ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
22 Յուլիս 2020
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Ամերիկացի Ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին Մօտ Արդէն Զարգացած Էր Ազատ, Անկախ Հայաստանի Գաղափարը Համիտեան Ջարդերուն Ընթացքին՝ 1895-ին, Սեւրի Դաշնագիրէն 25 Տարի Առաջ…
Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն իրագործումներէն է, իսկ միջազգային իրաւական առումով` կարեւորագոյնը:
Ա. Հողային պատմական նախընթացը՝ հիմքը:
Հայկական հողային պահանջատիրութեան վաւերական մեկնակէտը պէտք է նկատել, Ռուս-Օսմանեան պատերազմին Ռուսիոյ յաղթանակէն ետք, 13 յուլիս 1878-ի Պերլինի Դաշնագիրը (կամ՝ խորհրդաժողովը), ուր միջազգային ընտանիքին եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կ՛ընդունուին եւ կը ճանչցուին հայկական 6 վիլայէթները (նահանգները), իբրեւ հայկական հողեր: Այլ խօսքով՝ Օսմանեան կայսրութեան միւս գրաւեալ երկիրներուն շարքին՝ Հայաստան երկիրը, որ ամերիկեան մամուլը եւ կառավարութիւնը որդեգրեց, «Հայաստան» կոչելով այդ շրջանը՝ ներառելով շատ աւելի ընդարձակ աշխարհագրութիւն:
Այսպէս՝ 1929-ի Ամերիկեան «Մերձաւոր Արեւելքի Ուսումնասիրութիւն»-ին մէջ (The Near East Survey), էջ 49, Ֆրէնք Ռոս կը գրէ.«Հայաստան անունը Ա. աշխարհամարտէն (1914*) առաջ, տարբեր երկրամասերու համար գործածուած է, ընդհանրապէս ներառած է թրքական նահանգներ՝ Վան, Պիթլիս, Էրզրում (Կարին*), Տիարպէքիր (Տիգրանակերտ*), Խարբերդ, Սվազ, Տրապիզոն եւ Կիլիկիոյ մեծ մասը, ներառեալ Ատանա նահանգը նաեւ, ռուսական Անդրկովկասի Կարս, Երեւան եւ Էլիզավէթոփոլ (Գանձակ*) մարզերը (1):
Այժմ (1929*) Հայաստանը Սովետական Միութեան մէկ փոքրիկ անկիւնն է, անուանապէս անկախ: Այժմու տարածութիւնը շուրջ մէկ տասներորդն է նախապատերազմեան Հայաստանին, Ուիլսընեանին՝ մէկ հինգերորդէն աւելի փոքր, իսկ Ցարականին՝ շուրջ կէսը»: Ահա Հայաստանի հողային պատմական իրականութիւնը շեշտող ամերիկեան հաստատում մը:
Վերեւ նշուած թիւ 1. քարտէսը կը դառնայ հիմնաքարը՝ մեկնակէտը ապագայ անկախ Հայաստանին եւ Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած սահմանին, որ ասկէ շատ աւելի փոքր էր, տես՝ քարտէս 3: «Վէմ»-ի Յունուար-Մարտ 2018-ի խմբագրականէն հատուած մը կ՛ըսէ. «…2018 Մայիս 28-ին Հայաստանը իբրեւ պետութիւն պարտաւոր է ողջ աշխարհին յիշեցնել, որ ինքը, 1918 թուականին վերանկախանալով իբրեւ 1878 թուականէն միջազգային դիւանագիտութեան օրակարգ մտած Հայկական հարցի իրաւատէր, կը շարունակէ պահպանել իր բուն առարկայի՝ Արեւմտեան Հայաստանի հանդէպ իր իրաւունքները» (2):
Այսպէս, մօտաւորապէս արեւմուտքէն արեւելք` Սեբաստիոյ (Սվազ), Խարբերդի (Սամուրեթ-ուլ-Ազիզ), Կարնոյ (Էրզրում), Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր), Բաղէշի (Պիթլիս), եւ Վանի նահանգները (3): Անշուշտ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրէին նա՛եւ Կիլիկիոյ, Պոլսոյ եւ Տրապիզոնի նահանգներուն մէջ: Պէտք է նշել, որ 20 յունուար 1914-ի օսմանեան-ռուս-գերման բարենորոգման ծրագիրով, Տրապիզոնի նահանգն ալ պիտի աւելնար այս 6-ին վրայ, «Սակայն գերմանացիները, որոնք թաքուն կերպով Թուրքիոյ շահերը կը պաշտպանէին, մերժեցին ստորագրել համաձայնագիրը», կ՛ըսէ Սիմոն Վրացեան (4):
Ուրեմն, նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով պատրաստուած մօտաւորապէս մի՛այն չորս հայկական նահանգները ներառող քարտէսը, դէպի Սեւ ծով ելքով, անակնկալ մը չէր աշխարհին ու հայութեան, ինչպէս ոմանք կը կարծեն: Այսինքն՝ հայկական եօթ նահանգները իրողութիւն էին եւ Տրապիզոնով Հայաստանին մասին նախապէս բանակցութիւններ կատարուած:
Երկրորդ, կարեւոր է, որ Սեւրի դաշնագիրի 89-րդ յօդուածը արդէ՛ն սահմանած էր Կարին, Տրապիզոն, Վան եւ Պիթլիս նահանգները եւ նախագահ Ուիլսըն այս նահանգներով է, որ պիտի պատրաստէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, եւ կրնար այս չորս նահանգներուն լրի՛ւ տարածքները ներառել, որ սակայն չըրաւ եւ հողամասեր դուրս ձգեց, տես՝ վերի քարտէս 3-ը: Ուրեմն, սխա՛լ է այն կարծիքը, թէ՝ Ուիլսըն առանձինն որոշեց Հայաստանի քարտէսը:
Բ. Միացեալ Նահանգներու ներգրաւումը Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հարցերուն մէջ:
1929-էն 1933 Ամերիկայի 31-րդ նախագահ Հըրպըրթ Հուվըր (1874-1964) իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Հաւանաբար 1919-ի ամերիկացի դպրոցական երեխան, Հայաստանի մասին Անգլիայէն միայն քի՛չ մը նուազ տեղեակ էր: Կապակցութիւնը Արարատ լեռան, Նոյին եւ այս հաւատացեալ քրիստոնեաներուն, որոնք պարբերաբար կը ջարդուէին մահմետական թուրքերուն կողմէ, նաեւ, կիրակնօրեայ դպրոցի աւելի քան յիսուն տարիներու հանգանակութիւնները՝ թեթեւցնելու համար անոնց տառապանքը – այս բոլորը կուտակուելով՝ Հայաստան անունը դրոշմեցին ամերիկացիին միտքին մէջ»: Շարունակելով կ՛ըսէ. «…Հարեւանցի ակնարկով մը, Հայութեան մէկ մասը հին Ռուսիոյ (ցարական) մէջ էին, ուր երբե՛մն պաշտպանուած էին, իսկ միւս մասը հին Թուրքիոյ մէջ, ուր կանոնաւոր կերպով կը ջարդուէին 6): Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 1917-ին Հուվըրը Ամերիկեան Նպաստամատոյցի վարչութեան վարիչ (American Relief Administration) նշանակած էր (7):
Հաստատելով Հուվըրի վերոնշեալ խօսքը, 1972-ին ամերիկացի գործակիցիս՝ հոլանտական արմատներով Լ. Վան Տորենին տարեց մայրը, որ Ամերիկայի շրջապատիս մէջ առաջին անձն էր, որ լսած էր հայերու մասին, Ճաշի ընթացքին խօսքը ուղղելով տան երկու փոքր աղջիկներուն՝ ըսաւ. «Երբ ձեր տարիքին էի եւ ճաշի սեղանին վրայ ճաշի մասին առարկութիւն ընէի, մայրս բարկանալով կ՛ըսէր` յիշէ հայ որբերը, որոնք կտոր մը հաց իսկ չունին ուտելու, սովահար ու անտէր են»… Ան յիշեց նաեւ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրուան ամերիկեան թերթերու յօդուածները եւ հայ որբերու օժանդակութեան յատուկ տպաւորիչ բացիկ-որմազդները (8):
Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ 1800 թուականին, երբ իբրեւ առաջին քայլ` Ճորճ Ուաշինկթըն մարտանաւը Կոստանդնուպոլիս այցելեց: Ծիծաղելիօրէն, կարգ մը թուրք պատմաբաններ, շփոթելով համանուն մարտանաւը Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահին հետ (1732-1799), որ բնա՛ւ երկրէն դուրս չէր ելած ու 1800-ին արդէն մահացած էր, կը գրեն, թէ ան էր Թուրքիա այցելողը…
15 յունուար 1820-ին առաջին ամերիկացի աւետարանիչները (միսիոնար) Լեւի Փարսընզեւ Փլինի Ֆիսք (Levi Parsons, Pliny Fisk) Թուրքիա կը հասնին՝ Զմիւռնիա քաղաք: Ամերիկեան աւետարանչական, կրթական եւ բարեսիրական այս գործունէութիւնը, որ ցարդ խորհրդանշական կերպով կը շարունակուի, երբեմն ընդհատումներով եւ զանազան մակարդակներով՝ կը հանդիսանան Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն եւ քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած բռնարարքներուն մասին, ամերիկեան հանրութեան մէջ գլխաւոր վկայութիւններ տարածողները՝ հակառակ օսմանեան պետութեան շատ խի՛ստ գրաքննութեան: Իսկ առաջին հայը՝ Յովհաննէս Մարթին Հայը 1618-ին Պարսկաստանէն կը հաստատուի Ամերիկա, ապա 1653–54-ին՝ երկու հայեր կը հրաւիրուին Պոլիսէն՝ շերամ բուծանելու համար (9):
«Այս բարձրագոյն կրթութեան տէր, կալուինական եւ ամերիկեան արժէքներով թրծուած միսիոնարներուն – որոնք ցրուած էին ամբողջ հայկական շրջաններուն մէջ – զեկոյցները, նամակները, օրաթերթերու եւ պարբերականներու մէջ լոյս տեսած յօդուածները, դասախօսութիւնները եւ գիրքերը, քաղաքականութիւն մշակողներուն տեսակէտները կազմաւորեցին եւ մինչեւ օրերս տակաւին անոնց վրայ կ՛ազդեն» (5),(10):
Կը Ներկայացնեմ քանի մը օրինակներ, այդ օրերու արեւմտեան մամուլին մէջ լոյս տեսած գրեթէ առօրեայ, հազարաւոր յօդուածներէն, կոչերէն, ծաղրանկարներէն եւ ծանուցումներէն:
«Սան Ֆրանսիսքօ Էկզէմինըր»-ի 19 յուլիս 1890-ի առաջին էջին լուրը. «Բռնութիւններ Հայաստանի մէջ. Անգլիան այլեւս պիտի չհանդուրժէ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքը. Կտրուկ նամակ մը ղրկուած է Դռան, եթէ Սուլթանը չմիջամտէ Անգլիան պիտի միջամտէ. Թուրքիան ահազանգի մատնուած է Ռուսական զօրքերուն դէպի սահման յառաջացումէն եւ պատերազմական հռետորութենէն:
Լոնտոն, 18 յուլիս 1890.- Լօրտ Սալիզպուրին դիտողութիւն յղած է Դռան, Հայաստանի մէջ այժմ տեղի ունեցող խռովութիւններուն կապակցութեամբ: …….
«Էրզրումի սպանդը – Հայեր ջարդուած եւ անգլիական հիւպատոսարանը քարկոծուած» խորագիրով 26 յուլիս 1890-ին Նիւ Եորք թայմզ կը գրէ. «20 յունիսին զինուորները հրահանգ ստացան ցրուելու հայերը, որոնք եկեղեցւոյ բակին մէջ ժողով կը գումարէին: Զինուորները սկսան հայերու ջարդին եւ թուրք ժողովուրդը միացաւ յարձակումին: Հայերուն խանութներն ու տուները կողոպտուեցան: Կողոպուտը տեւեց 4 ժամ»:Նոյն թերթը 6 նոյեմբերին. «Թուրքերուն վայրագութիւնը – Փրօֆ. Պրայս Հայաստանի վիճակը կը նկարագրէ» խորագիրով կը գրէ՝ Նիւ Եորքի Կրանտ Օփերային մէջ հայ ունկնդիրներուն ուղղուած Պրայսի զեկուցումին մասին. «Պայմանները շատ աւելի վատ էին քան կ’երեւի…»:
«Տը Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթը 7 դեկտեմբեր 1895-ին. «Եթէ Թուրքիոյ մասին ճշմարտութիւնը հրատարակուի՝ ամբոխը Լորտ Սալիզպուրիին (Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ*) վրայ կը յարձակի … 500,000 ոճիրներ» խորագիրով երկար սիւնակին մէջ կը գրէ. «Այս առաւօտ պրն. Յակոբ Պօղիկեան (իր մասին առանձին*) վերադարձաւ Ուաշինկթընէն, պետական քարտուղար (արտաքին գործոց նախարար*) (Ռիչըրտ*) Օլնիի եւ Կարմիր Խաչի նախագահ օրդ. (Քլարա*) Պարթընի հետ տեսակցելէ ետք, Թուրքիոյ լքեալ հայերուն նպաստ բաժնելու նպատակով…»
Նոյն էջին վրայ. «Ամերիկացի քաջ աղջիկը՝ Մէյրի Պրիուըր կ՛ազատէ անօգնական հայ կին մը անգութ թուրք ամբոխին ձեռքերէն»:
«Օմահա Տէյլի Պի» (Omaha daily bee), 30 դեկտեմբեր 1895-ին կը գրէ. «Կ՛ըսուի, թէ՝ թրքական վերսկսած ջարդերը կը կատարուին այն տեսութիւնով, որ անպատմելի Թուրքը կ՛ուզէ ոեւէ հայ ողջ չպահել, որ վայելէ իր խոստացած բարենորոգումները: Թուրքերը կարծես թէ կը կիրարկեն «մեռած հնդիկը՝ լաւ հնդիկ է» սկզբունքը Հայաստանի քրիստոնեայ բնակիչներուն վրայ»:
Նիու Եորքի «Փաք» քաղաքական-երգիծական շաբաթաթերթին 16 յունուար 1895-ի կողքը, կը ներկայացնէ Անգլիան, որ գրպանը թրքական եկամուտներ, մուրհակներ, փոխառութիւններ եւ Սուէզի բաժնետոմսեր ունի` երկընտրանքի առջեւ է, միջամտէ՞ պաշտպանելու Հայաստանը, որ ներկայացուած է իբրեւ գեղեցիկ կին, որ յարձակման կ՛ենթարկուի (թուրք կառավարութեան մղումով, Համիտեան ջարդերուն 1894-1896*) սուրով ու ատրճանակով զինուած քիւրտի մը կողմէ, թէ՝ իր տնտեսական շահերուն համար անտեսէ: Եւ կ՛անտեսէ:
Միւս կողմէ, Հայաստան բառը փոխաբերութեան (metaphor) վերածուած էր ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն կողմէ, որ կը նշանակէր՝ «անտէր անօգնական երկիր մը, որուն ժողովուրդը վայրագօրէն կը բնաջնջուի» եւ կ՛ըսէին՝ «Քուպան մեր Հայաստանն է» (13), (14), ուր գաղութարար Սպանիան կը ջարդէր քուպացիները, յատկապէս 1895-էն 1898, Համիտեան ջարդերու օրերուն:
«Լեզլիզ» շաբաթաթերթին 21 ապրիլ 1898-ի ծաղրանկարին մէջ, արիւնարբու թուրք սուլթանը կը շնորհաւորէ սպանացին, որ ջարդելու մրցանիշը կոտրած էր: Թէեւ, քուպացիներն ալ հայերու նման, նոյնքան՝ շուրջ 300 հազար զոհ տուին, ներառեալ համաճարակի զոհեր: Քուպան, իբրեւ Ամերիկայի մերձակայ դրացի կղզի (միայն 103 մղոն, կամ՝ 166 քիլօմեթր հեռու)՝ Ամերիկան զինուորապէս միջամտեց կասեցնելու համար սպանդը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն կողմէ, առանց քոնկրէսի հաւանութեան՝ Օսմանեան Թուրքիոյ դէմ զինուորական ուժ կը «ցուցադրուի» առաջին անգամ 1851-ին՝ նախագահ Միլարտ Ֆիլմօրի (1800-1874) հրահանգով, երբ ջարդերու զոհ գացին հայերու կողքին օտարներ եւ ամերիկացիներ:
Երկրորդ անգամ՝ 1858-1859-ին նախագահ Ճէյմս Պուքանընի կողմէ (1791-1868), երբ արտաքին գործոց նախարար Լէուիս Քաս (1782-1866) կը խնդրէ, որ ամերիկեան ծովուժը վրէժ լուծէ ամերիկացիներու սպանութիւններուն՝ «յիշեցնելու թուրք պատասխանատուներուն Միացեալ Նահանգներուն ուժը»:
Երրորդ անգամ՝ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ 1919-ին, ամերիկեան ծովուժը ցամաքահանում կը կատարէ Կոստանդնուպոլիս, ամերիկեան հիւպատոսարանը պաշտպանելու համար, երբ Յունաստան կը գրաւէ (կ՛ազատագրէ*) քաղաքը: Վերջինը՝ Ուորրըն Հարտինկի (1865-1923), հրամանով, 1922-ին ամերիկեան ծովուժը ցամաքահանում կը կատարէ, պաշտպանելու համար ամերիկացիները եւ ամերիկեան շահերը թուրք ազգայնականներէն (15):
Յատկանշական է, որ 1895-ին 1000-է աւելի ամերիկացի կամաւոր ծառայողներ եւ գրեթէ նոյնքան յանձնախումբեր եւ բոլոր նահանգներէն մասնակցեցան հայերու օգնութեան՝ նոյնի՛սկ Ալասքայէն 4 անձեր (23): Փաստօրէն, Ամերիկեան Կարմիր Խաչի նախագահ տոքթ. Քլարա Պարթըն ստիպուեցաւ մամուլով յայտարարել, թէ կամաւորներուն թիւը բաւարար է:
Նկար 15. «Բաւարար օգնականներ – Կարմիր Խաչը առայժմ յաւելեալ կամաւորներու կարիքը չունի» խորագիրով 23 դեկտեմբեր 1895-ին Քլարա Պարթըն «Տը Կազէթ Եորք»-ի եւ այլ թերթերու մէջ կը ծանուցէ. «Այնքա՜ն մեծ թիւով դիմումներ եղան առաջարկուած հայկական նպաստամատոյցին՝ Կարմիր Խաչի արշաւախումբին միանալու համար՝ բժիշկներէ, հիւանդապահներէ եւ գրեթէ ամէն տեսակի այլ արհեստներէ եւ ազգութիւններէ, որ հետեւեալ պատասխանը կը տրուի անոնց. «Այժմ կարելի չէ վստահօրէն կռահել անհրաժեշտ օգնականներուն թիւը, կամ որակը՝ օժանդակութեան բնոյթը: Կարմիր Խաչը անցեալի տասնեակէ աւելի աղէտներուն ընթացքին անդամագրած է մեծ թիւով հաւատարիմ եւ փորձառու անձնակազմ մը, որոնք մէկ օրուան կոչով կը ներկայանան. կը թուի, թէ առ այժմ անոնք բաւարար են»:
1918-ին՝ Ամերիկայի 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվէլթ (1858-1919*) Ա. Աշխարհամարտին մասին աներկդիմի կերպով ըսած է. «Հայ ժողովուրդին սպանդը պատերազմին մեծագոյն ոճիրն էր» եւ մարգարէացած, որ այդ ոճիրին հեղինակները պարկեշտութեամբ պատասխանատուութեան չենթարկելը կը նշանակէր, որ «աշխարհի ապագայ խաղաղութիւնը երաշխաւորելու բոլոր խօսակցութիւնները չարամիտ անհեթեթութիւն են» (13): Իսկ լորտ Ռոպըրթ Սեսիլ (1864-1958*) Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարարը (1937-ի խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր*) նոյն առիթով ըսած է. «Առանց դոյզն չափազանցութեան, աշխարհի պատմութեան մէջ ասկէ (Հայոց Ցեղասպանութիւն*) աւելի ահռելի ոճիր չէ եղած» (13):
Գ. Քոնկրէսին եւ Ծերակոյտին ներգրաւումը Հայկական Հարցին մէջ:
Ստորեւ Մերլ Քուրթիի (Merle Curti, 1897-1996) (18) «Ամերիկեան արտերկրի մարդասիրութեան պատմութիւնը» գիրքէն (19) հատուածներ, որ պատրաստուած է արխիւային բազմաթիւ աղբիւրներէ:
««Տը Աութլուք»-ի (Նիւ Եորք հրատարակուող ամսաթերթ*) 7 դեկտեմբեր 1895-ի թիւին մէջ վերապատուելի Սայրըս Համլին (Cyrus Hamlin, 1811-1900*)` Կոստանդնուպոլսոյ Ռոպերթ քոլէճի հիմնադիրը եւ առաջին նախագահը («Հայկական ջարդերը» խորագիրով յօդուածին միջոցով*), հայթայթեց բնագիրը` աւելի լաւ հասկնալու այն ահռելի վայրագութիւնները, որոնք կը սպառնային ժողովուրդ մը ոչնչացնել, որ գրգռեց ամերիկացիներուն կրկնապատկուող վրդովմունքը: Համլինը նշած է եւրոպական ուժերուն կողմէ միջամտութեան դժկամութիւնը, կամ` հրաժարիլը, հակառակ այն խոստումներուն, որոնք նախապէս ապահոված էին Թուրքիայէն` հայ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հանդէպ արդար վերաբերմունք ցուցաբերելու համար:
«Ան յստակ կերպով կ՛ըսէ, որ սուլթանին` հայերու ջարդերուն մէջ իր պատասխանատուութեան ուրացումը շատ սնամիտ է եւ լուրջի չի կրնար առնուիլ: Առնուազն 250 հազար հայեր մեռնելու ենթակայ էին ձմեռուան աւարտէն առաջ` մի՛այն ցուրտէն, անօթութենէն, թիֆոյիտէն եւ այլ հիւանդութիւններէ, բացի եթէ մեծածաւալ օժանդակութիւն հասնի Հայաստան եւ տնօրինուի վստահելի ամերիկացի ողորմաբաշխներու կողմէ: Եզրակացնելով` ան կ՛ըսէ, որ եթէ Ամերիկայի կառավարութիւնը յօժար չէ միջամտելու եւ եւրոպական ուժերուն դերը վերցնելու` պաշտպանելու համար հայերը յաւելեալ բռնութեան դէմ, առնուազն ամերիկացի ժողովուրդը իր ունեցած առատութենէն պէտք է 1 միլիոն տոլար իբրեւ նպաստ յատկացնէ (հայերուն*)»:
Այլ օրինակ մը` վերի նկար թիւ 19. «Նիւ Եորք Թրիպիւն» օրաթերթի 17 նոյեմբեր 1895-ի առաջին էջի գլխաւոր լրատուութիւնը` «Սարսափը կը տիրէ Հայաստանի մէջ» խորագիրով եւ «Կրակն ու սուրը գործի լծուած», «Խարբերդի մէջ` քրիստոնէական առաքելութիւններ կողոպտուած եւ հրկիզուած», «500 մարդ մորթուած», «Քիւրտերը կը խնայեն միսիոնարներուն կեանքերը» ենթավերնագիրերով: Գլխագիր վերտառութեամբ կը գրէ. «Թուրքերն էին նախայարձակը, քանի որ անոնցմէ միայն տասն սպաննուեցաւ Սվազի մէջ, մինչ 4000 սովահար հայեր ջարդուեցան…»: Այսպիսի յօդուածներ ընդվզում յառաջացուցին արդարամիտ ու մարդկայնական զգացումներով տոգորուած ամերիկացի ժողովուրդին, ներկայացուցիչներուն եւ ծերակուտականներուն մօտ:
- 10 դեկտեմբեր 1895-ին Ֆլորիտայէն դեմոկրատ ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլ (Wilkinson Call, 1834-1910, որ կը պատկանէր քաղաքական պաշտօններով նշանաւոր ընտանիքի մը*) ծերակոյտին ներկայացուց երկու կուսակցութիւններուն անունով համատեղ բանաձեւ մը (S.R. 107*), (20), որով կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէր խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, կամ անհրաժեշտութեան պարագայի` զէնքի միջոցով, կանխել հայերուն հասցուած դաժանութիւնները: Ան բանաձեւը ներկայացուց հռչակելով զայն` յանուն կրօնի, մարդկութեան եւ այն սկզբունքներուն, որոնց վրայ քաղաքակրթութիւնը հիմնուած է: Իր մտադրութեան ազդեցութիւն տալու համար ան բանաձեւին մէջ ներառեց անկախ Հայկական պետութիւն հիմնելու առաջադրանքը, որուն գոյատեւումը պիտի երաշխաւորէին աշխարհի քաղաքակիրթ պետութիւնները»: Ներկայացուցիչներու տունը համաձայն գտնուեցաւ եւ բանաձեւը յղեց Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին (19), (էջ 131-133):«Այս մէկը չափազանց մտահոգիչ բանաձեւ էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին համար, որուն յղուած էր: 24 յունուար 1896-ին յանձնաժողովի նախագահը` Իլինոյ նահանգի հանրապետական ծերակուտական Շելպի Մուր Քալըմ (Shelby Moore Cullom, 1829-1914 նախապէս նահանգապետ*) Քոնկրէսին ներկայացուց երկու կուսակցութիւններուն անունով համատեղ բանաձեւ մը, որ նախագահին կը հաւաստէր Քոնկրէսին աջակցութիւնը որեւէ քայլի, որուն միջոցով ան կրնար ստիպել եւրոպական ուժերուն` յարգելու հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց դաշնագիրով ճշդուած պարտաւորութիւնները` համապատասխան ճնշում բանեցնելու օսմանեան կառավարութեան վրայ: Զօրավիգ կանգնելով այս բանաձեւերուն` ծերակուտական Քալըմ, ընդունելով հանդերձ Միացեալ Նահանգներուն չէզոքութիւնը` չմիջամտելու Եւրոպայի գործերուն, պնդեց, որ երկիրը մարդկութեան հանդէպ պարտաւորութեան տակ է եւ չի կրնար կոյր ձեւանալ:
21․ Շէլպի Մուր Քալըմ 22.Նիութըն Քրէյն Պլանշարտ 23. Ուիլիէմ Ֆրայյ «Ներկայացուցիչներու տան մէջ ճառախօսութիւնը ցոյց տուաւ, որ առնուազն, բոլոր անոնց կողմէ, որոնք խօսք առին, բանաձեւը բաւարար չէր: Այս էր տեսակէտը Լուիզիանայի ծերակուտական Նիութըն Պլանշարտի (Newton C. Blanchard 1849-1922, նախապէս նահանգապետ*) եւ Ֆլորիտայի ծերակուտական Ուիլքինսըն Քոլի: Քոլ պնդեց, որ Քալըմի բանաձեւը մեղկ եւ աննշան էր, որ (հայերուն*) ո՛չ ամոքում, ո՛չ ալ ապահովութիւն կու տար: Մէյնի հանրապետական ծերակուտական Ուիլիըմ Ֆրայյ (William P. Frye 1830-1911*) նկատել տուաւ, որ Ամերիկայի ժողովուրդը 6 միլիոն տոլար ներդրում կատարած էր Թուրքիոյ մէջ` միակ նպատակ ունենալով բարելաւել (հայ) ժողովուրդին վիճակը: Այդ, հրաշալի բարեգործութեան աշխատանք մըն էր, որ այժմ հասած է բացարձակ անելի: Կառավարութիւնը ոչի՞նչ պիտի ընէր` բացի յորդորելէ եւրոպական պետութիւնները կատարելու իրենց պարտաւորութիւննե՞րը:
«Միակ այլախոհ տեսակէտը յայտնեց Մասաչուսեցի ծերակուտական Ճորճ Ֆրիզպի Հորը (George Frisbie Hoar, 1826-1904*), որ համակրելով հանդերձ պաշտօնակիցներուն տեսակէտներուն եւ զգացումներուն, յայտնեց, որ անխոհեմութիւն պիտի ըլլար Թուրքիոյ երեսին ծանր խօսքեր շպրտել, մինչ Քլարա Պարթընը (Clara Barton, 1821-1912, հիմնադիրը Ամերիկայի Կարմիր Խաչին*) օգնութիւն պիտի մատակարարէր եւ տակաւին յստակ չէր, թէ` Բ. դուռէն արտօնութիւն պիտի ստանա՞ր այս բարեսիրական առաքելութեան համար, թէ՞ ոչ: Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւը եւ Քոնկրէսին յղեց:
«Քոնկրէսին մէջ չորս ժամ տեւած ոգեւորուած ճառախօսութիւններով զանազան կարծիքներ յայտնուեցան: Օհայոյէն Չարլզ Հենրի Կրոսվենըր (Charles H. Grosvenor, 1833-1917*) նկատեց, որ բանաձեւը ամէնէն անզօր եւ ամերիկացի ժողովուրդին անվայել արտայայտութիւնն է: «Անոնք մեզմէ հաց խնդրեցին, եւ մենք անոնց քար կու տանք: Անոնք մեզմէ ձուկ խնդրեցին քրիստոնեայ ժողովուրդի մը հզօր բողոքով, եւ մենք անոնց կու տանք օձաբարոյ գձուձ ներողամտութիւնով` թրքական կառավարութեան ոտքերուն»: Ինչո՞ւ, պահանջեց ան, Միացեալ Նահանգները այլ ժողովուրդներէն պիտի խնդրէ ընել այն, ինչ որ մենք կատարեա՛լ իրաւունքը ունինք ընելու: «Նիւ Եորք Թրիպիւն»-ի թղթակիցը, որ ներկայ էր, կ՛ըսէ, թէ առնուազն ներկաներուն 8-էն 7-ն համաձայն էր բանաձեւին, եւ ի վերջոյ 143 թեր եւ 26 դէմ ձայնով, որոնց մեծամասնութիւնը դեմոկրատներ էին, բանաձեւը անցաւ»:
«Այս ճառախօսութիւններուն եւ Քոնկրէսին համատեղ ընդունուած բանաձեւին մէջ առաջին անգամ ըլլալով շեշտը դրուեցաւ պետական, կառավարական քաղաքական ճնշումի վրայ, հարցին տուն տուող պատճառները վերցնելու, քան թէ իբրեւ առժամեայ դարման` նպաստ բաժնելու»: Այս՝ 1895-ին:
Նոյն Ուիլքինսըն Քոլը 1898-ին Ծերակոյտին առջեւ ըսաւ «Մենք այստեղ դրան ետին Հայաստան մը ունինք եւ անշարժ կեցած ենք, հզօր երկիր ենք եւ քանդում ու արիւն կը հոսի մեզմէ 6 ժամէն նուազ հեռաւորութեան վրայ…» – ակնարկելով Քուպային – «Մեր աչքերուն տակ եւ մեզի հասանելի» … «Սպանիան Արեւմուտքի թուրքն է…» ըսաւ Վըրճինիայէն ծերակուտական Ճոն Տանիէլ: Մինիաբոլիս Ճըրնըլը գրեց «Ամերիկացիներս դատապարտեցինք Անգլիան եւ Ռուսիան, Հայաստանի մէջ ջարդերուն՝ արիւնարբու թուրքերուն ձեռքերը չզսպելնուն համար…» (14):
Դ. Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ներգրաւումը Հայկական Հարցին մէջ:
Ուիլսըն, բարոյական բարձր արժանիքի տէր անձնաւորութիւն՝ կը հաւատար, որ բարոյականութիւնը պէտք է իշխէ քաղաքականութեան վրայ: Իբրեւ նախագահ 1913-1921 տարիներուն՝ ականատես եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան: Ան խաղաղութեան ջատագովը եղած է, սակայն միայն 6 ապրիլ 1917-ին է, որ Գերմանիոյ դէմ (ո՛չ թէ Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ դէմ) պատերազմ յայտարարեց, երբ վերջինս դրժեց իր խոստումը եւ հիւսիսային Ատլանտեանի մէջ մարտանաւեր եւ սուզանաւեր տեղակայեց, ճամբորդատար նաւեր խորտակեց ու փորձեց Մեքսիքան Ամերիկայի դէմ լարել:
Թէ ինչո՞ւ Ամերիկան չմիջամտեց կասեցնելու ցեղասպանութիւնը, լայնօրէն քննարկուած է Արթըր Լինքի «Վուտրօ Ուիլսընի թուղթերը» ծաւալուն 35 հազար թուղթ, 69 հատոր (21) աշխատութեան մէջ, նաեւ Ճէյ Ուինթըրի խմբագրած «Ամերիկան եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915» (22), ինչպէս նաեւ շատ մը այլաղբիւրներու մէջ: Միջամտութիւնը մի՛այն քաղաքական եղած է, այն ալ ապարդիւն:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, Ուիլսըն նախաձեռնողը եղաւ Ազգերու Լիկայի կազմութեան, որուն համար 1919-ին արժանացաւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին: Իր նախաձեռնութեամբ նաեւ, 1920-ին ամերիկացի կիները քուէարկելու իրաւունք ստացան:
Ստորեւ Ճէյմս Պարթընի «Մերձաւոր Արեւելքի խնամատարութեան պատմութիւնը գիրքէն հատուածներ (23): «Քոնկրէսի շատ մը անդամներ անձամբ զօրավիգ էին (հայութեան*) օգնութեան դիմումին, եւ Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը պաշտօնապէս յանձնարարեցին՝ տառապող մարդոց օգնութեան կարիքը Ամերիկայի ժողովուրդին ուշադրութեան եւ համակրանքին յանձնել: «10 յուլիս 1916-ին, Քոնկրէսը համատեղ բանաձեւ ընդունեց՝ խնդրելով Նախագահէն յատուկ օր նշանակել, հայ ժողովուրդին ճգնաժամային իրավիճակին ազգովին գիտակից դառնալու եւ երկրի քաղաքացիներէն խնդրելու առատաձեռն կերպով աջակցիլ օգնութեան ծրագիրին:
«Ի յետեւումն Քոնկրէսի բանաձեւին, նաեւ իբրեւ իր անձնական համոզումը՝ նախագահ Ուիլսըն 31 օգոստոս 1916-ին հրապարակեց հետեւեալ հռչակագիրը.
««Այժմ, ես, Վուտրօ Ուիլսըն, Միացեալ Նահանգներու Նախագահ, համաձայն Ծերակոյտի նշուած առաջարկութեան եւ Քոնկրէսի խնդրանքին, կը նշանակեմ եւ կը հռչակեմ շաբաթ, 21 հոկտեմբեր, եւ կիրակի, 22 հոկտեմբեր 1916-ը իբրեւ համատեղ օրեր, որոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը կարենայ նիւթական այնպիսի ներդրում ունենալ, որքան իրենք տրամադիր են, հարուածի ենթարկուած սուրիացի եւ հայ ժողովուրդին»:
«Այս առաջինն էր նախագահական հռչակագրերու յաջորդական շարքին, որոնք տրուեցան նախագահներ Ուիլսընի, Հարտինկի եւ Քուլիճի կողմէ՝ իրականացուող օժանդակութեան համար»:
8 յունուար 1918-ին նախագահ Ուիլսըն պատերազմի նպատակին եւ խաղաղութեան պայմաններուն մասին 14 կէտերէ բաղկացած ուղերձով ներկայացաւ քոնկրէսին, որուն 12-րդ կէտը Օսմանեան Թուրքիոյ եւ անոր ենթակայ ժողովուրդներուն կը վերաբերէր, այսպէս.
«Այժմու Օսմանեան կայսրութեան թրքական մասին, պէտք է ապահովուի անվտանգ ինքնիշխանութիւն, բայց միւս ազգութիւնները, որոնք այժմ կը գտնուին օսմանեան տիրապետութեան տակ, պէտք է անոնց ապահովուի կեանքի անվերապահ անվտանգութիւն եւ ինքնավար զարգացման բացարձակ անկաշկանդ հնարաւորութիւն, եւ Տարտանէլը պէտք է վերջնականապէս բաց մնայ՝ իբրեւ միջազգային երաշխիքներու տակ գտնուող բոլոր երկիրներու նաւերուն եւ առեւտուրի ազատ անցք» (24), տեսանիւթը այստեղ (25):
Հայկական հարցին նկատմամբ շատ աւելի գործնական ու մարդկային արժէքներու եւ արդարութեան վրայ հիմնուած տեսակէտեր դրսեւորուեցան 1895-1898-ի՝ վերեւ նշուած, Ներկայացուցիչներու տան եւ Քոնկրէսին մէջ: Այժմ, վերջապէս, նոյնը կրնանք ըսել 2019-ի Ներկայացուցիչներու տան եւ Քոնկրէսին մասին, որոնք առ այժմ ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը:
Եզրակացութիւն. 1890-ական թուականներէն սկսեալ, մինչեւ Սեւրի դաշնագիրը՝ 1920, Ալասքայէն մինչեւ Ֆլօրիտա՝ ամերիկացի բոլոր ժողովուրդը, ներառեալ դպրոցական մանուկները եւ կառավարութիւնը տեղեակ էին հայ ժողովուրդի տառապանքին, նիւթապէս իրենց օժանդակութիւնը նուիրեցին, հազարաւոր կամաւորներ ղրկեցին Հայաստան եւ վերջապէս, նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն անվարան ընդունեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը ճշդելու իրաւարարութիւնը:
* Լուսաբանութիւնները յօդուածագիրին:
(1) «The Near East and American Philanthropy A Survey», Conducted under the Guidance of The general committee of the Near East survey, by Frank A. Ross, C. Luther Fry, Elbridge Sibley, New York. Columbia University Press, 1929, Chapter II – Armenia By Frank A. Ross,308 pages.
(2) «Վէմ» համահայկական հանդէս, Յունուար-Մարտ 2018, թիւ 1 (61), ISSN 1829-1864, «Էդիթ Պրինտ» տպարան, Երեւան, 1918, «Մայիս 28-ն իբրեւ փորձաքար» խմբագրական, էջ 3-8:
(3) https://en.wikipedia.org/wiki/Six_vilayets
(4) «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», էջ 5:
(5) «The story of the American board; an account of the first hundred years of the American board of commissioners for foreign missions», Strong, William Ellsworth, 1910, Boston, New York [etc.] The Pilgrim Press; Boston, American Board of Commissioners for Foreign Missions, 620 p.:
(6) «The Memoirs of Herbert Hoover: Years of Adventure 1874–1920.», Herbert C. Hoover, The Macmillan Company, New York, 1951,«Armenia» Էջ 385:
(7) https://en.wikipedia.org/wiki/Herbert_Hoover
(8) «A preliminary visual assessment of the near east relief posters», Hazel Antaramian Hofman, 2014:
(9) https://en.wikipedia.org/wiki/Armenian_Americans
(10) «Faith, Freedom, And Flag: The Influence Of American Missionaries In Turkey
On Foreign Affairs, 1830-1880», Elizabeth W. Shelton, M.A., Georgetown University
Washington, D.C., April 4, 2011.
(11) «Puck» volume XXXVI, No. 932, January 164 1895, New York:
(12) «Leslie’s Weekly», New York, April 21, 1898.
(13) «Sharing the burden: The Armenian Question, Humanitarian Intervention, and Anglo-American Visions of Global Order», Charlie Laderman, Oxford University Press, 2019, Print ISBN-13: 9780190618605:
(14) «Cuba in the American Imagination: Metaphor and the Imperial Ethos», Louis A. Perez Jr., Univ of North Carolina Press, 2008, 352 p, ISBN 0807886947, 9780807886946:
(15) «Vital statistics of the presidency: George Washington to Barack Obama, Lyn Ragsdale, Rice University, 4th edition, 2014, CQ press.
(16) The Gazette, York, Pennsylvania, Red Cross, 23 December1895:
(17) Տոքթ. Պարթըն «Հայրենիք», 23 Դեկտեմբեր 1919, թիւ (2326):
(18) https://en.wikipedia.org/wiki/Merle_Curti_Award
(19) American Philanthropy Abroad: A History, Merle Curti, Rutgers University Press,1963, New Brunswick, New Jersey, 670 pp, Library of Congress Catalogue Card Number: 62-18950: «Ամերիկեան արտերկիրի մարդասիրութեան պատմութիւնը»:
(20) History of bills and joint resolutions. Senate bills, 1895, GPO-CRECB-1895-pt5-v27-GovInfo. Page 1-123.
(21) https://rotunda.upress.virginia.edu/founders/WILS.html
(22) «America and the Armenian Genocide of 1915», Edited by Jay Winter, Cambridge University Press, 2004:
(23) «Story of Near East relief (1915-1930)», James Levi Barton, New York, Macmillan, 1930:
(24) https://en.wikipedia.org/wiki/Fourteen_Points#Text
(25) https://www.youtube.com/watch?v=lbdhxLVlrhI
Տես նաեւ
Ա. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա.
http://www.aztagdaily.com/archives/359654
Բ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.
http://www.aztagdaily.com/archives/359818
Գ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ամերիկան
http://www.aztagdaily.com/archives/404804
Դ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»
http://www.aztagdaily.com/archives/315557
Ե. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան Եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը
http://www.aztagdaily.com/archives/407575
Զ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Զօրավար Հարպորտի Այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (Հաղորդագրութիւն` Հայ Հեռագրական Գործակալութեան)
http://www.aztagdaily.com/archives/400768
Է. Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած Ուիլսընեան շատ մեծ չափի յստակ քարտէսը:
https://www.loc.gov/resource/g7431f.ct000197/?r=0.752,0.619,0.116,0.046,0
Ը. Հարպորտ առաքելութեան 1919-ի Մերձաւոր Արեւելք եւ Հայաստան այցելութեան տեսանիւթը: