Նիւ Ճըրզի
«Այն իրողութիւնը որ մերինին պէս փոքրաթիւ գաղութ մը այնքան խելք ու դրամ կը վատնէ իր լրագրութեան վրայ, ապացոյց մըն է թէ բոլորովին անյոյս ժողովուրդ մը չենք բարբարոս ժողովուրդներէ կոտորուելու արժանի[,] իսկ սա պարագան որ կրցեր ենք ջանքեր ու նուէրներ գումարելով թերթեր հիմնել, մամուլ հաստատել, իրաւունք կու տայ պնդելու որ մենք ընդունակ ենք հետզհետէ աւելի մեծ հաւաքական գործերու»։
Արմէն-Տիրան (1912)[2]
Ամերիկահայ մամուլի առաջին յիսնամեակին (1888-1938) նուիրուած այս ամփոփ ակնարկը մասամբ հիմնուած է զանազան երկրորդական աղբիւրներու վրայ[3], բայց ջանացած ենք ըստ կարելւոյն տուեալները վերստուգել ու ճշգրտել խնդրոյ առարկայ թերթերու ուղղակի ընթերցումով, գլխաւորաբար շնորհիւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի կողմէ արդէն թուայնացուած թերթերու (թէեւ ոչ-ամբողջական) հաւաքածոյին (tert.nla.am) ։ Զանց ըրած ենք թերթերու խմբագիրներուն ցանկագրումը՝ մեծաւ մասամբ (բացի, երբ կարելի էր, անհատական թերթերու պարագային), տրուած ըլլալով անոնց անուններն ու պաշտօնավարութիւնը ամբողջութեամբ ճշդելու դժուարութիւնը։ Ինչ-ինչ թուականներ ալ տրուած են մօտաւոր ճշդութեամբ։ Գրութիւնը չխճողելու նպատակով, այստեղ պիտի չանդրադառնանք այս ժամանակաշրջանին լոյս տեսած իւրաքանչիւր թերթի։
Այս տարի, «ամերիկահայ մամուլի հայր»[4] համարուած Հայկակ Էկինեանի մահուան հարիւրամեակն է։ Հետեւաբար, տեղին է սոյն ուսումնասիրութիւնը նուիրել այս երկրի հայ մամուլի հիմնադրին ու առաջին մեսրոպատառ թերթերը հրատարակած ռահվիրային, որ իր կեանքին վերջին երեսնամեակը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրած էր լրագրական ասպարէզին։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՓԻ ՄԱՄՈՒԼԸ
Հ. Էկինեան ծնած էր 1865-ին Տիգրանակերտի մէջ, ուր թրքական թերթի մը գրաշար եղած էր։ 1883-ին հաստատուելով Նիւ Ճըրզի, շուրջ հինգ տարի աշխատած է մետաքսի գործարաններու մէջ եւ իր խնայողութիւններով հայկական տառեր գնած Վենետիկի Մխիթարեաններէն։ Մայիս 1888-ին ամերիկահայ առաջին տպագիր[5] թերթի՝ «Արեգակ» շաբաթաթերթին առաջին թիւը լոյս ընծայելէ ետք Ուեստ Հոպոքընի մէջ, շարունակած է զայն հրատարակել Ստերլինկի մէջ մինչեւ Սեպտեմբեր։ Անոր շարունակութիւնը՝ «Սուրհանդակ», լոյս տեսած է Փետրուար-Դեկտեմբեր 1889ին, նախ իբրեւ ամսաթերթ ու ապա՝ շաբաթաթերթ, սկզբնապէս՝ Նիւ Եորքի, եւ ապա՝ Ուեստ Հոպոքընի մէջ։ 1890-ին վերանուանուած է «Ազատութիւն», եւ լոյս տեսած իբրեւ ամսաթերթ՝ 1891-ին, եւ իբրեւ կիսամսեայ՝ 1892-ին[6]։ Էկինեանի թերթերը մէկ հոգիի գործ էին. ան թէ՛ հրատարակիչն էր ու թէ՛ խմբագիրը, բայց նաեւ գրաշարը, տպագրիչը եւ թղթատարը։
Ուրիշ անձեր պիտի հետեւէին Էկինեանի օրինակին։ Ամերիկահայ մամուլի առաջին տասնամեակը բնութագրուած է անհատական նախաձեռնութեամբ։ Այդ ժամանակաշրջանի բոլոր թերթերը լոյս տեսած են արեւելեան շրջանին մէջ, որ կը կեդրոնացնէր համայնքին մեծամասնութիւնը։ Բեղուն մտաւորական մը՝ Սմբատ Մ. Գաբրիէլեան Յունուար 1891-Ապրիլ 1898-ին լոյս ընծայած է «Հայք» շաբաթաթերթը Նիւ Եորքի մէջ (1896-1897-ին՝ ամսաթերթ), որուն զուգահեռ լոյս տեսած են Փառնակ Այվատեանի «Արարատ»ը (Յունուար 1891-1892), նախ իբրեւ երկշաբաթաթերթ եւ ապա իբրեւ շաբաթաթերթ[7], եւ Հրանդ Քիրիշճեանի «Հայոց աշխարհ»ը (1895)։ «Հայք»ն ու «Արարատ»ը ունեցած են անգլերէն բաժիններ։ Հոկտեմբեր 1897-ին լոյս տեսած է Սարգիս Շաղալեանի «Եփրատ» շաբաթաթերթը՝ Ուստըրի մէջ, որ դադրած է 1898-ին։
Միւս կողմէ, Էկինեան, որ 1896 կամ 1897-ին անդամակցած էր Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան, քանի մը տարուան լռութենէ ետք, 1897-ին սկսած է «Տիգրիս» շաբաթաթերթը հրատարակել Նիւ Եորքի մէջ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ Թովմաս Չարշաֆճեանի հետ։ Տարի մը ետք, վերջինս ծախած է իր բաժինը եւ Էկինեան շարունակած է թերթը հրատարակել առանձինն։
Ամերիկահայ մամուլի առաջին անկիւնադարձը արձանագրուած է 1899-ին, երբ կուսակցութիւնները մտած են ասպարէզ։ Այդ տարուան Մայիսին լոյս տեսած է «Հայրենիք» շաբաթաթերթի առաջին համարը Նիւ Եորքի մէջ՝ խումբ մը դաշնակցական շարքայիններու կողմէ, «որ ժամանակ մը կը հրատարակուի իբրեւ չէզոք, անկուսակցական թերթ՝ շուտով դառնալու համար Ամերիկայի Դաշնակցութեան օրկանը»[8]։ Պոսթըն փոխադրուելով, «Հայրենիք» Հ. Յ. Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ դարձած է 1901-ին, երկօրեայի վերածուելով 1913-ին, իսկ օրաթերթի՝ 1915-ին։ Վերստին շաբաթաթերթի վերածուած է եօթանասունվեց տարի ետք՝ 1991-ին։
1899-ին ալ Էկինեան «Տիգրիս»-ը ծախած է Գարեգին Չիթճեանին ու Մխօ Շահէնին, որոնք զայն վերանուանած են «Ձայն Հայրենեաց» եւ Նիւ Եորքէն Ուստըր փոխադրած (Յունուար 1900), ապա՝ Պոսթըն (Հոկտեմբեր 1900)։ Թէեւ յայտարարուած է, որ 1899-1908-ին թերթը լոյս ընծայուած է «Վերակազմեալ Հնչակեան Ամերիկայի շրջանակին կողմէ»[9], Գ. Չիթճեան զայն կուսակցութեան փոխանցած է 1901ին[10]։ Սակայն, 1906-1907ին կուսակցութեան մէջ ծայր առած ներքին վէճերուն հետեւանքով, «Ձայն Հայրենեաց»ի կարգ մը խմբագիրներ թերթը լքած ու Ապրիլ 1907-ին հիմնած են «Ազգ» շաբաթաթերթը՝ իբրեւ «Ամերիկայի Վերակազմեալ Հնչակեան մասնաճիւղերու Նահանգային Վարչութեան» հրատարակութիւն[11]։ Սակայն, հակառակ ժամանակին արտայայտուած այն թիւր կարծիքին, թէ «Ազգ» կրնայ սեպուիլ «Ձայն Հայրենեաց»ի շարունակութիւնը[12], վերջինս շարունակած է կանոնաւորապէս լոյս տեսնել մինչեւ Ապրիլ 1908-ին ընդհատուիլը՝ «տպագրական կարգ մը անհրաժեշտ փոփոխութիւններու հարկադրանքին տակ, քանի մը շաբթուան համար միայն»[13], թէեւ դադարումը վերջնական եղած է։ Արդարեւ, իբրեւ հետեւանք Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումին, Հոկտեմբեր 1908-ին «Ձայն Հայրենեաց» փոխադրուած է Պոլիս, ուր «նոր շրջան» մը սկսած է իբրեւ շաբաթաթերթ։ Անոր փոխարէն, վերակազմեալ հնչակեանները լոյս ընծայած են «Պահակ» շաբաթաթերթը Փրովիտընսի մէջ, Փետրուար 1911-ին[14]։ Պոսթըն փոխադրուած է 1915-ին, երկու տարի ետք դարձած է երկօրեայ, իսկ 1920-ին՝ եռօրեայ։
Միւս կողմէ, Հոկտեմբեր 1908ին եւս, «Ազգ» նորակազմ Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը դարձած է[15], 1915-ին եռօրեայի վերածուելով, իսկ 1916-ին՝ օրաթերթի։ Հոկտեմբեր 1921-էն ետք, երբ Սահմանադիր Ռամկավար եւ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնները միացած են ուրիշ կուսակցութիւններու, ծնունդ տալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան՝ Պոլսոյ մէջ, «Ազգ»ն ու «Պահակ»ը միացած են։ «Ազգ-Պահակ» նոր օրաթերթը 1922-ին «Պայքար» անունով մկրտուած է։ Վաթսուն տարի իբրեւ օրաթերթ լոյս տեսնելէ ետք, 1982-ին «Պայքար» շաբաթաթերթի վերածուած է, իսկ 1993-ին՝ ամսագրի։ 1995-1998-ին փոխադրուած է Երեւան ու լոյս տեսած իբրեւ եռամսեայ։ Ամերիկեան ափերուն վրայ շուրջ քառորդ դարու լռութենէ ետք, 2017-ին «Պայքար» վերստին սկսած է լոյս տեսնել իբրեւ շաբաթաթերթ։
Կուսակցական ճակատին վրայ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Երիտասարդ Հայաստան» շաբաթաթերթը սկսած է լոյս տեսնել 1903-ին Պոսթընի մէջ, ու ապա անցած՝ Նիւ Եորք (1906) եւ Փրովիտընս (1913)։ 1916-ին եռօրեայ դարձած է ու յաջորդ տարին՝ Շիքակօ փոխադրուած[16]։ Թերթը 1922-ին երկօրեայի վերածուած է ու 1923-ին՝ Պոսթըն փոխադրուած։ 1924-ին եռօրեայ դառնալէ ետք, 1920-ականներու վերջերուն երկշաբաթաթերթ դարձած է (հաւանաբար՝ տնտեսական տագնապին հետեւանքով) եւ վերստին տեղափոխուած՝ Նիւ Եորք։ 1933-ին նորէն շաբաթաթերթի վերածուելով, լոյս տեսած է մինչեւ 1973։ Երկու տարուան ընդհատումէ ետք, 1975-ին լոյս տեսած է իբրեւ ամսաթերթ, վերջին տարիներուն՝ Փարամըս (Նիւ Ճըրզի), մինչեւ վերջնական դադարումը 2003-ին[17]։
1918-1920-ին լոյս տեսած է հնչակեան «Վերածնութիւն» ամսաթերթը, վերջին թիւերուն՝ իբրեւ «օրգան ՍԴՀԿ բողոքող հոսանքի»։ 1919-ին այս հոսանքը լոյս ընծայած էր «Արդարութեան ձայն» շաբաթաթերթը։
1921-ին հրապարակ իջած է համայնավար ուղղութեամբ Հայ Բանուորական Միութիւնը՝ «Նոր հոսանք» շաբաթաթերթով, իսկ Հայ Աշխատաւորական Դաշնակցութիւնը՝ խորհրդայնամէտ թեքում որդեգրած նախկին դաշնակցականներէ բաղկացած, հրատարակած է «Աշխատաւոր» շաբաթաթերթը, երկուքն ալ՝ Նիւ Եորք։
1922 թուականը դարձած է երկրորդ անկիւնադարձը ամերիկահայ մամուլի պատմութեան մէջ։ Ռամկավար թերթերը՝ «Պայքար» եւ «Նոր Օր», այդ տարի ստացած են իրենց ներկայ անունները։ Միւս կողմէ, վերոյիշեալ երկու խորհրդայնամէտ կազմակերպութիւնները միացած են հնչակեան բողոքող հատուածին, ծնունդ տալով Հայ Բանուորական Կուսակցութեան։ Այս միացման հետեւանքով, «Նոր հոսանք»ն ու «Աշխատաւոր»ը դադրած են լոյս տեսնելէ եւ անոնց փոխարէն հրատարակուած է «Բանուոր» շաբաթաթերթը[18]։
Հոկտեմբեր 1923-ին, Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայ Բանուորական Կուսակցութեան միացումով, «Երիտասարդ Հայաստան» դարձած է միացեալ կազմակերպութեան պաշտօնաթերթը եւ «Բանուոր»ի հրատարակութիւնը դադրած է քանի մը ամիս։ Սակայն, 1924-ին բաժանումը չեղեալ յայտարարուած է եւ «Բանուոր» վերստին լոյս տեսած է[19]։ Միաժամանակ, Ամերիկեան Բանուորական կուսակցութեան (համայնավար) հայկական հատուածը հրատարակած է «Գործաւոր» շաբաթաթերթը, միշտ Նիւ Եորքի մէջ։
Յունիս 1924-ին, «Ամերիկայի Բանուորական Կուսակցութեան (Ուորկըրս Պարտի) հայկական երկու հատուածներու միջեւ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները հարթուած ըլլալով»[20], երկու շաբաթերթերը դադրած են։ 1924-1926-ին «Պրոլետար» շաբաթաթերթը լոյս տեսած է իբրեւ համայնավար հատուածի պաշտօնաթերթ։ 1926-1930-ին կոչուած է «Նոր Աշխարհ», 1930-1938-ին՝ «Բանուոր», իսկ այնուհետեւ՝ «Լրաբեր»։ 1938-1978-ին, «Լրաբեր» լոյս տեսած է Նիւ Եորքի մէջ, այնուհետեւ փոխադրուելով Լոս Անճելըս, ուր հրատարակուած է մինչեւ վերջնական դադարումը 1990-ին։
Խորհրդայնամէտ ճակատին պատկանող արբանեակ կազմակերպութիւններ եւս ունեցած են իրենց պաշտօնաթերթերը։ Այսպէս՝ Պետական Հայ Կարմիր Խաչի Ամերիկայի Կեդր. Վարչութիւնը հրատարակած է «Պետական Հայ Կարմիր Խաչ» (Նիւ Եորք՝ 1925) եւ «Կարմիր Խաչ» (Լին, Մասաչուսէց՝ 1934-1938) թերթերը, իսկ Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէի (Հ․Օ․Կ․) Ամերիկայի Կեդր. Վարչութիւնը՝ «Շինարար»ը (Նիւ Եորք՝ 1927-1928)։
Դեկտեմբեր 1900-ին Պոսթընի մէջ սկսած էր տպուիլ «Կոչնակ» շաբաթաթերթը՝ խումբ մը աւետարանական հոգեւորականներու նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 1899-էն լոյս տեսնելէ ետք խմորատիպ կերպով[21]։ 1909-ին փոխադրուած է Նիւ Եորք, տասնամեակ մը ետք անունը փոխած է «Կոչնակ Հայաստան»ի, իսկ 1920ին՝ «Հայաստանի Կոչնակ»ի։ Վաթսուն տարի իբրեւ շաբաթաթերթ լոյս տեսնելէ ետք, 1960-ին ամսաթերթի վերածուած է։ Դադրած է 1968-ին։
Աւետարանական Եկեղեցին, ի շարս այլ հայերէն պարբերականներու, հրատարակած է նաեւ հայատառ թրքերէն «Րահնիւմա» երկշաբաթաթերթը (1924-1933) եւ «Րէհպէր» ամսաթերթը (1937-1938), երկուքն ալ Նիւ Եորքի մէջ։
Իւրայատուկ պարագայ մըն է ասորի համայնքի հայերէն մամուլը։ Մեզի ծանօթ են երկու թերթեր։ 1917-ին Պոսթընի մէջ հիմնուած Ասորւոց Հնգեակ Ընկերութիւնը լոյս ընծայած է «Բաբելոն» ձեռագիր խմորատիպ կիսամսեան՝ Օգոստոս 1919-էն մինչեւ Օգոստոս 1921։ Առաջին թիւին բացատրականը կ՚ըսէր. «Նկատի ունենալով որ ներկայ վճռական օրերու Խարբերդցի Ասորիներու փոքրամասնութիւն մը յոյժ պէտք ունին հայատառ պարբերականի մը, արտասահմանի անցուդարձերէն տեղեկանալու համար, քանի որ ցարդ անոնք անհոգ գտնուած են Ամերիկա հրատարակուող բազմաթիւ Ասորերէն շաբաթաթերթերու ընթերցման, “Ասորւոց Հնգեակ Ընկերութիւն”ը կու գայ այդ զգալի պակասը լեցունել “Բաբելոնով”»[22]։ Թերթը լոյս տեսած է հայերէն եւ ասորերէն (հայատառ), անգլերէն հատուկենտ յօդուածներով։ Դադրած է երկու տարի ետք՝ «Միութիւն» տպագիր շաբաթաթերթի հրատարակութեան նախօրեակին[23]։ 1927-1928-ին, դարձեալ Պոսթընի մէջ, լոյս տեսած է Ասորի Յառաջդիմասէր Ընկերութեան «Նինուէ» ամսագիրը՝ հայերէն եւ անգլերէն։
1909-1910-ին Պոսթընի մէջ լոյս տեսած է «Հայ» ամսաթերթը, որ նուիրուած էր Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործունէութեան, թէեւ անպաշտօն կերպով։ 1913-ին նոյն քաղաքին մէջ սկսած է հրատարակուիլ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ամերիկայի շրջանակի «Յուշարար» ամսաթերթը[24], որ 1925-ին փոխադրուած է Նիւ Եորք։ Միւս կողմէ, կազմակերպութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի «Միութիւն» ամսաթերթը, որ նախապէս լոյս տեսած էր Գահիրէի (1912-1927) եւ Փարիզի (1928-1940) մէջ, 1947-ին նոյնպէս Նիւ Եորք փոխադրուած է։ Երկու ամսաթերթերուն միաձուլումով (1961), «Յուշարար-Միութիւն» ամսաթերթը շարունակած է լոյս տեսնել իբրեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պաշտօնաթերթ մինչեւ 1993, երբ վերածուած է եռամսեայի։ Դադրած է լոյս տեսնելէ 2011-ին։
Բազմաթիւ անհատական հրատարակութիւններ տեղի ունեցած են, որոնցմէ ոմանք քաղաքական ուղղութեամբ ունէին, իսկ ուրիշներ՝ զուտ լրատուական կամ առեւտրական բնոյթ։ Ասոնց շարքին, կարելի է յիշել Արշակ Տէր Մահտէսեանի «Արծիւ» կիսամսեան (1905-1906, 1908), Յովհաննէս Յակոբեանի «Արաքս» շաբաթաթերթը (Հոկտեմբեր 1905-Մարտ 1907, ամսաթերթ՝ 1907ին) եւ Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանի «Տաւրոս» շաբաթաթերթը (1918-1919)՝ Պոսթընի մէջ, Յովհաննէս Ն. Ուզունեանի «Պայքար» (1914) կիսամսեան, Գառնիկ Գէորգեանի «Կռունկ» (1919-1962) եւ Կարապետ Շահինեանի, Փ. Մինասեանի եւ Հայկ Յովսէփեանի «Հորիզոն» (1923-1924) շաբաթաթերթերը՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ, Տէր Մահտէսեանի «Ազատ» կիսամսեան (1918)՝ Նիւ Եորքի մէջ, եւ Ս. Մ. Ծոցիկեանի «Մասիս» շաբաթաթերթը (ապա՝ երկշաբաթաթերթ) (1927-1928)՝ Տիթրոյթի մէջ։
1901-1908-ին Միքայէլ Մինասեան հրատարակած էր «Լոյս» մշակութային ու գիտական պարբերականը, նախ՝ կիսամսեայ (Գեմպրիճ, Մասաչուսէց՝ 1901-1903), ապա՝ ամսաթերթ (Պոսթըն՝ 1903-1908)։ 1910-1922-ին քանի մը կարճատեւ գրական պարբերաթերթեր լոյս տեսած են. Շահան Նաթալիի «Շանթ»-ը (Պոսթըն, 1910), Նաթալիի, Նշան Տէստէկիւլի եւ Եղիա Մելիքեանի «Փիւնիկ»-ը (Պոսթըն, 1918-1920) եւ Եդուարդ Սահակեանի «Նաւասարդ»ը (Նիւ Եորք, 1922)։
Պոստոնի մէջ, 1922 թուականին լոյս պիտի տեսնէր ամերիկահայ ամենէն կարեւոր հայատառ հանդէսին՝ «Հայրենիք» ամսագրի առաջին թիւը։ 1922-1968-ին իբրեւ ամսագիր եւ 1968-1970-ին իբրեւ եռամսեայ լոյս տեսած «Հայրենիք»ը գրական, պատմական ու քաղաքական նիւթեր ընդգրկող իր էջերուն մէջ կեդրոնացուցած է Սփիւռքի մտաւորական գործունէութեան մէկ կարեւոր բաժինը մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի սկիզբը։ 1930-1931-ին, «Պայքար» հրատարակած է գրական-քաղաքական հանդէս մը, որուն յաջորդած է գրեթէ քսան տարի (1942-1960) լոյս տեսած գրական-մշակութային բովանդակութեամբ Նոր Տարուան ստուար բացառիկը, որ հիմքը դարձած է «Պայքար» գրական եռամսեային (1961-1967)։
1936-1937-ին Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսած է Անդրանիկ Անդրէասեանի «Նոր Գիր» գրական ամսագիրը, որ մէկ տարուան դադարէ ետք, վերահրատարակուած է Բենիամին Նուրիկեանի կողմէ իբրեւ եռամսեայ (1938-1954)։
1910-1920-ական թուականներուն լոյս տեսած են բազմաթիւ երգիծաթերթեր ու զաւեշտաթերթեր, մեծաւ մասամբ կարճատեւ։ Անոնց շարքին, կ՚արժէ յիշել «Զուռնա» (յետոյ՝ «Դայլայլիկ») (Նիւ Եորք, 1910-1911), «Սօփա» (Ուոթըրթաուն, 1914), «Ցախաւել» (Պոսթըն՝ 1915, Նիւ Եորք՝ 1916-1920), «Մեղու» (Փրովիտընս՝ 1916)[25], «Ատենապետ» (Շիքակօ՝ 1919) եւ «Սադայէլ» (Ուեստ Հոպոքըն՝ 1923-1924, Իւնիոն Սիթի՝ 1926-1929)։
Այս ժամանակաշրջանին, մեծ թիւով հայրենակցական հրատարակութիւններ լոյս տեսած են, որոնցմէ ոմանք հասած են գրեթէ մինչեւ մեր օրերուն։ Անոնց շարքին կը յիշենք հետեւեալները. Արաբկիրի Հայր. Միութեան «Նոր Արաբկիր»-ը (Նիւ Եորք՝ Ուոթըրթաուն եւ Ֆիլատելֆիա, 1925-1983), Սեբաստիոյ Վերաշինութեան Միութեան «Ալիս»-ը (Նիւ Եորք՝ 1925-1935), Չոմախլուի Հայր. Միուեան «Արգէոս»ը (Նիւ Եորք՝ 1926-1981), Կիւրինի Հայր. Միութեան «Կիւրինի յուշ»ը (Նիւ Եորք՝ 1930-1933), Մարաշի Հայր. Միութեան «Գերմանիկ»-ը (1930-1965), Չնքուշի Վերաշինաց Միութեան «Նոր Չնքուշ»ը (Նիւ Եորք՝ 1931-1935), Թոմարզայի Միացեալ Ընկերութեան «Նոր Թօմարզա»ն (Սաութ Միլուոքի՝ 1931-1940), Տիգրանակերտի Հայրենակցական եւ Վերաշինական Միութեան «Տիգրիս»-ը (Նիւ Եորք՝ 1932-1935), Նոր Կեսարիոյ Վերաշինական Միութեան, ապա՝ Նոր Կեսարիոյ Համագործակցական Միութեան «Նոր Կեսարիա»-ն (Նիւ Եորք՝ 1934-1937), Մալաթիոյ Կրթական Ընկերութեան «Պապ Ուխտի»ն (Քլիվլընտ եւ Մէյֆիլտ Հայց, Օհայօ՝ 1935-1984), Համասեբաստահայ Վերաշինաց Միութեան «Նոր Սեբաստիա»ն (Նիւ Եորք՝ 1936-1985) եւ Տարօն-Տուրուբերան Հայր. Միութեան «Տարօնի արծիւ»ը (Էքրոն, Օհայօ՝ 1938-1952)։
Զանազան մասնագիտացած հրատարակութիւններու շարքին, յիշենք երկու բժշկական թերթեր՝ Արշակ Տէր Մարկոսեանի «Բուժակ» (Փրովիտընս-Պոսթըն, 1917-1919) եւ Յովհաննէս Ծովիկեանի «Հայ Բժիշկ» (Պոսթըն, 1924-1925) ամսաթերթերը, «Տեղեկագիր Հայ Ճարտարագէտներու Միութեան»ը (Նիւ Եորք՝ 1920-1921) եւ «Հայ Վաստակ» առեւտրական եւ տնտեսական հանդէսը (Պոսթըն, 1931-1933)։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
Արեւմտեան շրջանին անցնելով, կը հետեւինք Հայկակ Էկինեանի քայլերուն, որ 1899-ին «Տիգրիս»ը վաճառելով՝ Ֆրէզնօ փոխադրուած էր։ Հայաշատ այս քաղաքը դարձած է մամուլի կեդրոն յաջորդող քանի մը տասնամեակներուն։ Օգոստոս 1902ին Էկինեան սկսած է հրատարակել Գալիֆորնիոյ առաջին հայկական թերթը՝ «Քաղաքացի» շաբաթաթերթը, որ 1909-ին «Նոր Սերունդ» վերանուանուած է եւ ապա՝ «Նոր Սերունդ-Քաղաքացի» (1909-1912)։ Ընդմիջումէ մը ետք, 1914ին Էկինեան հրատարակած է իր եօթներորդ ու վերջին թերթը՝ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը։ 25 Մարտ 1919ին, մինչ կը շարէր «Նոր Կեանք»ի խմբագրականը, ան «յանկարծամահ ըլլալով կը գլորուի գետին՝ ի ներկայութեան իր տիկնոջ, որ ճիշդ այդ պահուն հոն կը գտնուէր օգնելու համար իրեն յաջորդ թիւը ի լոյս ընծայելու»[26]։ Բարացուցական է յուղարկաւորութիւնը նկարագրող թղթակիցին խօսքը. «“Գնա՛, մեռի՛ր, եկո՛ւր սիրեմ” հայկական առածը շատ լաւ կը յարմարէր իր կենդանութեան ու մահուան միջեւ տիրող անբաղդատելի եզրերուն։ Էկինեանի անփառունակ, նիւթական անձկութեանց դրուագներէն՝ անոր ծաղկազարդ դագաղին վրայ հիւսուեցան բիւր բիւր գնահատութեանց պսակներ՝ որոնցմէ տասնեակ մը եթէ հանգուցելոյն կենդանութեան ժամանակ շռայլուէին իրեն, թերեւս Էկինեան երկա՜ր տարիներ կարող պիտի ըլլար իր գրիչը ի սպաս դնելու հայութեան ծով կարիքներուն»[27]։
Էկինեանի մահէն երեք ամիս ետք՝ Յունիս 1919-ին, «Նոր Կեանք» դարձած է նորակազմ Ազգային Ռամկավարական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը[28]։ Տարի մը առաջ, Միքայէլ Մինասեան, որ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք վերադարձած էր Թուրքիա ու Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին վերստին Միացեալ Նահանգներ ժամանած էր, «Սիսուան» շաբաթաթերթի հրատարակութեան սկսած էր Ֆրէզնոյի մէջ։
1920-ին, «Նոր Կեանք» եւ «Սիսուան» միացած են, դառնալով «Նոր Կեանք-Սիսուան» երկօրեան[29]։ Նոյն տարին, վերակազմեալ հնչակեան «Արօր» եռօրեան լոյս կը տեսնէր Ֆրէզնոյի մէջ, ու տարի մը ետք կը միանար «Նոր Կեանք-Սիսուան»ի հետ, նախ դառնալով «Նոր Կեանք-Սիսուան-Արօր», ապա՝ «Նոր Կեանք-Արօր»[30], եւ վերջապէս՝ «Նոր Օր», 1922-ին։ Աւելի քան քառասուն տարի Ֆրէզնօ հրատարակուելէ ետք, եռօրեան փոխադրուած է Լոս Անճելըս 1965-ին եւ Փասատինա 1990-ական թուականներուն, աւելի ուշ դառնալով շաբաթաթերթ։
Գալիֆորնիոյ այլ թերթերու շարքին, յատկապէս պէտք է յիշել Լեւոն Լիւլէճեանի «Մշակ» անկախ եռօրեան (Ֆրէզնօ՝ 1925-1957), Հայ Եկեղեցասիրաց Միութեան «Փարոս» (Ֆրէզնօ՝ 1927-1929), ապա՝ «Փարոս Հայաստանեայց» (Ֆրէզնօ՝ 1929-1933) ամսաթերթը, Հաճնոյ Հայրենակցական Վերաշինաց Միութեան «Հաճըն» եռամսեան (Փասատինա՝ 1927-1940) եւ «Արմենիա» անկախ շաբաթաթերթը (Լոս Անճելըս, 1929-1933)։
Առանձին պարագայ է 1932-1934-ին Լոս Անճելըս լոյս տեսած երկլեզու անկախ շաբաթաթերթ մը՝ «Հայ լրաբեր»/“The Armenian Reporter”։ Քիչ յայտնի փաստ է, որ այս թերթին անգլերէն բաժինը խմբագրած է Լեւոն Սիւրմէլեանը։
ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՄԱՄՈՒԼ
Մինչ 1890ական թուականներուն լոյս տեսած թերթերը երբեմն կը պարունակէին անգլերէն բաժիններ, Մայիս 1903-ին Պոսթընի լոյս տեսած է առաջին զուտ անգլերէն պարբերաթերթը՝ “Armenia” ամսաթերթը, որ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան հրատարակութիւն մըն էր, որուն կոչումը հայութիւնը, անոր քաղաքական պահանջները եւ հայ մշակոյթը ամերիկեան հանրութեան ծանօթացնելն ու տարածելն էտ։ Ամսաթերթը 1906-ին զոհ գացած է վերակազմեալ հնչակեաններու պառակտումին։ Մայիս 1910-ին, Տէր-Մահտէսեան, որ անոր երբմնի գործավարն էր, զայն վերահրատարակած է իբրեւ անձնական նախաձեռնութիւն “New Armenia” անունով (կարճ ժամանակ՝ “Oriental World” անունը պիտի որդեգրէր) եւ լոյս ընծայած՝ մինչեւ 1929։
Քարոզչական նման թիրախ մը ունէր, թէեւ հիմնականին՝ քաղաքական, ուրիշ ամսաթերթ մը՝ Հայ Ազգային Միութեան “The Armenian Herald”ը, որ լոյս տեսած է 1917-1919-ին։ Պէտք է յիշել նաեւ առաջին ուսանողական պարբերաթերթը՝ “The Armenian Student”, որ 1930-1931-ին հրատարակուած է Հայ Ուսանողական Ընկերակցութեան կողմէ։
Ամերիկահայ մամուլի երրորդ անկիւնադարձը տեղի ունեցած է 1932-ին, երբ առաջին անգլիալեզու շաբաթաթերթերը լոյս տեսած են։ Այդ տարուան Յուլիսին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը սկսած է հրատարակել “The Armenian Mirror” շաբաթաթերթը Պոսթընի մէջ։ 1934-ին Ճոն Թաշճեան սկսած է հրատարակել “The Armenian Spectator” անկախ շաբաթաթերթը Նիւ Եորքի մէջ։ 1939-ին “The Armenian Mirror” եւ “The Armenian Spectator” միացած են, դառնալով “The Armenian Mirror-Spectator” շաբաթաթերթը, որ սկզբնապէս լոյս տեսած է Նիւ Եորքի մէջ, աւելի ուշ վերադառնալով Պոսթըն եւ ապա հաստատուելով Ուոթըրթաուն։
1933-ին, «Հայրենիք» օրաթերթը անգլերէն բաժին մը հաստատած էր իր չորրորդ էջին մէջ։ Նոր սերունդին ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը անոր հանդէպ պատճառ եղած է “Hairenik Weekly”-ի հիմնադրութեան՝ Մարտ 1934-ին[31], սկզբնապէս իբրեւ Ցեղակրօն Ուխտի (1941-էն՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն) եւ ապա՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շաբաթաթերթ։ 1969-ի թերթը վերամկրտուած է “The Armenian Weekly” եւ ցարդ լոյս կը տեսնէ Ուաթըրթաունի մէջ։
Համայնավար հատուածը ունեցած է “AYA Youth” պարբերաթերթը 1930ական թուականներուն, որ հրատարակութիւնն էր անոր երիտասարդական թեւին՝ “Armenian Youth Association”ին։
Գաղթականներու սերունդը հայալեզու մամուլի հիմքերը դրած էր, որուն հետեւած էր անգլիալեզու մամուլի հիմնադրութիւնը տեղածին առաջին սերունդին կողմէ։ Սկիզբ առած էր համայնքային գոյատեւման ի խնդիր պայքարը՝ ձուլումի ու համարկումի հակընդդէմ հոսանքներուն միջեւ։
[1] Սոյն յօդուածին անգլերէն նախնական տարբերակը իբրեւ զեկուցում ներկայացուած է ամերիկահայութեան 400ամեակին նուիրուած գիտաժողովին, որ տեղի ունեցած է 16-17 Մարտ 2018-ին Գալիֆորնիոյ «Արարատ-Էսկիճեան» թանգարանին մէջ։
[2] Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», տե՛ս Մուշեղ եպիսկոպոս, Ամերիկահայ տարեցոյցը, Ա. հատոր, Պոստոն, 1912, էջ 145։
[3] Այլեւայլ աղբիւրներու շարքին, նկատի ունեցած ենք մամուլի երկու ցուցակներ՝ Գարեգին Լեւոնեան, Հայոց պարբերական մամուլը. Լիակատար ցուցակ հայ լրագրութեան սկզբից մինչեւ մեր օրերը (1794-1934), Երեւան, 1934, եւ Ամալիա Կիրակոսեան (կազմող), Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967). համահաւաք ցանկ, Երեւան, 1970, ինչպէս եւ Ալբերտ Խառատեան ու Լիա Գէորգեան (խմբագիրներ), Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն, հատոր 2, Երեւան, 2017։
[4] Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», էջ 127։
[5] 1890ական թուականներու կէսերուն (Ա. Տիրանի յօդուածի գրութենէն «15 տարի առաջ»), գոյութիւն ունեցած են խմորատիպ ձեռագիր թերթեր, ինչպէս «Կայծակ», «Հարուած», «Շանթ» կամ «Լուսնակ» (անդ, էջ 145)։ Առաջինը լոյս տեսած է 1895-1896ին (Լին, Մասաչուսէց), իսկ երկրորդը՝ 1910ին (Նիւ Եորք) (Հ. Ռափայէլ Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայ լրագիրներու որոնք կը գտնուին Մխիթարեան մատենադարանին մէջ ի Վիեննա 1794-1921, Վիեննա, 1924, էջ 35, 45), մինչ «Շանթ»ի եւ «Լուսնակ»ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չունինք։ Չենք բացառեր, որ մէկէ աւելի «Հարուած» անունով խմորատիպ թերթեր եղած ըլլան։ Սակայն, մամլոյ պատմութեան ուրուագիծ մը՝ թիւրընթերցումով, այդ խմորատիպ թերթերուն գոյութիւնը վերագրած է տպագիր մամուլին նախորդող ժամանակաշրջանին (Bedros Norehad, “The Press: Maybe That’s What’s Wrong with Them,” Ararat, Winter 1997, p. 93)։
[6] Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», էջ 127. Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայ լրագիրներու, էջ 2։
[7] 1902-ին, տասնամեայ լռութենէ ետք, «Արարատ»ը վերահրատարակուած է իբրեւ ամսաթերթ, բայց միայն երկու թիւ լոյս տեսած է (Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», էջ 129)։
[8][8] Մ. Օզանեան, «Ընկ. Թովմաս Չարշաֆճեան (“Հայրենիք”ի հնօրեայ մշակ մը), Հայրենիք, 26 Յունուար 1954, էջ 1։
[9] «Մեր ուղղութիւնը», Ձայն Հայրենեաց, 23 Հոկտեմբեր 1908, էջ 1։
[10] Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», էջ 134։
[11] Տե՛ս «Բացատրութիւն մը», Ձայն Հայրենեաց, 20 Փետրուար 1907, էջ 1. «Պաշտօնական յայտարարութիւն», Ազգ, 20 Ապրիլ 1907, էջ 2-4. «Կործանարար Սուտը», Ձայն Հայրենեաց, 1 Մայիս 1907, էջ 4։
[12] Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», էջ 135։ «Պայքար»ի առաջին էջին վրայ տասնամեակներէ ի վեր լոյս տեսնող «Հիմնուած 1899-ին, իբրեւ “Ձայն Հայրենեաց”» տողը կը թելադրէ, որ «Ձայն Հայրենեաց»էն մինչեւ «Պայքար» երկարող ժառանգական ուղղակի գիծ մը գոյութիւն ունի։ Այս հաստատումը կը կարօտի անդրագոյն քննութեան։ Արդարեւ, «Ազգ»ը կուսակցական պառակտումին հետեւանքով ծնած էր՝ իբրեւ բողոքող հատուածին թերթը եւ ո՛չ թէ իբրեւ «Ձայն Հայրենեաց»ի շարունակութիւնը։ Վերջինս ո՛չ 1903-ին դադրած է (Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայ լրագիրներու, էջ 48. Լեւոնեան, Հայոց պարբերական մամուլը, էջ 49) եւ ո՛չ ալ 1906-ին (Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», էջ 134)։
[13] «Կարեւոր ազդ», Ձայն Հայրենեաց, 15 Ապրիլ 1908, էջ 1։
[14] Մայիս-Հոկտեմբեր 1911-ին լոյս տեսած է «Արագած» պատկերազարդ շաբաթաթերթը Նիւ Եորքի մէջ, որուն տպարանը, «իր ամբողջ կազմածով, այրած ըլլալուն համար, թերթին հրատարակութիւնը պիտի դադրի մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն», կը յայտարարէր թերթին խմբագրութիւնը 10 Հոկտեմբերին («“Արագած”ի գործակալներուն եւ ընթերցողներուն», Կոչնակ, 21 Հոկտեմբեր 1911, էջ 1028)։ Լեւոնեան այս կարճատեւ թերթին վերագրած է վերակազմեալ հնչակեան պատկանելիութիւն (Լեւոնեան, Հայոց պարբերական մամուլը, էջ 67)։
[15] Խառատեան եւ Գէորգեան, Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն, էջ 644։
[16] 1919-1920-ին Շիքակոյի մէջ լոյս տեսած է «Կռան» հնչակեան շաբաթաթերթը (Կարապետեան, Լիակատար ցուցակ հայ լրագիրներու, էջ 35)։
[17] Կուսակցութեան կեդրոնական պաշտօնաթերթը՝ «Հնչակ», որ 1915ին դադրած էր Ժընեւի մէջ, կարճ վերածնունդ մը ունեցած է Փրովիտընսի մէջ՝ 1935-1940-ին։
[18] «Կարեւոր ազդ», Աշխատաւոր, 19 Յունուար 1922, էջ 5։
[19] Տե՛ս Ալ. Մարտունի, «Ամերիկահայ աշխատաւորութեան մարտական կուսակցութիւնը», Բանուոր, բացառիկ, Դեկտեմբեր 1923, էջ 38։
[20] «“Պրոլետար”ը», Պրոլետար, 21 Յունիս 1924, էջ 2։
[21] Արմէն-Տիրան, «Ամերիկահայ մամուլը», էջ 138։
[22] «Բաբելոն», Բաբելոն, 7 Օգոստոս 1919, էջ 1։
[23] «”Բաբելոն”ի վերջին թիւը», Բաբելոն, 4 Օգոստոս 1921, էջ 1։ «Միութիւն»ի մասին որեւէ տեղեկութիւն չունինք։
[24] Լեւոնեան սխալմամբ «Յուշարար»ը համարած է «Հայ»ի վերանուանումը (Լեւոնեան, Հայոց պարբերական մամուլը, էջ 59)։
[25] Հետաքրքրական է նշել, որ առաջին երկու թիւերը կոչուած են «Չարլի Չափլին», բայց թէեւ համբաւաւոր դերասանը համաձայն գտնուած է, անունը արդէն ծախուած էր եւ թերթը չէր կրնար գործածել, ուստի ստիպուած էր անունը փոխել («Մեր թերթի անուան փոփոխման պատճառը», Չարլի Չափլին, 6 Ապրիլ 1916, էջ 1)։
[26] «”Նոր Կեանք”-ի խմբագիր Հայկակ Էկինեան յանկարծամահ», Ասպարէզ, 4 Ապրիլ 1919, էջ 5։
[27] Ճ. Պ., «Հանգուցեալ Էկինեանի յուղարկաւորութիւնը», Ասպարէզ, 4 Ապրիլ 1919, էջ 5։
[28] «”Նոր Կեանք”-ի հրատարակութիւնը», Նոր Կեանք, 11 Յունիս 1919, էջ 2։
[29] »Նոր Կեանք-Սիսուան միացած», Նոր Կեանք-Սիսուան, 1 Մայիս 1920, էջ 1։
[30] «Գրերու գիւտը եւ “Նոր Կեանք-Արօր”», Նոր Կեանք-Արօր, 22 Հոկտեմբեր 1921, էջ 1։
[31] “Hairenik Weekly”, Հայրենիք, 11 Փետրուար 1934, էջ 1։