Անուշ Թրուանց
Երեւան
Միշտ փափաքած եմ տեսնել հայերէն առաջին տպագիր թերթը: Հայ մամուլի պատմութեան ծանօթ ըլլալով՝ միշտ խորհրդաւոր թուացած է Պապա քուհ լերան վրայ, տերվիշներու վանքին մէջ ճգնած եւ անկէ ետք հայերէն թերթ հիմնած քահանային կերպարը…
Ճգնութեան համար Յարութիւն քահանայ լեռը բարձրացաւ, ու եօթը տարի ճգնեցաւ հեռու այդ լերան վրայ: Իրանի Շիրազ քաղաքին մէջ, ուր ծնած էր եւ երիտասարդ տարիքին քահանայ ձեռնադրուած, ձեռնադրուելէն անմիջապէս ետք, համաճարակի մը պատճառով կորսնցուցած էր իր երկու մանկահասակ երեխաները: Լեռը փրկութիւն եղաւ հայ հոգեւորականին համար… Եօթը տարուան ճգնութեան շրջանին ի՞նչ խորհեցաւ արդեօ՞ք Յարութիւն Շմաւոնեան… Այդ լերան վրայ ճգնած տարիներուն էր արդեօ՞ք, որ յղացաւ ուրիշ «զաւակ» մը ունենալու՝ թերթ հիմնելու գաղափարը… Պապա քուհի ճգնութիւնը իսկական համալսարան էր հայ քահանային համար. ան ուսումնասիրեց արաբներու եւ պարսիկներու լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը` դառնալով այդ ասպարէզի լաւագոյն գիտակներէն մէկը՝ իր ժամանակներուն: Հարազատներու թախանձագին խնդրանքներուն անսալով՝ Յարութիւն քահանայ կը ձգէ մենաստանը եւ կ՛իջնէ քաղաք՝ Շիրազ, բայց այդ վայրի հետ կապուած երեխաներու կորուստի յիշողութիւնները մղձաւանջ կը դառնան, եւ ան կը կարգուի Մատրասի քահանայ եւ Հնդկաստան կը փոխադրուի… Հոս ալ կը ծնի հայերէն առաջին թերթ՝ «Ազդարար»-ը, իբրեւ ազդարար հայ լրագրութեան սկզբնաւորման:
Պակաս խորհրդաւոր չէ այն հանգամանքը, որ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան ինք իր ձեռքերով շինած է թերթին տառամայրերը, ինք եղած է թերթին տպագրիչը, գրաշարը… Ամբողջական այս նուիրումը յետագային օրինակ եւ ուղենիշ եղած է շատ մը հայ խմբագիրներու համար, որոնցմէ շատեր, թերթեր հիմնելով, ստանձնած են թերթին բոլոր գործերը՝ տեսակ մը ճգնութիւն ընելով խմբագրատուներուն մէջ… Բե՞ռ մը դրած է շիրազցի Յարութիւն Շմաւոնեանը հայ մամուլին վրայ, թէ՞ սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւն է այդ մէկը…
Հայ մամուլի 225 տարուան պատմութիւնը եւ այսօր՝ ժամանակի մարտահրաւէրներուն առջեւ կեցած անոր ուժաթափ վիճակը հարցերու տեղիք կու տան, բայցեւ կը փառաւորեն հայ մարդու հոգին՝ անցեալի հարուստ յիշողութիւններու թրթիռներով լեցնելով անոր սիրտը…
1794-1796 թուականներուն տպուած հայ առաջին տպագիր թերթը, որ միշտ անձեռնմխելի պահոցներու մէջ կը պահուէր, այսօր արդէն կը տեսնեմ Երեւանի Հայ Գրատպութեան նորաբաց թանգարանին մէջ, ուր ներկայ են թէ՛ հայ մամուլին, թէ՛ հայ գիրքին ակունքները եւ հայ մամուլին ու գիրքին տարածումը՝ աշխարհով մէկ: Հայոց մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած Հայ Գրատպութեան թանգարանը վկան ու շարունակութիւնն է հայ մամուլի եւ հայ գիրքի տպագրութեան անձնուէր գործին, որ սերունդներ, աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ, անտրտունջ կատարած եւ փոխանցած են մեզի: Բազմաթիւ ցուցանմոյշներու կողքին ճոխ կերպով բազմած է Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի տպած հայ առաջին պարբերականը՝ «Ազդարար»-ը՝ իր 18 թիւերով. 225 տարուայ թուղթը, տառամայրերը, գրաբարեան յօդուածները՝ թերթին էջերուն մէջ, ակնածանք կը ներշնչեն եւ կը փոխադրեն 1790-ականներու Մատրաս, ուր Նոր Ջուղայէն եկած հայութիւնը, հնդկահայ համայնքի հետ սերտ կեանք մը ստեղծած էր: Ազգային հարցերով մտահոգ, օրապահիկը աւելիով հանող հայութիւնը թերթ ու գիրք կը հրատարակէր այդ հեռու ափերուն: Գրաբարով, հնդկահայոց եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով տպուած «Ազդարար»-ը այսօր արդէն անհասկնալի է մեզի՝ այս ժամանակներու ընթերցողներուս: Բայց մասնագէտներ կը բացատրեն, որ անոր էջերուն մէջ գիտական, ճանաչողական, պատմագիտական, գրական, հասարակական նիւթեր են, հնդկահայ կեանքի անդրադարձներ, հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, ազատագրութեան հարցերով յօդուածներ… Պարբերականը նաեւ բարոյախրատական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ տպած է եւ մասնաւոր յօդուածներով հնդկահայերուն յորդորած է վերադառնալ հայրենիք: Այս պարբերականին էջերուն մէջ այն հայերուն կեանքն է նաեւ, որ Մատրասի մէջ իրենց ձեռքը առած էին թանկագին քարերու, համեմներու, հնդկական կերպասներու եւ ուրիշ թանկարժէք ապրանքներու առեւտուրը: Մեր պատմութեան մէջ դեր ունեցած Մատրասի խմբակի անդամներուն անուններն են նաեւ թերթին մէջ, որ Մատրասի մէջ «Որոգայթ փառաց»-ը եւ «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ»-ը տպած էին: Ինչպէս Շահամիր Շահամիրեանի «Որոգայթ փառաց»-ը ստեղծուելիք սահմանադրական հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծը դարձաւ, այնպէս ալ «Ազդարար»-ը, հակառակ երկու տարուայ կեանքին, հայ մամուլի նահապետը դարձաւ…
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած «Ազդարար»-ի որոշ թիւեր նաեւ պատկերազարդ են, կարմրագոյն տառերով… Այսինքն թերթը նաեւ տօնական թիւեր ունեցած է՝ այսօրուայ հասկացողութեամբ՝ բացառիկներ:
Այս թանգարանին մէջ պատկերն ալ կայ շիրազցի Յարութիւն Շմաւոն քահանային, բայց ատիկա, անշուշտ, իր իրական դէմքը չէ. այդ մէկը գործն է Վիեննայի Մխիթարեան հայրերուն, որոնք հայ լրագրութեան 100-ամեակին առթիւ՝ 1894-ին, երեւակայական դէմքով մը պատկերած են հայ լրագրութեան հիմնադիրը եւ հայ առաջին խմբագիրը: Եւ այս լուսանկարն է, որ յետագային տարածուած է, եւ այդ պատկերով ալ Յարութիւն Շմաւոնեանի քանդակը պատրաստուած է, որ այսօր Երեւանի Մամուլի շէնքին դիմացն է…
Մատրասէն ծագած լոյսը յետագային ճառագած է աշխարհով մէկ եւ յետագայ դարերու հայ խմբագիրները նոյնպէս իրենց անունը դրոշմած են հայ մամուլի պատմութեան մէջ. Ստ. Նազարեանց, Կարապետ Իւթիւճեան, Յարութիւն Սվաճեան, Գրիգոր Արծրունի, Գաբրիէլ Այվազովսքի, Յակոբ Պարոնեան, Ռուբէն Զարդարեան, Տիգրան Կամսարական, Արփիար Արփիարեան, Գարեգին Սրվանձտեանց, Արշակ Չօպանեան, Շաւարշ Միսաքեան… Անվերջանալի է թիւը՝ աշխարհի բոլոր ծագերուն հրատարակուած հայերէն թերթերուն եւ անոնց անձնուէր հայ խմբագիրներուն, որոնք յաճախ համեստ սեղան մը եւ գրչաման մը միայն ունէին… Հայ մամուլը օտար երկիրներուն մէջ հայապահպանութեան զէնքերէն մէկն էր եւ այսօր ալ նոյն առաքելութիւնն ունի… Առաքելութիւնը նոյնն է, բայց այսօր կը փոխուին լրատուութեան մատուցման ձեւերը, եւ հայ մամուլն ալ այդ փոխակերպումներուն մէջն է…
