնէ, որ յաջորդելիք համաձայնագիրները պէտք է համապատասխան ըլլան Սեւրի տառին եւ ոգիին։ Սահմաններու մանրամասնութեանց ճշդումին համար կը նախատեսուի յատուկ յանձնախումբ, որուն կը տրուի աշխատանքի երեք ամիսներու պայմանաժամ (պատմութիւնը ծանօթ է. այդ պայմանաժամին լրումէն առաջ, Թուրքիա պատերազմի անցաւ Հայաստանի հանրապետութեան դէմ, իսկ 2 Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ հաստատուեցան համայնավար կարգեր)։
– Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմաններու ճշդումը կը ձգուի խնդրոյ առարկայ երեք պետութեանց, որպէսզի բանակցութեան ճամբով հասնին վերջնական համաձայնութեան (հոս ալ պատմութիւնը կը յուշէ, որ թէ՛ Վրաստան եւ թէ, մանաւանդ, Թուրքիոյ իրողական դաշնակից Ատրպէյճան նախընտրեցին զէնքի լեզուն, իսկ համայնավարները անոր ձեռքին մէջ դրին՝ Թուրքիոյ հետ զինակցաբար՝ Հայաստանը բնաջնջելու նոր զէնքեր։ Կարճ ատեն ետք, Կարսի ու Մոսկուայի համաձայնագիրները՝ համայնավար Ռուսիոյ ու քեմալական Թուրքիոյ միջեւ, արդէն բաց-պատարագի վերածեցին Հայաստանի հանրապետութեան ու անկէ մնացած ժառանգութեանց դէմ եռեակ դաւադրութիւնը. Արցախի ու Նախիջեւանի մասին Ստալինի որոշումները պարզապէս նոր «նուաճումներ» եղան այդ ճամբուն վրայ։ Այդ հանգրուաններուն, հայութեան ինքնուրոյն կամքն ու համաձայնագիրներու մէջ համապատասխան ներկայութիւնը չգոյ էր…)։
– Կարեւոր կէտ է նաեւ, որ Հայաստան այս համաձայնագիրով կ՚ընդունի պաշտպանել իր հողերուն վրայ ապրող ոչ-հայերու իրաւունքները եւ հոգածութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ։ Հայաստան թէ՛ խորհրդային տարիներուն, թէ՛ մինչեւ այսօր, հաւատարիմ է այս պայմանին։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԵՏԵՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մեր ակնարկը կրնանք տարածել նաեւ Սեւրին յաջորդած տասնամեակներու«ն վրայ, խօսիլ Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրներուն մասին, հասնիլ Լօզան, Բ. Աշխարհամարտը կանխող տարիները, երբ Հայաստանի կորուսեալ անկախ պետականութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը տարիներ շարունակ, իբրեւ իրողական ներկայացուցիչ, շարունակեց իրաւական աշխատանքը, բանակցութիւններ վարեց նախկին դաշնակիցներուն հետ, կտրեց Բ. Աշխարհամարտի փուլը, թեւակոխեց ՄԱԿի հիմնադրութեան ու աշխատանքներու տարածման հանգրուանները։ յդ տասնամեակներուն, կար խորհրդային Հայաստանի «անկախ հանրապետութիւն»ը, որ մեր իրաւունքներուն իրաւական հետապնդման ողչ մէկ իրաւուքն ունէր, այլ նախ կը խօսէր Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան անունով, յետոյ ալ երգեր հիւսուեցան «եղբայրական Ատրպէյճանի» մասին։ Անկախութեան վերակնգնումէն ասդին է որ ջուրը սկսած է վերագտնել իր բուն հունը, եւ ինչպէս նախորդ դասնամեակներուն, նոյնպէս ալ այսօր, Հ.Յ. դաշնակցութիւնը կը կանգնի այս երթին դրօշակիրի դիրքին վրայ։
Անխակութեան կորուստը վերանկախացումէն բաժող տասնամեակները ո՛չ միայն չնսեմացուցին Սեւրի համաձայնագիրին արժէքը, այլ ընդհակառակն՝ մինչեւ այսօր ալ մեր ձեռքին մէջ կը պահեն Թուրքիոյ պետութեան դիմաց իբրեւ դրօշակ պարզուած՝ անժամանցելի պարտամուրհակ մը։ Մէկ խօսքով, Սեւրի դաշնագիրը ո՛չ միայն մեր՝ հայութեան ու Հայաստանի իրաւունքներուն ճանչման մէկ բարձրակէտն է, այլ նաեւ յենարան ու մեկնակէտ՝ մեր պահանջատիրական աննահանջ երթին։
Յաճախ մեզի կը յուշեն, որ համաձայնագիրը բանակցողներուն կողմէ ստորագրուած է, սակայն մասնակից պետութիւններու կառավարութիւնները չեն ստորագրած զայն։ Սա չի նշանակեր, թէ համաձայնագիրն ու անոր տուն տուող պատմական պայմանները, անով կնքուած ձեռքբերումները չիք կը դառնան, ըստ ամենայնի չեղեալ կը հռչակուին։ Այլ վարկածներ ու վէճեր յառաջ կը քշուին, թէ Սեւրէն ետք կնքուած շարք մը միջազգային համաձայնագիրներ իրողապէս կը շրջանցնեն զայն, անարժէք կը դարձնեն անոր պայմանները։ Նման «վարկածներու» եւ հայութիւնը իր իրաւունքներէն հրաժարիլ համոզողներուն պատասխանն ալ տրուած է. օրինակի համար, գիտենք, որ Կարսի ու Մոսկուայի պայմանագիրներուն օրերուն, Հայաստան դադրած էր անկախ պետութիւն ըլլալէ, իսկ համայնավար կայսրութեան մէկ մասնիկը ըլլալու եւ իբրեւ թէ «խորհրդային անկախ հանրապետութիւն» մը ըլլալու վարկածը որեւէ քննարկումի չի դիմանար։ Կը մնայ պարզ ու աղաղակող փաստը, թէ՝ համաձայնագիրը ստորագրուած է, պայմանները յստակ են, իսկ թրքական կողմը չէ ուզած գործադրել զայն, ինչպէս եղած է ճակատագիրը գոնէ մեզի վերաբերող բազում համաձայնութիւններու, իսկ անոր երէկի դաշնակիցներն ու մերթ ընդ մերթ զայն դարպասողները «աչք փակած» են անոր թերացումներու վրայ։ Նոյն վերաբերմունքին ականատես եղած ենք նաեւ նախընթաց համաձայնագիրներու կարգ մը երեսներուն պարագային, մինչդեռ նոյն այդ համաձայնագիրներուն այլ տրամադրութիւնները գործադրուած են ու յաւելումներ կրած՝ հետագայ համաձայնագիրներու հանգրուաններուն։ Փաստ՝ նախապէս Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ եւորպական ու արաբական երկիրներու անկախութ գոյատեւումը, Թուրքիոյ պարտադրուած հին ու նոր համաձայնագիրներուն ցայսօր կիրարկումը։
Այլ խօսքով, համաձայնագիրներուն պատմական իրողութիւնն ու արժէքը ժամանցելի չեն, այնքան ատեն որ գործադրելի կէտեր կան, տիրութիւն ընող կայ, հոգ չէ թէ քաղաքական սակարկութիւնները յաճախ աւելի ազդու խօսք կ՚ունենան այս կամ այն հանգրուանին։ Այս բոլորէն կարել է հասնիլ հիմնական հետեւութեան մը, որ մարմնաւորուած էր Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»ի պատգամով։ Իսկ մենք՝ հայերս, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, մէկէ աւելի առիթներով կիրարկած ենք այդ պատգամը, մերթ պատժելու համար Ցեղասպանները, յաճախ նաեւ վերյիշեցնելու մեր «մոռցուած իրաւունքները», իսկ ահա աւելի քան 30 տարիէ ի վեր այդ պատգամը լիարժէքօրէն կը կիրարկենք Արցախի մէջ, քաջ գիտնալով, որ Սեւրը կը մնայ մեր վախճանական նպատակներուն իրականացման հզօր յենարան, չենք մոռնար, որ Սեւրէն անդին ալ ունինք «անկատար տենչեր», այսինքն Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկոյ ու պատմական այլ հողատարածքներու վերադարձը՝ սեփականատէր հայութեան։
Կը մնայ, որ մօտաւորապէս 30 տարի առաջ վերականգնած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը իր հիմնական քաղաքականութեան մէկ մասնիկը դարձնէ Սեւրի հետապնդումը, ինքզինք ձերբազատէ «միջազգային օրէնքները մեզի կը պարտադրեն ըսել՝ թէ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունինք» հրամցուած մտածելակերպէն եւ մեր իրաւատիրութիւնը պետականօրէն դնէ պատմութենէն թելադրուած՝ ճիշդ երկաթուղիին վրայ։ Նման քաղաքականութիւն անվիճելիօրէն իր ունի համայն հայութեան միակամ զօրակցութիւնը, ճամբայ պիտի բանայ մեր իրաւունքներուն միջազգային ճանաչման, մեզ պիտի փոխադրէ ո՛չ միայն իրաւական աւելի ընդարձակ դաշտեր, այլ նաեւ պիտի մղէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին յաջորդող իրագործումներու, նոյնինքն անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդարանէն 101 տարի առաջ բխած՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի քաղաքական տեսլականին հետապնդման։
Վերջապէս, Սեւրի ու նախընթաց համաձայնագիրներուն ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը՝ այսօրուան աշխարհի իրադարձութեանց լոյսին տակ, նպաստ պիտի բերէ հայ քաղաքական միտքին ու մեր Դատի գործիչներուն, որպէսզի խորացնեն այսօրուան իրականութիւնները «կարդալու» ունակութիւնը, որովհետեւ եթէ բառացիօրէն ճիշդ չէ այն՝ որ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ», անդին, ճշմարիտ շատ բան կայ հինէն եկող կարմիր եւ այլ գոյներով շարունակուող գիծերուն մէջ։ Յետոյ, ծանօթ խօսք է, որ իւրաքանչիւր պատերազմի մէջ, մարդիկ կը սպաննուին նոր զէնքերով, սակայն խաղին հիմնական օրէնքները առհասարակ քիչ փոփոխութիւն կը կրեն (մեր նկատի առած դաշնագիրներուն քննարկումը, անոնց քողարկած կամ բացայայտած իրականութիւնները վկա՛յ)։ Վերջապէս, այդ բոլորէն կարելի է հասնիլ այն հետեւութեան, որ նոյն թշնամիէն ու բռնատէրէն վնասներ կրողներու միջեւ ինքնաբերաբար կրնան ստեղծուիլ բնական դաշնութիւններ։ Այս ալ ուսանելի եւ կիրարկում սպասող այլ հարց է արդէն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles