Խմբագրական
120-ամեակի Բացառիկ
Անիշխանական կացութեան մը մէջ է չորրորդ իշխանութիւնը՝ մամուլը:
Արդեօք խոտոր եւ չափազանցուած չէ՞ այսպիսի կարճ ու կտրուկ հաստատումով կամ կարծիքով մը սկսիլ թերթի մը 120-ամեակի նշումը, առաջնորդող յօդուածը՝ խմբագրականը…:
Հաւանաբար, կարգ մը ընթերցողներ կը սպասեն գգուանքով, փայփայանքով եւ փաղաքշական խօսքերով ու նախադասութիւններով, «լեզուամարզանքային» կամ «ուղեղալուացքային» ոճով, շքեղ ու անծայրածիր, գովասանք բուրող ածականներով լի յօդուած մը, որ կրնայ հեռու թուիլ իրականութենէն:
Մանաւանդ որ մամլոյ հասկացողութիւնն ալ հետզհետէ սկսած է փոխուիլ:
Այո՛, մամուլը սահմանափակ է իր իմաստով, ներկայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կառոյցով եւ դեռ աւելին։ Յստակ է, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի հետեւողական ու անզուսպ թափով շարունակուիլ, արդի տեղեկատուական մարզն ու գործելաձեւը դարձնելով աւելի տիրական՝ առ հասարակ ընկերութեան կեանքէն ներս, նոյնիսկ տապալելով վարչակարգեր եւ ստեղծելով նորելուկ յեղափոխութիւններ:
Արդ, այսօր արդիականացած եւ կատարելագործուած աշխարհին մէջ, միայն մամուլը չէ որուն կ՚անդրադառնանք, այլ քարոզչական բնագաւառի մը՝ այբէն ֆէ… գրել, կարդալ, լսել, դիտել, այսինքն լսատեսողական ոճով ըմբոշխնել, ունկնդրել, ակնդրել եւ դեռ աւելին՝ բջիջայինի փոքր պաստառի օժանդակութեաբ, մատի ակնթարթային շարժումով մը, մերթ վեր ու մերթ վար փոխադրուելով եւ անշուշտ անոր, այսինքն՝ բջիջայինի ուղարկած վերջին լուրերով …:
Այսպէս, բջիջայինը բնաջնջած է ջինջ եւ վճիտ ՄԱՄՈՒԼԸ… «Էր երբեմն մամուլը», կամ աւելի նսեմացնելով՝ «Կար ու չկար մամուլը կար»:
120 տարի առաջ, քանի մը «խենթեր» քով քովի գալով, երբ գաղափարը յղացան թերթ մը հրատարակելու, բարեբախտաբար այդ օրերուն ո՛չ ե-նամակ կար, ոչ ալ ինսթակրամ, դայլայլիչ՝թուիթըր, եւայլն։ Այլապէս կարիքը պիտի չըլլար «Հայրենիք»-ին։
Թերթին պատմականը ցայտուն օրինակն է կատարուած բարեշրջման: Պարբերաթերթ, ապա շաբաթաթերթ, յետոյ օրաթերթ, կրկին շաբաթաթերթ եւ անշուշտ ելեկտրոնային եւ առցանց օրինակներ, անշուշտ առանց մոռնալու ամերիկեան հալոցի՝ մելթինկ փոթի ստեղծած կացութեան արդիւնք, անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի ծննդոցը, որուն 85-ամեակը կը նշենք:
Բնական է որ միշտ ալ գոյութիւն ունի մետալին միւս կողմը եւ այս իրավիճակը ստեղծած է առցանց եւ ելեկտրոնային անիշխանութիւն մը, ուր յօդուածագիրը, կամ, աւելի ճիշդը, կայքէջի ետին կանգնող անձը կրնայ մեծ իրարանցում ու փոթորիկ ստեղծել։
Այսուամենայնիւ, արդի մամուլին եւ տեղեկատուական միջոցներուն անդրադառնալով, շատ կը խօսուի թափանցիկութեան մասին, սակայն ո՛չ բոլորովին մերկ ու երբեմն մօրէ մերկ քարոզչական ոճին մասին, ուր ոեւէ անհատ իր «ես»-ը կը պարտադրէ, անտեսելով սահմաններն ու լսատեսողական բնագաւառի անգիր օրէնքները։
Եթէ ժամանակին կարելի էր հարց տալ, թէ օրական քանի՞ ժամ կամ վայրկեան թերթ կը կարդանք, այսօր դժուար է այս հարցումին պատասխանը: Նոյնիսկ հետզհետէ համակարգիչներուն հետ քիչ կապ կը հաստատենք:
Այլեւս կարիք չկայ նստելու այդ մեծ պաստառին դիմաց: Փոխարէնը՝ զանազան տեսակի բջիջայիններու ճամբով, կարելի է մամլոյ հետեւիլ: Կարդալ քալելու ժամանակ, նոյնիսկ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ՝ ակնթարթի մը, երբ կարմիր լոյս է:
Կարդացողէն կարդացուելիքին մասին խօսելով, հոս ալ պէտք է նշել, թէ դրական ձեւով կարելի չէ մօտենալ ընկերային ցանցերու իրավիճակին:
Պետք է բաժնել, զանազանել, պեղել, բիւրեղացնել թացը չորէն, հունտը կեղեւէն, գործածուելիքը անգործածելիէն, բարեկամը թշնամիէն եւ կարդացուելիքը դիտուելիքէն:
Ամեակները կ՚երթան ու կու գան, սակայն ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, հրամայականն ու կարգախօսը կը մնան առաջնահերթ՝ ՉԴԻՏԵ՛ՆՔ… ԱՅԼ ԿԱՐԴԱ՛ՆՔ։