Ահա, կը դիտեմ անցեալի թերթերը. հսկայ հաւաքածոներով դարակներ եւ սենեակներ կը զբաղեցնեն գրադարանի պահոցներուն մէջ… Շատ վաղ անցեալի թերթերը լաւ պահպանուած են, որոշ թերթեր նոյնիսկ փայլուն վիճակ մը ունին: Ատոր պատճառներէն մէկն այն է, որ անցեալին գործածուած թուղթն ու ներկերը զերծ եղած են քիմիական նիւթերէ: Իսկ աւելի ուշ տպուած թերթերը, որոնց թուղթն ու ներկը յագեցած են քիմիական նիւթերով, արագ ոչնչացումի եզրին են: Թերթերու փրկութիւնն, անշուշտ, անոնց թուային պատկերներու ստեղծումն է, որ այսօր արագ թափով կը կատարեն գրադարանային գործի մասնագէտները: Հին թերթը նկարելով եւ կրիչի մը վրայ պահելով՝ կը լուծուի անոնց երկարաժամկէտ պահպանութեան հարցը: Թերթի կապոցները, փոշիով հարստացած հաւաքածոները, այսօր, որքան ալ գրաւիչ են իրենց ունեցած բովանդակութեամբ ու յիշատակներով, բայց մեր ժամանակներուն թղթային թերթ տպելու հանդէպ զգացողութիւններ եւ կարօտներ շատ ալ չեն առաջացներ: Ծախսատար, ժամանակատար եւ քիչ մըն ալ ժամանակավրէպ այդ գործը նահանջի մէջ է ամբողջ աշխարհի մէջ: Հասանելի, արագ եւ հրաշագործ համացանցին դիմաց անցեալը դանդաղ քայլերով ետ կ՛երթայ…
Թուղթը հինգ հարիւր տարի եւ քիչ մը աւելի հաւատարմօրէն ծառայած է մարդկութեան եւ այսօր գեղեցիկ յիշողութիւն կը դառնայ: Հաւանաբար տակաւին պիտի շարունակէ ծառայել այն, բայց ներկան ու ապագան թուային է, եւ թուային տպագրութիւնն է, որ այսօր մեծ սլացքներով առաջ կ՛ընթանայ: Հայ թուային մամուլը աշխարհի տեղեկատուական հասարակութեան մէկ անբաժան մասը դարձած է, եւ այսօր դժուար է պատկերացնել աշխարհի եւ հայութեան ընթացքը՝ առանց համացանցային մամուլի… Հայ լրագիրներու՝ այսօր պահպանուած հնագոյն անունները նոյնիսկ «Հայրենիք» (Պոսթըն), «Ժամանակ» (Պոլիս), «Ասպարէզ» (Լոս Անճելըս) ըլլալով աւանդական մամուլի ամենաերկարակեացները, իրենց համացանցային էջերը ստեղծած են, ինչպէս նաեւ, անցեալի անոնց հրատարակութիւններն ալ արդէն համացանցին մէջն են, իբրեւ թուային պատկերներ:
Ամենաերկարակեաց հայկական հանդէս «Բազմավէպ»-ը, որ 1843 թուականէն մինչ օրս լոյս կը տեսնէ, թղթային տարբերակէն զատ նոյնպէս թուայնացուած է. հանդէսի բոլոր հին թիւերը նկարուած, համացանցի վրայ տեղադրուած են, իսկ նոր թիւերն ալ արդէն թուային տարբերակով տեղ կը գտնեն թուային գրադարաններու մէջ: Թուային գրադարանները ժամանակակից տեղեկատուական հասարակութեան անքակտելի մասն են: Անոնց մէջ թուային դարակներու վրայ օրէօր կը շարուին հայ մամուլի անցեալի ու ներկայի անունները:
Հոգեւոր հայրենիքները…
Հայութիւնը, մշտապէս ըլլալով գաղթի, տեղաշարժի, լաւ կեանք որոնելու ճանապարհին, իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին սփռուած է աշխարհով մէկ, եւ հարիւրամեակներու ընթացքին փոքրիկ հայրենիքներ ստեղծած է աշխարհի չորս կողմը: Հոգեւոր հայրենիքներ էին ատոնք, որոնք իբրեւ զէնք կրած էին լեզուն, դպրոցը, եկեղեցին, գիրքը եւ մամուլը: Սինկափուրէն մինչեւ Կալկաթա, Պոլիս, Իզմիր, Նոր Ջուղայէն մինչեւ Ս. Փեթերսպուրկ ու Թէոդոսիա, Ամսթերտամէն մինչեւ Պոսթըն, Լոս Անճելըս, Մոնրէալ, Մոսկուայէն մինչեւ Թիֆլիս, Շուշի, Պաքու, Նոր Նախիջեւան, Իտալիայէն մինչեւ Լվով, Թրանսիլվանիա, Գահիրէ, Աթէնք… Պէյրութէն մինչեւ Հալէպ, Թեհրան, Թաւրիզ… Հոգեւոր հայրենիքի աշխարհասփիւռ վայրերն անսպառ են… Անոնք իրարու կապուած էին ոգեղէն թելերով, եւ այդ նուրբ թելերուն վրայ այսօր շարուած են հայերէն թերթերը, ամսագիրները, տարեգիրքերը եւ մամուլի բոլոր անունները, որոնք տպուած են այդ քաղաքներուն մէջ: Նշուած վայրերէն շատեր այսօր արդէն հայութեան լքուած օճախներ են, ուր տպագիր ժառանգութիւնը բեռ դարձած է հայութեան ուսերուն: Գաղութները նօսրացած են, կառոյցները փլած են, բայց գաղութներու պատմութեան վկայ գիրքերն ու թերթերը մնացած են… Եթէ մենք փրկենք այդ թերթերն ու գիրքերը, ձեւով մը փրկած կ՚ըլլանք նաեւ գաղութներու պատմութիւնը: Ատոնք փրկելու լաւագոյն միջոցը թուային գրադարաններ ստեղծելն է, որոնց մէջ տեղ կը գտնէ աշխարհով մէկ ստեղծուած մեր տպագիր ժառանգութիւնը:
Համահայկական թուային գրադարանը հայագիտութեան եւ հայապահպանութեան ասպարէզներու ամենակարեւոր օղակներէն մէկն է այսօր: Այդ գրադարանին մէջ նոյնինք՝ «Ազդարար»-ը, իր 18 տետրակներով, ամէն մէկը՝ 50 էջ, թուային տարբերակով հասանելի է…
Թուայնացուած են մամուլի այնպիսի հնագոյն անուններ, ինչպէս Վենետիկի մէջ 1799-ին տպուած «Տարեգրութիւն»-ը, Մոսկուա՝ 1829-ին տպուած «Մուզայք Արարատեան»-ը, Զմիւռնիա 1830-ին լոյս տեսած «Ազգասէր»-ը, Թիֆլիսի մէջ 1846-ին տպուած «Կովկաս»-ը, Վիեննա լոյս տեսած «Եւրոպա»-ն (1847), Փարիզ 1855-ին հրատարակուած «Արեւելք»-ը, նոյն Փարիզի մէջ լոյս տեսած «Արեւմուտք»-ը, «Մասեաց աղաւնի»-ն՝ Թէոդոսիայի մէջ 1859-ին Գաբրիէլ Այվազովսկիի հրատարակած եւ եւրոպական նուաճումները հայաշխարհ բերած թերթը, Մանչեսթըր 1863-ին տպուած «Երկրագունդ»-ը, Պաքուի մէջ 1915-ին ընդամէնը մէկ տարի լոյս տեսած, բայց 220 թիւ հրատարակած «Արեգ» լրագիրը եւ բազում այլ հնագոյն թերթեր…
Թուայնացուած է արեւելահայ առաջին պարբերական «Արեւելեան ծանուցմունք» շաբաթաթերթը, որ 1816-ին Աստրախանի մէջ տպուած է: Թուային գրադարանի մէջ կարելի է կարդալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հրատարակուած առաջին պարբերականը՝ Էջմիածնի «Արարատ» հանդէսը (1868-1919), Երեւանի առաջին պարբերականը՝ «Պսակ» լրագիրը (1880թ.), Շուշիի առաջին մամուլի անունը՝ «Հայկական աշխարհ» հանդէսը (1874թ.)։ Համացանցի վրայ կարելի է գտնել հայ կուսակցական ողջ մամուլը՝ իրենց առաջին թիւերէն սկսեալ: Քաղաքական, առողջապահական, մարզական, գրական, հասարակական մամուլի բազում անուններով հարստացած հայ մամուլի պատմութիւնն այլեւս թուային անկասելի ընթացք առած է:
Ի դէպ, հայ մամուլի թուայնացումով այսօր կը զբաղին ոչ միայն հայ գրադարանավարներն ու մատենագէտները. Թուայնացում կը կատարէ նաեւ «Կուկըլ» համաշխարհային հսկան, որուն թուային պահոցներուն մէջ հայ գիրքի եւ մամուլի բազում անուններ տեղ գտած են եւ ազատ որոնման ու ներբեռնման հնարաւորութիւններ ունին: Հայ մամուլի թուայնացուող էջերու ծաւալն անհաշուելի է… Եւ նկատի առնելով թուայնացուող նիւթերու աճող մեծութիւնը՝ արդէն գործի կը դրուին ամպային յիշողութեան եւ ամպային ծրագրային լուծումներու հաշուարկներ, որոնք այսօր կը կիրառեն «Կուկըլ»-ն ու «Ամազոն»-ը:
Հայ մամուլը ուսումնասիրողի համար շատ հետաքրքրական է տեսնել Մատրասի կիսամութ տպարանէն սկիզբ առած ընթացքը՝ դէպի ամպային անտեսանելի տարածքներ… Բայց ժամանակակից բոլոր լուծումներուն մէջ, մենք, անշուշտ, կը փնտռենք եւ կը գտնենք հոգեւոր հայրենիքը, որուն անխախտ պատկերին առջեւ կը խոնարհինք…