ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 10 Second
 Սթրազպուրկ.-  Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մէկ տարուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով, Եւրոպական միութեան խորհրդարանը, իր լիագումար նիստին ընթացքին, ուժգին ձեւով դատապարտեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներու եւ խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումներն ու որոշ մարզերու մէջ արժէքներու ամբոջական պակասը, յստակ կոչ ուղղելով Եւրոմիութեան ղեկավարութեան, թէ պէտք է անպայմանօրէն այս հարցերը բարձրանցնէ երբ կը գտնուի Պաքու, կամ երբ կը բանակցի ուժանիւթային հարցերու շուրջ:

“Այս պահուն, որ երգիչները իրենց ձայները կը մարզեն եւ մենք կը խօսինք մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան մասին, Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու բերանը կը փակուի: Միջազգային հանրութիւնը չխափուիր շռայլութենէ եւ փրոփականտայէ, առաւել եւս փայլեցուած յայտարարութիւններէ“, ըսաւ հոլանտացի, լիպերալ խմբակցութեան պատկանող Մարիչէ Սխաաքէ, եւ կոչ ուղղեց ազերի իշխանութեան, որ ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները:

Պելճիքացի Վերոնիք Տը Քէյզըր, Եւրոխորհրդարանի Յառաջդիմականներու եւ ընկերավարականներու դաշնակցութեան խմբակցութենէն, ըսաւ “Ազրպէյճանի բնական կազը, ուժանիւթն ու դրամը սեւցուցած են երկրին մարդկային իրաւանց երեսը“, եւ շարունակեց ըսելով, թէ Եւրոխորհրդարանը զոհ գնաց “րէալփոլիթիք“ին, երբ չքննարկեց այս հարցերը ամիս մը առաջ, երբ կը քուէարկուէր Եւրոմիութիւն – Ատրպէյճանհամագործակցութեան համաձայնագիրը:

Նոյն խմբակցութեան պատկանող ֆինլանտացի Միթրօ Րեփօ նշեց, որ ինչպէ՞ս կարելի է Ազրպէյճանը ոչ մշտական անդամ դառնայ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ապապովութեան խորհուրդին, երբ ինքն իր երկրին մէջ ամենակոպիտ ձեւերով կը կաշկանդէ մարդկային իրաւունքները:

Հոլանտացի Կերպրեն Եան Կերպրանտի, լիպերալներու խմբակցութենէն, ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ինքնավստահ գոռոզութիւնը կու գայ Եւրոմիութեան միայն ուժանիւթային հարցերուն վրայ ուշադրութենէն: Առաւել, ցաւով նշեց, որ Եւրոմիութեան յանձնաժողովի ընդլայնման յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ ու Եւրոմիութեան յանձնաժողովի նախագահ Էմանուէլ Պարոզօ ո՛չ մէկ բառ ըսին մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին, երբ կը գտնուէին Պաքու: Ան նաեւ ըսաւ.- Եւրոմիութեան ուժանիւթային ապահովութեան լաւագոյն երաշխիքը` անխախտ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնն է:

Աջէն ձախ, բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները մատնանշեցին Ատրպէյճանի մէջ տիրող մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումները, խօսքի ազատութեան կաշկանդումը, անօրէն կալանաւորումները, հասարակական կազմակերպութիւններու դէմ հալածանքները, բանտարկումները, սպառնալիքներն ու մամլոյ ինքնագրաքննութիւնը:

“Պիտի շարունակենք հետեւիլ Ատրպէյճանի մէջ տիրող կացութեան, մանաւանդ Եուրովիժընի աւարտէն ետք“, ըսաւ Յառաջդիմականներու եւ ընկերավարականներու դաշնակցութեան խմբակցութենէն ֆինլանտացի Լիսա Եաքոնսարի:

“Ատրպէյճան իր պետական բարձրագոյն մակարդակներով եւ ամեն հնարաւոր առիթի կը դատապարտէ եւ կը զրպարտէ Հայաստանն ու հայկական Սփիւռքը, մեզ կը կոչելով խառնակիչներ եւ ցեխարձակողներ, որոնք կը սեւցնեն Ազրպէյճանի պատկերը“, ըսաւ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ շարունակեց.- այս պարագային, սակայն, որ Եւրոխորհրդարանը իր բացառիկ օրակարգին մէջ ներառեց այս հարցը եւ որդեգրեց նման բանաձեւ մը, ինքնին փաստ մըն է, որ Ատրպէյճանչկրնար այլեւս պահուըտիլ իր մատին` ուժանիւթին ետին ու դատապարտել համայն աշխարհը իր թերութիւններուն համար:

“Կը պահանջենք Եւրոմիութենէն, որ շարունակէ հետեւիլ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներուն, հետեւողական ըլլայ իր արժէքներուն, որոնք աւելի կարեւոր են քան կազն ու քարիւղը եւ տարածաշրջանին վերաբերող բանաձեւեր որդեգրելու պարագային` ուժանիւթին գերին չդառնայ ջանալով պահել հաւասարակշռութիւններ, նոյն նժառին վրայ դնելով Հայաստանն ու Արցախը“, եզրափակեց Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles